Տքթ. Մինաս Գոճայեանին
Կարդացինք Երուսաղէմի Պատրիարքի Իսթանպուլ այցելութեան վերաբերեալ ձեր գրութիւնը, որ լոյս տեսած է Պէյրութի «Զարթօնք»ի եւ Լոս Անճելըսի «Նոր Օր»ի այսօրուան թիւերուն մէջ։ Խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր արձագանգին համար եւ հաւատացէք՝ սա զուտ քաղաքավարական մղումներով չէ։ Լրագրական պատշաճութիւններով, պէտք էր նախ ձեր յօդուածին տեղ տայինք եւ անոր ածանցէինք մեր պատասխանը։ Բայց եւ այնպէս, այդպէս չենք ըներ, որովհետեւ, խորքին մէջ, պատասխան մը չէ որ գրի կ՚առնենք այս սիւնակին մէջ։ Պարզապէս, ձեր յօդուածին ի շարունակութիւն կ՚արտայայտենք կարգ մը կարծիքներ։ Դատելով ձեր գրածի ոգիէն ու տարրէն՝ համոզուած ենք, որ ոչինչ ունինք տեսակէտներ հակադրելու կամ ձեզի դէմ ընդդիմախօսելու համար։
Մենք խոր գնահատանքով ու երախտաշատ զգացումներով կարդացինք, թէ որքան բազմակողմանի ծառայութիւն մը մատուցած էք ու կը շարունակէք մատուցել Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին համար։ Այդ բոլորը, բնականաբար, յօդուածի ձեր դիտարկումները կը դարձնեն ա՛լ աւելի ուշագրաւ եւ առանձնայատուկ վերաբերմունք կը պարտադրեն ձեր գրածներուն նկատմամբ։
Յարգելի Տքթ. Գոճայեան,
Հայ մամուլը կը գործէ որպէս աշխարհատարած ցանց մը եւ իր ծածկոյթին տակ գտնուող լսարանը նոյնպէս սփռուած է աշխարհով մէկ։ Սա մեր իրականութեան տեսակէտէ թէ՛ առաւելութիւն մըն է եւ թէ տեղին համեմատ տկարութիւն մը։ Ըստ երեւոյթին, տուեալ պարագային եւս ի զօրու է այս երեւոյթը։ Դուք ձեր յօդուածը ստորագրած էք Լոս Անճելըսէն՝ Պոլսոյ մէջ հրատարակ-ւած նիւթի մը կամ լրատուութեան մը պարագային։ Վստահ ենք, ձեր փորձառութիւնով կրնաք համաձայն գտնուիլ, թէ մեր իրականութեան մօտ բազում երեւոյթներ կըր-նան տարբեր ընկալումներ ունենալ տեղէ տեղ կամ միջավայրէ միջավայր։ Բնականաբար, լրագրական առարկայականութիւնը երաշխիք մըն է այդ յարաբերականութիւնը նուազագոյնի հասցնելու համար, յամենայնդէպս անկարելի է վերջնականօրէն յաղթահարել այդ խնդիրը։ Մեր տպաւորութեամբ, տըւ-եալ պարագային ընկալումները կամ երեւոյթները որոշ չափով տարբերութիւն կը պարզեն՝ Լոս Անճելըսէն կամ տեղւոյն վրայ իսկ՝ Պոլիսէն դիտարկելու պարագային։
Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարքը վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն կ՚այցելէ Թուրքիա։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը փորձած է հետեւողականօրէն հետեւիլ իր այցելութիւններուն։ Չենք ուզեր ձեզի հակադրուիլ, սակայն մեր թերթին մօտեցումը կամ ձգտումը երբեք չէ եղած՝ պղտորել մթնոլորտը։ Սա քաւլիցի որ հերքում մը ըլլար ձեր գրածին դէմ։ Ընդհանրապէս, կը խուսափինք սփիւռքեան մեր մամուլին մօտ լոյս տեսած որոշ քննադատութիւններուն բերումով բանավէճի մէջ մտնելէ։ Կը կրկնենք՝ որ ձեր պարագային, առաւել եւս, չենք փափաքիր վէճի մը բռնուիլ, սակայն եթէ «ամէն մարդ պէտք է զբաղի իր տան բակի մաքրութեամբ», ապա այդ մաքրութիւնը հասկնալիօրէն պիտի կատարէ իր իսկ գիտցած ձեւով։
