Եւ հիմա… (5)
Աշխարհի որեւէ պետութիւն դժուար թէ կարողանայ անմիջապէս յաղթահարել՝ Հայաստանի այսօր մատնուածին նման խոր տագնապ մը։ Երկիրը վիթխարի ցնցումէ մը անցած է եւ նման պարագաները հրամայական կը դարձնեն պաղարիւնութիւնը, համբերութիւնը, որովհետեւ միայն աստիճանաբար կարելի է բնականոնացնել, հնարաւորինս բարելաւել կացութիւնը։ Խնդիրները խճճուած կ՚ըլլան՝ իրենց հետ բերելով բազում հակասութիւններ, իրերամերժ ստիպողութիւններ։ Մէկ կողմէ անհրաժեշտ է ճգնաժամը մանրակրկիտ ուսումնասիրել՝ տեղի տրուած սխալները չկրկնելու համար, միւս կողմէ անխուսափելի է պահու տակ որոշում տալ՝ ճակատագրական խնդիրներու շուրջ։ Տեսականն ու գործնականը հիմնովին կը հակադրուին իրարու. տագնապալի կացութեան բնորոշ երեւոյթ։ Տեսականօրէն պէտք է ժամանակ շահիլ՝ հաւանական նոր հնարաւորութիւններէն օգտուելու համար, իսկ գործնականօրէն կարելիութիւն չ՚ըլլար այդ ժամանակը շահելու։ Փակո՞ւղի, մղձաւա՞նջ…
Պետութեան մը ցնցումը, անշուշտ, տարբեր է ընկերութեան մը կամ անհատի մը սայթաքումէն։ Բացի իրմով պայմանաւորուածներէն, իրմէ անկախ լեցուն հանգամանքներ կ՚ըլլան, հասկնալիօրէն։ Այդ հանգամանքները երբեմն կը բազմապատկեն՝ առանց այդ ալ ծանր իրավիճակի դժուարութիւնները։ Երբեմն ալ անոնք կրնան հաւասարակշռել այլ բարդ երեւոյթներ՝ մանաւանդ ժամանակի չգոյութեան պայմաններուն ներքեւ հաւանական նոր հնարաւորութիւններու պակասը։ Այս բոլորի խաչմերուկին առանցքային է՝ տուեալ երկրի ղեկավարութիւնը, որ աւելի լայն ընդգրկում մը պէտք է ունենայ լոկ իշխանութեան հասկացութեան բաղդատմամբ։ Թէեւ առերեւոյթ պետութիւն, կառավարութիւն, ղեկավարութիւն, իշխանութիւն հասկացութիւնները գրեթէ նոյնացած են, սակայն տագնապի մը յաղթահարման որոնումներուն մէջ կարեւորութիւն կը ստանան անոնց վերաբերեալ նրբերանգները։ Պետութեան յարատեւման համար երբեմն նպատակայարմար կրնայ դառնալ կառավարութեան փոխուիլը՝ որքան որ ալ սովորական ժամանակներու մէջ այդ պատասխանատուութիւնը դրուած ըլլայ նոյնինքն այդ կառավարութեան ուսերուն վրայ։ Նոյն տրամաբանութեամբ՝ երբեմն կրնայ պատահիլ, որ իշխանութեան փոխուիլը օգտակար ըլլայ, որպէսզի բանի ղեկավարութիւնը։ Այս բոլորը կրնան առաջին հայեացքով շատ տեսական թուիլ, բայց, երբ պետութիւն մը կամքէն անկախ կորսնցուցած է՝ իր կողմէ վերահսկուած տարածքներուն զգալի մասը ու դարձած մնացեալ տարածքի սահմաններն ալ սեփական կարողութիւններով պաշտպանելու անընդունակութեան եզրին, ապա այդ կէտէն սկսեալ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ամէն տեսակ սահմանում։ Դժբախտաբար, ա՛յս է Հայաստանի առկայ վիճակը։
