ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՊԱՑԻՆ
Լրագրող-հրապարակագիր, քաղաքական հարցերու, դիւանագիտական նիւթերու եւ միջազգային յարաբերութիւններու յայտնի մեկնաբան Քրիստիան Մաքարեան՝ ֆրանսահայ մտաւորականներու շարքին, իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին է։ Համաշխարհային մետիայէն ներս հեղինակութիւն դարձած սակաւաթիւ հայերէն մին է ան, որ երկար տարիներէ ի վեր զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս կը մնայ պատնէշի վրայ՝ որպէս վերլուծաբան։ Ֆրանսայի L՚EXPRESS նշանաւոր շաբաթաթերթի խմբագրութեան թիւ երկու դէմքն է Մաքարեան, որ նաեւ հեղինակած է զանազան գիրքեր։ Իր ասպարէզին մէջ միջազգային մակարդակով գագաթի վրայ գտնուելուն զուգահեռ՝ Մաքարեան շատ մօտէն կը հետեւի հայկական աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ քաջատեղեակ է բոլոր նրբութիւններուն։ Աւելի ընդհանուր բանաձեւումով, ան հայկական իրականութենէն կտրուած չ՚ապրիր՝ դէպի Հայաստան այցելութիւններով ու սփիւռքեան կեանքին մասնակցութեամբ։ Այս երկու պարագաներու համատեղութեան առումով օրինակները սակաւ են իսկապէս, ինչ որ կարելի է դասել իր առանձնայատկութիւններու ծիրին մէջ։
Քրիստիան Մաքարեանի հետ Փարիզի մէջ զրուցեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Իր դիտարկումներուն հիման վրայ՝ մեր տեսակցութեան ընթացքին ան շատ հետաքրքրական պատկեր մը ներկայացուց երկրի բոլորած ճանապարհին եւ ընդհանուր երթին, հեռանկարներուն շուրջ։ Դիտումնաւոր ձեւով Քրիստիան Մաքարեանի հետ մեր հարցազրոյցը կը ներկայացնենք քիչ մը յապաղումով, այսինքն քանի մը շաբաթ վերջ յոբելենական տօնակատարութիւններու շրջանի աւարտէն, քանի որ 25-ամեակը մեր տեսակցութեան լոկ շարժառիթն էր, իսկ մեր զրուցակցին խորհրդածութիւնները կը ծածկեն շատ աւելի երկար ժամանակաշրջան մը, համապատասխան խորութիւնով հանդերձ։ Ստորեւ, ուրեմն, Քրիստիան Մաքարեանի բացառիկ հարցազրոյցը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
-Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխած է իր անկախութեան 25-ամեակը։ Ի՞նչ մթնոլորտի մէջ կը նշուի այս յոբելեանը։
-Պէտք է գիտնալ, թէ ինչ կը նշանակէ անկախութիւն՝ ազգի մը, պետութեան մը համար։ Սա ունի երկու չափում։ Առաջինը՝ դուրսի վերաբերեալ եւ երկրորդը՝ ներսի։ Անկախ է այն ազգը, որ իր որոշումները կ՚առնէ ո՛չ թէ մինակ, այլ ազատ։ Չեմ ուզեր ըսել, որ անկախութիւնը ամբողջական ազատութիւն մըն է, բայց կայ ազգային գերիշխանութեան պարագան եւ այս մէկը շատ կարեւոր է յաչս դուրսին։ Հիմա, գերիշխանութիւնը իսկակա՞ն է, թէ ոչ սա աճպարարութիւն մըն է։
