ՃԻՇԴ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՁԵՒԵՐԸ
Այս բոլորը ճի՞շդ են։ Այո՛, ճիշդ են հայկական ներքին կեանքի իրականութեան տեսանկիւնէն։ Այս բոլորով կարելի՞ է բացուիլ դէպի միջազգային հանրային կարծիք։ Դժուար... Այս կարգախօսները արձագանգ չեն կրնար ստեղծել կլոպալ առումով։ Ուրեմն, պէտք է հասկնալ, որ տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքներ կան այստեղ։ Այդ առանցքները կրնան որոշ պարագաներով զիրար խաչաձեւել, սակայն իրենց բնոյթը տարբեր է հիմնովին։ Տարբերութիւնները անհամեմատելիօրէն աւելի շատ են՝ նմանութիւններուն բաղդատմամբ։ Իր դրուածքով՝ Համահայկական լրագրողներու հաւաքը ազգային հարթակ մը կը բնորոշէ ու միայն այդ գետինը բաւարար չէ՝ համախմբելու համար այն հայ լրագրողները, որոնք կը գործեն համաշխարհային մետիայի մէջ։ Ըստ երեւոյթին, համադրութիւններու երթալ անհրաժեշտ է։
Պարզ է, որ կլոպալ մետիա ըսուածն ալ ունի իր ներքին բաժանումները. ամերիկեան, եւրոպական, ռուսական, արաբական, եւ այլն։ Այսինքն աշխարհի հիմնական ուժային առանցքները ունին նաեւ իրենց մետիաները։ Հայկական օրակարգի վերաբերեալ խնդիրները, ըստ էութեան, կը մեկնաբանուին վերը թուարկուած օրինակներու ուղղութիւններով։ Անոնց վրայ գուցէ կարելի է աւելցնել Հարաւային Ամերիկայի մետիաները, քանի որ այդ ցամաքամասէն ներս ստուար թիւով հայեր կ՚ապրին եւ այդ տարածքաշրջանը տնտեսական վերելք մը ունի համաշխարհային մակարդակով։ Թէ՛ պատմական հանգամանքներու եւ թէ միջազգային յարաբերութիւններու դրուածքին մէջ առկայ ազդեցութիւններուն բերումով՝ ամերիկեան, եւրոպական, ռուսական եւ արաբական մետիաները հաշուի առնելով պէտք է դանդաղիլ այս նիւթին վրայ։ Աւելորդ է ըսել, որ այդ բոլորին մէջ կան հայազգի մամլոյ գործիչներ։ Նախ, կարծես թէ, գործի պէտք է սկսիլ միջազգային մետիայի աշխատակից հայ լրագրողներն ու հայ մամլոյ սպասաւորները հնարաւորինս շփման մէջ անցընելով։ Միջազգային մետիայի հայազգի մասնագէտները ներկային նուազագոյն կանոնաւոր կապ մը չունին՝ իրենց ապրած երկրի հայկական համայնքի մամուլին (եթէ կայ, անշուշտ) հետ։ Առաջին հերթին այդ կապերը պէտք է զարգացուին, որպէսզի միջազգային մետիայի աշխատակից հայազգի լրագրողը առաւելագոյնս վերահասու դառնայ հայկական օրակարգի հիմնախնդիրներուն։ Արդարեւ, ո՛չ միայն լրագրութեան, այլ որեւէ ասպարէզի մէջ միջազգային մակարդակի մը հասած հայազգի գործիչները, ընդհանրապէս, անհաղորդ կ՚ըլլան հայ իրականութեան։ Սա հասկնալի երեւոյթ է եւ առանց մարդ այպանելու պէտք է համբերատար աշխատանք տանիլ հետեւանքները յաղթահարելու համար։ Յետոյ, այդ կէտէն սկսեալ կը ծնի երկրորդ գործ մը, որ շատ աւելի կարեւոր է խորքին մէջ։ Միջազգային մետիայի աշխատակից հայազգի լրագրողներուն միջոցաւ պէտք է բացուիլ դէպի անոնց այլազգ պաշտօնակիցները, գործակիցները։ Ամբողջ հարցը անոնց համար համոզիչ ըլլալն է։ Հաշուի առնելով, որ հայութիւնը չունի նիւթական միջոցներ ներդնելով ազդեցութիւն բանեցնել համաշխարհային լրատուամիջոցներուն վրայ, ապա մնացեալ տարբերակն է՝ փորձել առաւելագոյնս համոզիչ տուեալներով եւ արհեստավարժ հիմքով աշխատիլ անոնց հետ, մատակարարել համապատասխան տուեալներ եւ ըստ այդմ ակնկալել արձագանգ։ Սփիւռքեան լրատուամիջոցները տուեալ երկրի մետիային համար ալ աղբիւր մը չեն հանդիսանար յաճախ՝ իրենց այդ «պաշտօնական» տեսքին բերումով։ Այսինքն, հարցը սահմանափակ չէ միայն լեզուի երեսակով։ Ոչ-հայերէն հայկական լրասփիւռներն ալ նոյն վիճակին մէջ են ակնյայտօրէն։ Այս առումով բացառութիւն մը կը համարուի թրքահայ մամուլը, որ սփիւռքի մնացեալ լրատուամիջոցներուն բաղդատմամբ կրնայ դասուիլ յարաբերաբար աւելի անկախ։ Այդ փորձառութիւնը պէտք չէ անուշադրութեան մատնուի, իր կարգին։ Յամենայնդէպս, գործին ծաւալը մեծ է անբաղդատելիօրէն։