Շրջահայեաց, հեռատես եւ իմաստուն ազգային գործիչի մը մտայնութեամբ մատնանշած էք, որ կալուածներու վերաբերեալ նիւթերը կը պահանջեն գաղտնապահութիւն։ Ճիշդ է, կը բաժնենք ձեր մօտեցումը։ Համամիտ ենք ձեզի սկզբունքային առումով։ Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, հաշուի կ՚առնենք նաեւ, որ այդ սկզբունքը գործնական գետնի վրայ ի՞նչ դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Մենք որեւէ կանխակալ կարծիք կամ անվստահութիւն չունինք Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարքին դէմ։ Մեր թերթին մէջ իր Պոլիս կատարած այցելութիւնները կը փորձենք ցոլացնել հետեւողականօրէն։ Մինչեւ այսօր իր քանի-քանի այցելութիւններուն մասին գրած ենք եւ չենք բացառեր նաեւ, որ ընթացքին տեղի ունեցած կրնան ըլլալ այլ այցելութիւններ, որոնց մասին տեղեկացած իսկ կրնանք չըլլալ։
Մօտաւոր անցեալին մեր թերթին մէջ քանիցս մատնանշած ենք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը, որպէս այդպիսին, «հասարակ մահկանացու» մը չէ մեր իրականութեան մէջ։ Համայն հայութեան տեսակէտէ ուշադրութեան առարկայ բարձրաստիճան եկեղեցական մըն է ան։ Հետեւաբար, իր իւրաքանչիւր տեղաշարժը, իր Աթոռէն իւրաքանչիւր բացակայութիւնը, վստահ ենք՝ կը համաձայնիք, սովորական երեւոյթ մը չէ։ Առաւել եւս, երբ ան կ՚այցելէ մեր երկիրը՝ Թուրքիա, սա արդէն կրկնակի հետաքրքրական կը դառնայ։
Որպէս լրագրող՝ երբ մուտք կը գործէք Պոլսոյ կեդրոնի հնգաստղանի պանդոկներէն ներս ու երբ մուտքասրահին մէջ կը տեսնէք Երուսաղէմի Պատրիարքը, ձեր կարծիքով, սա սովորակա՞ն երեւոյթ պէտք է ընկալուի։ Բնականաբար, մեր հրատարակութիւնները այսքան մակերեսայնութեամբ չենք կատարեր։ Նուրհան Պատրիարքի այցելութիւններուն զուգահեռ Երուսաղէմէն մեզի կը հասնին զանազան անհանգստացուցիչ պնդումներ, իսկ տեղւոյն վրայ՝ մեր համայնքէն ներս՝ պոլսահայ շրջանակներէն ներս անմիջապէս շրջանառութեան մէջ կը մտնեն զանազան լսումներ։ Մենք այդ բոլորին մասին գրեթէ ոչինչ կը հաղորդենք՝ այն պարզ պատճառով, որ անհրաժեշտ բաւարար տուեալները չենք ունենար մեր տրամադրութեան տակ եւ ճիշդ ձեր գրածին նման՝ չենք փափաքիր մթնոլորտը պղտորել։ Բարի եղէք հասկնալ, որ առանց այդ պնդումներուն եւ լսումներուն տեղի տալու՝ երբ Երուսաղէմի Պատրիարքի այցելութեան լուրը կը հաղորդենք, ապա մթնոլորտը ինքնաբերաբար կը պղտորի։ Արդարեւ, Նուրհան Պատրիարք կը գահակալէ շուրջ երկուքուկէս տարիէ ի վեր, քանիցս այցելած է Պոլիս եւ երեւակայեցէք՝ տակաւին պաշտօնապէս «Հրաշափառ»ով մուտք չէ գործած մեր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։ Պոլսոյ Պատրիարքարանէն անպաշտօն ձեւով հաստատած ենք, որ Նուրհան Պատրիարք չկամութիւն կը դրսեւորէ այս ուղղութեամբ։ Պատճառները կը մնան անյայտ։
