Անընդունելիի, անդիմադրելիի եւ անզօրութեան խաչմերուկին
Կերպարի մը առջեւ կը խոնարհիմ, կը խաչակնքեմ այսօր։ Վերջի՞ն անգամ միթէ… Սա հրաժե՞շտ մըն է, թէ ոչ նոր սկի՞զբ մը. տակն ու վրայ է միտքս, զգացումներս՝ խառն։ Վեհ կերպարի մը մասին է խօսքը եւ իր կորուստը արդէն մարտահրաւէր մըն է ներաշխարհիս մէջ։ Գիտակցական կեանքիս առանցքային դերակատարներէն մէկուն մասին է խօսքը։ Կեանքի ուսուցիչ մը՝ բառին բուն իմաստով։ Եւ, այո՛, կերպար մը, որովհետեւ սկզբունքայինի եւ գործնականի, վերացականի եւ իրականի միջեւ տարբերութիւնը շատ քիչերու պարագային ըլլար այսքան կրճատուած։ Այդ տարբերութեան նուազութիւնը յաճախ տուեալ անձի հետ շփումը կը վերածէր փիլիսոփայութեան մը հետ յարաբերութեան։ Անհատականութիւն մը, որու մէջ կարծես խտացած ըլլային մարդկային բիւր առաքինութիւնները եւ մտաւորական ամենաբարձր կարողութիւնները։ Կատարեալ համադրութիւն մը, արդարեւ, որու հետ շփումը զուտ մարդկային, մակերեսային երեւոյթէ մը շատ աւելին էր։ Այդ շփումը ժամանակներու մէջ պտոյտ մըն էր, այդ շփումը բարոյագիտութեան փորձաքար մըն էր, այդ շփումը ծով իմաստութեան մը առջեւ յայտնուիլն էր։ Այդ յարաբերութիւնը երկիւղի մը եւ գերագոյն անկեղծութեան, լիարժէք անմիջականութեան խաչմերուկն էր։
Վարդան Օզինեան…
Բօթը հասաւ Փարիզէն։ Մեզի հետ չէ այլեւս մե՛ծ, երէց կեդրոնականցին։ Լքեց մեզ մե՛ծ մարդասէրը, մե՛ծ հայը, մե՛ծ հայրենասէրը։ Հեռացաւ մեզմէ բազմակողմանի գիտնական մը, համոզուած եւրոպացի մը, հմուտ հասարակական գործիչ մը, Փարիզի կրքոտ սիրահար մը, հայ մամլոյ անվհատ սպասաւոր մը։ Կարելի է թուարկել երկար… Իր նկարագրի բազում չափումներուն համապատասխան ածականներ կարելի է շարել տակաւին։ Ի՜նչ փոյթ…
Ամէն բանէ առաջ Կեդրոնականի հպարտ սանն էր ան. կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին կը բազմապատկուէին վարժարանին նկատմամբ երախտագիտական զգացումները։ Եւ այդ բոլորի կողքին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի ուխտեալ անդամն էր։ Այս թերթը իր կենցաղին մէջ էր։ Իսկական համաշխարհային քաղաքացի մըն էր եւ այդ հանգամանքին հետ կը յաջողէր համատեղել տեղական արժէքներ, նաեւ ինքնութենէն բխած զգայնութիւններ։ Ինն տասնամեակ տեւած կեանքի սիրոյ փարոսը եղած էր հոգելոյս կողակիցը՝ Գոհարիկ Գէորգեան, որու հետ կտրած ճանապարհին իմաստն ու յիշողութիւնը այնքան թանկ էր իրեն համար։ Իր ապրած կեանքի թէ՛ հակակշիռը եւ թէ հաշուեկշիռը երբեք ուրիշներու կամ պարագաներու չէր թողած։ Իր կեանքը առաւելագոյնս սեփական կամքով տնօրինած եւ այդ ճանապարհին անպատասխանատուութիւններէ առաւելագոյնս խուսափած եզակի անձ մըն էր ան։ Յիրաւի, բեմագրութեան համազօր կենսագրութիւն մը ունէր եւ տասնամեակներու այդ ծանր բեռը շալակած հեռացաւ մեզմէ։ Ետին թողուց քաղցր յիշատակ մը։ Ու տակաւին գուցէ գիտամշակութային վիթխարի աւանդ մը կրնար մնալ իրմէ սերունդներուն, սակայն հայ իրականութեան լրջագոյն տկարութիւններէն մին է այդպիսի փոխանցման դրութենէ մը զուրկ ըլլալը։ Ունէր անանտեսելի արխիւ մը, ճոխ գրադարան մը, մասնագիտական աշխատութիւններու կոյտեր։ Այդ բոլորը, անշուշտ, չէին տեղաւորուեր Փարիզի իր բնակարանին մէջ. ունէր նաեւ մօտակայ առանձին յարկաբաժին մը, որ իր անձնական «պահեստն» էր ձեւով մը։ Սա եղաւ իր կեանքի հիմնական բացառութիւնը։ Արդարեւ, այդ «գանձ»ը չկարողացաւ տնօրինել սեփական հայեացքով, ինչ որ արիւնեց իր սիրտը՝ կնոջը կորուստին գրեթէ համազօր։ Կեանքի արդէն ուշ աշնան փխրուն առողջութիւնը թոյլ չտուաւ այդ վերջին գործը տեսնել։ Ու տակաւին այդ անկարողութեան պատճառած մտատանջութիւնը հրահրեց առողջական հարցերը։ Այդ բոլորի դուրս դրուելուն համար ակամայ տուած թոյլտուութիւնը՝ կարծես եղած էր սեփական մահավճիռը ստորագրած օրը։
Վարդան Օզինեան…
