Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յայտարարութիւններու լոյսին տակ

Պատրիարքական Աթոռի սրբազաններէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենայ բանավէճ մը։ Առճակատում մը չէ այս մէկը, այլ՝ կարծիքներու հրապարակային փոխանակում մը։ Նման ծանր իրավիճակներու մէջ թէեւ մամլոյ միջոցաւ կամ հրապարակաւ տեսակէտներու փոխանակումը շատ յաճախ կրնայ այդքան ալ նպատակայարմար չըլլալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս պարագային կայ բացառութիւն մը։ Ներկայ տարեմուտին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած տարակարծութիւններուն եւ այդ ֆոնին վրայ յառաջացած տագնապին հետեւանքով։ Այստեղ չենք փափաքիր մեկնաբանել, թէ որո՞ւ կը վիճակի այդ տարակարծութիւններուն պատասխանատուութիւնը եւ ո՞վ է յառաջացած ճգնաժամի մեղաւորը։ Հիմնական տրամաբանութիւնը այն է, որ եթէ խնդիր մը կայ, ապա տեսականօրէն ոչինչ միակողմանի կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, այն ինչ, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ներկայիս կը փոխանակեն հրապարակաւ՝ առաջին հերթին բանավէճ մը չի նշանակեր։ Արդարեւ, երկու սրաբազանները այս ձեւով մեր ժողովուրդին առջեւ կ՚առերեսուին այսօր ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրենց ունեցած պատասխանատուութեան բաժինով։ Լաւատես տրամադրութիւններով, դրական սպասումներով մեր մաղթանքը հետեւեալն է. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ներկայ հրապարակային կարծիքի փոխանակումները երանի նոր մթնոլորտ մը ծնին անոնց միջեւ եւ համագործակցութեան նոր գարունի մը գետին պատրաստեն, որովհետեւ առանց անոնց յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ անոնց միջեւ նորովի ներդաշնակութեան մը ապահովման՝ ակնյայտ է, որ գործնական, նպատակասլաց քայլեր առնելու կարելիութիւն պիտի չըլլայ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ ճանապարհին վրայ։

Միւս կողմէ, մեր դիտարկումներով, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութիւնը ուշագրաւ խմորումներու ազդանշանը կը բովանդակէ։ Առաջին կարեւոր հանգամանքն է՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի արտայայտութիւնը, ըստ որու ինք եւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը քննարկեն բոլոր վարկածները։ Ճիշդ է, որ համայնքէն կարգ մը շրջանակներ ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի առջեւ ճանապարհը գրեթէ հասած է իր աւարտին։ Պատրիարքարանը, բնականաբար, առայժմ պաշտօնապէս չի կրնար արձանագրել այս իրականութիւնը, սակայն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի բանաձեւումները արդէն կը պարունակեն որոշ բանալիներ։ Շատ ճիշդ ձեւ մըն է, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կ՚ընդգծէ, թէ երբեք չդաւաճանութեան պիտի չերթայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի դէմ։ Սա իր կոչումին յարիր, բարձր բարոյագիտութեան հետամուտ մօտեցում մըն է։

