ՄՇՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Դպրոց­նե­րը շու­տով պի­տի բա­ցուին։ Այս տա­րի թէեւ սո­վո­րա­կա­նէն քիչ մը ա­ւե­լի ուշ, սա­կայն ե­կած-հա­սած է 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տը։ Հա­մայն­քա­յին կեանքն ալ վերս­տին թափ կ­­՚առ­նէ վե­րա­մու­տով։ Սա, ան­շուշտ, զուտ ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ մը չէ կամ ե­ղա­նակ­նե­րու հո­լո­վոյ­թին բե­րած պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ Հար­ցը քիչ մը ա­ւե­լի խոր­քա­յին է այս­տեղ։

Կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռը մշտա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մըն է թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ, իր ծա­ւա­լուն օ­րա­կար­գով։ Սե­րունդ­ներ կեր­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գը դէմ յան­դի­ման է լուրջ փոր­ձա­քա­րե­րու։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րը այ­սօր կը դի­մագ­րա­ւեն լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ՝ ար­դիա­կան ու­սում մը ջամ­բե­լու, ինք­նու­թեան փո­խանց­ման եւ ծնող­նե­րու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ։ Բնա­կա­նա­բար, մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին կող­մէ կը գոր­ծադ­րուի մեծ ճիգ, ո­րու ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը կը ներդ­նեն մեր տնօ­րէն­նե­րը։

Վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը այս տա­րի տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ մեր հինգ լի­սէ­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն հետ։ Այս­պէս, թեր­թիս խմբագ­րա­տան եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան՝ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան, Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան, Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեան եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան։ Շատ հա­ճե­լի ու նոյն­քան բո­վան­դա­կա­լից հան­դի­պում մըն էր այս մէ­կը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, մեր տե­սան­կիւ­նէն, ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն էր այս շա­հե­կան հար­ցազ­րոյ­ցը։ Ար­դա­րեւ, հինգ տնօ­րէ­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ խտա­ցեալ քննար­կում մը ծա­ւա­լե­ցինք՝ զրու­ցե­լով մեր կրթա­կան կեան­քի գրե­թէ բո­լոր ա­ռանց­քա­յին հար­ցե­րուն շուրջ, կազ­մե­լով ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը ու վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն։ Ու­րեմն, այ­սօ­րուը­նէ սկսեալ ե­ռօ­րեայ յօ­դուա­ծա­շար­քի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ կը ներ­կա­յաց­նենք այս հար­ցազ­րոյ­ցը, ո­րու սղագ­րու­թիւ­նը մեր տնօ­րէն­նե­րու խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն ու դի­տար­կում­նե­րուն ամ­փո­փումն է եւ վա­ւե­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ա­նոնց պրիս­մա­կէն մեր կրթա­կան կեան­քին հա­մայ­նա­պատ­կե­րը բիւ­րե­ղաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