Այսօր, քսանհինգ տարի վերջ, յստակ է՝ որ Հայաստան յաջողեցաւ ապրիլ։ Ամբողջ աշխարհ կը ճանչնայ հայ անունը եւ կը ճանչնայ ո՛չ թէ որպէս սովետական հանրապետութիւն մը, այլ զայն գիտեն այնպէս՝ ինչպէս աշխարհի միւս պետութիւնները։ Հայերը այսօր գոյութիւն ունին բոլոր միջազգային կառոյցներուն մէջ։ Մեր ամբողջ պատմութեան մէջ այս բանը կը պատահի առաջին անգամ եւ սա քիչ բան մը չէ։ Այո՛, այս մասով, այսքանով յաջողած է Հայաստան, սակայն չի բաւեր։ Արդի աշխարհին մէջ անկախութեան բացատրութիւնը հաւասար է գերիշխանութեան։ Սա կը նշանակէ, որ տուեալ երկրին ազգային կամքը միւսներուն կողմէ գիտցուի, ըլլայ գործօն իրականութիւն մը եւ ընթանայ ինքնին։
Այսօր, քսանհինգ տարի վերջ, այս առումով Հայաստան տակաւին կախեալ երկիր մըն է, որովհետեւ իր ճամբան տակաւին չէ բացած ռազմավարական ուժերուն միջեւ։ Իր ճանապարհը միշտ օձապտոյտի մը կը նմանի՝ յստակ ըլլալէ աւելի։ Որովհետեւ, ան փոքր պետութիւն մըն է, պէտք է դառնայ աջ կամ ձախ՝ այսինքն իր ուղղութիւնը պէտք է յստակացնէ։ Ան Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի կամ ուրիշ ուժերու միջեւ է... Հայաստանի կարելիութիւններն ու անկարելիութիւնները միահիւսուած են։ Չեմ ուզեր, անշուշտ, ըսել՝ որ ըլլանք միամիտ։
Կարելի էր լրիւ տարբեր վիճակ մը ունենալ քսանհինգ տարուան մէջ։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ պէտք էր աւելի յստակ զատորոշել մեծ ուժերուն խաղերն ու ազգային շահերը։ Միամտութիւն չըլլար հաւատալ, որ յատուկ կապ մը պիտի ըլլայ Ռուսաստանի հետ, անշուշտ, ու պէտք է որ ըլլայ։ Բայց, տակաւին սկիզբէն, Հայաստան չփորձեց այդ զատորոշումը, տարանջատումը ընել, այդ յստակութիւնը ապահովել ռուսերուն հետ։ Սա պիտի ըլլար Ելցինի ժամանակ, հիմա արդէն ուշ է՝ մանաւանդ Փութինի օրով։ Սա կարելիութիւն մըն էր։ Հնարաւորութիւն մը կար սկիզբին ռուսերուն հետ ուրիշ ձեւով աշխատելու համար։ Սա հիմա դարձած է անկարելիութիւն մը։ Երբ որ կ՚երթամ Հայաստան՝ կը տեսնեմ շատ անկարելիութիւններ։ Իրականութեան մէջ կան բազում կարելիութիւններ ամէն տեղ։ Իսկ, երբ կը խօսիս պաշտօնեաներու հետ՝ արդէն անկարելիութիւնները կը շեշտուին։ Պատճառը այն է, որ երկիրը կ՚ապրի վախու տակ։
Այս քսանհինգ տարիները մեզի բերին, մեզի համար ապահովեցին ճանաչում։ Ապացուցուեցաւ, որ պատմութիւնը մեզ չէ փճացուցած, տակաւին ողջ ենք։ Բայց այս քսանհինգ տարիները դրուեցան աւելի ճանաչումի վրայ, քան թէ տեսլականի։ Հայաստան կու տայ նայ տպաւորութիւնը, թէ շատ խոր պատմութիւն ունի եւ շատ համարձակ է։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը անհատական որակներ են, իսկ ազգի մը պարագային, պետութեան մը պարագային որակները պէտք է ըլլան տարբեր։ Սա պէտք է ըլլայ տեսլակա՛նը, ապագայ կերտելու տեսլականը։ Հայաստանի ապագան, ըստ իս, կը շարունակէ մնալ հարց մը։ Այս բոլորը դուրսի չափումին համար էին...
