Լուռ ունկնդիրներ
Համայնքային յայտնի վարչային մը անցեալ օր զրուցելու ընթացքին խորհուրդ կու տար, որ աւելի սերտ կապի մէջ ըլլանք մեր վարժարաններու աշակերտութեան հետ՝ որպէս հայ մամլոյ խմբագիր։ Քանի մը քաղաքավարական խօսքով փորձեցի անմիջապէս նիւթը փոխել։ Ինքն ալ կը ղեկավարէ հաստատութիւն մը, որու հովանիին տակ կը գործէ համայնքային դպրոց մը։ Ճիշդ է, որ թրքահայ վարժանները բազմաբնոյթ ընկերամշակութային ծրագիրներ կը մշակեն աշակերտներուն համար, սակայն անոնք ընդհանրապէս կը բացառեն հայ մամլոյ գործիչները։ Եւ կամ հակառակ օրինակներն ալ կ՚ըլլան անձեր կուռքացնելու յետամնաց մղումով։ Ի դէպ, մարդ կուռքացնելը, անհատի մը արժէքը գերագնահատելը ձեւ մըն է տուեալ ոլորտի մէջ հաւաքական պատասխանատուութենէ խուսափելու։ Վերադառնալով նիւթին՝ մեր վարժարաններու ընկերամշակութային ծրագիրները զարգացման նպատակ հետապնդելէ աւելի՝ զբօսաշրջական բնոյթ կրել սկսած են եւ այնպիսի տափակութեան հասած՝ որ շատ էական նշանակութիւն կը ստանայ կամ կը վերագրուի, թէ տղոց ճամբորդած փոխադրամիջոցը որո՛ւ կողմէ տրամադրուած է։ Մեր տղաքը այսպիսի մտահորիզոնի մը դատապարտուած են եւ այնտեղ, անշուշտ, տեղ չի կրնար ունենալ հայ մամլոյ մարդոց հետ գաղափարական շփումի մը ապահովումը։ Դառն իրողութիւնը կարծես թէ հետեւեալն է. վարժարան-մամուլ յարաբերութիւնները գրեթէ խզուած են՝ ինչպէս ըսինք, ինքնանպատակ կուռքացման հանդէսներէ դուրս եւ այս կացութիւնը ստեղծուած է դիտումնաւոր։ Հայ մամլոյ գործիչը միջոցէ մը ի վեր հեռու կը պահուի հայ դպրոցէն։ Հայ աշակերտը շրջանէ մը ի վեր զերծ կը պահուի հայ լրագրողէն։ Պատճառը մեր դպրոցներու ընդհանուր ձախողումը թաքցնելու փորձն է։ Մեր կրթական համակարգը հաւաքական անյաջողութեան մը ճիրաններուն մէջ է, որովհետեւ չի կրնար նուազագոյն մակարդակով հայերէն ջամբել աշակերտութեան։ Եւ եթէ հայերէնի գործածութեան վարժ մարդիկ յաճախակի շփուին մեր աշակերտութեան հետ, ապա ա՛լ աւելի կրնայ մերկանալ մեր դպրոցներուն ընդհանուր վիճակը։ Այս խնդիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ շարք մը երեսակներ՝ ուսուցիչներու լեզուի մակարդակէն սկսեալ, մինչեւ ծնողներու անտարբերութիւն։ Հետեւաբար, նախընտրելի դարձած է պատ մը հիւսել դպրոցներու եւ մամուլի միջեւ։
Այս համայնապատկերին վրայ իսկապէս բացառութիւն մըն էր Էսաեանի մէջ երէկ կազմակերպուած ձեռնարկը։ Ես, Բագրատ Էսդուգեանը, Մայտա Սարիսն ու Արամ Քամպուրեանը ասուլիսի մը մասնակցեցանք այնտեղ։ Մթնոլորտը լաւ էր, որովհետեւ երիտասարդներու հետաքրքիր հայեացքը ուղղուած էր մեզի։
Նման պարագաներու մէջ միշտ կը փորձեմ ըլլալ չափազանց ուշադիր, որպէսզի մէկ կողմէ արդարացնեմ այդ հետաքրքրութիւնը, իսկ միւս կողմէ չխօսիմ ուսուցողական ոճով։ Միշտ կը ջանամ, որ ունկնդիր երիտասարդը զգայ, թէ մեծ արժէք մը կու տամ իրեն։ Անշուշտ, գնահատականը կը մնայ լսարանին։ Երէկ ալ համապատասխան ձեւով վարուեցայ։ Միւս ատենախօս բարեկամներն ալ նոյն յաճախականութեան վրայ էին։ Նոյնիսկ, Բագրատ Էսդուգեան եկեղեցական բառապաշարէ փոխառութիւն մը ընելով յայտնեց, որ չէր փափաքեր խրատական խօսիլ։ Ես, Էսդուգեանն ու Սարիսը կեդրոնացանք առաւել չափով տեղական հանգամանքներու վրայ։ Քամպուրեան զգալի դարձուց իր փորձառութիւնը եւ անդրադարձաւ հայ մշակոյթի միջազգային միջավայրի հետքերուն։ Տղաքը լուռ ունկնդրեցին մեր բոլորը։ Հարցում չուղղուեցաւ մեզմէ ոեւէ մէկուն։ Ինքնաքննադատաբար կը մտածեմ, թէ չենք յաջողած այդ ճանապարհը բանալ։ Երիտասարդներու հետ յարաբերուիլը տարբեր վարպետութիւն մը, մասնաւոր հմտութիւններ կը պահանջէ ի վերջոյ։
Մենք այսօր ամէն հարթութեան վրայ կ՚ըսենք մեր խօսքը, կը հնչեցնենք մեր կոչը՝ հաւատարիմ մնալով հայերէնին։ Երբեմն ալ ահազանգ կը հնչեցնենք խուճապահար։ Բուն արձագանգին պիտի կարենանք հետեւիլ ապագային՝ դիտարկելով սերունդներու վերաբերմունքն ու զգայնութիւնը մեր լեզուին եւ ժառանգութեան նկատմամբ։ Խօսքը նուիրական աւանդի մը մասին է, որու այսօրուան պատգամը ապագային պատասխանատուութեան մը պիտի վերածուի յաջորդ սերունդներու ուսերուն վրայ։ Երիտասարդները այսօր պէտք է այնպէս մը պատրաստուին, որ ապագային այդ պատասխանատուութիւնը տանելի ըլլայ իրենց համար։
Լաւատես ըլլանք ու վստահինք անոնց, բայց նաեւ տանք անհրաժեշտը, որպէսզի ապագային վերադարձնեն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