Ուրկէ՞ գիտնայի…

Քանի մը տարի առաջ Պատրիարքարանի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր քեզի համար։ Հերթական պարգեւներէդ մին պիտի ստանայիր։ Տրամադրութիւնդ բարձր էր։

Ինծի ալ պատիւ վիճակած էր այդ արարողութեան ընթացքին երկու խօսք ըսելու։ Յիշողութեանս մէջ թարմ է այսօրուան պէս։ Ըսած էի, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու հայկական համայնքները ունին իրենց խորհրդանշական դէմքերը։ Համեմատութիւն մըն ալ ըրած էի, թէ եթէ ֆրանսահայութեան խորհրդանշական դէմքը Շարլ Ազնաւուրն է, ապա պոլսահայութեան խորհրդանշանը Արա Կիւլէրն է։

Եկուր-տե՛ս Նախախնամութեան տնօրինութիւնը։ Ճակատագրի զուգադիպութի՞ւն, թէ բախտի դաժան խաղ… Շարլ Ազնաւուրի մասին գրուածներուն մելանը չչորցած՝ այժմ կը գրեմ քեզի հրաժեշտ տալու համար։

Որպէս երկու անմահներ՝ իրերայաջորդ հրաժեշտ առիք մեզմէ։ Դո՛ւն լուսանկարչութեան աշխարհի անկրկնելի հանճարն ես, անփոխարինելի մեծութիւնը։ Աչքիս առջեւէն տեսերիզի նման կ՚անցնին մեր ծանօթութենէն բազում դրուագներ, սակայն հաւատայ՝ այսօր ի վիճակի չեմ գրելու։ Կ՚երեւի, քանի մը օր վերջ ուժերս վերագտնեմ։

Ննջէ հանգիստ ու խաղաղ։ Վստահաբար յաւիտենական կեանքի մէջ վերագտնես ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միւս Արաները ու դարձեալ միանաս անոնց։ Տէրը լուսաւորէ հոգիդ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

editor@jamanak.com

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018