Գալով միւս չափումին կամ առանցքին՝ այսինքն ներսին։ Անշուշտ կապուած է դուրսի հետ։ Հայաստան չի կրնար ապրիլ, գոյատեւել ու զարգանալ, եթէ նմանի իր շուրջի երկիրներուն։ Օթօրիթեր երկիր մը պէտք չէ ըլլայ։ Եթէ Հայաստան վարուի միւսներուն՝ իր շուրջիններուն նման, ապա վարկ չի կրնար ունենալ։ Հայաստանի միակ ապագան կրնայ ըլլալ՝ կերտել ժողովրդավարութիւն մը։ Երկրի ապագան կախում ունի նաեւ դուրսէն, այսինքն նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոմիութենէն, եւ այլն։ Ժողովրդավարութիւնը անոնց օժանդակութեան նախապայմանն է եւ անոնք միշտ կը ձգտին ջնջել օթօրիթեր դրութիւնները։ Նոյն լեզուն պէտք է խօսիլ ժողովրդավարական երկիրներուն հետ։ Հայերը պատմականօրէն չունին բռնութեան սովորութիւն։ Մեր մշակոյթը, մեր կրօնը եւ կառոյցները միշտ նոյն ուղղութեամբ ընթացած են՝ գացած են դէպի շինելու, այլ ոչ թէ քանդելու։ Նոյնն է երաժշտութեան, խոհանոցի եւ միւս բոլոր աւանդութիւններու պարագային։ Ժողովրդավարութիւնը միակ շրջագիծն է՝ որուն մէջ կրնանք ապագայ մը գտնել Հայաստանի համար։ Մեր ազգային գաղափարը մեզ կը տանի դէպի ժողովրդավարութիւն։ Այս քսանհինգ տարին իսկական ժողովրդավարութիւն մը չբերաւ Հայաստանին։ Պէտք է պահել այդ յոյսը ու պէտք է աշխատիլ ժողովրդավարութեան համար, ներառեալ սփիւռքը։ Ապրելով ժողովրդավարական երկիրներու մէջ՝ սփիւռքը չի կրնար իր գտնուած երկիրներէն Հայաստանին համար օգնութիւն ապահովել՝ եթէ ժողովրդավարութիւն չըլլայ այնտեղ։ Ժողովրդավարութեան պակասը կը տկարացնէ նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերը։ Մեծ տօն մըն է 25-ամեակը, սակայն միշտ կը մնայ որպէս յանձնառութիւն։ Եւ այդ խոստումը պէտք է յարգել...
-Նախկին սովետական միւս երկիրներուն հետ բաղդատմամբ, Հայաստան ինչպէ՞ս անցուցած է այս քառորդ դարը։
-Այս խումբին մէջ Հայաստան գլխաւոր դիրքի վրայ է։ Իրեն հետ համեմատելի երկիրն է Վրաստանը։ Հայաստան մեծցաւ, ընդլայնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ, սակայն հիմնախնդիրը տակաւին կարգաւորուած չէ եւ լուծումը հեռու է։
Մօտաւոր անցեալին Հայաստան պահ մը իսկապէս շատ մօտեցաւ Եւրոմիութեան, բայց գիտենք՝ պէտք չկայ ըսել, թէ ինչ պատահեցաւ, երբ Փութին զայրացաւ։ Հայաստանի պարագային հակասականը այն է, որ երկիրը իրեն անմիջականօրէն մօտիկներուն հետ ունի սահմանափակ հեռանկարներ։ Իր դրացիները չեն իր ամենամօտիկ ընկերները։ Այո՛, հակասական է Հայաստանի վիճակը՝ իր գտնուած միջավայրին բերումով։ Ռուսաստանի խնդիրներն ու մղած պատերազմները միշտ արձագանգ մը կ՚ունենայ Հայաստանէն ներս։ Հիմնական օրինակը Ուքրայնան է։ Հայաստան շատ աշխոյժ ու մօտիկ կապ մը պէտք է ունենայ Եւրոմիութեան հետ՝ առանց ռուսերը զայրացնելու։ Այստեղ բանալի բառն է դիւանագիտութիւնը։ Հայաստան ունի դիւանագիտական կարգ մը յաւելեալ պարտաւորութիւններ, որոնցմէ զերծ են նախկին սովետական միւս երկիրները։
