Կանաչ լոյս

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան եր­կա­րա­շունչ գոր­ծըն­թա­ցը վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին միշտ զու­գոր­դուե­ցաւ յուսա­խա­բու­թիւն­նե­րով, տհաճ ա­նակն­կալ­նե­րով եւ ի­րե­րա­մերժ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով։ Մեր հա­մայն­քը պրկուե­ցաւ, յոգ­նե­ցաւ ու ջլա­տուե­ցաւ։ Յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը հա­մա­կեց թրքա­հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը։

Եր­կա­րա­շունչ ու համ­բե­րա­տար ո­րո­նում­նե­րէ վերջ, այդ ալ շա՜տ-շա՜տ եր­կար սպա­սու­մի մը ար­դիւն­քին, ե­րէկ յու­սադ­րիչ ու դրա­կան զար­գա­ցում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ե­թէ դար­ձեալ տհաճ ա­նակն­կալ­ներ չյա­ռա­ջա­նան, պե­տու­թիւ­նը ար­դէն ի վեր­ջոյ կա­նաչ լոյս վա­ռած է՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար։ Գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն թէեւ տա­կա­ւին պի­տի հա­սուն­նայ, սա­կայն ներ­կա­յիս կան բա­ւա­րար հիմ­քեր՝ հե­տե­ւու­թիւն­ներ ը­նե­լու հա­մար, որ հա­մայն­քին կող­մէ այն­քան սպա­սուած ընտ­րու­թեան հե­ռան­կա­րը  բա­ցուած է եւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս ան­գամ անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն։ Սա մեր հա­մայն­քի ի­րա­ւունք­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ու­նի ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն։

Որ­քան որ ալ ինն տա­րի ան­ցած ըլ­լայ եւ այդ ինն տա­րուան ա­ւար­տին շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քի մը հո­րի­զո­նը ու­րուագ­ծուած ըլ­լայ՝ պէտք չէ մոռ­նալ, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը տա­կա­ւին նոր պի­տի սկսի։ Մեր հա­մայն­քէն ներս, դժբախ­տա­բար, առ­կայ են բե­ւե­ռա­ցում­ներ, պա­ռակ­տում­ներ եւ ազ­դե­ցու­թեան անխ­նայ պայ­քար­նե­րու հե­տե­ւանք­ներ։ Երբ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին նոր պի­տի սկսի, մեր հա­մայն­քի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մին այս ա­ռու­մով կը վի­ճա­կի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, նա­խընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը տրա­մա­բա­նա­կա­նօ­րէն ինք­նին կ՚են­թադ­րէ ո­րոշ լա­րուա­ծու­թիւն։ Ե­թէ այդ ան­խու­սա­փե­լի լա­րուա­ծու­թեան վրայ բար­դուին առ­կայ բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը, պա­ռակ­տում­ներն ու ազ­դե­ցու­թեան անխ­նայ պայ­քար­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը՝ ա­պա մեր հա­մայն­քը կրնայ ա՛լ ա­ւե­լի ծանր վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուիլ։

Հե­տե­ւա­բար, պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է կազ­մա­կեր­պել եւ ի կա­տար ա­ծել՝ ան­ցեալ ինն տա­րի­նե­րու տխուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը քա­ղե­լով։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս մեր հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով պէտք է ստեղ­ծեն անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը՝ որ­պէս­զի մեր ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս ցո­լա­նայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ եւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռը այ­լեւս ու­նե­նայ իր ազ­գըն­տիր գա­հա­կա­լը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017