Ընտրական առկախեալ հարցին շուրջ նոր յոյսեր
Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ ընդհանրապէս հիմնարար ազատութիւններու վերաբերեալ խնդիրները մշտապէս կը զբաղեցնեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս առումով բազմաբնոյթ խնդիրներ ցցուած են երկրին առջեւ։ Քաղաքական հաւասարակշռութիւնները միջոցէ մը ի վեր յարմար գետին չեն ստեղծեր՝ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու, նոր քայլեր առնելու առումով։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները հնարաւորութիւն չունին ուղղակիօրէն ազդելու քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, անոնց ներուժը շատ սահմանափակ է, ինչ որ կը սահմանափակէ նաեւ անոնց հնարաւորութիւնները։ Բայց փոքրամասնութիւնները ունին առաւելութիւն մը, որ այդ սահմանափակ ներուժի հետեւանքները կրնայ հաւասարակշռել։ Արդարեւ, անոնց ընդհանուր կացութիւնը, անոնց նկատմամբ պետութեան վերաբերմունքը միշտ ընդհանուր ցուցանիշ մը, չափանիշ մը կ՚ընկալուին՝ երկրի ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու մակարդակին առումով։
Յունիսի 24-ի ընտրութիւններով Թուրքիոյ մէջ հաստատուեցաւ պետական կառավարման նոր համակարգ մը։ Սա բնորոշեց նոր սկիզբ մը եւ արդէն շատ կարճ ժամանակ անց փոքրամասնութիւններու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները երէկ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերին առկայ հարցերը։ Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ հիմքեր կան նոր շրջանին համար լաւատես ըլլալու առումով։ Բոլորի ակնկալութիւնը այն է, որ այդ լաւատեսութեան առաջին պտուղը դառնայ՝ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին այլեւս ժամ առաջ լուծուիլը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