Շատ պարզ ու հասկնալի է, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին պատկանող կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման հետամուտ եղած է Նուրհան Պատրիարք։ Աւելի՛ն, ինք այդ հարցերով զբաղելու սկսած էր տակաւին հոգելոյս Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի վախճանումէն առաջ։ Նման վարչական գործընթացներու մէջ հասարակութենէն խորհրդապահութիւն պահանջել կարելի է՝ եթէ ամէն ինչ թափանցիկ եւ համոզիչ ձեւով յառաջ կը տարուի։ Հանրային կարծիքին առջեւ թափանցիկ եւ համոզիչ ըլլալ չի նշանակեր խորհրդապահութենէ հեռանալ կամ ներքին խոհանոցային մանրամասնութիւնները այնպէս մը մատուցել, որ որդեգրուած նպատակները ենթարկուին վտանգի։ Նուրհան Պատրիարք, չենք գիտեր ինչու, կը նախընտրէ աշխատիլ մշուշի մը ետին։ Ան ոչ թէ տարրական լուսաբանութիւն մը տալ կը նախընտրէ, այլ կը փորձէ բացայայտել իր այցելութիւններուն մասին անպաշտօն տեղեկութիւններ տարածող աղբիւրները ու նոյնիսկ կը ձգտի անոնց դէմ հարուած հասցնել։ Սա լուրջ, հեռատես եւ շրջահայեաց հոգեւոր առաջնորդի մը յարիր վարուելակերպ չէ։ Նուրհան Պատրիարքի Պոլիս իւրաքանչիւր այցելութիւնը եթէ ինքնաբերաբար կը պղտորէ մթնոլորտը, եթէ հարցը հասած է այդ փուլին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը ինչո՞ւ չի մտածեր այլ վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ տարրական տեղեկութիւնով մը հանրութեան հետաքրքրութիւնը յագեցնելու մասին։ Մնաց որ, ան թէկուզ այսպէսով կրնայ կարճել նաեւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս ծագած հարցականները։
Յարգելի Տքթ. Գոճայեան,
Մենք կը հասկնանք, որ դուք բարի մղումներով, բարի կամեցողութեամբ ստորագրած էք ձեր յօդուածը։ Ձեզ կը վստահեցնենք, որ մենք ալ նոյն բարի ու դրական ցանկութիւններով կը վերաբերինք Երուսաղէմի մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ եւ մեր հրատարակութիւնները կը բխին անոր հանդէպ մեր ժողովուրդին ունեցած վառ հետաքրքրութենէն։ Այս բացատրութիւնները տալու ժամանակ մեր նպատակը չէ ձեզ անելի մատնել, սակայն համեստօրէն կը յիշեցնենք նաեւ ուրիշ մանրամասնութիւն մը։ Աշխարհի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ գրեթէ բոլորին յայտնի կ՚ըլլան այն բարձրաշխարհիկ պանդոկները, որոնք իրենց երդիքը կը տրամադրեն աշխատանքային նպատակներու կամ զբօսաշրջական-ժամանցի նպատակներու համար։ Աւելորդ է ըսել, որ անոնք կ՚ունենան շատ հասարակաց կողմեր, սակայն որոշ առումներով ալ իրարմէ կը տարանջատուին։ Պոլսոյ մէջ աշխատանքային այցելութիւններու համար սովորաբար օգտագործուած հնգաստղանի