*

Ակն­յայտ է, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րը ու­նին, ըստ էու­թեան, եր­կու տե­սակ խնդիր։ Ա­ռա­ջի­նը՝ այն հար­ցե­րը, ո­րոնք կա­խում ու­նին պե­տու­թեան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէն, վե­րա­բեր­մուն­քէն ու քայ­լե­րէն։ Երկ­րոր­դը՝ այն հար­ցե­րը, ո­րոնք ծնունդ կ­՚առ­նեն մեր հա­մայն­քի ներ­քին տի­նա­միք­նե­րէն։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Թուր­քիոյ մէջ կ­՚ապ­րուի կրթա­կան ո­լոր­տի բա­րե­փո­խում­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց մը։ Յա­ճախ կ­՚առ­նուին ի­րե­րա­մերժ ո­րո­շում­ներ։ Այս բո­լո­րը կ­՚անդ­րա­դառ­նան ինչ­պէս երկ­րի բո­լոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս ալ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։ Իսկ հա­մայն­քի ներ­քին տի­նա­միք­նե­րէն ծնունդ ա­ռած հար­ցերն ալ թէեւ այդ­քան յա­րա­փո­փոխ չեն, սա­կայն շա­րուն­ա­կակա­նու­թեան ա­ռու­մով չեն զի­ջեր միւս­նե­րուն։ Այս բո­լո­րին շուրջ տնօ­րէն­նե­րը ի­րենց կար­ծի­քը կը բա­նա­ձե­ւեն հե­տե­ւեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ. «ՁԵՒ ՄԸ ՉԵՆՔ ԳՏԱԾ ՃԳՆԱԺԱՄԵՐԸ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան. «Ա­նո­րո­շու­թիւ­նը ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ մեր աշ­խա­տան­քին վրայ։ Ընդ­հան­րա­պէս, կը տա­ռա­պինք հա­մա­կար­գա­յին խնդիր­նե­րէ, դրու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կ­՚ապ­րուին շատ յա­ճախ։ Իսկ մենք պատ­րաստ չենք շարք մը փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Ձեւ մը չենք գտած ճգնա­ժա­մե­րը կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար։ Միաս­նա­կան գոր­ծե­լաոճ մը չ­ու­նինք։ Ներ­քին կազ­մա­կեր­պու­թեան ի­մաս­տով մեր հա­մայն­քին պա­կաս­նե­րը կը յա­ռա­ջաց­նեն բար­դու­թիւն­ներ։ Դժբախ­տա­բար, բո­լորս ի­րար­մէ փրթած ձե­ւով կ՚աշ­խա­տինք եւ այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իւ­րա­քան­չիւրս կ­՚ազ-դըւինք բա­ցա­սա­բար, չենք կրնար յա­ռաջ­խա­ղա­ցում ու­նե­նալ»։

ԹԱԼԻՆ ՄԱԹՈՍՕՂԼՈՒ. «ՄԵՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԿԱՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ»

­Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու. «Երկ­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նին մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք նիւ­թա­կան ան­սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու տէր են եւ շնոր­հիւ այդ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն կ­՚ը­նեն ի­րենց ու­զա­ծը, ի­րենց նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն ուղ­ղու­թիւն կու տան դպրոց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։ Երկ­րին մէջ կան նաեւ պե­տա­կան վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք ալ, ի­րենց հեր­թին, ու­նին ի­րենց ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք կրնան ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը պաշ­տօ­նի կո­չել՝ ի­րենց որ­դեգ­րած նա­խա­պա­տուու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն պա­րա­գան տար­բեր է ա­նոնց­մէ։ Մենք չու­նինք այդ եր­կու­քին ալ ու­նե­ցած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կամ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, մենք մեր գոր­ծը կը կա­տա­րենք ծայր աս­տի­ճան դժուար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու մէջ»։

ՍԱԹԵՆԻԿ ՆՇԱՆ. «ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱԿԱՍ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՆԱԼԸ»

­Սա­թե­նիկ Նշան. «Հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն մին այն է, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րը նոյ­նիսկ չու­նին կա­նո­նագ­րու­թիւն մը։ Տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը ցարդ մնա­ցած են ա­պար­դիւն։ Ա­ւե­լի՛ն, մարդ ալ չկայ, որ հե­տապն­դէ այդ կա­նո­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման հար­ցը։ Հա­մայն­քէն ներս կը տի­րէ ան­կազ­մա­կերպ կա­ցու­թիւն մը։ Զգա­լի է ընդ­հա­նուր թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն մը։ Ու­սու­ցիչ­նե­րը, վար­չա­յին­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րը, ծնող­նե­րը՝ բո­լո­րը ու­նին խնդիր­ներ, բո­լո­րը կը յայտ­նեն ան­հանգս­տու­թիւն­ներ։ Ա­նոնց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վերս­տին կա­նո­նա­կար­գուե­լու կա­րիք ու­նին՝ նոր շուն­չով ու թարմ ե­ռան­դով մը, որ­պէս­զի թօ­թա­փենք առ­կայ թե­րա­հա­ւա­տու­թեան մթնո­լոր­տը։ Թուր­քիոյ մէջ զար­գաց­ման, դաս­տիա­րա­կու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր է ու­նե­ւոր­նե­րու եւ հա­մեստ­նե­րու պա­րա­գա­յին»։­

