2018-2019 կրթական շրջանը կը սկսի բանավէճով

2018-2019 կրթական շրջանի վերամուտին զուգահեռ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս հակասական երեւոյթները իրարու կը յաջորդեն մեր վարժարաններու առկայ խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ամրան ամիսներէն սկսեալ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտան «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» կոչուած նախաձեռնութեան վերաբերեալ լուրերը։ Այդ նախաձեռնութիւնը յառաջ կը տարուէր Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) հովանոցին տակ՝ ըստ կատարուած հաղորդումներուն։ Ամրան ամիսներուն տարուած աշխատանքներէն վերջ, վերամուտէն կարճ ժամանակ առաջ նոյն նախաձեռնութեան կողմէ աշխատաժողով մը կազմակերպուեցաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Այդ աշխատաժողովի լոյսին տակ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ VADİP-ի ատենապետն է։ Շիրինօղլու այդ յայտարարութեան մէջ հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեց, որ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը շեղած է իրեն ներկայացուած, բացատրուած ուղղութենէն, հետեւաբար այլեւս կապ չունի VADİP-ի հետ։

Այդ յայտարարութիւնը լուրջ հակազդեցութեան տեղի տուաւ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան հետամուտներուն կողմէ։ Նախապատրաստական աշխատանքներ կատարած խումբը վրդովմունքով ընկալեց Շիրինօղլուի յայտարարութիւնը եւ այդ վրդովմունքին հիման վրայ վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէն ներս ծաւալուեցան ինչ-ինչ խօսակցութիւններ։ Վերիվայրումներու եւ ալեկոծումներու այդ օրերէն վերջ, «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Սա, խորքին մէջ պատասխան-յայտարարութիւն մըն է Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին կատարուած հրապարակումներուն։ Այսօրուան մեր չորրորդ էջին վրայ նոյնութեամբ կը հրատարակենք յայտարարութեան բնագիրը։

Բնականաբար, նման իրավիճակներուն մէջ կ՚ըլլան արդարներ եւ անարդարներ, կ՚ըլլան սխալներ կամ ճիշդեր եւ այս պարագան ալ ըստ երեւոյթին բացառութիւն մը չի կազմեր։ Այդ բոլորը կ՚ըլլան յարաբերական։ Առարկայականը այդ բոլորի հանրագումարն է, որու արդիւնքը տխուր է միանըշանակ։ Յամենայնդէպս իրականութիւնը այն է, որ 2018-2019 շրջանի սկիզբին մեր կրթական  համակարգին վրայ կուտակուած են սեւ ամպեր, որոնց անվիճելի ապացոյցն է ստեղծ-ւած առկայ ցաւալի բանավէճի մթնոլորտը։ Մեր համայնքը, դժբախտաբար, այնպիսի վիճակի մը հասած է, որ մեր վարժարանները դադրած են բացարձակ արժէք համարուելէ եւ հասարակաց յայտարար մը հանդիսանալէ։

Տեսնենք ինչպէս կասեցնել կարելի պիտի ըլլայ այս տխուր ընթացքը։ Իսկ եթէ կարելի չըլլայ, արդէն խօսելու շատ բան մը պիտի չմնայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018