Պետութիւններու դիմագրաւած տագնապներուն մէջ, սուղ ժամանակի գործօնը բացառելով հաւանական նոր հնարաւորութիւններու պատուհան մը բանալու համար կարելի է հաշուի առնել քանի մը վարկած։ Ժողովրդավարական համակարգերու պարագային այդ գործօնը ընտրութիւնն է։ Հայաստանի համար ալ սա ի զօրու է, անշուշտ, որովհետեւ ան միշտ ձգտած է ըլլալ այդպիսի երկիր մը։ Ընտրութիւնը առիթ մըն է՝ սայթաքումի պատասխանատուութիւնը կառավարութեան վրայ դնելու, առանց պետութեան վրայ ցոլացնելու այդ մէկը։ Ընտրութիւնը առիթ մըն է՝ բարդ իրավիճակներու մէջ խուսանաւելու համար երկրի ղեկավարութեան վարկը վերականգնելու, ձախողած իշխանութեան ռիսքերու չէզոքացումով։ Եւ ի վերջոյ ընտրութիւնը առիթ մըն է՝ երկրի ժողովուրդին հնարաւորութիւն տալու, որպէսզի ամուր կամք մը արտայայտէ դէպի ապագայ ճանապարհ հարթելու համար եւ շօշափելիօրէն ցոյց տայ տագնապի հետեւանքներու համակերպած չըլլալը։ Այսպէսով պետութիւնը շարունակականութեան սկզբունքով ու միջազգային պատասխանատուութիւններու հարթութեան վրայ իրեն բաժին հասածը կը ստանձնէ, իսկ ժողովուրդին հակազդեցութիւնը լուրջ գործօն մը կը դառնայ, որպէսզի չկրկնուին այն սխալները, որոնք պատճառ դարձած են ձախողման ու ճգնաժամին։ Աւելորդ է ըսել, որ այսպիսի գործընթացները պէտք է յառաջ մղել բացառապէս ճի՛շդ ժամկէտներով։ Այլապէս, եթէ պահը մսխես, ապա ակնկալուած արդիւնքէն եւ ազդեցութենէն կը զրկուիս միանգամընդմիշտ։
Թէ ի՞նչ ցոյց կու տայ Հայաստանի համայնապատկերը այս բոլորի լոյսին տակ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ արտահերթ ընտրութիւն տեղի ունեցաւ երկրին մէջ։ 44-օրեայ մարտերու ծանր հետեւանքներէն ծնունդ առած տագնապը կարգաւորման հունի մէջ պիտի մտնէր այսպէսով։ Այժմ, շուրջ երեք ամիսէ ի վեր օրակարգը կը զբաղեցնէ այն հարցումը, թէ արտահերթ ընտրութեան առկայ, տեսանելի արդիւնքը անհրաժեշտ ենթագետինը ձեւաւորա՞ծ է ճգնաժամը յաղթահարելու համար, յոյս կը ներշնչէ՞ այս ուղղութեամբ։ Մէկ բառով՝ ո՛չ, անշուշտ, միանշանակ։ Մանրամասնենք, առանց երեւոյթները անձնաւորելու եւ հնարաւորինս չշեղելով սկզբունքային հարթութենէն։
Դուրսէն դիտուած, արտահերթ ընտրութեան արդիւնքը լաւատես պատկեր մը չի պարզեր։ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարը ստորագրած ղեկավարը այդ ստորագրութիւնը դնելէ անմիջապէս վերջ պէտք է հրաժարէր պաշտօնէն, պէտք է հրաժարէր երկրի ղեկէն։ Այդ ստորագրութիւնը մեծ պարտութիւն մը կը նշանակէ Հայաստանի տեսակէտէ։ Հետեւաբար, այդ պարտութեան տակ ստորագրութիւն դրած ղեկավարը ինքզինքը զրկած կ՚ըլլայ շարունակելու իրաւունքէն։ Պարտութիւնը այնպիսի բան մըն է, որ հիմք չի կրնար դառնալ որեւէ դրական