-Երբ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ մրցակցութիւնը հետզհետէ կը սրուի, Հարաւային Կովկասը ի՞նչ ազդեցութիւններու կ՚ենթարկուի։
-Այս հարցին մէջ Հայաստան դրսեւորեց մեծ վարպետութիւն։ Աշխարհի վրայ ամէն տեղ կան հայեր, ներառեալ արաբական երկիրները։ Հայաստան փորձեց հետամուտ ըլլալ խելացի քաղաքականութեան մը։ Երեւան խելացի քաղաքական գիծ մը որդեգրեց Իսրայէլի պարագային ու չէզոքութիւն պահեց անոր վերաբերեալ հարցերուն առընչութեամբ։ Երբ պայթեցաւ Սուրիան՝ սուրիահայ սփիւռքի եւ Ռուսաստանի ուղղութիւնը նոյնն էր։ Գուցէ առաջին անգամ միջազգային կացութիւնը նախընտրելի, նպաստաւոր էր Հայաստանի տեսակէտէ։ Օդային կամուրջ մը հաստատուեցաւ Դամասկոսի եւ Երեւանի միջեւ։ Այսօր աւելի քան 12 հազար սուրիահայեր կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Այսպէսով, առաջին անգամ կա՛պ մը, հո՛սք մը եղաւ Արեւմուտքէն դէպի Հայաստան։ Հայեր խոյս կու տան դէպի Հայաստան եւ այնտեղ ապաստան կը գտնեն։ Հայաստան փաստեց, որ հակառակ իր աղքատութեան՝ կրնայ ապաստան տալ մարդոց։ Սա շատ կարեւոր ու նոյնքան դրական երեւոյթ մըն է, անտարակոյս։
Գալով ուրեմն աւելի յստակօրէն Հարաւային Կովկասի պարագային։ Ռուսերուն տեսակէտէ այս տարածքաշրջանը երբեք չէ եղած այնքան կարեւոր՝ որքան որ է այսօր։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ծայրայեղականներու շարքին կը գտնուին նաեւ Ռուսաստանի քաղաքացիներ, որոնք կը թափանցեն Հարաւային Կովկասէն։ Մոսկուա, բնականաբար, կը գիտակցի այս բոլորին։ Հարաւային Կովկասը դուռ մըն է, որ կարելի է բանալ կամ գոցել։ Այս ապակայուն տարածքաշրջանէն ներս միակ կայուն կէտը Հայաստանն է ռուսերուն տեսակէտէ։ Սա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, անշուշտ։
Էական նիւթերէն մին ալ Իրանն է։ Ռուսաստան եւ Իրան ունին շատ բարդ յարաբերութիւններ։ Սա տուեալ մըն է, որ ապացուցուած է նաեւ պատմականօրէն։ Ամէն անգամ, որ իրարու կը մօտենան՝ նաեւ նոյնաժամանակ իրարմէ կը հեռանան։ Եւ ընդհակառակն՝ ամէն անգամ, որ իրարմէ կը հեռանան, նաեւ նոյնաժամանակ իրարու կը մերձենան։ Ռուսաստան երկու ճանապարհ ունի դէպի Իրան։ Անոնցմէ մին է՝ Ատրպէյճանը, որու յարաբերութիւնները Իրանի հետ խնդրայարոյց են։ Երկրորդ ճանապարհն է Հայաստանը, որ կայուն է։ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կրնայ ունենալ, բայց վստահ չեմ, որ հայ պաշտօնատարները կրնան այս խաղաքարտը լաւ ծախել ռուսերուն։ Անոնք կ՚ուզեն մնալ տարածքաշրջանային հարթութեան վրայ, այդ տեսքին մէջ, թէեւ այնտեղ կայ նաեւ միջազգայնօրէն ռազմավարական չափումը, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։