Նոյն յայտարարութեան մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախապայման մը դրած է պետութեան առջեւ՝ որպէսզի ձեւով մը Պատրիարքական Աթոռին պաշտօնապէս հաղորդուի, թէ ներկայ պայմաններով տեղապահի ճանապարհը վերջացած է ու կարելի չէ երթալ պատրիարքական ընտրութեան։ Այդ նախապայմանին իրատես ըլլալ կամ չըլլալը տարբեր հարց մըն է, սակայն այստեղ առանցքային երեւոյթը այն է, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հրապարակաւ սկսած է արծարծել վարկածները՝ թէ ինչպէս Պատրիարքարանի ներկայ ղեկավարութիւնը կրնայ ենթարկուիլ փոփոխութեան։ Իր տեսակէտէ յանդուգն, ծանր պատասխանատուութիւն ենթադրող քայլ մըն է այս մէկը, որովհետեւ ինքը երբեք հաւանականութիւն չունի Պատրիարքարանի մէջ նոր ձեւաւորուելիք ղեկավարութենէն դուրս մնալու։ Այդ ապահովութիւնով հանդերձ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան բարոյական տեսակէտէ ամուր կեցուածք մը կը դրսեւորէ, կը ստանձնէ նախաձեռնութիւն եւ կը խօսի Պատրիարքական Աթոռէ ներս նոր ղեկավարութիւն մը ձեւաւորելու հաւանականութեան մասին։ Եթէ մինչեւ այսօր պետութեան կողմէ պահուած լռութիւնը բաւարար եղած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնելը եւ մեր համայնքէն ներս մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ ներկայ վիճակով կարելի պիտի չըլլայ Աթոռը նոր գահակալով մը օժտել, ապա յառաջիկային համար նախապայմաններ յառաջ քշելը, ըստ երեւոյթին, այդքան ալ տրամաբանական ըլլալ չի թուիր։ Մեր համայնքին մէջ բոլորին համար հետզհետէ հասկնալի կը դառնայ, որ ներքին մրցակցութիւններու ազդեցութեամբ պետութենէն որքան որ յստակութիւն ակնկալուի, ապա այնքան կը մեծնան ռիսքերը, վտանգները՝ մեր Պատրիարքական Աթոռի վարչաընտրական գործերը արտաքոյ եկեղեցիէ միջամտութիւններու տեսակէտէ խոցելի, անպաշտպան դարձնելու առումով։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յայտարարութիւնը եւ Պատրիարքարանի ղեկավարութեան մէջ փոփոխութեան հեռանկարին արծարծումը շատ կարեւոր է՝ մեր ժողովուրդին միտքը գործնական քայլերու ուղղութեամբ պատրաստելու առումով։ Մեր համայնքը վերջին ամիսներուն ականատես եղաւ, որ տեղապահի ընտրութենէն վերջ կարելի չեղաւ նպատակասլաց ձեւով դէպի ընտրութիւն յառաջանալ, այլ խորքին մէջ նոր անցումային շրջան մը սկսաւ։ Այսօր այլեւս պէտք է յաղթահարուի այս տիլեման։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յայտարարութեան մէջ կարծես ճանապարհ մը ցոյց կը տրուի՝ Պատրիարքարանի ղեկը փոփոխութեան ենթարկելու եզրերուն շուրջ։ Կանխաւ յայտնենք, որ մենք կը բաժնենք իր արտայայտած զգայնութիւնները։ Իր յայտարարութեան տողատակերուն մէջ ան կ՚ուզէ յայտնել, որ արժանապատիւ եւ օրինական ելք մը պէտք է գտնել առկայ վիճակէն։ Այո՛, ճիշդ այդպէս, ինչպէս որ կ՚ըսէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արդարեւ, իր յայտարարութեան մէջ նշուածին նման եթէ պիտի ընտրուի նոր տեղապահ մը ու եթէ պիտի ձեւաւորուի նոր նախաձեռնարկ մարմին մը, ապա այդ բոլորը պէտք է ըլլան մարսուած գործընթացով մը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տարած աշխատանքը որքան որ ալ ունենայ լրջօրէն քննադատուելիք երեսակներ՝ ապա մեր համայնքը պէտք չէ երախտագիտութեան առումով թերանայ իրեն հանդէպ։ Որպէս տեղապահ իր ծաւալած գործունէութիւնը պէտք է անպայման գնահատուի եւ արդարացուի։ Մեր համայնքը ապերախտ պէտք չէ գտնուի 75 տարեկան ալեհեր սրբազանի մը հանդէպ, որ չէ վարանած այս Աթոռի պատմութեան ծանր փուլերէն մէկուն մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, ջանք ու եռանդ գործադրած է իր ըմբռնած ձեւով լուծում մը ապահովելու համար։ Ճիշդ է, որ այդ լուծումը չէ գտնուած, սակայն անկարելի է ձախողման ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցնել տեղապահին վրայ։ Արդարեւ, մեր համայնքը պէտք է առաջնորդուի այն գիտակցութիւնով, թէ ինչպէս յաջողութիւնները, այնպէս ալ ձախողումները ունին հաւաքական բնոյթ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ մատնանշուած միւս կարեւոր հանգամանքն ալ օրինականութեան խնդիրն է։ Այսինքն, ան շատ տեղին ձեւով կը մատնանշէ, որ Եկեղեցական համագումարը Պատրիարքարանէ ներս նոր ղեկավարութեան մը ձեւաւորման համար դարձեալ պէտք է գումարուի տեղապահին նախագահութեամբ։ Սա շատ դրական մօտեցում մըն է, որ կրնայ երաշխաւորել գործընթացի ապագայ յաջողութիւնը։ Արդարեւ, այսօր մեր համայնքին մէջ չեն պակսիր մարդիկ, որոնք կը պահանջեն տեղապահին հապշտապ հրաժարականը եւ անմիջապէս քաղաքէն հեռանալը, ինչ որ բացարձակապէս նպատակայարմար չէ եւ այդպիսի պարագայ մը պէտք է անպայման կանխուի։ Օրինական ճանապարհով, եկեղեցական կարգ ու կանոնաց համաձայն պէտք է կատարուին բոլոր փոփոխութիւնները։ Այդ բոլորէն դուրս ակնկալուած որոնումները մեր Աթոռին առջեւ արտաքին միջամտութիւններու վտանգ կը ծնի։ Եթէ այդպիսի վտանգ մը յառաջանայ, ապա արդէն երկրորդական է, թէ հետեւանքները որո՛ւ համար կրնան նպաստաւոր ըլլալ կամ հակառակը։ Տեղապահը ընտրուած է Եկեղեցական համագումարին կողմէ։ Ճիշդ է, որ առողջ մթնոլորտի մէջ հեռատես քայլ մը չէ առնուած։ Բայց եւ այնպէս, մեր բարոյական հասկացութիւնով ժողովականութիւնը ունի նուիրականութիւն մը։ Աշխարհի վրայ անսխալական մարդ գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, եթէ պէտք է փոփոխութեան մը երթալ, ապա պէտք է Եկեղեցական համագումարին նոր առիթ մը տալ՝ որպէսզի ան արժեւորէ կացութիւնը եւ առնէ նոր քայլ մը՝ այս համայնքը ճգնաժամէ դուրս բերելու համար։

