Պունտեստակի բանաձեւը կամ հայ-թրքական առկայ փակուղիին մէջ յուսահատ հեռանկարներ
Պունտեստակի մօտ այսօր օրակարգի վրայ է հայկական հարցը։ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը քուէարկէ բանաձեւի մը համար, որու ընդունման պարագային այդ երկիրը իւրացուցած պիտի ըլլայ այն մօտեցումը, թէ 1915-ի դէպքերը կը համարուին ցեղասպանութիւն։ Պունտեստակի բանաձեւը հայ-թրքական յարաբերութիւններու առկայ փակուղիին մէջ թէեւ յուսահատական հեռանկարներու ազդանշանն է, սակայն խնդիրը այսքանով սահմանափակել կարելի չէ։ Հայկական հարցին տեսակէտէ նոր օրակարգի մը, նոր շրջանի մը սկիզբը կրնայ դառնալ Պունտեստակի նախագիծը։ Այս բոլորին շուրջ հնարաւոր է խօսիլ, անկախ Պունտեստակի այսօրուան քուէարկութեան արդիւնքէն։ Արդարեւ, գերմանացի խորհրդարանականները հայկական բանաձեւին հաւանութիւն տան կամ ոչ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ խնդրոյ առարկայ են շարք մը իրողութիւններ։
Միջազգային բեմահարթակին վրայ անցեալ տարի հայկական հարցը ունէր առաջնահերթութիւն։ Հայերը 1915-ի 100-րդ տարելիցին առթիւ աշխարհի ամէն կողմը ոգեկոչման արարողութիւններ կազմակերպեցին եւ վերընդգծեցին իրենց պահանջները, արդարութեան սպասումները։ Մետայլի միւս երեսակին՝ յայտնի է, որ Թուրքիա շատ լաւ պատրաս-տըւած էր 2015-ին։ Թէեւ հայկական կողմը յաջողեցաւ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան արժանանալ, սակայն Թուրքիա չպարտաւորուեցաւ դիմագրաւել անկանխատեսելի որեւէ հետեւանք կամ խնդիր։ Մեկնաբաններ դիտել կու տան, թէ 2015-ին Անգարա որեւէ անսպասելի հակազդեցութիւն, նոյնիսկ կոչ չստացաւ իր յառաջատար միջազգային գործակիցներէն, կարեւոր համաշխարհային դերակատարներէն, մասնաւորապէս արեւմտեան ճամբարի հսկաներէն։ Անգարայի տեսակէտէ երկու հիմնական բացառութիւն կարելի է թուարկել, մին Վատիկանէն բարձրացած ձայնն էր, իսկ միւսը՝ Գերմանիոյ Նախագահ Կաուքի յայտարարութիւնը։ Հայկական կողմն ալ անցեալ տարի յաճախ կը շեշտէր, որ 2015-ով ամէն ինչ պիտի չվերջանայ, այլ նոր շրջան մը պիտի սկսի։ Ուստի, երկու կողմերն ալ 2015 թուականը յաղթահարեցին, ըստ էութեան, պահպանելով իրենց դիրքերը։ Եւ այսպէս անցաւ 2015-ը։ Կարգ մը դէտեր ունէին այն լաւատեսութիւնը, թէ 2015-ի յաղթահարումով պիտի ապահովուի լիցքաթափում մը, որն ալ իր հերթին կրնայ նոր հորիզոն մը ուրուագծել Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման առջեւ։ Այդ կանխատեսումներու արդարանալէն կամ չարդարանալէն անկախ՝ արդէն բնականոնացման սպասումները միանգամընդմիշտ իմաստազրկուեցան՝ Թուրքիա-Ռուսաստան առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեամբ, որու պայմաններուն ներքեւ անկարելի էր դրական սպասումներ ունենալ Անգարա-Երեւան առանցքին։
2016-ի իրադրութիւնը յարաբերաբար աւելի հանգիստ էր Թուրքիոյ տեսակէտէ հայկական հարցի կտրուածքով։ Պարզ էր, որ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա պաշտօնավարութեան իր ժամկէտի վերջին Ապրիլի 24-ի պատգամի բովանդակութեան մէջ չափաւորութենէ պիտի չհեռանար եւ բառամթերքի նախընտրութիւններով պիտի չգրգռէր Թուրքիան։ Մինչ այդ, մեկնաբանները համոզուած էին, թէ թրքական դիւանագիտութեան գործը յարաբերաբար թեթեւցած էր հայկական հարցին շուրջ՝ միջազգային հրատապ օրակարգին բերումով։ Արդարեւ, ներկայիս, արեւմտեան աշխարհը Թուրքիան դիտարկելով նոյնիսկ չէր տեսներ Հայաստանի հետ փակ սահմանը, որովհետեւ հիմնական ուշադրութիւնը շեղած էր Մերձաւոր Արեւելքին ու գաղթականաց հարցին վրայ։ Ճգնաժամ մը, որ թէեւ ծնունդ առած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, սակայն անմիջականօրէն կ՚անդրադառնայ արեւմտեան հասարակութիւններու առօրեային վրայ եւ այդ յարաբերակցութիւնը յեղաշրջած է Թուրքիոյ եւ արեւմտեան աշխարհի հասարակաց օրակարգը։ Իրականութեան մէջ խնդիրը կը պարտադրէ, որ կողմերը շատ աւելի սերտօրէն համագործակցին, սակայն գործնական գետնի վրայ կը ստացուի ճիշդ հակառակը։ Առկայ ճակատագրային կացութեան մէջ Թուրքիան եւ Արեւմուտքը հետզհետէ աւելի անհաղորդ կը դառնան իրարու եւ իրարմէ կը հեռանան, հակառակ հասարակաց պատասխանատուութիւններուն։
Պունտեստակի բանաձեւը միջազգային նման իրադրութեան մը մէջ օրակարգի վրայ եկած է։ Պարզ է, որ Անգարա 2015-ի նման խտացեալ նախապատրաստութիւն մը չէ տեսած 2016-ի համար։ Հայկական հարցը նոր դար մը թեւակոխած է եւ թրքական կողմը, ըստ երեւոյթին, տակաւին նոր իրավիճակին համապատասխան նախաձեռնութիւնները չէ յստակացուցած։ Այս պայմաններուն մէջ է, որ վրայ հասած է Պունտեստակի բանաձեւը։ Անգարայի տեսակէտէ դժուար է կացութիւնը բացատրել սովորական պատճառաբանութիւններով։ Այսօր անկարելի է ըսել, որ Գերմանիոյ մէջ «ազդու հայկական սփիւռքը» խաղ մը յառաջ կը տանի եւ գերմանացի քաղաքական գործիչներն ալ քուէներու հաշիւով կը տարուին այդ խաղէն։ Գերմանիա երկիր մըն է, ուր հազիւ քանի մը տասնեակ հազար հայ կը բնակի, իսկ գերմանաբնակ թուրքերը արդէն կը հաշւըուին միլիոններով։ Նման բանաձեւերու պարագային յառաջ քշուած սովորական հիմնաւորումներուն ոչ մէկը ի զօրու է ներկայ պարագային։ Եթէ չհաշուենք Միացեալ Նահանգներու անցեալի բանաձեւերը, ապա Անկլոսաքսոն աշխարհէն ներս հայկական հարցը առաջին անգամ նման դրսեւորում մը կ՚ունենայ։ Հայոց Սփիւռքի ամենահամեստ կէտերէն մէկուն վրայ հայկական բանաձեւ մը Գերմանիոյ նման երկրի մը մէջ հասած է խորհրդարանի քննարկման փուլը։ Ճիշդ է, որ Արեւմուտքը, կամ Եւրոպական Միութիւնը ներկայիս հաշիւներու հետամուտ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները իրենց տեսակէտէ նպաստաւոր հունի մը մէջ դնելու համար։ Ակնյայտ է, որ անոնք հերթական անգամ կ՚օգտագործեն հայկական խաղաքարտը, ի դէմս Գերմանիոյ, որ Եւրոմիութեան առանցքային երկիրն է ներկայիս, իր ամբողջ միջազգային կշիռով։
Հայկական հարցին շուրջ Գերմանիոյ դիրքը իսկապէս շատ նուրբ է։ Առաջին աշխարհամարտի շրջանին Գերմանիա եւ Օսմանեան պետութիւնը դաշնակիցներ էին։ Աւելի՛ն, Գերմանիա այն երկիրն է, որ բացայայտօրէն խոստովանած է Հոլոքոստը եւ զղջացած է անոր համար։ Սա նաեւ միջազգային հասարակական ընկալումներուն տեսակէտէ գործօն մըն է։ Այս հարցին շուրջ Գերմանիոյ կշիռը չի բացատրուիր միայն ռէէլ-փոլիթիքով։ 2015-ին Թուրքիոյ տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերում մըն էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին կողմէ Փերիչէքի գործով վճիռը։ Վերջին օրերուն նոյն Տողու Փերինչէքը Պերլինի մէջ յառաջատար դիրքերու վրայ է՝ բանաձեւին դէմ բողոքներու ժամանակ։ Եւրոդատարանին մօտ յաղթանակած կերպարը կը բախի՞ Պունտեստակին։
Մեկնաբանութիւնները կրնան ըլլալ ենթակայական, իսկ Պունտեստակի խորհրդարանականները կրնան հայկական բանաձեւը ընդունիլ կամ մերժել։ Յամենայնդէպս, հայկական հարցին վերաբերեալ միջազգային իրադարձութիւնները անվիճելիօրէն ի յայտ կը բերեն ճշմարտութիւն մը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնցման յետա-ձըգումը միշտ ալ յղի է ռիսքերու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