Ամփոփելով՝ քանի մը վարկած կարելի է հաշուի առնել՝ որպէս հում գաղափար։ Լրագրողներու համահայկական յաջորդ համաժողովին կարելի է նիստերէն մին մասնաւորապէս յատկացնել այս նիւթին։ Կարելի է այդ նիստին համար հրաւիրել միջազգային մետիայի աշխատակից քանի մը հայ լրագրող՝ անշուշտ տարբեր գօտիներէ, ստեղծել այսպէսով երկխօսութեան հնարաւորութիւն։ Եւ կամ կարելի է նոյն գօտիէն մէկէ աւելի անձ ներգրաւել ու կեդրոնանալ այդ առանցքին վրայ։ Թէկուզ, կարելի է մտածել նաեւ հակառակին մասին։ Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու մասնակիցները, համակարգման մարմնի նախաձեռնութեամբ, կրնան իրենք այցելել այդ գօտիները եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։ Սա շատ հետաքրքրական կրնայ ըլլալ։ Արդիւնաւէտութեան երաշխիքներէն մին ալ կրնայ ըլլալ այն, որ փափաքողներ բացառապէս իրենք իսկ հոգան իրենց ծախսերը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել զբօսաշրջութեան վերածուիլը։ Այդ շփումներով ստեղծուելիք պաշարը անպայման աստիճանաբար կը ցոլանայ նաեւ Համահայկական լրագրողներու հաւաքներուն վրայ ու կրնայ գետին պատրաստել նոր հորիզոններու ուրուագծման։
Նոր հորիզոններու, նոր հեռանկարներու մասին խօսիլը զուտ լաւատեսութիւն կամ բարի ցանկութիւն մը չէ հայ մամլոյ պարագային։ Արդարեւ, հայ մամուլը աշխարհատարած ցանց մըն է։ Այդ ցանցը կրնայ ունենալ թերութիւններ, խոցելի կէտեր, եւ այլն։ Բայց, կարեւորը այն է, որ կա՛յ այդ ցանցը եւ կատարելագործումը շատ աւելի դիւրին է, քան բոլորովին նորին ստեղծումը։ Կենսունակութիւն պէտք է տալ այդ ցանցին։ Համաշխարհային գովազդի շուկային մասնակից պէտք է դարձնել հայկական մետիան՝ որպէս ցանց, իր ամբողջութեան մէջ։ Պէտք է մասնագէտներու կողմէ համակարգուին աշխատանքները։ Համագործակցութիւն, եռանդ, զօրակցութիւն, յամառ աշխատանք եւ մասամբ նորին... Հարթ ճանապարհի մը մասին չէ խօսքը, բայց կայ լուրջ ներուժ մը։
Այս առումով իսկապէս խորհրդանշական էր մեր 8-րդ հաւաքի մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած շեշտադրումը. «Ի վերջոյ, աշխարհի վրայ քանի՞ երկրի նախագահ ունի նոյնաժամանակ 31 երկիրներէ լրագրողներու հետ շփուելու»։
Այս պարզ, նոյնիսկ խորհրդանշական արտայայտութիւնը ունին խորքային իմաստ։ Իրականութեան մէջ, իր մօտեցումները առ հասարակ ուշագրաւ էին՝ իրենց լայն հորիզոնով։ Սարգսեան, առաջին հերթին, մամուլը կը համարէ միջոց մը՝ ցոլացնելու համար ճշմարտութիւնը։ Անօրինականութիւններու ճանապարհով օրինականութիւն հաստատելու ձգտումներու հակասութեան համայնապատկերին վրայ ան մեկնաբանեց այս նիւթը եւ այդ անկարելիութիւնը ընդգծելով՝ յայտնեց, որ չափազանց կարեւոր կը համարուի լրագրական բարոյագիտութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Այս նոյն հիմքով ան կը պատկերացնէ զանազան երկիրներու հայազգի լրագրողներու համախմբումը։ Իր խօսքով, արագ փոխուող ներկայ աշխարհին մէջ պէտք է գտնել ճիշդ աշխատելու ձեւերը։
Սերժ Սարգսեան մամլոյ վերաբերեալ պատկերացումներուն մէջ բացարձակապէս զերծ է պահպանողական պետական ղեկավարի մը կաղապարներէն։ Երեւակայեցէք, օրինակներու մասին խօսելու ժամանակ ան կ՚անդրադառնար BBC-ի պարագային։ Այսինքն բաւական յաւակնոտ են ըմբռնումները։ Աւելի՛ն, մամուլը իր պատկերացումներուն մէջ կը դասուի ազատութեան եւ ազատականացման ծիրէն ներս։ Արդարեւ, ան այս նիւթը կը դիտարկէ՝ փակ հասարակութենէ դէպի բաց հասարակութիւն անցնելու գործընթացի ամբողջին մէջ։
Վերջապէս, տեսնենք մեր մամուլը ի՞նչ մակարդակի վարպետութիւն մը պիտի կարենայ ցուցաբերել՝ գտնելու համար ճիշդ աշխատելու ձեւերը։ Տրամադրուինք, ուրեմն, յարատեւ աշխատանքի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
• շար. 4 եւ վերջ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024