Որքան շատ բան կայ ըսելու իր մասին։ Կը փորձեմ մտածել համապատասխան սահմանումներ ընելու մասին. ապարդիւն… Կորստեան ծանր պահուն, երբ գերեվարուած եմ վիշտէն, համարձակութիւն ալ չունիմ գրելու իր՝ հանրութեան սեփականութիւնը դարձած գործունէութեան մասին։ Հարազատ մը կորսնցուցած ըլլալու ցնցումին մէջ եմ։ Տարօրինակ է հոգեբանութիւնը… Հարազատդ կրնայ ըլլալ նախագահ կամ թագաւոր եւ կամ պարզ բանուոր մը, համեստ վարորդ մը։ Հարազատի կորուստի առթած սուգը բոլորովին անկախ է անոր հասարակական կամ ընկերային կարգավիճակէն։ Սա նոյն պարագան է ինծի համար։ Հակուած եմ արտայայտուիլ միայն մեր ամուր կապին մասին, որովհետեւ այդ կապը կը կամրջէր մեզ եւ այդ կապով կը բացուէինք իրարու։ Միայն կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս հասունցած էր այդ զգացումը։ Ան գիտէր իր փորձառութեամբ ու պաշարով ներգործել կեանքիդ։ Ան կը յաջողէր դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ ու բարձր մակարդակով ներազդել էութեանդ։ Շատ հեզասահ ձեւով ինքզինքին համար տեղ մը կը բանար կեանքիդ մէջ։ Բնական նրբանկատութիւն մը ունէր, սակայն խօսքն ալ չէր թաքցներ։ Ի վերջոյ գաղտնիքը ուրոյն ոճն էր, որուն մէջ պարփակուած էին՝ յարգանք, սէր, կենցաղավարութիւն, խորհրդապահութիւն, սրամտութիւն, համբերատարութիւն եւ մարդկային համերաշխութիւն։
Հաւաքական կամ անհատական կեանքի մէջ զինուած էր առաւելագոյնս։ Պաղարիւն, շրջահայեաց, հեռատես, հաւասարակշռուած… Պոռթկումները, առ հասարակ, ծնունդ կ՚առնէին հայկական կեանքի քարացած թերութիւններէն, կը տագնապէր հայոց լեզուին՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնի համար։ Իր նկարագրի գիծերու շարքին էին այս բոլորը։ Անձնական որեւէ պարագայով, ակնկալութիւնով մարդու վրայ չէր ճնշեր։ Առաջին հերթին լաւ զրուցակիցի մը տպաւորութիւնը կը թողուր, սակայն շուտով զգալի կը դառնար, որ լաւ ունկնդրող մըն էր։ Դիմացինը դիտարկելու մեծ ընդունակութիւն ունէր, դիտարկած սխալները կամ անոնց վերաբերեալ առաջարկները կը բաժնէր շատ ուշադիր ոճով մը։ Կարճ խօսքով՝ չգտնուած մարդ մըն էր։ Դասական երաժշտութեան, ընթերցանութեան եւ բնութեան սիրահար մըն էր։
Վարդան Օզինեան…
Քսանհինգ տարուան ծանօթութեան մը, մեծ հայրերուս պարապութիւնը ձեւով մը լրացնելու հասած հերոսի մը հետ՝ քառորդ դարու յարաբերութեան մը ամփոփո՞ւմն է սա։ Սղագրութի՞ւն… Տարիքդ որքան որ յառաջանայ՝ հետզհետէ աւելի դժուար, նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ մարդոց հետ մշակել այս որակով յարաբերութիւն մը։ Դժուար կը դառնայ սրտիդ մէջ նորերու համար տեղ տրամադրել, ներաշխարհդ արդէն «վերապահուած» կամ «դասաւորուած» կ՚ըլլայ ինքնաբերաբար։ Յառաջիկայ զարգացումները յաճախ կ՚արձանագրուին ի շարունակութիւն։ Հիմա գիտեմ, որ իր տեղը պիտի չփոխարինուի ուրիշի մը կողմէ, այլեւ՝ միւսներուն տեղը քիչ մը պիտի ընդլայնուի սրտիս մէջ։
1995 թուականին Նիսի մէջ սկսած էր մեր ուղեւորութիւնը։ Սփիւռքահայ վարժարաններու համաժողով մը կազմակերպուած էր ու ես՝ տակաւին երիտասարդ լրագրող, մեկնած էի հետեւելու։ Մասնակցած էի իր վարած աշխատանոցի քննարկումներուն։ Ներկայացած էի իրեն եւ համաժողովի աշխատանքէն դուրս մնացած ազատ ժամերուն՝ զրուցելով դրած էինք մեր յարաբերութեան հիմքերը։ Մեծ հայրս՝ Արա Գօչուեան տակաւին ողջ էր ու վերադարձին պատմած էի իրեն։ Վաղեմի ընկերներ, գործակիցներ ու լծակիցներ էին։ Աւելի ուշ պիտի սորվէի նաեւ իր սերտ յարաբերութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առասպելներէն Մարտիրոս Գօչունեանի հետ։ Ինծի կը պատմէր, որ Մարտիրոս Գօչունեան Փարիզ այցելելու ատեն կ՚իջեւանէր իր յարկաբաժնին մէջ։ Փարիզի կպած արուարձանային Պուլոնյը քաղաքի «Իշխանաց» փողոցին վրայ էր այդ յարկաբաժինը։ Սա այն յարկաբաժինն էր, որ աւելի վերջ դարձուցած էր իր «պահեստ»ը եւ այսօր արդէն մնացած է անտէր։ Ինծի ալ տարած էր այնտեղ եւ սա իր կողմէ մեծ պատիւի մը արժանանալ կը նշանակէր։ Ապահովաբար ժառանգական իրաւունքով ինծի վերապահուած առանձնաշնորհում մըն էր այդ մէկը։ «Մարտիրոսը ահա այստեղ կը մնար, Արա», կը վերյիշեմ այդ օրը…
