ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կէ մնալ թրքա­հայ հա­մայն­քի թիւ մէկ խնդի­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ 24 Ապ­րի­լի առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ու­ղար­կած պատ­գա­մին մէջ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին կա­տա­րուած անդ­րա­դար­ձը նոր փուլ մը բնո­րո­շած է այս խնդրին ա­ռու­մով։ Թէ ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի կամ կրնայ ու­նե­նալ Էր­տո­ղա­նի ակ­նար­կու­թիւ­նը։ Այս հար­ցը վեր­ջին օ­րե­րուն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը քննար­կուի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ առ­կայ ա­նո­րոշ վի­ճա­կի յաղ­թա­հար­ման ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ Ակնյայտ է, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցէն ներս տե­ղա­շարժ մը ա­պա­հո­վել կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ՝ ե­թէ գտնուի հա­մադ­րու­թիւն մը մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րուն, Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի նա­խըն­թաց­նե­րուն եւ պե­տու­թեան սպա­սում­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս ամ­բող­ջին տե­սա­կէ­տէ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ կա­տա­րուած ակ­նար­կու­թիւ­նը։ Այս ա­ռու­մով հի­մա ի՞նչ կա­րե­լի է ակն­կա­լել եւ ինչ­պէ՞ս պէտք է գոր­ծել Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ ստեղ­ծուած թնճու­կի յաղ­թա­հար­ման հա­մար։ Այս նիւ­թին շուրջ զրու­ցե­ցինք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հետ։ Ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցանք նաեւ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն եր­կու սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ սկսած է նոր շուն­չով, թարմ յոյ­սե­րով երկ­խօ­սու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեալ Ուր­բաթ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան Պատ­րիար­քա­րան եր­թա­լով հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը քննար­կած են Ա­թո­ռի առ­կայ խնդիր­նե­րը եւ լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Ուր­բաթ օ­րուան այդ տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ ան­ցեալ Կի­րա­կի օրն ալ եր­կու սրբա­զան­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց մը ու­նե­ցած են Սա­մա­թիոյ Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան մե­զի յայտ­նեց, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի 24 Ապ­րի­լի պատ­գա­մին մէջ կա­տա­րած ակ­նար­կու­թիւ­նը նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է՝ որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­րա­նը ան­մի­ջա­պէս պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տե­ղեակ պա­հէ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւնք­նե­րէն։ Ծա­նօթ է, որ այդ հա­մա­գու­մա­րի ո­րո­շու­մով Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեան հանգս­տեան կո­չուե­ցաւ պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նէն, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը հռչա­կուե­ցաւ թա­փուր եւ յար­մար նկա­տուե­ցաւ ձեռ­նար­կել նոր գա­հա­կա­լի մը ընտ­րու­թեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հա­մոզ­մամբ, թէ­կուզ յա­պա­ղու­մով, բայց պե­տու­թիւ­նը տե­ղեակ պէտք է պա­հուի այդ ո­րո­շում­նե­րէն եւ ա­նոր պաշ­տօ­նա­պէս պէտք է ներ­կա­յա­ցուի նաեւ Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ բժշկա­կան մաս­նա­գի­տա­կան տե­ղե­կա­գի­րը։ «Քա­նի որ պե­տու­թիւ­նը ի­րեն իբ­րեւ երկ­խօս կը ճանչ­նայ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը՝ ես գա­ցի ի­րեն այ­ցե­լու­թեան։ Խա­ղաղ զրոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր մի­ջեւ, սա­կայն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հա­մո­զուած չէ, որ ներ­կայ փու­լին ո­րե­ւէ լուր պէտք է տալ պե­տու­թեան, կամ ընդ­հան­րա­պէս ո­րե­ւէ քայլ պէտք է առ­նել։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, հա­ւա­նա­բար այդ դի­մու­մը կա­տա­րենք մենք։ Այ­սինքն, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի դի­ւան­նե­րը նա­մակ մը գրի առ­նե­լով կրնան յանձ­նել կու­սա­կա­լու­թիւն։ Սա հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն մըն է, որ ներ­կա­յիս մեր օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուի։ Կ՚ըն­դու­նիմ, որ ո­րոշ վտանգ­ներ կրնայ ու­նե­նալ այս ձե­ւը։ Ար­դա­րեւ, պե­տու­թիւ­նը որ­պէս երկ­խօս կը ճանչ­նայ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը՝ որ­պէս պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ։ Ե­թէ նա­մա­կին տակ չըլ­լայ ա­նոր ստո­րագ­րու­թիւ­նը, ա­պա մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կրնայ ո­րոշ չա­փով վտան­գուիլ։ Բայց եւ այն­պէս, մենք յանձն կրնանք առ­նել այդ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի մեր ժո­ղո­վուր­դը հեր­թա­կան ան­գամ տես­նէ ու հա­մո­զուի, թէ ո՛վ կը խու­սա­փի ընտ­րու­թեան դի­մու­մը ը­նե­լէ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ցու­մա­յին շրջա­նի պայ­ման­նե­րով ստեղ­ծուած ներ­կայ հա­մա­կար­գին գլու­խը կը գտնուի։ Ե­թէ ցայ­սօր պե­տու­թեան հետ տա­րուած աշ­խա­տան­քին մէջ ե­ղած է թե­րա­ցում մը կամ զան­ցա­ռում մը, ա­պա այդ բա­նին ալ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն բնա­կա­նա­բար ինքն է։ Վեր­ջին շրջա­նին խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րա­ծուին, թէ ես ալ՝ որ­պէս կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ այդ թե­րա­ցում­նե­րուն մէջ բա­ժին ու­նե­ցած եմ։ Բայց պէտք է հասկ­նալ, որ կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տը այդ­պի­սի դի­մում մը չի կրնար ը­նել։ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րէն վերջ մենք պատ­րաս­տե­ցինք դի­մում-նա­մա­կի մը նա­խա­գի­ծը։ Այն­տեղ կը խօ­սուէր նաեւ ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը ստեղ­ծե­լու շուրջ։ Նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նի ստեղ­ծուի­լը ընտ­րու­թեան հար­ցը գործ­նա­կան հուն տե­ղա­փո­խե­լու հիմ­նա­քարն է։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան խու­սա­փե­ցաւ այդ քայ­լէն», ը­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Մեր հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բա­ցատ­րեց, որ առ­կայ խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հա­մար պէտք է ստեղ­ծել հա­մա­խո­հու­թիւն մը։ «Այս պատ­ճա­ռով Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ ալ պէտք է կա­պի մէջ ըլ­լանք եւ ես այդ դու­ռը բա­ցի։ Պէտք է ձե­ւով մը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը քա­շենք այս գոր­ծին մէջ։ Իր ներգ­րա­ւու­մով պաշ­տօ­նա­կան քայ­լե­րը պէտք է առ­նուին եւ այս ընտ­րու­թեան գոր­ծին առ­ջեւ պէտք է ճա­նա­պարհ հար­թուի։ Մենք առ­կայ կա­ցու­թեան կը հան­դուր­ժենք ի սէր խա­ղա­ղու­թեան։ Տա­կա­ւին ո­րե­ւէ ձե­ւով ընդ­դի­մու­թիւն մը չէ սկսած Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի դէմ հա­մայն­քէն ներս, սա­կայն այս կա­ցու­թիւնն ալ յա­ւի­տեան չի կրնար տե­ւել։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է ըն­թա­նայ։ Մենք հի­մա ու­նինք տե­ղա­պահ մը, որ գոր­ծի գլուխ չի կրնար անց­նիլ եւ ու­նինք նաեւ փո­խա­նորդ մը, որ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռու­մով չու­նի ո­րե­ւէ օ­րի­նա­կա­նու­թիւն։ Այս կա­ցու­թե­նէն դուրս պէտք է գանք», ը­սաւ ան։

Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան Իս­թան­պու­լէն Գեր­մա­նիա մեկ­նե­լէ ա­ռաջ հրա­պա­րա­կած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ խօ­սած էր նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը ստեղ­ծե­լու շուրջ։ Այժմ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեանն ալ կը խօ­սի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նէն ան­կախ ձե­ւով պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դի­մում կա­տա­րե­լու մա­սին՝ ըն­դու­նե­լով հան­դերձ ռիս­քե­րը։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի մեկ­նու­մին ժա­մա­նակ իր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կէն ազ­գա­յին­ներ տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ ան ներ­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին վե­րա­դար­ձած կ՚ըլ­լայ քա­ղաքս։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, սա­կայն, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին փո­խան­ցեց բո­լո­րո­վին այլ լու­րեր։ «Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան վեր­ջին ան­գամ Պո­լի­սէն բաժնուե­ցաւ զգա­ցա­կան ծան­րու­թիւ­նով։ Ան մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կա­պուած հո­գե­ւո­րա­կան մըն է եւ այս փու­լին կ՚ակն­կա­լէ յստա­կու­թիւն։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան Պո­լիս պի­տի գայ՝ այս­տե­ղէն դրա­կան լու­րեր առ­նե­լէ վերջ։ Այ­լա­պէս, այժ­մու կա­ցու­թիւ­նը ա­մօթ է եւ ան­յար­մար։ Մէկ կող­մէ ի­րեն կ՚ը­սուի, թէ իբ­րեւ ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ մեր գլխուն վրայ տեղ ու­նի, սա­կայն միւս կող­մէ ի­րեն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած վե­րա­բեր­մուն­քը, ի­րեն են­թար­կուա­ծը իս­կա­պէս վի­րա­ւո­րա­կան է։ Մեր հա­մա­կար­գը այժմ դար­ձած է կա­թուա­ծա­հար», ը­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տին հարց տուինք, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ ի­րենց մի­ջեւ սկսած նոր երկ­խօ­սու­թիւ­նը կրնա՞յ յոյս մը ներշն­չել ա­պա­գա­յի հա­մար։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եզ­րա­փա­կեց.

«Ուր­բաթ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մեր զրոյ­ցէն վերջ, Կի­րա­կի օրն ալ տե­սակ­ցե­ցանք Սա­մա­թիոյ ե­կե­ղեց­ւոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Կի­րա­կի պար­զա­պէս զրու­ցե­ցինք, Պատ­րիար­քա­րա­նի խնդիր­նե­րուն չանդ­րա­դար­ձանք, ո­րով­հե­տեւ ա­ռան­ձին չէինք։ Մեր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ միշտ կրնայ բա­րե­լա­ւուիլ, ո­րով­հե­տեւ ես իր հետ անձ­նա­կան խնդիր մը չու­նիմ։ Խնդի­րը իր դիր­քո­րո­շումն է։ Ես գի­տեմ, որ ինքն ալ ին­ծի հետ անձ­նա­կան խնդիր մը չու­նի։ Բայց միւս կող­մէ կայ սկըզ-բունք մը եւ այդ մէ­կը մենք չենք կրնար մէկ կողմ թո­ղուլ։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդի­րը լու­ծե­լիք ան­ձը ինքն է, սա­կայն ներ­կա­յիս խնդի­րը լու­ծող ան­ձէ ա­ւե­լի՝ խնդի­րը խո­չըն­դո­տո­ղի դե­րին մէջ կը գտնուի։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ մենք