Միակ անփոփոխը

2017 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ռո­պէ­նե­րուն Թուր­քիա հեր­թա­կան ան­գամ դէմ յան­դի­ման մնաց ցնցու­մի մը։ Ա­րիւ­նա­լի դէպք մը կրկին յե­ղաշրջեց երկ­րին օ­րա­կար­գը, ստուե­րի տակ թող­լով տա­րե­մու­տի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Դժբախ­տա­բար, նման ե­րե­ւոյթ­նե­րը մի­ջո­ցէ մը ի վեր ըն­թա­ցիկ դար­ձած են մեր երկ­րէն ներս։

Այս­պի­սի դէպ­քե­րու յա­ճա­խա­կի դար­ձած ըլ­լա­լը թէեւ ցնցիչ է, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ զգօ­նու­թիւն կը պար­տադ­րէ՝ հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գէն դուրս չեն մնար ա­հա­բեկ­չա­կան տխուր պա­տա­հար­նե­րը։ Հե­տե­ւանք­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կուած չեն զուտ դէպ­քե­րու գոր­ծած ա­ւե­րով։ Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ինք­նին մար­տահ­րա­ւէր մըն է երկ­րին առ­ջեւ։ Ե­թէ մին­չեւ այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րը ա­ռա­ւել չա­փով կը վե­րագ­րուէին կարգ մը ներ­քին գոր­ծօն­նե­րու, ա­պա վեր­ջին շրջա­նին ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­կունք­նե­րուն մէջ կ՚ընդգ­ծուի նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին գոր­ծօն­նե­րուն ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Պատ­ճառ­նե­րը, շար­ժա­ռիթ­նե­րը ինչ որ ալ ըլ­լան՝ եր­կի­րը ցաւ կ՚ապ­րի, ժո­ղո­վուր­դը կը ցնցուի ու հրա­տապ կը դառ­նայ այդ բո­լո­րը կան­խե­լու, ժա՛մ ա­ռաջ կան­խե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։

Թուր­քիա հա­ւա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէր­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու ա­ռու­մով ու­նի խոր փոր­ձա­ռու­թիւն։ Հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­նե­րու պե­տա­կան ա­ւան­դու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան ի­մաս­տու­թե­նէն բխած պա­ղա­րիւ­նու­թեան հա­մադ­րու­թիւ­նը հիմ­նա­կան ա­պա­ւէ­նը կը հա­մա­րուի նաեւ ներ­կայ դժուա­րին պա­հուն։ Միայն այդ պա­ղա­րիւ­նու­թեան եւ հա­մախմ­բուա­ծու­թեան շնոր­հիւ է, որ ժխտա­կան ու դրա­կան բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ կշիռ­քի վրայ դնել եւ հաս­նիլ նպա­տա­կաս­ը-լաց լուծ­ման։ Եր­կի­րը այ­սօր կը ձգտի ա­հա­բեկ­չու­թեան փոր­ձան­քը յաղ­թա­հա­րել՝ պահ­պա­նե­լով իր մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ազ­դե­ցու­թիւ­նը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն ու զար­գաց­ման ու­ղին։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան դրդա­պատ­ճառ­ներն ու դէպ­քե­րու ո­րա­կը ինչ­քան որ ալ տար­բե­րի, միակ ան­փո­փոխն է հե­տե­ւեալ ի­րո­ղու­թիւ­նը.

Լա­ւա­գոյն դի­մադ­րու­թիւ­նը կը մնայ միաս­նա­կա­նու­թիւն պա­հե­լը։ Այդ միաս­նա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տը պէտք է ամ­րապն­դուի հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րու ներգ­րաւ­մամբ եւ այդ իւ­րա­քան­չիւր խա­ւի նկատ­մամբ հա­մընդգր­կուն վե­րա­բեր­մուն­քով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017