Արեւմուտքին տեսակէտէ Հայաստան տեսակ մը դժոխքի վրայ բացուած պատուհան մըն է։ Սա պէտք է զարգացնել։ Սուրիահայութեան օրինակը հետաքրքրական է։ Հայաստան, ձեւով մը, փոքր Իսրայէլ մը դարձաւ այս ամբողջին մէջ։ Նայեցէ՛ք, Ռուսաստանն ալ բան մը չըսաւ, չխանգարեց։ Պէտք է զարգացնել, ինչպէս ըսի քիչ առաջ։ Հայաստան, նոյնպէս, կրնայ աւելի կարեւոր դեր մը խաղալ Արեւելքի քրիստոնեաներուն տեսակէտէ։
-Ուրեմն, փորձենք աւելի մանրամասնել, որ Հայաստան ինչպիսի՞ գործօն մըն է իր գտնը-ւած տարածքաշրջանէն ներս։
-Նախ միջանկեալ ըսեմ, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ մեծ խնդիր մըն է։ Արդարեւ, չկայ ուրիշ երկիր մը, որ ունենայ միայն երեք միլիոն բնակչութիւն եւ ըլլայ այս աստիճան խնդրայարոյց։ Վերադառնալով բուն նիւթին... Հայաստան կայունութեան ազդակ մըն է, որովհետեւ իր ժողովուրդին 99 տոկոսը հայ է։ Միատարր հասարակութիւն մը ունի եւ նման երեւոյթ գրեթէ չկայ նախկին սովետական երկիրներու շարքին։ Վրաստան խառնուրդ մըն է, իսկ Ատրպէյճան ձգողականութիւն մը ունի Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն եւ Թուրքիոյ հետ։ Ատրպէյճան ինքզինք կը դասէ թրքախօս ազգերու շարքին եւ սա վտանգաւոր կրնայ ընկալուիլ Ռուսաստանի աչքով։
Կը կրկնեմ՝ Հայաստան ունի միակ բախտ մը, որն է կերտել ժողովրդավարութիւն։ Սա կը բխի մեր մշակոյթէն, որ մեզ բնական ձեւով կրնայ առաջնորդել դէպի ժողովրդավարութիւն։ Ժողովրդավարութիւնը կրնայ ապահովել, որ Հայաստանի դիրքերը ամրապնդուին իր տարածքաշրջանէն ներս ու ան դառնայ աւելի ծանրակշիռ գործօն մը։
Միւս կողմէ Հայաստան չունի տնտեսական մոտել մը ու կը փորձէ համատեղել ազատական ու պետական դրութիւնները։ Վրաստան աւելի յառաջացաւ քափիթալիզմով, սակայն Հայաստանի մէջ ալ գիւղատնտեսութիւնը զարգացաւ շնորհիւ պետական հակակշռին։ Հայաստանի դրութիւնը կրնայ խառն ըլլալ, բայց հարստութիւն պէտք է տանիլ ժողովուրդին, որ կ՚ապրի մեծ դժուարութիւններու մէջ։ Անկախութիւնը կրնար զարգանալ նաեւ այս հիման վրայ, բայց չեղաւ, թէեւ քսան տարի առաջ աղքատութիւնը շատ աւելի բարձր էր։ Ազդանշանային առաջնահերթութիւններուն նկատմամբ շատ ուշադիր պէտք է ըլլալ։ Դրամատուները, օդային գիծերը, եւ այլն... Զարգացումը առեւտուրով չ՚ըլլար, պէտք է արտադրել։ Չմոռնանք, որ Հայաստան կրնայ կերակրել ամբողջ Մոսկուան։
-Ձեր դիտարկումներով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ընկալուի միջազգային հանրութեան կողմէ։
-Եւրոմիութիւնը այս մէկը կը տեսնէ՝ որպէս անցեալի վերաբերեալ հակամարտութիւն մը։ ԵՄ-ի աչքով արդի խնդիր մը չէ այս մէկը, հինէն մնացած է՝ իր ազգային ու կրօնական չափումներով։ Եւրոմիութիւնը այս հարցին մէջ թէ՛ չունի ազդեցութիւն եւ թէ չ՚ուզեր ունենալ։ Եւրոմիութեան տեսակէտէ միակ հարցն է՝ հաւասարակշռութիւն պահել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Եւրոմիութեան հարցը չէ խաղաղութիւնը, այլ ան կը ձգտի հաւասարակշռութիւն պահել եւ այս իսկ պատճառով կողմնակից չէ պատերազմի մը։