պէտք է ը­նենք մեզ­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ, ա­մէն պատ­րաս­տու­թիւն պէտք է տես­նենք ու գնդա­կը պէտք է տե­ղա­փո­խենք պե­տու­թեան դաշ­տը՝ որ­պէս­զի մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը փրկուի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան առ­կայ ծան­րու­թե­նէն։ Պե­տու­թիւ­նը տե­ղեակ պա­հե­լու, պե­տու­թեան լուր տա­լու բնոյ­թով ա­մէն ին­չը մենք պէտք է ը­նենք։ Մենք է, որ մեր տա­լիք տե­ղե­կու­թիւ­նով շարժ­ման պի­տի ան­ցը­նենք պե­տու­թիւ­նը»։

Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ շօ­շա­փե­ցինք նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին կար­ծի­քը։ Ան եւս ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց վեր­ջին օ­րե­րուն Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն շուրջ։ «Մենք որ­պէս հո­գե­ւո­րա­կան­ներ՝ անձ­նա­կան հար­ցեր չու­նինք ու չենք կրնար ու­նե­նալ։ Որ­պէս եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ՝ մենք կը կրենք Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ամ­բողջ ծան­րու­թիւ­նը մեր ու­սե­րուն վրայ։ Ես կ՚ըն­դու­նիմ, որ տար­բեր մտա­ծե­լա­կեր­պե­րով, տար­բեր ըն­կա­լում­նե­րով կը մօ­տե­նանք առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ ա­նոնց լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն, բայց կը պա­հեմ իմ յոյսս, թէ եղ­բայ­րա­կան ո­գիով, միաս­նա­կան ու շի­նիչ աշ­խա­տան­քով պի­տի կա­րե­նանք ի վեր­ջոյ գտնել լու­ծում մը», ը­սաւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը։

Թէ ի՞նչ կը մտա­ծէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի պատ­գա­մին մէջ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին կա­տա­րուած ակ­նար­կու­թեան մա­սին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հա­մո­զուած է, որ սա շատ դրա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է, ող­ջու­նե­լի է։ Իր խօս­քե­րով, որ­քան որ ալ ար­տօ­նու­թե­նէ ա­ւե­լի մաղ­թան­քի մը բնոյ­թը ու­նե­նայ՝ սա կը նշա­նա­կէ, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը նկա­տի կ՚առ­նէ մեր հար­ցը, իր տուած խոս­տում­նե­րուն տէրն է՝ հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին շուրջ։ Թէ՛ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան շուրջ։ «Հասկնա­լի է, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի պատ­գա­մի այդ ակ­նար­կու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր ան­մի­ջա­պէս ձեռ­նար­կել ընտ­րու­թեան, սա­կայն սա շատ կա­րե­ւոր նա­խադ­րեալ մըն է՝ մեր դժուա­րին խնդրին դրա­կան լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար», ը­սաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Մեր խնդրան­քով մեկ­նա­բա­նե­լով Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մօ­տե­ցում­ներն ու դի­տար­կում­նե­րը՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կան­խաւ յայտ­նեց, որ չի փա­փա­քիր հրա­պա­րա­կա­յին վէ­ճի մը մէջ մտնել իր հո­գե­ւոր եղ­բօր հետ։ «Բայց եւ այն­պէս, որ­պէս­զի մեր ժո­ղո­վուր­դը լու­սա­բա­նուի ամ­բող­ջա­կան ու կա­տա­րեալ ձե­ւով՝ կրնամ ամ­փոփ ձե­ւով բա­ցատ­րել հե­տե­ւեա­լը։ Հասկ­նա­լի է, որ կեան­քի մէջ ա­մէն ին­չը պէտք է կա­տա­րել ճի՛շդ տե­ղին ու ճի՛շդ ժա­մա­նա­կին։ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րէն ի վեր ար­դէն ան­ցած է շուրջ եօթ ա­միս։ Յաչս պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ի­րա­զե­կու­մը այդ ժա­մա­նակ պէտք է կա­տա­րուէր Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի դի­ւա­նին կող­մէ, սա­կայն չկա­տա­րուե­ցաւ։ Հի­մա եօ՞թ ա­միս անց լուր պի­տի տրուի։ Ան­կեղ­ծօ­րէն ը­սեմ՝ ես թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ կը մօ­տե­նամ նման քայ­լի մը ու կը մտա­հո­գուիմ, որ պատ­կան մար­մին­նե­րը կրնան նկա­տի չու­նե­նալ այդ­պի­սի քայլ մը։ Նա­յե­ցէք, ե­թէ խնդի­րը պե­տու­թեան լուր տա­լու մէջ է, ես ար­դէն այդ ժա­մա­նակ ըն­դու­նած էի այդ մէ­կը։ Ես հա­մա­ձայն էի նաեւ, որ պե­տու­թեան մօտ կա­տա­րուե­լիք դի­մու­մին մէջ շեշտուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու մեր պա­հան­ջը, մեր սպա­սու­մը։ Ես վե­րա­պա­հու­թիւն յայտ­նե­ցի միայն նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը կազ­մե­լու, այդ ալ կան­խաւ կազ­մե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ ըստ էու­թեան եր­կու պատ­ճա­ռով։ Ա­ռա­ջին պատ­ճա­ռը այն էր, որ երկ­րին մէջ ար­տա­կարգ դրու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նէր եւ մին­չեւ հի­մա ալ գո­յու­թիւն ու­նի։ Երկ­րորդ պատ­ճա­ռը այն էր, որ նա­խա­պէս այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մենք ան­գամ մը կազ­մե­ցինք նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը եւ ար­դիւն­քին դէմ յան­դի­ման մնա­ցինք դժուարու­թիւն­նե­րու, բար­դու­թիւն­նե­րու եւ հար­ցը հա­սաւ մին­չեւ մեր ստեղ­ծած այդ նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նին լու­ծա­րու­մը։ Հե­տե­ւա­բար, իմ ը­սածս այն էր, որ այս եր­կու հան­գա­մանք­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով՝ նոր նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը կազ­մե­լու մա­սին սկսինք խօ­սիլ՝ կան­խաւ պե­տու­թեան հետ հա­մա­ձայ­նեց­նե­լէ, ա­մուր են­թա­գե­տին մը ստեղ­ծե­լէ վերջ», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը դի­տել տուաւ, որ ներ­կայ փու­լը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջան մը կը հա­մա­րուի։ «Պե­տու­թիւ­նը մեզ­մէ պա­հան­ջած է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար պատ­րաս­տել կա­նո­նադ­րու­թեան նա­խա­գիծ մը։ Ես այս հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րի Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին մօտ։ Բայց եւ այն­պէս, ժո­ղո­վին ա­տե­նա­պե­տը՝ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ կարգ մը ան­դամ­ներ վե­րա­պա­հու­թիւն դրսե­ւո­րե­ցին։ Պատ­ճա­ռը այն էր, որ ա­նոնց հա­մոզ­մամբ նման կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի է, կամ ճիշդ չէ պատ­րիար­քի մը բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րով։ Իմ մօ­տե­ցումս տար­բեր էր, սա­կայն ես յար­գե­ցի ա­նոնց պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւնը։ Դժուար չէ են­թադ­րել, որ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ հի­մա այս նիւ­թին շուրջ վերջ­նա­կան ո­րո­շում մը տա­լէ ա­ռաջ ի­րենց հեր­թին կը տա­նին ո­րոշ աշ­խա­տանք մը։ Երբ մենք ու­նինք այս տուեալ­նե­րը, ա­պա պէտք է վա­րուինք խո­հե­մու­թեամբ ու համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ։ Սա չի նշա­նա­կեր, որ ես ընտ­րու­թիւն չեմ ու­զեր, կամ ընտ­րու­թե­նէ կը խու­սա­փիմ, սա­կայն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ անց­նի­լը լու­ծում մը պի­տի չբե­րէ մեր խնդիր­նե­րուն, ե­թէ պատ­կան մար­մին­նե­րուն հետ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ աշ­խա­տինք, ա­պա ա­մէն ինչ պի­տի ըլ­լայ շատ ա­ւե­լի դիւ­րին եւ հե­զա­սահ», եզ­րա­փա­կեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017