Սա միակը չէր անշուշտ։ Իր հետ շփումը միշտ ուսուցողական երեսակ մը ունէր ինծի համար։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ Գօչունեան ընտանիքի պատմութեան մասին լեցուն գիտելիք՝ այդ բոլորի թէ՛ ներքին եւ թէ ընդհանրական նշանակութիւնով ու ծալքերով հանդերձ։ Ինքնաճանաչման դասընթացներ էին ինծի համար։ Վստահելի վկայութիւններ ընտանիքիս եւ արժանահաւատ փոխանցումներ խմբագրած թերթիս մասին։ Կարծես վերջին յանձնառութիւն մը համարած ըլլար՝ իր թերթի մերօրեայ խմբագրի կազմաւորման սատարելը պատմածներով։
Վարդան Օզինեան…
2000 թուականին, երբ առաջին անգամ Փարիզ այցելած էի, ինքը եւ լուսահոգի կողակիցը՝ Գոհարիկ Գէորգեան շատ ջերմ վերաբերմունք եւ հիւրասիրութիւն ցուցաբերած էին իրենց բնակարանին մէջ, որ կը գտնուէր Վերսայի պողոտայի եւ «Շարտոն Լակաշ» փողոցի հատման կէտին վրայ։ Այդ բնակարանին մէջ խմորուեցաւ մեր սերտ յարաբերութիւնը, որ օր մըն ալ արդէն նուիրագործուեցաւ Գոհարիկի խօսքով. «Այլեւս այս տունին տղան ես…»։ Այդ բնակարանի մեր զրոյցները կը տեւէին երկար, առտուան դէմ մինչեւ ժամը երեք-չորսերը։ Վարդան Օզինեան կը պատմէր հազար ու մէկ բանի մասին, իսկ եթէ պակաս բան մը թողէր, արդէն Գոհարիկը կը զգուշացնէր։ Իրենցմէ բաժնուելէ վերջ, պանդոկ վերադառնալէ առաջ, հակառակ գիշերուան ուշ ժամուն, կը նախընտրէի քալել Վերսայի պողոտայէն։ Մութին մէջ, երբեմն անձրեւի տակ, ինծի համար խորհրդաւոր պահեր էին անոնք։ Մեր խտացեալ զրոյցներուն ամփոփումը, վերաքաղը կ՚ընէի ես ինծի՝ մէկ կողմէ ալ յաջորդ հանդիպման հարցումները կ՚ուրուագծուէին մտքիս մէջ։
Ի դէպ, բացարձակապէս պարփակուած չէինք բնակարանով։ Փարիզը մեր շփման դաշտն էր կարծես։ Ան Փարիզի սիրահար մըն էր ու շատ գիտակցուած, հիմնաւորուած սէր մըն էր այդ մէկը, որովհետեւ ասպարէզի բերումով ծանօթ էր բոլոր ցամաքամասերու գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն։ Աւելի՛ն, որպէս զբօսաշրջիկ չէր այցելած այդ քաղաքները. աշխատանքի համար մեկնած ու որոշ ժամանակ ապրած էր այդ քաղաքներուն մէջ, ուր հաստատած բարեկամութիւնները, կուտակած յիշատակները շատ քաղցր էին իրեն համար, բայց վերջին հաշուով իր նախասիրութիւնը Փարիզն էր։ «Եղած են շրջաններ, երբ տարին միայն երկու շաբաթ կրցած եմ գտնուիլ Փարիզ, բայց տունս միշտ հոս եղած է…», կը վերյիշեմ հիմա իր խօսքերը՝ մեղմ ձայնով, բացատրուած ժպիտով։ Փակագծի մէջ նշեմ՝ իմ ճանչցած սակաւաթիւ անձերէն մին էր, որու բարեկամութիւնները այդքան տեսակաւոր էին երկիրներու, ազգերու, մշակոյթներու եւ մասնագիտութիւններու առումով։ Նոյնը ի զօրու էր հայութեան պարագային։ Սինկափուրի եկեղեցւոյ պահակն ալ գիտէր, Եթովպիոյ համայնքի մարդիկն ալ օտար չէին իրեն։
Մեծ բախտ մը, նաեւ մեծ ճոխութիւն մը եղած էր նուաստիս համար Փարիզը ճանչնալ Վարդան Օզինեանի եւ Գոհարիկ Գէորգեանի հետ։ Կատարեալ ուղեցոյցներ էին ամէն տեսակէտէ։ Սքանչելի զբօսավարներ էին ու միշտ պատրաստակամ։ Ամէն անգամ նոր եռանդով մը ինքնաշարժը դուրս կը բերէր կանգառէն։ Վարդան Օզինեան թէեւ բաւական յաղթանդամ անձ մըն էր, սակայն միշտ կը նախընտրէր վարել բաւական փոքր ինքնաշարժներ։ Մեծ քաղաքի պայմաննեղով շատ աւելի գործնական կը նկատէր այդ փոքրիկ օթոները։ Մեր իւրաքանչիւր պտոյտէն առաջ ծէսի մը վերածուած էր օթոն միասին դուրս բերել կանգառէն, մինչ քիչ մը ծիծաղելով ու մեր երկուքի ֆիզիքական յատկանիշներուն ակնարկելով ապայման պէտք է կրկնէր. «Կը սղմինք Արա…»։ Սենի երկու ափերուն իր հետ ման գալը եզակի հաճոյք մըն էր։ Ֆրանսական մայրաքաղաքի իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրին ծանօթ էր ամբողջութեամբ։ Յուշարձաններ, եղելութիւններ, փողոցներու կամ պողոտաներու անուններու հերոսներ, պատմական դէպքեր… Միջոց մը վերջ անդրադարձայ, որ յաչս նուաստիս Փարիզի հրապոյրը սկսած էր պայմանաւորուիլ իր պատմածներով։ Իր փոքրիկ օթոյի պատուհանէն նայելու ատեն ֆոնին իր ձայնն էր. ղեկին նստած կը պատմէր երկար ու մանրամասն։ Անձեր, դէպքեր, շէնքեր, իրադարձութիւններ, յուշարձաններ… Միահիւսուած կը մատուցէր իւրաքանչիւրի ներկայացուցած համամարդկային արժէքը, ֆրանսական տեսակէտէ նշանակութիւնը, համաշխարհային իմաստը, պատմական հոլովոյթը, ազդեցութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերամշակութային եւ ի վերջոյ, եթէ կային, հայկական երեսակները, հետքերը կամ հայոց հետ ուղղակի կամ անուղղակի առընչութիւնները։ Այդ մատուցածին մէջ յաճախ կը խառնէր նաեւ անձնական յուշեր, ինչ որ մարդկային խոր երանգ մը կը վերագրէր «հեքիաթ»ին։