Ապա թէ ոչ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, պատմութիւնը, հողը հայ է։ Իսկ ռուսերուն տեսակէտէ գիտենք, թէ ի՛նչ է խաղը. պահել հակամարտութիւնը։
-Ի՞նչ հեռանկարներ կը տեսնէք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։
-Բնականոնացումը պարտադրանք մըն է երկու երկիրներուն տեսակէտէ։ Բոլորը կրնան հասկնալ պատճառները։ Նոյնքան հասկնալի է նաեւ, որ այդ քայլը կրնայ գալ Թուրքիայէն։ Եթէ արտաքին քաղաքական յստակեցում մը ըլլայ, այսինքն եթէ ուզէ, Թուրքիա կրնայ շաբթուան մը ընթացքին լուծել այս հարցը, բայց չ՚ուզեր։ Թէեւ Թուրքիոյ մէջ կան ուժեր, որոնք կ՚ուզեն, սակայն անոնք ալ ազդու չեն։ Պէտք է սպասել՝ մինչեւ որ ուժերու դասաւորումը ճիշդ հակառակ վիճակ մը առնէ։ Թրքական ազգայնականութիւնը շատ դիւրութեամբ կ՚օգտագործէ այս նիւթը, թէեւ ո՞վ կրնայ հաւատալ երեք միլիոն բնակչութեամբ երկրի մը սպառնալիք ըլլալուն կամ ո՞վ կրնայ համոզուիլ այս արհեստական կացութեան։ Անբնական վիճակ մը կայ երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ։ Բնականոնացման, աշխարհագրութեան եւ ռազմավարութեան տեսակէտէ պէտք է աշխատիլ միասին ու բանալ սահմանը։ Խնդիրը կարելի չէ լուծել միջնադարեան հաշուարկներով։ Հայերն ալ պէտք է տարանջատեն անցեալն ու ապագան։ Եթէ անցեալը ցեղասպանութիւնն է, ապա ապագան է՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Կը խորհիմ, որ քսանհինգ տարիներու նոր ժամանակաշրջան մը պէտք է բացուի մեր առջեւ եւ այնտեղ առաջնահերթ պէտք է ըլլայ հայկական ներքին միութեան, միասնականութեան կառուցումը։ Ազգային միտքը պէտք է վերակառուցել, պէտք է կերտել պետական մտածելակերպ մը։ Սա չի կրնար գալ սփիւռքէն, որովհետեւ անունը վրան է՝ ան սփիւռք է։ Հայաստան պէտք է նոր կամուրջներ ձգէ դէպի Միացեալ Նահանգներ ու Եւրոպա։ Անցեալը պէտք չէ պայմանաւորէ ապագան։ Միակ կամուրջը կրնայ ըլլալ իսկական ժողովրդավարութեան մը կերտումը։ Առողջ ու կենսունակ ժողովրդավարութեան մը մասին է խօսքը, ամբողջական, համապարփակ իմաստով։ Սա պէտք է ընել, որպէսզի Հայաստան օրինակ ըլլայ սփիւռքին ու չըլլայ հակառակը։
-Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն ընթացքը ի՞նչ ազդեցութիւն կը գործէ Հայաստանի վրայ։