պանդոկները ծանօթ են։ Անոնք ալ ունին հիւրեր կամ մասնագէտներ ընդունելու բաւարար պայմաններ եւ Նուրհան Պատրիարք մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը նախընտրէր իջեւանիլ այդ իսկ պանդոկներուն մէջ։ Իսկ վերջին շրջանին ան սկսաւ աստիճանաբար հեռանալ քաղաքի կեդրոնէն եւ իր ուղղութիւնը թեքեց դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափը, ուր հաստատուած պանդոկներուն մէջ ալ թէեւ կարելի է աշխատիլ, սակայն անոնք առաւել եւս կը դասուին՝ որպէս զբօսաշրջութեան-ժամանցի գօտիներ։ Հետեւաբար, Նուրհան Պատրիարք կ՚երեւի ի զօրու է առնուազն իր նախընտրութիւններով պայմանաւորուած տպաւորութիւնները կշռադատելու։
Պոլիս քաղաք մըն է, ուր աշխուժօրէն կը գործէ հայ մամուլը։ Երուսաղէմի Պատրիարքը կ՚երեւի այս հանգամանքին ալ ծանօթ է, որովհետեւ այդքանը գիտնալու համար անհրաժեշտութիւնը չկայ բարձր մտաւորականութեան ընդունակութիւններու։ Նուրհան Պատրիարք զուտ իր փորձառութիւնով ալ գիտէ այդ մասին, որովհետեւ անցեալի մէջ մենք ունեցած ենք պատիւը իր հետ հանդիպելու։ Եկէք-տեսէք, որ Նորին Ամենապատուութիւնը լրագրողներու հետ զրուցելու առիթները կը ծառայեցնէ ոչ թէ Սուրբ Աթոռի գործունէութիւնը բիւրեղացնելու նպատակին, այլ կը նախընտրէ բամբասանքներ տարածել իր հոգեւոր եղբայրներու հասցէին։ Այս գործելաոճը չափազանց կը դժուարացնէ մեր աշխատանքը։ Վստահաբար դուք հնարաւորութիւնը ունցած ըլլաք Նորին Ամենապատուութեան հետ լեզու գտնելու, քանի որ թուարկած էք Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին համար ձեր ստանձնած պատասխանատուութիւնները՝ մանաւանդ, որ կը շարունակէք խմբագրել «Սիոն»ը։
Իբրեւ հայ մամլոյ համեստ սպասաւոր՝ ձեզմէ կը խնդրենք, որ անմիջականօրէն գործակցի ձեր կարգավիճակով խորհուրդներ փոխանցէք Նորին Ամենապատուութեան։ Մենք չենք փափաքիր կացինահարել Նուրհան Պատրիարքի հետամուտ եղած գործը։ Մեր հրատարակութիւնները իր աշխատանքը խոչընդոտելու նպատակ չեն հետապնդեր։ Պարզապէս, մամուլի հետ յարաբերուելու տարրական պայմանները երբ որ չեն յարգուիր՝ ակամայ կը ստեղծուի փակուղի մը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը հաստատութիւն մըն է։ Ինչպէս ձեր յօդուածին մէջ ալ մատնանշած էք՝ հաստատութիւններ արհեստավարժ մասնագէտներ կը վարձեն իրենց գործերու հետապնդման համար։ Ճիշդ այս կէտին վրայ կը բիւրեղանայ նաեւ մեր հարցադրումը։ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի գործերը ի՞նչ մտայնութիւնով կ՚առաջնորդուին, որ Նուրհան Պատրիարք կը պարտաւորուի շարունակ Պոլիս այցելել՝ կալուածներու հարցերով։ Սա հաստատութեան մը տեսքին խոտոր կը համեմատի։ Եթէ պատրիարքի յաճախակի այցելութիւնները ստիպողութենէ մը կը յառաջանան, ապա կը նշանակէ՝ որ որպէս գործակից ընտրուած մասնագէտներու պարագային խնդիրներ կան։ Այլապէս պատրիարքը պիտի չպարտաւորուէր յաճախակիօրէն Պոլիս գալու։ Իսկ եթէ Նուրհան Պատրիարքին համար հաճելի է պարբերաբար այցելել Պոլիս, ապա այստեղ ալ անհասկնալի ոչինչ կայ։ Սա պատմական, գեղատեսիլ քաղաք մըն է, որ ամէն տարի միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ կը հիւրընկալէ։ Նուրհան Պատրիարքն ալ, բնականաբար, իրաւունք ունի զբօսնելու եւ ըստ իր կամեցողութեան ընտրելու կամ նախընտրելու զբօսանքի վայրը։ Մեր քննադատածը այն է, որ կալուածներու խնդիրը կը ծառայեցուի զբօսանքի համար որպէս հիմնաւորում։ Կրնայ ըլլալ, որ այդ տպաւորութիւնը սխալ դուրս գայ։ Բայց, Երուսաղէմի Պատրիարքը ինչո՞ւ կը յամառի պարզ քայլ մը չառնել այդ տպաւորութիւնը փոխելու համար ու կը նախընտրէ բոլորովին այլ ճանապարհով մը ընթանալ։
Յարգելի Տքթ. Գոճայեան,
Հուսկ ձեր բարձր նկատառման յանձնել կ՚ուզենք հետեւեալ հանգամանքը։ Իւրաքանչիւրս նախ եւ առաջ մեր տան բակի մաքրութեամբ զբաղելու ժամանակ չենք կրնար անուշադրութեան ենթարկել իրարու վիճակը։ Ճիշդ է, որ բոլորս նախ եւ առաջ պատասխանտու ենք մեր իսկ բակի մաքրութենէն, սակայն եթէ այդ մօտեցումը մեզ պիտի տանի դէպի իրարու նկատմամբ անտարբերութիւն, ապա այդ կէտին վրայ անգամ մը եւս մտածենք։
Երանի, ձեր գրածին նման, ըլլար գերագոյն ազգային մարմին մը, որու առջեւ հաշուետու ըլլայինք բոլորս։ Բայց այդ մարմինը չկայ։ Ու եթէ չկայ՝ ապա ի՞նչ պիտի ընենք։ Մինչեւ որ օր մը այդ երանելի մարմինը ստեղծուի, եւ մինչեւ այդ փուլը մենք առաջնորդուինք Նուրհան Պատրիարքին ձեւով, ապա երբեք պիտի չկարենանք հասնիլ այդ երանելի օրուան, որովհետեւ հաշուետու ըլլալիք բան մը պիտի չմնայ։ Գերագոյն ազգային մարմինի մը կարիքը որքան որ ալ անհրաժեշտ ըլլայ, հաշուետուութեան պարագան նախ եւ առաջ խղճի եւ բարոյագիտութեան խնդիր մըն է՝ առաւել եւս, պատրիարքի մը պարագային։ Վերջացնելով՝ կրկին կը խնդրենք՝ որ Նորին Ամենապատուութեան հետ ձեր ունեցած աշխատանքային փորձառութիւնը, յարաբերութիւնը ծառայեցնէք խորհուրդներ փոխանցելու համար իր նկատառման։ Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարքի գործելաոճը պատմութեան առջեւ պիտի չարդարանայ՝ մամուլի դէմ ասպարէզ կարդալով։ Իր աշխատանքը պատմութեան կշիռքին վրայ պիտի դրուի՝ մամուլին ցոլացած տուեալներով եւ իր պատրիարքութեան շրջանին հասարակութեան մատուցուած համոզիչ տուեալներով։
Կրկին ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ ձեր գրածին համար ու կը վստահեցնենք, որ այդ մէկը հետաքրքրութեամբ ընթերցուած է մեր կողմէ։ Մեր յօդուածը պատասխան մը չէ ձեր գրածին դէմ, այլ Նուրհան Պատրիարքի գործունէութեան վերաբերեալ մեր դիտարկումները եկած ենք միացնել ձեր ըսածներուն։
Պոլիսէն յարգանքով կ՚ողջունենք ձեզ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