Համայնքին համար մեծ բախտ…
Պէյքոզի կալուածի խնդիրը կը շարունակէ զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս խնդիրը կը ներկայացնէ հրատապ բնոյթ։ Նախկին գերեզմանատան տարածքին համար պետութեան կողմէ պիտի վճարուի հսկայական հատուցում մը։ Այդ գումարները ունին ճակատագրական նշանակութիւն՝ քանի որ մեր համայնքային հաստատութիւնները ներկայիս ելմտական լուրջ ճգնաժամի մը ենթարկուած են։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր հաստատութիւններու վարիչները կը քննարկեն այդ գումարի տնօրինման եւ արժեւորման եզրերը, նոյնիսկ վաղաժամ յոյսեր դրած են այդ հատուցման գումարներուն վրայ։
Պէյքոզի նախկին գերեզմանատան տարածքին համար պետութեան կողմէ փոխանցուելիք հատուցման գումարը մեծ բախտ մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Սա կրնայ ունենալ նախախնամական նշանակութիւն։ Բայց եւ այնպէս, այս հնարաւորութիւնը զերծ պէտք է պահուի մսխուելու վտանգէ։ Համայնքային հաստատութիւններու միջեւ իսկական համագործակցութիւն մը պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդ գումարը միջին ժամկէտով չփոշիանայ։ Ճիշդ է, որ մեր հաստատութիւնները այսօր ունին շարք մը հրատապ կարիքներ։ Այդ հրատապ կարիքները, ընդհանրապէս, կը վերաբերին անոնց ընթացիկ գործունէութեան։ Բնականաբար, կարելի չէ անտեսել անյետաձգելի կարիքներու դիմագրաւումը։ Բայց եւ այնպէս, մեր հաստատութիւններուն առջեւ այսօր ծառացած է նաեւ այս համայնքին գոնէ միջնաժամկէտ ապագայի ծրագրաւորումը։ Ներքին նուազագոյն համակարգումէ եւ ներդաշնակութենէ հեռու կը գործեն մեր բոլոր հաստատութիւնները։ Իրերանման առաքելութեամբ կառոյցներ աշխատանք կը ծաւալեն իրարմէ բոլորովին անկախ եւ այսպէսով կը մսխուի մեր համայնքին հաւաքական ներուժը։ Ազգային կառոյցները որեւէ ներդրում չեն ըներ ապագայի համար ու կը բաւարարուին սոսկ օրը փրկելով։
Պէյքոզի տարածքի հասոյթը բախտորոշ նշանակութիւն կրնայ ունենալ՝ մեր հաստատութիւններու այժմու հրատապ կարիքներու եւ այս համայնքի ապագային համար միջոցներ ներդնելու անհրաժեշտութեան խաչմերուկին վրայ։ Ուստի, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին առընթեր լուրջ պատասխանատը-ւութիւն կը վիճակի նաեւ մեր ամբողջ համայնքային հաստատութիւններուն։ Պատրիարքական Աթոռի գլխաւորութեամբ շատ ուշադիր, նախանձախըն-դիր ու նրբանկատ աշխատանք մը կ՚ենթադրէ այժմու փուլը։ Մեր նախնիներէն ժառանգուած վիթխարի հարստութիւն մը նպատակասլաց ձեւով պէտք է տնօրինուի՝ ապագայ սերունդներուն ի նպաստ արժեւորման համար։ Վստահաբար, մեր աշխարհական վարիչներէն ոեւէ մէկը կասկած չունի այս գործի լրջութենէն ու երկարաժամկէտ նշանակութենէն։
Պէյքոզի կալուածի հասոյթին տնօրինումը այնպիսի խնդիր մըն է, որու լուծման ճանապարհին ձախողելու կամ սայթաքելու ճոխութիւնը չունի, չի կրնար ունենալ թրքահայ համայնքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