Ճակատագրական դեր

Թուրքիոյ մէջ առօրեայի աստիճանական բնականոնացման գործընթացը արդէն սկիզբ առած է՝ թէեւ տակաւին պայքարը կը շարունակուի քորոնաժահրի համաճարակի դէմ։ Կեանքը կամաց-կամաց կ՚աշխուժանայ եւ յաջորդ քայլափոխին մարդիկ արդէն կ՚առերեսուին ընկերատնտեսական հետեւանքներուն հետ։ Մնաց որ՝ վաղուց լուրջ կանխատեսումներ կան նոր աշխարհակարգի մը, միջազգային նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորման մասին։ Անցումային շրջանները, սովորաբար, հարթ չեն ըլլար, ենթադրելիօրէն։ Մաքրօ մակարդակի այս հարցականները, անխուսափելիօրէն, կը ցոլանան նաեւ տեղական կամ այլ բնոյթով ինչ-ինչ հարթութիւններու վրայ։ Ու մենք ալ կը մտահոգուինք մեր «տարտ»երուն համար։

Թէ ի՞նչ մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը՝ համաճարակի այս տագնապէն վերջ։ Համայնքի մթնոլորտը համակուած է մտահոգութեամբ։ Մասամբ սպասողական, մասամբ ալ կաթուածահար կացութիւն մը ստեղծուած է։ Պատրիարքարանի վերջին յայտարարութիւնները եկան հաստատել, թէ որքան տեղին ու արդար են առկայ մտահոգութիւնները եւ որքան տագնապեցուցիչ հեռանը-կարներ ուրուագծուած են համայնքի հորիզոնին վրայ։ Սեւ ամպեր կը կուտակուին մեր գլխին վերեւ։

Թրքահայ իրականութեան ամբողջ աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է կրթական համակարգով։ Դպրոցներու վիճակէն կախում ունի համայնքի կենսունակութիւնը։ Հիմա մեր առջեւ կայ երկու մեծ հարց։ Առաջին՝ այս վարժարաններու ցանցը ներկայ վիճակով ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէ։ Երկրորդ՝ այս համակարգին ինչպէ՞ս ապագայ մը պիտի պատրաստուի։ Երկու հանգամանքն ալ ուղղակիօրէն առընչութիւն ուին նիւթական միջոցներու հետ։

Մեր հաստատութիւններու հիմնական եկամուտը կը գոյանայ համայնքապատկան կալուածներու հասոյթին շնորհիւ։ Ընդհանրապէս, Պոլսոյ պատ-մական թաղերուն մէջ կը գտնուին այդ կալուածները, որոնք շէնքեր կամ խանութներ են մեծաւ մասամբ։ Վերջին շրջանին այդ կալուածնարը ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով զբօսաշրջութեան հետ առընչակից ձեւով արժեւորուած են։ Այսինքն, շէնքերը կ՚օգտնգործուին՝ որպէս պանդոկ։ Սա, անշուշտ, չի նշանակեր, որ բնակելի շէնքեր ալ չկան։ Անշուշտ, կան ազգապատկան կալուածներ, որոնք վարձու տրուած են՝ որպէս բնակարան։ Խանութներն ալ, նոյնպէս, նման շրջաններու մէջ կը գտնուին։ Անոնք ալ վարձակալուած են այնպիսի մարդոց, որոնք ընդհանրապէս զբօսաշրջիկներու համար ծառայութիւն կը մատուցեն կամ վաճառք կը կատարեն։ Այս միջոցներով ապահովուած եկամուտներուն վրայ կ՚աւելնան նուիրատուութիւնները։

Այժմ ենթադրելի է, որ առկայ տագնապէն առաւել չափով պիտի տուժէ զբօսաշրջութեան բնագաւառը։ Այդ ոլորտի անկումը ուղղակիօրէն պիտի ազդէ նաեւ համայնքապատկան կալւածներու հասոյթին վրայ։ Սա տակաւին անկախ այն վիճակէն, որ կալուածոց շուկայէն ներս պիտի ստեղծուի տագնապի ազդեցութեամբ։ Մարդոց վճարունակութիւնը երբ որ նուազի, սա կրնայ ուղղակիօրէն ազդել կենսամակարդակին վրայ եւ կալուածներն կրնան արժեզրկուիլ որոշ ժամանակ։ Թէեւ ընկերային դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ մարդիկ կրնան աւելի շատ նախընտրել իրենց զաւակները համայնքային վարժարան մը ուղարկել, թէկուզ զուտ խնայողութեան մղումով, սակայն, այս հաշուարկը ընել կարելի է՝ եթէ բաց մնան մեր դպրոցները։ Աւելորդ է խօսիլ՝ կենսամակարդակի անկման պարագային հաւանական նուիրատուութիւններու վրայ յոյս դնելու անհնարինութեան մասին։ Տարբեր հարց, թէ հեռավար ուսուցման դրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի անդրադառնայ մեր կրթական համակարգին վրայ։ Սա ալ արդէն ապագայի պատրաստութեան միւս մեծ գլուխն է՝ թէեւ յարաբերաբար աւելի տեսական, բայց գործնականօրէն ոչ նուազ ծախսալից։