Ֆրանսահայ իրականութեան քաջատեղեակ էր, խորաթափանց պատկերացում ունէր իրերու դրուածքին, ուժերու դասաւորման, կուսակցական գործօններուն շուրջ, եւ այլն։ Խորհուրդ կու տար բոլորին հետ շփուիլ, թէեւ ոչ մէկուն հետ հարիւր տոկոս համամիտ էր ու ոչ մէկուն կը պատկանէր։ Առաջին անգամ իր հետ այցելած էի ֆրանսահայ լրատուամիջոցներու խմբագրութիւնները ու տակաւին իր ցուցմունքները առաջնորդած էին քայլերս՝ դէպի Ժան-Կուժոնի եկեղեցին, «Նուպարեան» գրադարանը, Համալսարանական միջազգային ոստանի Հայ տունը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնը, 9-րդ թաղամասի «Կապոյտ» փողոցի Դաշնակցութեան համալիրը, Պանիօ արուարձանային քաղաքի գերեզմանատան հայ մտաւորականաց շիրիմը, եւ այլն։ Այդ բոլորը նուիրական վայրեր էին իրեն համար՝ հակառակ, որ տուեալ կառոյցներու գործունէութիւնը յաճախ կը քննադատէր անխնայօրէն։
Վարդան Օզինեան…
Մեծ եռանդով ու պարտաճանաչութեամբ երկար տարիներ կազմակերպած էր Կեդրոնականի բաժակի օրերը Փարիզի մէջ։ Այդ աւանդութիւնը Փարիզի մէջ երկար տարիներ շարունակուած էր շնորհիւ իր գերմարդկային ջանքերուն։ Որպէս կեդրոնականցի՝ իր վզին պարտքը կը համարէր այդ գործը։ Տասնամեակներ եղած էր այդ միութեան վարչութեան նախագահը։ Զայն կը սիրէր կոչել՝ Կեդրոնական սանուց միւութիւն ի Փարիզ։ Երբեմն ալ կը նախընտրէր աւելի մեծ ծաւալ մը տալ ու կը կոչէր զայն Կեդրոնական սանուց Եւրոպայի միութիւն՝ հաշուի առնելով, որ միակն էր ցամաքամասին վրայ։ Միութեան պաշտօնական հասցէն յաչս ֆրանսական մարմիններուն իր բնակարանի հասցէն էր, հոգելոյս տիկնոջ ալ վիճակած էր կամաւոր քարտուղարուհիի պաշտօնը։ Կ՚երեւի ուրիշ որեւէ գործի պարագային այդքան խստապահանջ չէր ըլլար իր պաշտելի կնոջմէն։ «Կեդրոնականի գործերը ջանացած եմ երբեք չկաղացնել Արա, նոյնիսկ Չինաստանէն ձեւով մը կը հասցնէի տարեկան տեղեկագիրները։ Եթէ վրադ գործ մը առած ես՝ պէտք է անպայման ընես», կը վերյիշեմ դարձեալ խօսքերը։
Իր ջանքերով Փարիզի մէջ կազմակերպուած Կեդրոնականի բաժակի օրերը տօն կը համարէր։ Բոլոր հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցընէր, որպէսզի Եւրոպայի ամէն կողմէն ըլլար մասնակցութիւն։ Շատ կը խանդավառուէր սաներու այդ համախմբումով։ Այդ պատկերին ընդմէջէն փառաբանուած կը զգար դպրոցը։ Շատ կը փափաքէր, որ ես կամ մայրս անպայման մասնակցութիւն բերէինք Փարիզի բաժակի օրերուն։ Կը ջանայինք հնարաւորինս ընդառաջել, անշուշտ, թէեւ այդ հաւաքոյթը միշտ կը զուգադիպէր կաղանդի բացառիկի պատրաստութեան շրջանին։ Եթէ չկարողանայինք հասնիլ, ապա անպայման տեղեկութիւններ կը փոխանցէր թերթին համար։ Իր տեսակէտէն շատ կարեւոր էր այդ հաւաքներուն անպայման արձագանգ գտնելը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։ Հարցը միայն ձեռնարկի լուսաբանումը չէր, իր տրամաբանութեամբ թերթի լրատուութիւնը կ՚ապահովէր անոր վաւերականութիւնը։ Բառին իսկական իմաստով՝ գրաւոր մշակոյթի մարդ մըն էր։
Կեդրոնականի դասընկերները կը վերյիշէր մեծ սիրով, ոմանց հետ կապի մէջ էր մինչեւ գրեթէ վերջին պահը։ Անփոխադարձ զգացում մըն էր այդ մէկը, որովհետեւ առիթն ունեցած եմ ճանչնալ իր կարգ մը դասընկերները, որոնց մօտ չէի նկատած նման խտացեալ զգացում ո՛չ իրեն, ո՛չ ալ իրարու հանդէպ։ «Գիտեմ, Արա, հոգ չէ։ Բոլորս կ՚ապրինք կեանք մը եւ այդ կեանքը ձեւէ ձեւ կը խոթէ մարդս։ Ես գիտնամ, որ բոլորը լաւ են, այդքանը արդէն մեծ ուրախութիւն է ինծի համար, ի վերջոյ միասին հասած ենք դպրոցէն», կը մտաբերեմ պատասխանը։
Խորքին մէջ, սա միայն դասընկերներու վերապահուած հանդուրժողութիւն մը չէր, կը ցոլացնէր ամբողջ կեանքի փիլիսոփայութիւն մը։
Վարդան Օզինեան…
Պայքարի, դատի մարդ էր, գաղափարի, սկզբունքի մարդ էր։ Յամառ ու վճռակամ էր, կը դիմադրէր, դիւրին չէր ընկճուեր։ Բարեացակամ էր դիմացիններուն նկատմամբ մարդկայնօրէն, բայց նաեւ անզիջող էր, բանակցելու բարձր ընդունակութիւն ունէր։ Մարդոց նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքը ձեւական չէր, սակայն իր առաջնահերթութիւններուն հետամուտ էր վարպետօրէն։ Արժէքներու դաւանող մըն էր եւ կը յաջողէր համագործակցութեան եզրեր ստեղծել ճարտարօրէն։ Մարդկային տկարութիւններով պայմանաւորուած երեւոյթները չէին զարմացներ զինքը։ Ողբերգութիւն չէր սարքեր անոնց հետեւանքներով։ Աւելի շուտ իր մօտ գութի զգացում կը յառաջացնէին այն մարդիկ, որոնք կը ձախողէին իրենց տկարութիւնները զսպելու առումով։ «Հնդկաստանի մէջ տեսած եմ շատ մարդիկ, որոնք փողոցի մայթերէն զատ տունի կարասի չունէին։ Այսպէս աշխարհ մըն է, Արա, ի՛նչ պիտի ընես», կը բանաձեւէր իր մօտեցումը ճղճիմ, անցողիկ հաշիւներու պարագային։ Իւրայատուկ չափանիշներով եւ բաղդատութիւններով կը դատէր ամէն ինչ։
Կեանքի յուսախաբութիւններուն մասին երբ խօսք բացուէր, կը գերադասէր լռութիւն պահել որոշ չափով ու յաջորդ քայլափոխին ալ կը սկսէր պատմել ընտանիքին մասին։ Ընտանիքի վերաբերեալ յիշողութիւնը կեանքի մէջ իր դիմադրութեան ուժի ակը եղած ըլլար կարծես։ Հայրը, մայրը, քոյրը, Գումգաբուի իրենց բնակարանը, միւս ազգականները, մանկութիւնը… Ես, հարկաւ, գիտեմ միայն իր սիրեցեալ քոյրը՝ վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Գարագաշեանը, որ անմխիթար սուգի մատնուած է ներկայիս։ Կը պատմէր, որ իրենց հայրը եղած էր Առաջին աշխարհամարտին յաջորդած Զինադադարի շրջանին՝ Իսթանպուլի հակակշիռը պահած Անգլիոյ զօրքերու հրամանատարին անձնական թարգմանը։ Զօրքերու մեկնումի ատեն թէեւ հրամանատարը առաջարկած էր՝ ընտանիքով զիրենք տանիլ Անգլիա, բայց հայրը մերժած էր։ Տասնամեակներ անց պիտի ամուսնանար Գոհարիկ Գէորգեանին հետ, որ թէեւ Փարիզ կ՚ապրէր, բայց Անգլիոյ քաղաքացի մըն էր։
«Գիտէք Արա, ես երբ Կեդրոնական կ՚երթայի, տնօրէնուհին Էլիզ Այվազեանն էր։ Այդ ժամանակ շաբաթ օրերն ալ դպրոց կար մինչեւ կէսօր։ Օր մը տիկին Այվազեանը զիս կանչեց եւ ազդարարութիւն մը ըրաւ, որովհետեւ շաբաթ օրերը միշտ կը բացակայէի։ Նոյնիսկ կասկած յայտնեց, թէ արդեօք շաբաթապահներո՞ւն կը հետեւէի։ Ես ալ իրեն բացատրեցի, որ շաբաթ օրերը առաւօտ կանուխ նաւով կը մեկնէի Եալովա, ուրկէ աժան գինով ճարած հաւկիթներս Պոլսոյ մէջ կը վաճառէի՝ ընտանեկան մեր ապրուստին նպաստելու համար։ Կինը ի՛նչ ըսելիքը շուարեցաւ…»։ Ահա՛ այս էր իր պատանութեան ոդիսականի վառ դրուագներէն մին։ Այդպէս էր մեկնարկը իր կեանքին։ Եւ սկզբնակէտին իրմէ նախախնամութեան զլացածը ան ապահոված էր ուսումով։ Ճակատագրին դէմ պայքար մղած էր սորվելով եւ յարատեւ ինքնազարգացմամբ։ Մանկութիւնն ու ընտանիքը, այդ ամբողջ յիշողութիւնը կեանքին մինչեւ վերջը ուժ տուին իրեն, ներշնչեցին զինքը։ Որովհետեւ ան գլուխ չէր թեքած աշխատանքին, անձնատուր չէր եղած դաժան պայմաններու ու մաքառած՝ միս մինակ։ Ամէն զոհողութիւն կար իր ոդիսականին մէջ, յաղթահարուած ամէն տեսակ խոչընդոտ եւ այնտեղ յաղթական կը ծածանէր իր արժանապատուութեան դրօշը։
Վարդան Օզինեան…
Ֆրանսայի հպատակ դարձած էր երկրի այդ ժամանակուան պաշտպանութեան նախարարի խնդրանքով։ «Կ՚աշխատէի գիտական ծրագրի մը մէջ, որու նշանակութեան բերումով օտարահպատակներ չէին կրնար որոշ փուլէ մը վերջ շարունակել այդ գործը։ Քանի որ ես օտարահպատակ էի, արդէն գործէն դուրս գալու կը պատրաստուէի։ Նախարարը առաջարկեց, որ քաղաքացի դառնամ, սակայն ես տրամադիր չէի թղթաբանական գործերով զբաղելու։ Մարդը ըսաւ, որ դուք ոչինչ պիտի ընէք։ Միասին պիտի երթանք նահանգապետարան ու ես անձամբ պիտի կարգադրեմ անհրաժեշտը։ Միայն թէ նահանգապետարանի մէջ մի կատակախօսէք, որովհետեւ սրամտութիւնները