-Մեծ ազդեցութիւն ունի անշուշտ։ Սովետական շրջանին Մոսկուա ցեղասպանութեան հարցը կը գործածէր Անգարայի դէմ։ Յետսովետական շրջանին Թուրքիա չփոխեց իր ռազմավարութիւնը եւ եղբայրութիւն կառուցեց Ատրպէյճանի հետ։ Պատմութեան մէջ միշտ կայ յստակ ճշմարտութիւն մը։ Երկիրները, պետութիւնները ունին շահեր եւ այդ շահերը կրնան փոխուիլ։ Այս առումով չկայ ռազմավարութիւն։ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնն ալ դիւանագիտական առեւտուր մըն է։ Անցեալ տարի օդանաւի մը վար առնուելով տագնապ մը ծագեցաւ, սակայն անոնք վերստին մերձեցան տասը ամիս վերջ։ Հիմա Սուրիոյ վերաբերեալ քայլերու շուրջ շփման մէջ են, իրարու հաւանութեամբ կը գործեն երբեմն։ Այսինքն սէր կամ մշակոյթ չկայ։ Եւրոպան ու Ռուսաստանը թշնամի եղբայրներ են։ Հայաստան եւ Ռուսաստան կ՚ընկալուին որպէս ընկեր։ Անցեալին հայեր ապրած են նաեւ թրքական օրէնքի տակ։
Ի դէմս Թուրքիոյ՝ Հայաստան ունի հարեւան մը, որ կը դասուի թշնամի։ Ի դէմս Ռուսաստանի՝ Հայաստան ունի դրացի մը, որ կը նկատուի իր տէրը։
Կրաւորական հարեւան Թուրքիայէն ենթակայութիւն կայ։ Գործօն, աշխոյժ հարեւան Ռուսաստանն ալ զինքը կ՚օգտագործէ որպէս միջոց։ Այլապէս, այսինքն այս երկու պարագաներէն դուրս, Հայաստան ազդեցութիւն մը չի կրնար ունենալ։
-Եկէք ամփոփենք մեր զրոյցը՝ հաշուի առնելով այն հաւասարակշռութիւնները, որոնց հետամուտ է Հայաստան։
-Հայաստան պարտաւոր է լաւ ընկեր ըլլալ Արեւմուտքի հետ։ Իսկական բարեկամութեան տեսակէտէ լաւ օրինակ կը համարուին Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները։ Պէտք է յատկապէս շեշտել, որ սա Ռուսաստանի դէմ չէ։ Հայաստան միշտ պէտք է աշխատի զգալ Ռուսաստանի բազկերակը, իր դիւանագիտական գիծը պէտք է ըլլայ չափել Ռուսաստանի զայրոյթի կէտը։ Ո՞ւր է ռուսերուն զայրոյթի կէտը։ Սա պէտք է շատ լաւ չափել եւ այդ կէտը ո՛ւր որ է՝ մինչեւ այնտեղ պէտք է երթալ Եւրոմիութեան հետ։ Հայաստանն ալ կրնայ որոշ բաներ ըսել Ռուսաստանին ու պէտք է ընէ այդ բանը։ Երբ որ հարցը մեր ապագան է, մեր ժողովուրդի բարօրութիւնն է եւ մեր մշակոյթը, ապա մենք ձեզմէ կ՚ակնկալենք, որ Հայաստան առանձնայատուկ կարգավիճակ մը ունենայ Կովկասի մէջ։ Սա պէտք է ընել, պէտք է ըսել այս բանը։
Այսօր գոյութիւն ունի Ուքրայնոյ հարցը, ինչ որ կը դժուարացնէ ամէն ինչ։ Օր մը պիտի լուծուի այդ հարցը, ամէն ինչ աւելի հանգիստ պիտի դառնայ։ Այն ատեն Հայաստան պէտք է ըլլայ Կովկասի իսկական եւրոպացին։ Որովհետեւ Եւրոպան միայն աշխարհագրական սահմանում մը չէ։ Եւրոպան ու իր կառոյցները խարսխուած են արժէքներու վրայ եւ այդ արժէքները նաեւ մեր արժէքներն են. ժողովրդավարութիւն եւ զարգացում։ Սա դէմ չէ Ռուսաստանին, սա մեր մշակոյթն է։ Սա էր մեր անցեալը եւ սա պիտի ըլլայ նաեւ մեր ապագան։ Համամարդկային արժէքներու մասին է խօսքը։ Հայաստան ի՛նչ ազդեցութեան գօտիի մէջ ալ գտնուի՝ իր դաւանած արժէքները համամարդկային են եւ այդ արժէքները յարիր են իսկապէս անկախ ժողովուրդներու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