Հրաժեշտ՝ Վարուժան Սայաճեանին

Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նին հրա­ժեշտ տուինք շա­­բա­թա­վեր­ջին։ Կա­րե­լի է ը­սել, որ ան­ժա­մա­նակ էր իր կո­րուս­տը։ Ճիշդ է, որ ե­րի­տա­սարդ չէր, բայց խոր ծե­րու­թեան ալ հա­սած չէր։ Ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թիւ­նը զին­քը խլեց մեզ­մէ։

Ան եր­կար տաս­նա­մեակ­­ն­եր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յած էր հայ մա­մու­լին ու մեր հա­մայն­քին։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ուխ­տեալ սիւ­նա­կա­գիրն էր, մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը մնաց թեր­թիս հա­ւա­տա­րիմ սպա­­սա­ւո­րը։ Ե­ղած էր նաեւ Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տան տնօ­րէ­նը։ Ծա­ռա­յած էր նաեւ մեր ե­կե­ղե­ցիին։ Հա­ղոր­դա­կան նկա­րագ­րով, բա­րի անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր։

Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի հրա­ժեշ­տին զու­գա­հեռ՝ մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ կ՚ամ­փո­փուին բա­զում դրուագ­ներ, մա­նա­ւանդ՝ մեր մտքին մէջ կը վե­րա­կեն­դա­նա­նան իր հետ մեր ան­մի­ջա­կան ու քաղցր զրոյց­նե­րը։ Ան շատ հա­ճե­լի զրու­ցա­կից մըն էր։ Կը գնա­հա­տէր մեր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը իր փոր­ձա­ռու­թեան նկատ­մամբ։ Կը պատ­մէր ան­ցեա­լէն ինչ-ինչ դրուագ­ներ։ Նախ կը փո­խան­ցէր դէպք մը ամենայն ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ, յե­տոյ ալ շատ յա­ճախ կ­՚ա­ւելց­նէր իր մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը ու կը բա­ցատ­րէր՝ թէ այդ դէպ­քը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ի՛նչ շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած էր եւ ի՛նչ հե­տե­ւու­թիւն­նե­րու կա­րե­լի էր հաս­նիլ։ Ու­սու­ցո­ղա­կան չէր իր ո­ճը։ Ընդ­հան­րա­պէս, թէ՛ մեր հա­մայն­քի պա­րա­գա­յին եւ թէ կեան­քի վե­րա­բե­րեալ ա­մէն ինչ կը դի­տար­կէր՝ ա­ռա­ջին հեր­թին հա­շուի առ­նե­լով մարդ­կա­յին գոր­ծօ­նը։ 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին, ե­րի­տա­սարդ նո­րա­հաս լրագ­րո­ղիս տե­սա­կէ­տէ չա­փա­զանց հրա­պու­րիչ էր իր հետ զրու­ցե­լը։ Համ­բե­րու­թեամբ ժա­մա­նակ կը տրա­մադ­րէր։ Իմ հե­տաքրք­րու­թեան յա­գե­ցու­մը կը հա­մա­րէր իր կող­մէ նպաստ մը՝ ե­րի­տա­սարդ լրագ­րո­ղիս կազ­մա­ւոր­ման հա­մար։ Որ­քան որ հա­ղոր­դա­կան՝ այն­քան եւ ա­ւե­լի հա­մեստ էր։ Մեր հա­մայն­քէն ներս շնչող, ա­նոր կեան­քին խո­րա­պէս թա­փան­ցած, իր ու­րոյն դա­տո­ղու­թեամբ անձ մըն էր։ Ինչ­պէս Վա­րու­ժան Քէօ­սէեա­նին, այն­պէս ալ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նին հետ մեր զրոյց­նե­րը իս­կա­պէս շատ հարս­տա­ցու­ցիչ էին։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ան­ցեա­լի տի­րա­կան դէմ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ամ­բող­ջա­կան ձեւ մը կը ստա­նա­յին Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի փո­խան­ցած­նե­րուն լոյ­սին տակ։ Ան մեր մտա­հո­րի­զո­նին առ­ջեւ կը դնէր բա­նա­լի­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ այս թեր­թի ան­ցեա­լի մեծ ա­նուն­նե­րը մենք կ՚ըն­կա­լէինք անդ­րանց­նե­լով զուտ ա­րե­նակ­ցա­կան կա­պը։ Այդ­պէ­սով հնա­րա­ւոր կը դառ­նար իւ­րա­քան­չիւ­րին մա­սին ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան ու կա­տա­րեալ պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մել՝ ի­րենց ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան ի­մաս­տին, նշա­նա­կու­թեան եւ ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւոր­ման տե­սա­կէ­տէ։ Կա­պող օ­ղակ մըն էր մե­զի հա­մար՝ ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի մի­ջեւ։

Այդ բո­լո­րէն ա­ւե­լի ա­ռաջ, Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան անջն­ջե­լի հետք թո­ղած է նաեւ մեր ման­կու­թեան յու­շե­րուն մէջ։ Հօրս մի­ջո­ցաւ կ՚ու­ղար­կէր գոյնզ­գոյն թուղ­թե­րով ծրա­րուած ծա­մօն­ներ, ո­րոնց քաղց­րու­թիւ­նը տա­րի­ներ անց պի­տի փո­խա­րի­նուէր իր մտեր­միկ զրոյց­նե­րու քաղց­րու­թեամբ։ Ար­դէն շուրջ չորս տաս­նեակ տա­րի­նե­րու մա­սին է խօս­քը. անց­նի՜նք...

Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան պա­տիւ կը հա­մա­րէր մեր եր­կու մեծ լրագ­րող­նե­րու հետ աշ­խա­տած ըլ­լա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Նա­խախ­նա­մու­թեան տնօ­րի­նու­թիւ­նը կը հա­մա­րէր, որ ե­ղած էր՝ հան­գու­ցեալք Մար­տի­րոս եւ Ա­րա Գօ­չու­նեան եղ­բայր­նե­րու ժա­մա­նա­կա­կի­ցը։ Մեր ար­խի­ւին մէջ կան լու­սան­կար­ներ, ո­րոնք դրուագ­ներ կը ցո­լաց­նեն լու­սա­հո­գի Մար­տի­րոս Գօ­չու­նեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թե­նէն։ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան կը քա­լէ թա­փօ­րին գլու­խը՝ ա­նոր տրուած պար­գեւ­ներն ի ձե­ռին։ Իսկ հո­գե­լոյս մեր մեծ­հօր՝ Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան օ­րը միա­սին հող լե­ցու­ցած էինք իր շիր­մին։ Միշտ կը կա­տա­կէին հօրս հետ՝ ա­նոնց եւ ան­ցեա­լի զա­նա­զան դէմ­քե­րու խօս­քե­րը մէջ­բե­րե­լով։ Սրա­միտ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի բռնուած հի­ւան­դու­թիւնն ալ կա­տակ մը ե­ղած ըլ­լար կար­ծես՝ այն­քան որ ան­հա­ւա­տա­լի էր։ Կ­՚ե­րե­ւի այդ մէջ­բե­րում­նե­րով կա­տակ­նե­րը, այդ զուարթ դրուագ­նե­րու վեր­յի­շում­նե­րը զին­քը այդ­պէս ալ չէին գո­հաց­ներ, որ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան թո­ղուց իր սի­րե­ցեալ կո­ղա­կի­ցը՝ մեր սի­րե­լի Գո­հա­րիկ Սա­յա­ճեա­նը, թո­ղուց իր սի­րե­լի­նե­րը, թո­ղուց մե­զ ու քիչ մըն ալ ան­ժա­մա­նակ գնաց միա­նալ ա­նոնց։ Վստա­հա­բար զի­րար կը վե­րագտ­նեն հի­մա։ Կը յի­շեմ՝ ման­կու­թեանս շրջա­նին հայրս եր­բեմն հե­ռա­ձայ­նի վրայ մեծ յար­գան­քով կը զրու­ցէր Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի պա­տուա­կան լու­սա­հո­գի մօր հետ։ Հի­մա ան վստա­հա­բար կը վե­րագտ­նէ նաեւ իր ծնո­ղաց ջերմ հո­վա­նին՝ մա­նա­ւանդ, որ փոքր տա­րի­քին զրկուած էր հօր­մէն։

Եւ այս­պէս, տխրու­թեամբ եւ յու­զու­մով կը թեր­թենք Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նին է­ջը։ Իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը ար­ժա­նի է՝ ընդ­միշտ յիշուե­լու գնա­հա­տան­քով։ Դժբախ­տա­բար, մեր հա­մայն­քը այ­սօր այն­պի­սի վի­ճա­կի մը հա­սած է, որ նոյ­նիսկ ա­ւե­լորդ է իր հա­սած կամ ծա­ռա­յած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն վեր­ջին յար­գանք մը, ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն մը ակն­կա­լել։ Բո­լո­րը մնա­ցին ան­տար­բեր՝ հա­կա­ռակ, որ բո­լո­րին նկատ­մամբ շատ նա­խան­ձախն­դիր էր։ Այս­տեղ ու­նինք նաեւ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան բա­ժին մը։ Խոս­տա­ցած էինք ի­րեն պատ­րաս­տել իր յօ­դ-ւած­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ գիրք մը հրա­տա­րա­կել, սա­կայն վրայ հա­սաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի դա­րա­դար­ձի գեր­ծան­րա­բեր­նուած շրջա­նը եւ այդ­պէս ալ չկրցանք յար­գել մեր խոս­տու­մը։ Իս­կա­պէս ան­կա­խ էր մեր կամ­քէն։ Պար­տա­կան մնա­ցինք սի­րե­լի Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նին։ Վստա­հա­բար կը նե­րէ՝ որ­պէս ե­րէց եղ­բայր, սա­կայն գու­ցէ օր մը ան­դե­նա­կա­նի մէջ ա­ռի­թը կ­՚ու­նե­նաք գրա­ւել իր սիր­տը։

Ա­ղօթք ու խունկ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի բա­րի հոգ­ւոյն հանգս­տու­թեան հա­մար։ Բի՜ւր յար­գան­քով կը խո­նար­հինք իր վաս­տա­կին եւ ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Կը մաղ­թենք, որ իր յա­ւի­տե­նա­կան նեն­ջը ըլ­լայ խա­ղաղ եւ ան ար­ժա­նա­նայ երկ­նա­յին լու­սե­ղէն պսակ­նե­րու։ Իր բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը թարմ պի­տի մնայ մեր մէջ՝ շիր­մին վրայ թո­ղուած ծա­ղիկ­նե­րուն նման։ Աս­տուած լու­սա­ւո­րէ հո­գին։ Հո­ղը թե­թեւ գայ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նին վրայ։Ա. Գ.

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017