յաճախ հաճելի չեն թուիր ոստիկաններուն». սա էր քաղաքացիութիւն ստանալու մասին իր փոխանցած յիշողութիւնը։ Յետոյ կեանքի ընթացքը խաչաձեւուած էր ՄԱԿ-ի, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի, աշխարհի զանազան երկիրներու նախագահներու հետ, եւ այլն։ Արեւմուտքի յառաջատար համալսարաններու կամ գիտական կեդրոններու մէջ ուսումնասիրութիւններ ու տակաւին ինչեր։ Կարճ խօսքով՝ ահաւոր, անհաւատալի քարիէր մը… Ինչ որ հարցնէի՝ միշտ նոյն համեստ, քիչ մըն ալ ամչկոտ պատասխանն էր. «Գործ էր, ըրինք»։ Իր ուսանած կամ գործակցած համալսարաններու շրջանաւարտից միութիւններուն կողմէ հրատարակուած գիտական պարբերականներուն վերջին թիւերը անպակաս կ՚ըլլային սեղանէն։ Ընդհանրապէս, իրեն հասած վերջին ԺԱՄԱՆԱԿ-ներու տրցակին հետ վրայ վրայի դրած կ՚ըլլար զանոնք։ Իսկ եթէ յանկարծ անոնց մէջ հայու մը վերաբերեալ բան մը երեւնար, արդէն ցոյց կու տար շատ բարձր տրամադրութեամբ։ Եւ այդ ամբողջ փայլուն քարիէրէն վերջ, ի՞նչ բան բաւարարած էր զինքը, ո՞ր մէկ ըրածով կը զգար գոհացած։ Բաւական ուշ պիտի կարողանայի յագեցնել այդ հետաքրքրութիւնս…
Թէեւ յաճախ հեռաձայնով կը խօսէինք, սակայն վերջին անգամ զիրար տեսանք շուրջ երկու եւ կէս ամիս առաջ։ Նախավերջին մեր հանդիպումը հիւանդանոցի մէջ էր, իսկ վերջինը եղաւ իր տան մէջ, բարեբախտաբար։ Փարիզի բնակարանի ննջասենեակին մէջ էինք։ Ինք անկողինին մէջ, իսկ ես նստած… «Հանգի՞ստ էք Արա», միշտ հետաքրքրուած իմ յարմար դիրքաւորումով։ Թէեւ «տունին տղան» ըլլալու կարգավիճակը վաղուց ձեռք բերած էի, սակայն այդ սենեակին դուռը ինծի բացուած էր միայն իր կնոջ մահէն վերջ։ «Այստեղ էր, որ Գոհարիկին հետ քով քովի կեանք մը անցուցինք Արա», ինծի հետ բաժնուած մաս մը, կամ ինծի վիճակած բաժին մըն էր ամբողջ կեանքի յիշողութենէն։ Իր խօսքերու իմաստը ըմբռնել դժուար պիտի ըլլար, եթէ ականջիս մէջ չարձագանգէր մօրս ձայնը։ Եւ այդ պահուն յանկարծ մտքիս մէջ կը վերակենդանանային պատանութեան ժամանակներուս մօրս խրատները. «Երբ որ ընկերներուդ տունը երթաս, խաղալու ատեն եւ այլն մի՛ մտնէք անոնց ծնողքին ննջասենեակը»։ Մօրս խրատին իմաստը տասնամեակներ անց կը բիւրեղանար իր այդ ննջասենեակի դրան մօտ ըսած խօսքին, հայեացքին մէջ։ Ուրեմն այդ նոյն սենեակին մէջ էինք. ինքը մահճակալին, իսկ ես նստած։ Ուրախացած էր զիս տեսնելով եւ ես կը ջանայի զրոյցը այնպիսի հունի մը մէջ դնել, որ այդ ուրախութիւնը վերածուէր որոշ չափով իրեն լաւատեսութիւն ներմուծելու հնարաւորութեան մը։ Զանազան նիւթերէ խօսք կը բացուէր, սակայն ոչ մէկուն մէջ կը խորանայինք։ Եւ ահա լեզուին կղպանքը բացուած էր. «Արա, մայրս եւ հայրս երբեք անտէր չմնացին կեանքի մէջ, անոնց բեռը երբեք չեմ թողած միայն քրոջս վրայ։ Թէեւ տեղւոյն վրայ եղողը քոյրս էր, անշուշտ, բայց ես ալ հեռու ըլլալով հանդերձ ըրած եմ իմ կարելիս։ Այստեղ ալ եկած են, տեսան Փարիզը։ Զիրենք տարի նաեւ այլ երկիրներ, ցոյց տուի Եւրոպան։ Թէեւ տարիքնին առած էին, բայց ուրախ եմ, որ կրցած եմ իրենց համար այդպիսի ճամբորդութիւն մը ապահովել»։
Ահա՛, թէ ինչո՛վ ուրախ էր իր կեանքի վերջալոյսին, մահճակալին մէջ երկնցած այդ հսկան… Հայեացքը ուղղելով երբեմն ինծի, երբեմն դիմացի պատին ու տակաւին ո՛վ գիտէ ո՛ւր… Իրեն բնորոշ խորաթափանցութեամբ ակամայ կը հարթէր մտքիս հարցականը։
Վարդան Օզինեան…
Պոլսոյ մէջ ալ զրուցած էինք երկար՝ իր վերջին այցելութիւններուն ժամանակ։ Խմբագրատուն կը հանդիպէր անպայման եւ վերջին անգամներուն եկած էր մեր այժմու գրասենեակը. «Արա, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը երբեք այսքան ներկայանալի խմբագրատուն մը չէ ունեցած իր պայմաններվ, ինչ որ ապահոված էք դուք, Նատիային հետ»։ Իմ շուրջ 27 տարուան աշխատանքին վարձատրութիւնը եղած են իր այս խօսքերը. սա արդէն ոչ անցեալ եղանակով։ Այդ գնահատականը կը նկատեմ ինքնահաստատման վաւերագրութիւն մը։
