Դուրս գալ նեղ շրջանակէն
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ Ս. Զատկի տօնի եւ հանրաքուէի աւարտին, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հրատապ օրակարգը վերականգնուած է՝ բոլոր բարդ երեսակներով։ Ինն տարուան ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կուտակուած բոլոր խնդիրները ունին իսկապէս մտահոգիչ չափումներ։ Հետեւաբար, այժմէն յայտնի է, որ համբերատար ու միասնական ոգիով աշխատանքի մը անհրաժեշտութիւնը կայ համայնքային կեանքէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոններուն, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի աւանդութիւններուն ու նախընթացներուն եւ պետութեան սպասումներուն համադրութեան հասնելու ճանապարհին բազմակողմանի աշխատանք կ՚ենթադրուի թրքահայ իրականութեան պարագային։ Գործը ինքնին դժուար է։ Շուրջ երկու ամսուան այս վերջին ճգնաժամը եկած է ապացուցանել, թէ որքան որ հարցի բոլոր կողմերը ըլլան բարեացակամ՝ ապա արդար ու ճկուն լուծման մը հասնիլը պիտի ըլլայ իսկապէս դժուար։ Ցարդ այնպիսի անհեռատես քայլեր առնուած են, որ բազմաթիւ իրերամերժ գործօններ սկսած են ուղղակիօրէն պայմանաւորել իրադարձութիւններուն երթը։ Աւելի՛ն, կատարուած իրողութիւններով եւ անոնցմով ստեղծուած դժուարութիւններով կ՚ուղղորդուի այս ամբողջ գործընթացը։ Այս բոլոր փաստերը կ՚արձանագրուին մէկ կողմէ խոր մտահոգութեամբ, իսկ միւս կողմէ ալ տրամաբանական անհրաժեշտութեամբ։ Արդարեւ, խնդրին լուծումը պիտի գտնուի մանրակրկիտ հաշուի առնելով առարկայական ու ենթակայական բոլոր գործօնները, որոնց հետեւանքով խնդիրը հասած է ներկայ կացութեան։
Ինչպէս ըսինք, գործը ինքնին դժուար է ու բարդ։ Բայց եւ այնպէս, ներկայ պայմաններով պէտք է կանխել նաեւ յաւելեալ դժուարութիւններու ստեղծուիլը։ Բարձրաստիճան հոգեւորականներուն միջեւ հունէ դուրս եկած յարաբերութիւնները կը ծանրացնեն առկայ վիճակը։ Այս երեւոյթին վրայ կու գան աւելնալ մեր աշխարհական վարիչներուն միջեւ առկայ ազդեցութեան պայքարները, որոնք եւս կ՚անդրադառնան այս գործընթացին վրայ։
Համայնքի աշխարհական վարիչները այս փուլին պէտք է նոր մտահորիզոնով մը հանդէս գան, իւրաքանչիւրը պէտք է բազմապատկէ իր յանձնառութիւնը։ Այլապէս, մեր համայնքի աշխարհական վարիչները չեն կրնար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել, խթանել ճգնաժամի լուծումը։ Համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարները նեղշրջանակային ընկալումներէ դուրս ու վեր մնալով պէտք է յաջողին դիտարկել թրքահայութեան կեանքի առկայ համայնապատկերը ու պէտք է ըստ այդմ դիրքաւորուին, համագործակցութեան ոգիով շարժման անցնին՝ իրենցմէ ակնկալուածը արդարացնելու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