Եւ հիմա… (3)
Այսօր նոր սկիզբ մըն է հայոց պետականութեան կեանքին մէջ։ Արդի պատմութեան խաչմերուկ մը, որու վրայ կուտակուած հարցականները կը տագնապեցնեն ամբողջ ազգ մը, որ կը ձգտի երաշխաւորել ինքնիշխան պետութեան ապագան՝ պատերազմի ծանրածանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ։ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը։ Պետական-քաղաքական կեանքէ ներս սա նոր մեկնարկ մըն է Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ։ 44-օրեայ պատերեզմի պարտութիւնը անդունդի եզրին հասցուցած է պետութիւնը եւ ամբողջ ազգ մը կը ջանայ դիմագրաւել անոր քայքայման վտանգը՝ մինչ կը պահէ բազմահազար նահատակներու սուգը։ Պատերազմի ձախողումէն վերջ անխուսափելիօէն ծագած տագնապի յաղթահարման սպասումով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն, որու արդիւնքով ընտրուած խորհրդարանը այսօր կը ձեռնարկէ աշխատանքի։ Թէեւ նոյնիսկ տեսական լաւատեսութեան համար բաւարար հիմքեր գոյութիւն չունին, սակայն, ներկայ պահը մանրամասն հաշուեկշիռ մը ընելու առիթ կ՚ընձեռէ՝ մանաւանդ, որ աւելի քան երկու եւ կէս ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը զանազան կէտերէ թափանցած են երկրի սահմաններէն ներս։ Անտէր, անպաշտպան վիճակի մը մէջ Հայաստան կը ձգտի կասեցնել առկայ մղձաւանջը, ալեկոծ ջուրերու մէջ առագաստը բանալու համար դէպի նոր ճակատագիր մը։ Պահու նշանակութիւնը կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ արտաքին գործօններու ազդեցութիւնը զսպելու գլխաւոր նախապայմանն է ներքին համերաշխութեան եւ զօրակցութեան մթնոլորտի ամրապնդումը։ Մէկ կողմէ պահու տակ կողմնորոշուելով՝ օրհասական հարցերու շուրջ քայլեր առնելու ստիպողութիւն, իսկ միւս կողմէ ժամանակին զարկերակը պահելով գիտակից ու նպատակասլաց ընթացք որդեգրելու հրամայական։ Հակասութիւնները այժմ առօրեան են հայոց պետականութեան։ Սա նաեւ կը դժուարացնէ ներքին համերաշխութիւնը՝ մանաւանդ հասարակութեան առկայ բեւեռացման պայմաններուն ներքեւ։ Բոլորը, անշուշտ, այս ծանր փուլին մասին ունի սեփական արժեւորումը։ Սա հասկնալի է, ամէն տեսակ զանազանութիւնով հանդերձ։ Հասարակաց յայտարարի մը հասնելու համար պէտք է մէկ կողմէ բաց չթողել տուեալ պահը, իսկ միւս կողմէ երթալ-հասնիլ առնուազն երեսուն տարի ետ։ Այս հաւասարակշռութեան մէջ պէտք է դիտարկել ամէն ինչ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ առաւելագոյն դասերը քաղել՝ եթէ, անշուշտ, բախտը Հայաստան պետութեան դէմքին ժպտայ գոյատեւման ճանապարհին։ Հայ քաղաքական միտքը, հայկական պետական մտածելակերպը այս պահու դրութեամբ չեն մատուցեր բանալիներ, որոնք կրնան ազդանշաններու վերածուիլ առկայ փակուղիէն դուրս գալու համար։ Մերօրեայ սերունդներուն վիճակած է այդ բանալիները գտնելու ստիպողութիւնը։ Քանի որ թերացումը անդառնալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ, հաշուարկները պէտք է ընել համադրելով առաւել մանրամասն տուեալներ եւ մասնաւորապէս՝ գործնական փորձառութիւնները։ Նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ ժողովի գումարուած օրը կ՚ենթադրէ Հայաստանի համար կարեւոր շարք մը գործընթացներ, որոնց պետութիւնը խնայելու տեսակէտէ պատմական բնոյթ կը վերագրուի։ Ուրեմն, տեսնենք նոր քաղաքական մեկնարկը պիտի արդարանա՞յ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի աւերներէն վերջ։ Որքան առարկայական, այնքան ալ յարաբերական է այս հարցման պատասխանը, որու որոնումը կը ցոլանայ վերջին երեք տասնամեակի իրադարձութիւններով հիւսուած խոր համայնապատկերի մը վրայ։