Ու վերջապէս Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յայտարարութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերաբերեալ արտայայտութիւնները։ Պարզ է, որ տեղապահի ընտրութենէն ի վեր մեր Աթոռի սրբազաններուն յարաբերութիւնը չէ վերադարձած բնականոն հունի մը մէջ։ Որքան որ ալ տեղապահը հրապարակաւ փորձած է հերքել այդ երեւոյթը, սակայն առերեւոյթ արդէն նկատելի էր որոշ լարուածութիւն մը։ Այժմ այդ բոլորի պատճառներուն մէջ խորանալն ալ այդքան իմաստ չունի։ Արդարեւ, եթէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ըսածին նման՝ այդ բոլորէն վերջ ինքն ու մեր հոգեւորականաց դասու անդամները «միայն քայլ մը» հեռաւորութեան վրայ են Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէն, ուրեմն այստեղ ալ կան լաւատեսութեան հիմքեր։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս կէտին վրայ ալ ապագայ համագործակցութեան պատրաստակամութեան ազդանշան մը տուած է, որ գործընթացի շարունակութեան կրնայ ունենալ էական նշանակութիւն։

Հուսկ, ըստ երեւոյթին, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիայէ ամսավերջի վերադարձին քննարկումները թափ պիտի առնեն Պատրիարքարանէն ներս։ Նոր խմորումներու նախօրեակին կը գտնուի մեր համայնքը։ Պարզ է, որ նոր պատրիարքը պիտի ընտրուի մեր ժողովուրդին կողմէ, սակայն հոգեւորականաց դասու հաւաքական ու համախումբ ջանքերը որքան որ ալ անբաւարար ըլլան, ակնյայտօրէն անհրաժեշտ են ընտրութեան հեռանկարը լիարժէք ձեւով մեր համայնքին առջեւ ուրուագծելու տեսակէտէ։ Պարզ է, որ տակաւին միջոց մը պիտի սպասենք, սակայն գոնէ այդ սպասումը չըլլայ յոռետեսութեան ճիրաններուն մէջ, չըլլայ յուսահատութեան խաւարին մէջ, այլ վերածուի առիթի մը, ուր մեր համայնքը ձեռք ձեռքի տալով, զօրակոչի ենթարկուելով իր դարաւոր Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու հպարտութիւնը ըմբոշխնէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017