Երեքին ալ բարի երթ… - Բ -
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած է չորս կուսակցութիւն եւ երեսփոխան ընտրուած երեք հայազգի անունները կը պատկանին տարբեր կուսակցութիւններու։ Այսինքն, խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններէն երեքի խմբակցութեան շարքերէն ներս յառաջիկայ շրջանին պիտի գտնուի թրքահայ մէկական երեսփոխան։ Սա դրական, օգտակար եւ հեռանկարային երեւոյթ մըն է։ Երբ մեր երկրին մէջ յառաջանան լարուածութիւններ, երբ խնդրոյ առարկայ դառնան հասարակական պոռթկումներ, անմիջապէս, կարգ մը շրջանակներ կը փորձեն պիտակաւորել թրքահայութիւնը, հակառակ անոր, որ համայնքը միշտ հաւատարիմ կը մնայ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն։ Տակաւին վերջին շաբաթներուն վառ օրինակներ ապրուեցան այս առումով, երբ փոր-ձըւեցաւ ցեխարձակումներ կատարել մեր համայնքի հասցէին։ Վերջին շրջաններուն այս խնդրին զուգընթաց կ՚ընթանայ նաեւ թրքահայ համայնքը այս կամ այն կուսակցութեան հետ նոյնացնելու, այս կամ այն քաղաքական ուժին համակիր կամ հետամուտ դասելու երեւոյթը։ Մինչդեռ, մեր համայնքը, բնականաբար, իր խնդիրներուն ու մեր երկրին ծառայութիւններ մատուցած քաղաքական ուժերուն նկատմամբ կը տածէ երախտագիտութիւն, սակայն վերջին հաշուով անկողմնակալ ու չէզոք է կուսակցութիւններու հարթութեան վրայ։ Համայնքի բոլոր անդամները կը քուէարկեն իրենց նախընտրութեամբ եւ աշխարհահայեացքով եւ անոնցմէ ոեւէ մէկուն դիրքը կամ նախընտրութիւնը անկարելի է ընդհանրացնել ու պնդել, թէ թրքահայութիւնը ունի համապատասխան դիրքը։
Այս բոլորին լոյսին տակ, էապէս կարեւոր է, որ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ պիտի գտնուին հայ երեսփոխաններ։ Այդ կուսակցական տարբերութիւնը ինքնին ապացոյց մը պիտի համարուի մեր համայնքի հաւասարակշռուած տրամադրութիւններուն տեսակէտէ։ Այսպէսով, ապահովաբար կանխակալ կարծիքներու դրսեւորումները վերջնականօրէն կանխել թէեւ կարելի պիտի չըլլայ, սակայն հանրային կարծիքի աչքին առջեւ շօշափելի փաստ մը գոյութիւն պիտի ունենայ՝ մեր համայնքի հասցէին պիտակաւորումները հնարաւորինս հերքելու իմաստով։
Այս խնդիրը մանաւանդ ներկայ շըր-ջանին նուրբ նշանակութիւն ունի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Թուրքիա կը ձգտի յաղթահարել բեւեռացումներով ծանրաբեռնուած ժամա-նակաշրջանի մը հետեւանքները։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ վերջերս վերահաստատած է այս հանգամանքը։ Հետեւաբար, բեւեռացումները յաղթահարելու, հասարակութիւնը վերստին համախմբելու ճանապարհին միշտ «հասարակաց թշնամի»ի մը կերպարին դիմելու հաւանականութիւնը կը բարձրանայ։ Աւելորդ է յիշեցնել, որ նման վիճակներու մէջ միշտ «պատրաստի կերպար»ի մը կը վերածուի թրքահայութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