*
Հայաստանի նորագոյն անկախութիւնը ձեռք բերուեցաւ Արցախի գոյամարտի մթնոլորտին մէջ։ Սերունդներու բազմադարեայ՝ անկախ պետականութեան վերականգնման սպասումը իրականացաւ՝ մեծ մարտահրաւէրներու պայմաններով։ Արցախի առաջին պատերազմին հայկական կողմը յաղթանակ տարաւ։ Այն ինչ, որ ռազմաճակատի վրայ ապահովուած էր, ճիշդ ժամկէտներու մէջ տեղաւորուելով կարելի էր նպաստաւոր գործօնի մը վերածել՝ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ճանապարհին։ Ճիշդ ժամկէտներու պարագային խօսքը կը վերաբերի միւս կողմին՝ Ատրպէյճանի յօժարելուն։ Արդարեւ, պարզ էր, որ ռազմաճակատի վրայ ապահովուած յաղթանակի արդիւնքը երկարաժամկէտ կրնար դժուար մարսելի ըլլալ Հայաստանի համար՝ հաշուի առնելով երկրի ներուժը եւ աշխարհագրական դիրքը։ Անկախ պատճառներէն անցնող ժամանակաշրջանին հայկական կողմը ժամկէտներու պարագային հարիւր տոկոսով թիրախաւորուած չկարողացաւ գործել։ Արդարացան այն կանխատեսումները, ըստ որոնց Ատրպէյճանի ունեցած պաշարներուն բերումով՝ տարածքաշրջանէ ներս հաւասարակշռութիւնները, ուժերու յարաբերակցութիւնը պիտի փոխուէր։ Մօտեցումներու ամբողջ տարբերութիւնները, կանխատեսումներու ամբողջ զանազանութիւնը զուգորդուեցան նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական գործօններով, մրցակցութիւնով։ Սկզբունքօրէն նպատակայարմար չէ, որ սփիւռքը ներգրաւուի Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն, միջամտէ անոնց, սակայն, վերջին երեք տասնամեակներու կտրուածքով կարելի է դիտարկել, որ աշխարհաքաղաքական առումով առաւելագոյն չափով կանխատեսումները արդարացած ղեկավարը եղած է առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը։ Այս փաստի արձանագրումը որեւէ կապ չունի կողմնակցութեան, համակրանքի կամ հակակրանքի հանգամանքներու հետ։ Յամենայնդէպս, իրեն յաջորդած նախագահները՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան եւս, ընդհանուր առմամբ, սպառնալիքներէ հնարաւորինս զերծ պահել յաջողած են պետութիւնը գործնականօրէն։ Այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, դժբախտաբար, համեմատութենէ դուրս կը մնայ բոլոր առումներով։
Թէեւ առաջին պատերազմէն վերջ հայկական կողմը տեւական թուլացման ճանապարհը բռնած էր, սակայն, ընթացքին հաւասարակշռիչ քայլեր կ՚առնուէին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան կողմէ հովանաւորուած բանակցային գործընթացի ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ կարելի կ՚ըլլար կանխել լայնածաւալ պատերազմը։ Հայաստանի ղեկին կը մնային այնպիսի առաջնորդներ, որոնք Արցախի առաջին պատերազմի ռազմական գործողութիւններու բովով անցած, անոնց ականատեսը, վկան ու մասնակիցը դարձած դէմքեր էին։ Ի վերջոյ անոնք կը յաջողէին բանակը պահել այնպիսի մակարդակի մը վրայ, որ լուրջ փորձութեան պահերուն ծանր ձախողումներ չէին յառաջանար։ Կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Երեւանի քաղաքական կամքը տարակուսանքի տեղի չէր տար՝ խաղաղ լուծման հեռանկարին հաւատարիմ մնալու եւ միջազգային հանրութեան հետ չհակադրուելու առումով։ Այս զսպող գործօններով հանդերձ, երբեք կարելի չէր ըլլար Պաքուի հետ նուազագոյն փոխըմբռնումի մը հասնիլ։