Պոլիս եկած շրջաններուն կը նախընտրէինք երթալ Վոսփոր։ Սենի ափէն Վոսփորի ափը կը տեղափոխուէին մեր զրոյցները՝ անկախ վայրէն ինքն էր առանցքին։ Վերջին անգամ, երբ եկած էր Պոլիս՝ Էսաեանի մէջ մասնակցած էինք մայրենի լեզուի օրուան վերաբերեալ ձեռնարկի մը։
Միշտ հաճելի էր իր հետ զրուցել, բայց ամենէն շատ կ՚անկեղծանար բնութեան մէջ։ Փարիզի մեր հանդիպումներուն թատերաբեմը լոկ բնակարանը կամ քաղաքի կեդրոնի պողոտաները կամ փողոցները չէին։ Ան շատ կ՚ախորժէր ճեմապարտէզներ այցելել։ Հանգստեան կոչուելէ վերջ շարունակած էր միջոց մը որոշ գործերու համար երթալ իր աշխատակցած հաստատութեան կեդրոնական գրասենեակը, որ կը գտնուէր Շան զ՚Էլիզէի վրայ։ Կանուխ արձակուելու պարագային զբօսնելու կ՚երթար մօտակայքի Մոնսոյի պարտէզը, տակաւին կը պատմէր, որ երիտասարդութեան տարիներուն կը վազէր Պուլոնյի անտառին մէջ։ Այդ բոլորէն անդին կը գերադասէր այցելել Սեն-Քլու արուարձանի համանուն ճեմապարտէզը, ուր երթալու համար օթոն կը հանէինք անհրաժեշտօրէն։ Մեկնումի կամ վերադարձի ատեն կը նախընտրէր անցնիլ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքին առջեւէն։ Ցաւ կը յայտնէր, որ դպրոցը դադրած էր գործելէ։ Այդ ընդարձակ ճեմապարտէզին մէջ կար նաեւ մարզական ակումբ մը, որ ունէր նաեւ իր ճաշարանը։ Երիտասարդութեան տարիներուն անդամակցած էր ու կ՚ըսէր, որ անդորրութեան մէջ հիւր ընդունելու համար շատ յարմար վայր մըն էր։ Մեր վերջին այցելութեան ատեն փափաքեցաւ մտնել այնտեղ։ Ուզեց նոյնիսկ ճաշել, սակայն չարտօնեցին՝ քանի որ արդէն անդամագրուած չէր։ Կնոջը՝ Գոհարիկին հետ այդ ճեմապարտէզին մէջ ինծի մանրամասն բաղդատութիւններով պատմած են՝ անգլիական եւ ֆրանսական հանրապարտէզներու յարդարման դպրոցներու իւրայատկութիւնները։ Այդ նրբութիւնները շատ էական կը համարուէին իրենց համար, որովհետեւ ճեմապարտէզը կենսական էր անոնց ապրելակերպին մէջ։
Օր մը դարձեալ Սեն-Քլուի ճեմապարտէզը կ՚այցելէինք, խիտ ծառերու շուքին տակ, արահետի մը վրայ զրուցելով կը քալէինք։ Մագնիսացած ունկնդրած էի ըսածները. «Գիտէք Արա, Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ գործի մտայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ, թէեւ միեւնոյն ատեն կ՚ուսանէի։ Մարտիրոսը փափաքեցաւ, որ թերթին հաշիւներով ալ ես զբաղիմ՝ ալ չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Ձեռքս տուին տետրակ մը եւ ուսումնասիրելէ վերջ շատ զարմացած էի երկու բանի վրայ։ Առաջին՝ շատ քիչ էին առնելիքները ու կը մտածէի, որ այդ եկամուտներով ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար թերթ մը պահել։ Երկրորդ՝ հաշիւներու տետրակի առաջին էջին վրայ կար ձեռագիրով աղօթք մը։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ այսպիսի ընտանիքէ մը կու գաք եւ մի յուսալքուիք կեանքի մէջ»։ Այդ յորդորն ալ արդէն անցեալ եղանակով չեմ դասեր երբեք, առաջ Աստուած։
Ինչ նիւթի մասին որ ալ խօսէր, ծայրը կրնար հասնիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին կամ Կեդրոնականին, սա արդէն գրեթէ օրինաչափութիւն մըն էր իր պարագային։
Եկուր-տես բախտին խաղը, որ իր այդքան սիրած Սեն-Քլուի ճեմապարտէզին հետ նոյն ուղղութեան վրայ էր Պուլոնյի «Ամպրուազ Փարէ» հիւանդանոցը, ուր մահացաւ իր Գոհարիկը։ Այդ նոյն հիւանդանոցին մէջ, քանի մը ամիս առաջ երկու օրուան կեանք նախատեսած էին իրեն համար։ Ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի այդ հաշուարկը ձախողի։ Ամէն ճիգ վատնեց, որպէսզի այդ կանխատեսումը չարդարանայ, բայց կրցաւ տոկալ հազիւ քանի մը ամիս։ Երբ Գոհարիկին շիրիմը կ՚այցելէինք, ծաղիկները ջրելու ատեն կ՚ըսէր, որ կեանքի մէջ ունի քանի մը թերաւարտ գործ, որոնք ընելէ վերջ ինքն ալ պատրաստ պիտի ըլլար մեկնելու։ Մեղք, որ չհասցուց… Սակայն այն ինչ որ հասցուցած էր ընել ընդհանրապէս, արդէն կը յորդէր սովորական կեանքի մը սահմաններէն ու տարողութենէն։ Եւ այսպէս՝ գնաց յաւերժ…
Վարդան Օզինեան…
