Խօսք հրաժեշտի առ բանաստեղծ ու կրթական մշակ Զարեհ Խրախունի
Պոլսահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, որու Ազգային յուղարկաւորութեան կարգը վաղը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի մէջ։ Մեր ամլացած մշակութային կեանքի պայմաններով անփոխարինելի է այս կորուստը։ Ճիշդ է՝ վերջին շրջաններուն այս նոյն բնորոշումը կու տանք նման բոլոր կորուստներու պարագային, սակայն սա կաղապարեալ բանաձեւում մը չէ միանշանակ։ Մեր մտաւորական աշխարհը այնքան գունատած է, որ մեզմէ անվերադարձ հրաժեշտ առած բոլոր նուիրեալ մշակները կը դառնան անփոխարինելի։ Առկայ ամայութեան մէջ թէ՛ կը բազմապատկուի Խրախունիին արժէքը եւ թէ կը սաստկանայ ահազանգը մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Նահանջին առթած խուճապը կու գայ կրկնապատկել նաեւ Խրախունիի մահուան պատճառած սուգը։ Իր վաստակն ու աւանդը ծանօթ է բոլորին։
Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ, 1990-ական թուականներու սկիզբին գործած Գրական ակումբին շրջագծով եղած էր մեր հիմնական ծանօթութիւնը։ Պոլսահայ իրականութեան մէջ մտաւորականութեան համախմբման գրեթէ վերջին փորձն էր այդ մէկը։ Կարելի չէ ըսել՝ որ ձախող փորձ մըն էր այդ մէկը, սակայն մնաց կիսաւարտ, չեղաւ երկարակեաց։ Մեր շփումը, ուրեմն, հաստատուած էր այդ մթնոլորտին մէջ։ Շատ մարդ կը յաճախէր այդ ակումբը՝ Ռուբէն Մաշոյեանէն սկսեալ մինչեւ Հրանդ Տինք։ Բոլորն ալ իրերայաջորդ գրաւեցին իրենց տեղը այդ «անփոխարինելիներու» շարքին. ոմանք բնական ժամանակագրութեամբ՝ իրենց ճակատագրով, իսկ ոմանց ալ վախճանը եղաւ անժամանակ ու անբնական։ Իսկ այսօր, նախախնամութեան տնօրինութեամբ, ահա քանի մը նախադասութիւն կը մրոտենք Խրախունիին հրաժեշտ տալու համար։
Գրական ակումբի գործած տարիներուն ամենակարգապահներու շարքին էր ան, նաեւ հետեւողական։ Մենք կը շփուէինք որպէս «տարբեր ճամբարներու» մարդիկ, սակայն այդ երեւոյթը արգելք չէր հանդիսանար մեր յարաբերութեան զարգանալուն։ Չէինք մտերմանար թէեւ, սակայն մեր կապը կ՚ամրապնդուէր։ Միշտ չափաւոր էր, շատ զուսպ։ Առ երեւոյթ այդքան մատչելի կամ հասանելի անձնաւորութիւն մը չէր, սակայն նկարագիրը ունէր շարք մը ստորոգելիներ, որոնք պատկառանք կ՚առթէին։ Կալաթասարայ ուսանած տարիներուս, կարգ մը առաւօտներ Պէյօղլուի մէջ կը հանդիպէինք իրարու։ Միշտ կը բարեւէր գլխարկով։ Քանի մը անգամ պատահած էր, որ այդ դրուագը ապրուած էր դասընկերներու ներկայութեամբ։ Անոնց զարմանքին ի պատասխան՝ երկար ժամանակ հարկաւոր կ՚ըլլար, բացատրելու համար, թէ այդ գլխարկը իրականութեան մէջ զուտ ինծի համար չէր շարժեր։
Գրական ակումբը հրատարակած էր քանի մը գիրքեր։ Թերթերու խմբագրութեանց կողմէ պատրաստուած գիրքերը կտրօններու փոխարէն կը տրամադրուէին ընթերցողներուն, ընթերցասէրներուն։ Մեր թերթը այդ հանգրուանին չունէր համապատասխան մարդուժ կամ ներուժ՝ զանազան պատճառներով։ Մեզի վիճակած էր Դանիէլ Վարուժանի գործերէն մին վերահրատարակելու ծրագրին պատասխանատուութիւնը։ Ընդհանուր նախագծին յաջողութիւնը երաշխաւորելու նպատակին հետամուտ՝ Խրախունի գրեթէ ինքնակամ ստանձնած էր զայն խմբագրելու, հրատարակութեան պատրաստելու պարտականութիւնը։ Այդ շրջանին էր, որ սրբագրութիւններու տրցակներն ի ձեռին քանի մը անգամ այցելած էր մեր խմբագրատունը, այս անգամ աւելի տարբեր կարգավիճակով մը՝ քան հիւր մը, որ կը փութար նուիրելու իր մակագրած նոր գիրքերը։