2018 թուականի յեղափոխութիւնը ճամբաբաժան մը եղաւ։ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը նուաճեց Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած խումբը, որ բոլոր բնագաւառներու մէջ պետական շարունակականութեան տրամաբանութենէն դուրս գործել սկսաւ։ Նոր իշխանաւորները շատ հետեւողական գործեցին, որպէսզի պետական գործիչ դառնան այնքանով, որ ստուերի տակ չմնար իրենց «յեղափոխական»ի կերպարը։ Գուցէ այլ բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ սա բանեցաւ, սակայն Արցախի հակամարտութեան պարագային աննկարագրելի հիասթափութեան, անփոխարինելի անկումի մը պատճառ դարձաւ։ Արցախի առաջին պատերազմին նուաճուածը դժուար մարսելի էր Հայաստանի տեսակէտէ ու այդ մէկը երկարաժամկէտ տեւականացնելու համար պարզ էր, որ սակաւ պաշարներով երկրի ժողովուրդին զոհողութեան մեծ բաժին մը պիտի վիճակէր։ Ողբերգութեան համազօր էր, որ անցնող երեք տասնամեակին, ցաւօք սրտի, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի բարեկեցութիւնը հրապարակաւ միշտ համեմատութեան մէջ դրուեցաւ Արցախի հիմնախնդրին հետ։ Վիճակագրական տուեալները կ՚ապացուցանեն, որ երկրի բնակչութեան պատկառելի տոկոսը նուազագոյն աղքատութեան շեմէն աւելի ցած կենսամակարդակով կ՚ապրի։ Նման իրավիճակի մէջ հաւաքական դատողութեան տեսակէտէ, ժողովրդավարութեան ընձեռած հնարաւորութիւններէն առողջ ու նպատակասլաց օգտուելու առումով խնդիրներու յառաջացման հաւանականութիւնը էապէս կը բարձրանար։ Պետութիւն, կառավարութիւն, իշխանութիւն, կուսակցութիւն... Այս հարթութիւններուն վրայ ամէն ինչ այնքան տակն ու վրայ էր, որ Արցախը համընդհանուր արժէքի մը չվերածուեցաւ։ Առաջին պատերազմի յաղթանակի տարիները, զարմանալիօրէն, ժողովուրդի յիշողութեան մաս կազմեցին՝ որպէս մութ ու ցուրտ տարիներ։ Յաղթանակը արժեզրկուեցաւ միանշանակ։ Աշխարհի վրայ կա՞յ երկիր մը, որ իրեն պարտադրուած պատերազմէն յաղթական դուրս եկած ըլլայ՝ առանց ժողովուրդը զրկանքներէ ամբողջովին զերծ պահած ըլլալու։
2018-ին յաջորդած իրադարձութիւնները կը համընկնին այս բոլորին հետ, քաւ լիցի, որ որեւէ անարգանքի կամ թերագնահատման տպաւորութիւն ստեղծուի ժողովուրդի կամքին դէմ։ Նիկոլ Փաշինեան բանակցային սեղանին շուրջ ալ դրսեւորեց յեղափոխական մնալու ձգտումը։ Այսօր մեզի յայտնի են բազմաթիւ վերլուծութիւններ (նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ հրատարակուած), որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ բանակցային գործընթացին մէջ ալ հայկական կողմը շարունակականութեան սկզբունքին նկատմամբ նախանձախնդիր չէ եղած։ Եթէ նոյնիսկ նոր իշխանութեան շատ վատ, անդառնալի ժառանգութիւն մը բաժին հասած էր, ապա աւելի քան երկու տարուան ընթացքին կարող վարչախումբ մը վստահաբար բան մը կրնար ընել, որպէսզի ձախողումը գոնէ այս մակարդակին չհասնէր։ Անկախ ամէն ինչէ, իշխանութեան անընդունակութիւնը կը վերահաստատուի առկայ համայնապատկերին վրայ, ուր նկատելի է բանակցային վատ ժառանգութեան դէմ պոռթկումէ աւելի՝ այդ մէկը առկայ անկումը արդարացնելու միջոցի մը վերածելու ձգտումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