Մոլորութիւն…
Թրքահայ վարժարաններու ցանցը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Համայնքի օրակարգը ներկայիս ծանրաբեռնուած է համապատասխան խնդիրներով։ Տարիներէ ի վեր մեր համայնքը մեծ զոհողութիւններով կը պահէ թէ՛ դպրոցները եւ թէ միւս հաստատութիւնները։ Այդ կառոյցներու ցանցը ստեղծուած է այնպիսի ժամանակներուն, երբ այս քաղաքին մէջ ո՛չ միայն շատ բարձր թիւով հայեր կ՚ապրէին, այլեւ՝ քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան մէջ հայերը կը կազմէին լուրջ համեմատութիւն ու բոլոր բնագաւառներու մէջ ունէին ստուար ներկայութիւն։ Այժմ այդ ցանցը կանգուն պահուիլ կը փորձուի շուրջ մէկ երրորդ մարդուժով։ Իսկ քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան մէջ հայերը այլեւս չնչին տոկոս մը կը կազմեն։ Տասնամեակներ շարունակ նուազ մարդուժով՝ մանաւանդ դպրոցներու ցանցը կանգուն պահելու համար վիթխարի պայքար մը մղեց մեր համայնքը։ Բոլորը ջանքերը բազմապատկեցին՝ որպէսզի նոր սերունդը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն։
Խորքին մէջ, մեր կրթական համակարգի անկումը սկսաւ հայեցի դաստիարակութեան արդիւնքի տկարացումով։ Սկիզբին, տպաւորութիւնը այն էր, որ վարժարաններու գոյատեւումը կարելի էր ապահովել հայեցի դաստիարակութեան նուազ արդիւնքով, նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ սկզբունքօրէն խստապահանջ չըլլալով։ Այդպէս երկար ատեն մարդիկ վկայուեցան մեր դպրոցներէն։ Անտեսանելիօրէն լճացում մը կը խորանար կարծես։ Կաթիլները կուտակուեցան եւ այսօր մեր առջեւ ծով մարտահրաւէրներ ստեղծուած են։ Հայեցի դաստիարակութեան նուազ արդիւնքով դպրոցներէ վկայուած սերունդները կարծես ինքնանպատակ դարձուցին անոնց գոյութիւնը։ Եւ այսօր մեր առջեւ կը գտնուի տագնապի մը համայնապատկերը։ Այլեւս բազմապատկեալ ջանքեր չեն գործադրուիր մեր դպրոցներուն համար։ Համայնքին մէջ ընդհանուր պատրաստակամութիւնը զերոյական մակարդակի հասած է զոհողութեան իմաստով։ Ընդհանրապէս, կրթական համակարգի բարեփոխման վեհ նպատակին համար համագործակցութեան ոգի չի դրսեւորուիր։ Սառցալերան տեսանելի բաժինն է միայն պիւտճէի բացերու հարցը։ Բոլորը գիտեն, որ այս տարի յայտարարուած պիւտճէի բացերը դժուար թէ հաւասարակշռուին։ Անորոշ է երթը։ Դարաւոր աւանդութիւններով մեր համայնքը, որ տեսականօրէն արեւմտահայ ամբողջ ժառանգութեան իրաւայաջորդն է, մոլորութեան մէջ է։
Պատճա՞ռը… Ամէն ինչ շատ յստակ է։ Պատճառը ա՛յն է, որ հայ դպրոցը դադրած է հասարակաց արժէք համարուելէ, դադրած է որպէս առաքելութիւն ընկալուելէ։ Մարդիկ սկսած են դպրոցներու շէնքերը վերածել կուռքի, յաչս ժողովուրդին կը պաշտեն այդ շէնքերը, սակայն կը կաղայ առաքելութիւնը։ Այստեղ կը ծագի մոլորութիւնը, որ այս համայնքը կը տանի դէպի փակուղի։ Առաքելութի՞ւն, թէ՞ շէնք։
2018-2019 շրջանի վերամուտը դժբախտաբար յոռետեսութեան շրջան մը կը բնորոշէ մեր համայնքին տեսակէտէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