Այդպէս տարիներ էին, շատ կարճ շրջան մըն էր թէեւ, բայց նոյնքան յատկանշական։ Կ՚երեւի մեր մտաւորական կեանքէն ներս աւելի վերջ անգամ մըն ալ կարելի չեղաւ այդպէս լայնախարիսխ համագործակցութեան մը միջավայրը ստեղծել։ Վստահաբար, այդ ակումբը այսօր քաղցր յուշ մը դարձած ըլլայ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Իսկ մենք այս բոլորը կը մտաբերենք ահա Խրախունիին հրաժեշտ տալու հանգրուանին։
Վերջին տարիներուն, երբ փոխադրութիւններու ստիպողութեամբ կը վերադասաւորէի մեր ընտանեկան երէցներու կամ թերթին գրադարանները, անձնական արխիւները՝ հանդիպած էի նաեւ Խրախունիի ձեռագրերուն։ Անմիջապէս աչքիս առջեւէն սահած էին այդ սրբագրութիւններով ձեռագիրները։ Այդ վաստակին ու համագործակցութեան համար այսօր կը կրկնենք մեր երախտագիտութիւնը՝ իր յաւիտենական ուղեւորութեան ընդառաջ։ Գրական ակումբի տարիներէն վերջ շատ ցանցառ եղած էին մեր հանդիպումները։
Այդ ընթացքին պատահած էր, որ մէկ կամ երկու առիթով այցելէի բնակարանը։ Իր մականունին հետ նոյն անունով շէնքի մը մէջ յարկաբաժին մըն էր՝ քաղաքի սրտին վրայ։ Կատարեալ հիւրընկալի մը դերին մէջ էր, իւրաքանչիւր շարժումով, ըրածով ու չըրածով յայտնի էր՝ որ այդ դերը խորթ չէր իրեն։ Քաղաքի եւ թէ մեծ քաղաքի կենցաղով թրծուած կերպար մըն էր։ Իր կորուստով մեր իրականութենէն կը պակսի նաեւ այդ կենցաղի վառ ներկայացուցիչներէն մին։ Եւ, անշուշտ, այս առումով եւս անփոխարինելի է պակասը։ Մեծ քաղաքներու ժխորին մէջ արդի ժամանակներուն տեղքայլ կ՚արձանագրեն որակն ու մակարդակը, իսկ Խրախունի անհատը չափանիշ մըն էր այդ տեսանկիւնէն։ Այսօր քանի՞ հոգի կրնայ իրեն նման ստեղծել տպաւորութիւնը այնպիսի անձի մը, որ կը գիտակցի, թէ ո՛ւրկէ կու գայ ու կ՚երթայ դէպի ո՛ւր։ Ամբոխավար մը չէր Խրախունին, սակայն դժուար թէ իր իւրացուցած կենցաղին բերումով վանէր մարդոց։
Բանաստեղծ մը անդենական ուղեւորելու տխուր պահուն, բնականաբար, ուշադրութեան կիզակէտին է իր գրական ժառանգը, արտադրական վաստակը։ Անկարելի է անտեսել, սակայն, որ Խրախունին նաեւ ուսուցիչ մըն էր։ Չէ՞ որ, գրչի մշակին ու կրթական մշակին ճանապարհը յաճախ կը խաչաձեւուի մեր իրականութեան մօտ՝ մտքի մշակի հասարակաց յայտարարին վրայ։ Խրախունիի պարագան ալ չէր եղած բացառութիւն մը։ Իրականութեան մէջ, իր կերպարը շատ աւելի կը համապատասխանէր ուսուցչին։ Մարդ կրնար պահ մը տատամսում ապրիլ Խրախունիի անձին մէջ բանաստեղծ մը տեսնելու համար, քանի որ ան հեռու էր առ երեւոյթ բանաստեղծներուն վերագրուած պոհէմութիւններէն, սակայն առաջին իսկ հայեացքով կարելի էր զինքը ուսուցիչ համարել, որովհետեւ կը մարմնաւորէր լրիւ ուսուցողական կերպար մը։ Լաւ արժեւորուած տասնամեակներով գիտակցական կեանքի մը ցոլքերը միշտ նշմարելի էին իր մօտ։
Խրախուիին հետ, Գրական ակումբին առընթեր, միասին աշխատած էինք նաեւ՝ Հայ մամլոյ 200-ամեակի յոբելեանի Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին մէջ։ Հիմա յստակ պիտի չյիշեմ, բայց կա՛մ այդ յոբելեանին ժամանակ էր եւ կամ Գրական ակումբի կազմակերպած երեկոյթին ժամանակ։ Փափաքած էր, որ ձեռնարկը անպայման սկսի նշանաւոր «Ազգ փառապանծ»ի երգեցողութեամբ։
Եւ այսօր հայոց փառապանծ ազգի ծոցէն հասած եզակի բանաստեղծ մը կը լքէ մեզ. յուզումն է համակած պոլսահայ իրականութիւնն ու հայ գրականութեան անդաստանը։
Հողը թեթեւ գայ Խրախունիին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