Վերջին մէկ-երկու տարներուն առողջական խնդիրները սկսած էին ազդել իր կեանքի որակին վրայ։ Ժամանակացոյցը բժիշկներու գրաւին տակ էր, ինչ որ կը ցրուէր իր առօրեայի կեդրոնացումը։ Երբ Փարիզ կ՚երթայի՝ կ՚իջեւանէի իր բնակարանին անմիջապէս ետեւի «Պուալօ» փողոցի համանուն պանդոկը, որպէսզի մօտ ըլլայինք իրարու։ Վերջին այցելութիւններէս մէկն էր, Պոլիս պիտի վերադառնայի կիրակի կէսօրէ վերջ մը։ Որոշեցինք կէսօրուան ճաշով մը հրաժեշտ առնել իրարմէ։ Ճամպրուկս պատրաստ էր, պանդոկի մուտքէն պիտի առնէի ու պիտի ուղղուէի դէպի օդակայան։ Ճաշէ վերադարձին առաջարկեց ինծի ուղեկցիլ մինչեւ պանդոկ։ Ընդունեցի, անշուշտ, թէեւ ես մտադրած էի իր հետ երթալ մինչեւ տուն։ Մեթրոյէն դուրս եկանք եւ սկսանք քալել։ Զգացի, որ պէտք է քիչ մը խրախուսեմ։ Բնաւորութիւնը այնպէս մըն էր, որ կրնար քաջալերուիլ՝ եթէ անդրադառնար, որ ուրիշի մը համար բան մը ընելու ի վիճակի էր։ Ըսի՝ բռնեմ այդ ջիղը. «Պարոն Վարդան, կը հասկնամ, որ նեղութիւններ ունիք, կը ձանձրանաք շատ մը բաներէ։ Իրաւունք ունիք, բայց պիտի անցնին այս բոլորը։ Մտածեցէ՛ք, որ ինչե՜ր անցուցիք եւ ընդհանրապէս որքան տոկուն եղած էք կեանքի մէջ։ Ես, որ տարիքով ձեզմէ այսքան փոքր եմ, ամէն անգամ, որ Փարիզ կու գամ ու ձեզ կը տեսնեմ, լաւատեսութեամբ կը տոգորուիմ՝ տեսնելով ձեր դիմադրելու կարողութիւնը, անկեղծ կ՚ըսեմ, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէք»։ Արդէն պանդոկի մուտքի դիմացի մայթը հասած էինք, որ պատասխանեց. «Արա, օր մը դարձեալ Փարիզ պիտի գաք եւ զիս պիտի չգտնէք, թէեւ ես պիտի չըլլամ, սակայն կեանքի մէջ միշտ եղէք լաւատես»։
Փշաքաղուած, քար կտրած էի, փորձեցի այնպէս ձեւացնել, որ կարեւորութիւն չէի տար ըսածին։ Ողջագուրուեցանք եւ ճանապարհ դրաւ զիս։ Իրեն համար առաջին արտասուքս էր այդ օր՝ դէպի օդակայան երթալու ատեն թաքսիի մէջ։ Փարիզի հարաւ-արեւմուտքի Փորթ-տը-Սեն-Քլուէն կառքը պիտի մտնէր «Փերիֆերիք»։ Գետնանցումի խաւարին սրբեցի աչքիս արցունքը, մայրուղիին վրայ պատուհանը բացի, որպէսզի երեսիս օդ մը գայ։ Աչքիս առջեւ եկաւ՝ գզրոցիս մէջ պահուած իր խնամեալ ձեռագիրով այն ցաւակցականը, որ ուղարկած էր վաղամեռիկ հօրեղբօրս մահուան առթիւ։
Հիմա ալ հովը երեսիս կը փչէ, երբ կը գրեմ իրեն համար այս հրաժեշտը։ Բօթը հասաւ Փարիզէն, երբ արձակուրդի եմ այստեղ։ «Եղած եմ անցեալի մէջ Կրետէ։ Շատ լաւ կղզի մըն է, լաւ կը յիշեմ։ Նայեցէք, որ հանգչիք քիչ մը Արա, մտովին հանգչիք։ Լաւ մը լողացէք ու լաւ ժամանակ անցուցէք Այլինին հետ», մեր վերջին հեռախօսազրոյցի վերջին բաժինը այսպէս էր՝ տակաւին հազիւ երկու օր առաջ։ Լիալուսին էր մահացած օրը։ Եւ այլեւս վերջ…
Մեր իջեւանած պանդոկի համալիրէն ներս կար գողտրիկ յունական մատուռ մը։ Այլինին հետ գացինք մոմ վառեցինք իրեն համար, աղօթեցինք իր ազնիւ հոգիին համար։ Տառապանքներու դէմ վահան դարձած իր մարմինը այլեւս դաւաճանած է իրեն։ Եւ հիմա ան արդէն իմ յիշողութեան, իմ էութեան մէջ ուրիշ հարթութեան մը վրայ է, բայց ոչ երբեք անցեալ եղանակով։
Ինծի կը մնան հարցումներ… Առանց իրեն ինչպէ՞ս Փարիզ։ Ո՞ր պանդոկը պէտք է իջեւանիլ Փարիզ։ Իմ Փարիզիս ալ Նոթրը Տամը դարձաւ հրոյ ճարակ։ Երկնակամարէս սահեցաւ իր աստղը։ Փուլ եկաւ, կործանեցաւ մեր կամուրջը։ Այժմ ուրի՞շ եզր մը պէտք է գտնենք կապ հաստատելու համար։
Նստած եմ պատշգամի մը մէջ, քամին սաստիկ է, կը նայիմ դատարկ լողափը՝ ծովը ալեկոծ է ահաւոր։ Մարդ համարձակութիւն չունի մօտենալու։ Յետմիջօրէին ծառերը արմատախիլ ըլլալու վրայ են կարծես փոթորիկին պատճառով։ Ու ես կը մտածեմ՝ կեանքի մէջ միշտ լաւատես մնալու իր պատգամին մասին։ Ալիքները կը զարնեն ափ ու ես մտքերով. մէկ կողմէ դիւրին է իր պատգամածը, իսկ միւս կողմէ բարդ։ Հակասութի՞ւն՝ հերթակա՞ն, ընթացի՞կ…
Վարդան Օզինեան…
Կերպարի մը առջեւ կը խոնարհիմ, կը խաչակնքեմ այսօր։ Վերջի՞ն անգամ միթէ… Սա հրաժե՞շտ մըն է, թէ ոչ նոր սկի՞զբ մը. տակն ու վրայ է միտքս, զգացումներս՝ խառն։ Անհաւատալիի, անդիմադրելիի եւ անզօրութեան խաչմերուկին վրայ կանգնած եմ առանձին, միս մինակ, առանց քեզի մե՛ծ մարդ. ցտեսութիւն…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