ԵՒԱ ՕՐԱԳԵԱՆ. «Ի ՎԻՃԱԿԻ ՉԵՆՔ ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՁԵՒՈՎ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵԼՈՒ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Ե­ւա Օ­րա­գեան. «Մենք ոչ միայն ի վի­ճա­կի չենք տագ­նապ­նե­րը կա­ռա­վա­րե­լու, այլ նաեւ չու­նինք նոյ­նիսկ հինգ տա­րուան ծրա­գիր մը։  Յա­րա­փո­փոխ վի­ճա­կի մը մէջ կը գո­յա­տե­ւենք։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­րուա­ծէ կամ ցնցու­մէ վերջ պար­տա­ւոր ենք վերսկ­սե­լու ա­մէն գոր­ծի։ Շատ օ­րի­նակ­ներ կրնանք տալ։ Մենք ո­րո­շում­ներ կ­­՚ըն­դու­նինք ա­ռա­ջին հեր­թին կո­րուստ չու­նե­նա­լու հա­մար։ Թէ՛ հա­մեստ են մեր տղոց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ թէ սահ­մա­նա­փակ՝ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Շա­րու­նակ ո­րո­նում­նե­րու մէջ ենք բո­լորս։  Մեր դպրոց­նե­րը ի վի­ճա­կի չեն հա­մար­ժէք ձե­ւով ար­ձա­գան­գե­լու օ­րէնսդ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն։ Մեր ծնող­նե­րը ու­նին նիւ­թա­կան հար­ցեր, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով նոյ­նիսկ կը խու­սա­փին մե­զի մօ­տե­նա­լէ, մե­զի հետ շփուե­լէ։ Շատ են նաեւ կրթա­կան հար­ցե­րը։ Ա­շա­կերտ­նե­րու խնդիր­ներ ալ ու­նինք՝ ո­րա­կեալ մար­դու­ժի ա­ռու­մով։ Մեր հա­մայն­քի լա­ւա­գոյն տղա­քը չեն յա­ճա­խեր մեր վար­ժա­րան­նե­րը։ Իսկ մե­զի նա­խընտ­րած­նե­րուն ծնող­նե­րը ա­մէն ինչ կ­­՚ակն­կա­լեն դպրո­ցէն»։

ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ. «ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ ՉՈՒՆԻՆՔ, ՀԱԿԱՌԱԿ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ»

­Սիլ­վա Գու­յում­ճեան. «Ու­սում­նա­կան խոր­հուրդ մը չու­նինք։ Թէ՛ այս հար­ցը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար կա­տա­րուե­ցան աշ­խա­տանք­ներ եւ թէ կա­նո­նադ­րու­թեան խնդրին լուծ­ման հա­մար դի­մում կա­տա­րուե­ցաւ նա­խա­րա­րու­թեան մօտ։ Ո­րե­ւէ ար­դիւնք չե­ղաւ։ Մար­դու­ժի եւ նիւ­թա­կա­նի մեծ պա­կաս ու­նին մեր վար­ժա­րան­նե­րը։ Ճիշդ է, որ կազ­մա­կեր­պուած չենք, բայց նո­րէն ալ դպրոց­նե­րը կը մնան մեր ա­մե­նա­լաւ կազ­մա­կեր­պուած կա­ռոյց­նե­րը։ Ե­թէ փոր­ձենք ըլ­լալ լա­ւա­տես, ի վեր­ջոյ պի­տի ըն­դու­նինք, թէ այս­քան տա­րուան ան­խա­թար ըն­թացք մը գո­յու­թիւն ու­նի։ Մի­թէ ա­ւե­լի լա՞ւ կա­ցու­թեան մէջ են հա­մայն­քին միւս բջիջ­նե­րը։ Մենք քով քո­վի գա­լով բան մը չենք ը­ներ։ Հի­մա ա­ռանց ա­ւե­լի ու­շա­նա­լու պէտք է բան մը ը­նել այս ուղ­ղու­թեամբ»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015