Ըստ Պատրիարքարանէն հասած վերջին լուրերուն, նոր խմորումներ կան այսօր՝ հրատապ կարիքներու դիմագրաւման համար։ Գումգաբուի նորաստեղծ «կեդրոնական սեղան»ին շուրջ լուծում մը կը նախատեսուի առկայ հարցերուն համար, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ձեւաչափին մէջ։ Եթէ ակնկալութիւնները արդարանան, ապա ունեւոր մեր հաստատութիւնները բաժին դուրս պիտի բերեն իրենց միջոցներէն՝ կարիքաւոր հաստատութիւններու համար։ Սկզբունքօրէն ողջունելի, ծափահարելի որոնում մըն է այս մէկը։ Եկուր-տե՛ս, որ բոլորին ծանօթ է մեր վարչայիններու յարաբերութիւններուն վիճակը, ընդհանուր տրամադրութիւնը իրարու նկատմամբ։ Արտասովոր ժամանակը պէտք չէ սովորական վերաբերմունքով դիմագրաւել։ Մարդիկ պիտի սկսին իրարմէ պիւտճէ պահանջել։ Այսինքն չունեւոր կառոյցը հաշուետու պիտի ըլլայ ունեւորին։ Մինչդեռ, այդ բոլոր կառոյցները սկզբունքօրէն հաշուետու պէտք է ըլլան համայնքին։ Արդարեւ, վերջին հաշուով խօսքը կը վերաբերի հաւաքական հարստութեան մը տնօրինման։ Մեր հաստատութիւնները, իրականութեան մէջ, բոլորն ալ հաւասար են՝ իրենց առաքելութեան կարեւորութեան հասարակաց յայտարարին վրայ։ Հաւասարներու մէջ առաջին կը համարուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը՝ գործունէութեան ու ծառայութեան ծաւալին բերումով, ինչ որ մարսուած է մեր ժողովուրդին կողմէ եւ այս երեւոյթը խորթ չի թուիր անոնց։ Իսկ մնացեալներու պարագան այսօր յղի ըլլալ կը թուի խնդիրներու։ Համայնքի մարդուժի կուտակուած շրջաններու եկեղեցիները հարուստ չեն կալուածներով։ Իսկ հայ բնակչութենէ նօսրացած թաղերու եկեղեցիները ունին հսկայական կալուածներ։ Այս հակասութիւնը եղած է այն գլխաւոր գործօնը, որ վերջին տարիներուն հունէ դուրս բերած է թրքահայութեան վարչական կեանքը, կաթուածահար ըրած է մեր իրականութիւնը։ Ու տակաւին առկայ տագնապի ստեղծած ճնշումը պոռթկումներու, պայթիւնավտանգ կացութեան պատճառ կրնայ դառնալ։ Այս կէտին վրայ ճակատագրական դերակատարութիւն մը կը վիճակի Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին։ Յառաջիկայ բախտորոշ որոնումներուն մէջ եթէ Նորին Ամենապատուութիւնը գործէ հաւասարակշռուած ու գրագէտ, ապա այս համայնքը ամրանալով դուրս կրնայ գալ տագնապէն։ Այլապէս այդ «կեդրոնական սեղան»ը կրնայ վերածուիլ հաշուեյարդարի եւ վրէժխնդրութեան սեղանի, ինչ որ կրնայ կազմաքանդել այս համայնքը։ Ինչ-ինչ պատճառներով այս համայնքը ցարդ չէ յաջողած բարեփոխել կրթական համակարգը։ Հիմա այդ կուտակուած հարցերը պիտի լուծուին առանց մասնագիտական տեսակէտներ հաշուի առնելով, առանց համապատասխան պատրաստութեան, զուտ նիւթական հիմունքներով առնուելիք քայլերով։ Ամենասարսափելի հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ կալուածներով հարուստ կարգ մը դպրոցներու վարիչներ այդ «կեդրոնական սեղան»ին շուրջ կրնան մասնագէտի հովեր առնել, իրենց տնօրինած միջոցներուն շնորհիւ կրնան մանկավարժական յաւակնութիւններով հանդէս գալ։ Կարճ խօսքով՝ Նորին Ամենապատուութիւնն է, որ իր կշիռով կրնայ կանխել այս հաւանական մակերեսայնութիւնները։ Ան միշտ պէտք է բարձրացնէ իմաստութեան ձայնը։

Վերադառնալով բուն նիւթին... Եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութիւնը երկար ատենէ ի վեր կը հարցաքննուէր լրջօրէն։ Որոշ չափով խոցելի դարձած ըլլալով հանդերձ, ան տակաւին կենսունակ է՝ շնորհիւ համակարգային մօտեցումի մը վրայ խարսխուած ըլլալուն։ Այժմ վրայ հասած է համաճարակը, որ կ՚ուղղորդուի ընկերատնտեսական տագնապով մը։ Եթէ յաջողինք խնայել մեր վարժարանները, ապա կրնանք թրքահայութեան համար նոր ապագայի մը մասին խօսիլ, այլապէս՝ համակարգը փուլ կու գայ։ Կը պարտաւորուինք խաչ մը քաշել եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութեան վրայ։ Արդէն անոնցմէ որեւէ մէկը ինքնուրոյն չի կրնար լիարժէք յարատեւել, չի կրնար արդարացնել գոյութիւնը։ Օրինակներ չեն պակսիր սփիւռքի մէջ։

Պատրիարքարանի «կեդրոնական սեղան»ին շուրջ պիտի վճռուի թրքահայութեան մահ ուկենաց պայքարը։ Տեսնենք...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020