Հասնիլ գնացքին, անպայման, կեանքը չի սպասեր՝ պէտք չէ յապաղիլ, երթալ կայարան...
Ուղեւորութիւն մըն է կեանքը... Հոսք մը անխափան՝ մաշեցուցիչ հեւքով։ Ճամբորդութիւն մը՝ ինչ-ինչ ուղղութիւններով։ Եւ այդ ճանապարհորդութեան ժամանակ միշտ էական է՝ հասնիլ գնացքին, տեղ մը, ինչու չէ, ապահով տեղ մը ճարել անոր մէջ։
Երկրագունդը անփոփոխ, կայուն թափով մը կը դառնայ արեւին շուրջ. հապա՞ անոր վրայ... Ի՞նչ է վիճակը աշխարհի վրայ։ Կեանքը ամէն տեղ, ամէն ատեն նոյն ռիթմով չ՚ընթանա՞ր երկրագունդի վրայ։ Մերթ կը դանդաղի, մարդիկ կ՚ունենան աւելի խաղաղ հոգեվիճակ մը... Մերթ թափ կը հաւաքէ, մարդիկ կը տոկան... Կրնայ պատահիլ, որ չափազանց արագութիւնը երբեմն վերածուի արդիւնաւէտութեան եւ կրնայ պատահիլ նաեւ, որ արտասովոր դանդաղութիւնը ծնունդ տայ պոռթկումի։ Միահիւսուած են այս բոլորը կեանքի հոսքին մէջ՝ բնատուր ձեւով։ Ընդելուզուած են՝ անտարանջատելիօրէն։ Յամենայնդէպս, գնացքին հասնիլն ու անոր մէջ տեղ մը ունենալը միշտ առաջնահերթութիւն է՝ թէ՛ մարդկային եւ թէ անհատական հարթութեան վրայ։
Այլընտրանքներու եւ վարկածներու խաչմերուկներուն վրայ միշտ վրայ կը հասնի նախընտրութեան պահը։ Գնացքին հասնելու համար պէտք է աճապարել, բայց այդ կէտին վրայ ալ կայ հանելուկ մը։ Պէտք է աճապարել դէպի ո՞ւր... Դէպի կայարա՞ն...
Գնացքները կ՚անցնին-կ՚երթան իրերայաջորդ։ Բազում, բազմաթիւ են անոնք, ուր ըսես կրնան տանիլ մարդը։ Կարեւոր է հասնիլ, տեղ մը ճարել գնացքին մէջ, այլապէս կրնայ շատ ուշ ըլլալ ամէն ինչի համար։ Կեանքը չի սպասեր, համբերել չի գիտեր... Բայց հասնիլը ո՛չ միայն ժամանակի, այլ նաեւ՝ ժամկէտի հարց մըն է։ Ամէն ինչի նետուելէ առաջ, պատ մը պէտք է ունենալ դիտարկելու, ակնթարթ մը պէտք է ունենալ կշռադատելու համար։ Դիրքաւորուիլը անվիճելի նշանակութիւն ունի կեանքի ճանապարհորդութեան վրայ։ Գնացքին հասնելու ատեն, պէտք չէ շուարիլ ուղղութիւնը։
Դիրքաւորուելու ատեն, այդ բախտորոշ փուլին միշտ առանձին է մարդը։ Նպատակներ, երազներ, տեսիլքներ, իտէալներ, վախեր, յոյզեր, կարօտներ, յուզումներ, յիշատակներ, ցաւեր, պարտադրանքներ, զգացումներ... Խտութի՞ւն... Ու տակաւին ձայներ, կանչեր, արձագանգներ, ժխոր, աղմուկ, պոռոցներ, նուագներ, խօսքեր... Թանձրութի՞ւն...
Ճիշդ չկողմնորոշուելու պարագային՝ անկարելի է հասնիլ գնացքին, եթէ նոյնիսկ ազատ տեղերը շատ ըլլան անոր մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