երեւոյթի։ Պարտութիւնը կը ստորագրուի կամքէ անկախ եւ սեփական կամքէն անկախ քայլ մը առնելու, ստորագրութիւն տալու պարտաւորուած ղեկավար մը կը դադրի իր պետութեան, իր ժողովուրդի ապագան տնօրինելու լիազօրութենէն. բան մը, որ կ՚իրացուի բացառապէս իր քաղաքական կամքով։ Ընդհանրապէս, մասնաւորապէս նաեւ Հայաստանի պարագային այստեղ որեւէ նշանակութիւն չունին՝ յառաջ քշուած ենթակայական կամ առարկայական պատճառները։ Սա է պարզապէս խաղի կանոնը, որու տրամաբանական շարունակութեան շրջանակին մէջ պէտք է ամէն ինչ ընթանար որեւէ կայացած պետութեան մը պարագային։ Այդպէս չեղաւ, սակայն, Հայաստանի մէջ եւ ընդհակառակն։ Թէեւ հաշուի պէտք է առնել, որ երիտասարդ պետականութեան պարագային անգիր օրէնքներու նախընթացները կրնան ամուր խարսխուած չըլլալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, առկայ երեւոյթներու հիմնաւորումները միայն այդքանով սահմանափակելն ալ կրնայ տանիլ մակերեսայնութեան։
Այստեղ խօսքը անձ մը թիրախաւորելու, քաւութեան նոխազ մը փնտռելու չի վերաբերիր։ Եթէ նոյնիսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած բոլոր չքմեղանքները հարիւր տոկոսով արդար ըլլային, ապա, միեւնոյնն է, ան պէտք է հրաժարէր։ Այդ փաստաթուղթը ստորագրած ղեկավարը պէտք չէ ունենայ, պէտք չէ զգայ բարոյական իրաւունքը՝ երկիրը ղեկավարել շարունակելու։ Ի վերջոյ մէկը պէտք է մաքրէր «քաղաքական հաշիւը» եւ այնպէս մը մաքրէր, որ ապագան գրաւի տակ չի մնար։ Հայաստանի պարագային այդպէս չեղաւ, անկախ բոլոր պատճառներէն, հանգամանքներէն կամ հիմնաւորումներէն։ Պարտութենէն ծնունդ առած «քաղաքական հաշիւը» չէ փակուած, կախուած է օդին մէջ, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար այդ հաշիւը փակել, ի վիճակի չէ պարզապէս։ Ուշ կամ շուտ, այդ հաշիւը անպայման կը փակուի, սակայն, այդ գործը չի կրնար վիճակիլ այն ղեկավարին, որ պարտութեան, անկումի կերպեր դարձած է։ Պարտութիւնը այնպիսի բան մըն է, որուն տէր կանգնիլ կարելի չէ՝ ներառեալ այդ մէկը գործնականապէս ընդունած, նոյնիսկ ստորագրած ղեկավարը։ Պարտութենէն վեր յառնելու նախապայմաններն են համախմբումն ու կայունացումը։ Պարտութեան շուրջ ո՞վ կը համախմբուի, որ անկումի կերպարը կարողանայ կայունացման գործօնի մը վերածուիլ։
Յունիսի 20-ի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքն ալ այս բոլորի «թագն ու պսակը» եղաւ Հայաստանի տեսակէտէ։ Թէեւ Փաշինեանի վարչախումբի քարոզչամեքենան այդ ընտրութիւնն ու արդիւնքը մատուցեց՝ որպէս տագնապի յաղթահարման նախադրեալ, սակայն, սա շատ հեռու է համոզիչ ըլլալէ։ Առաջին եւ հիմնական պատճառն է՝ կանխահաս ընտրութեան ժամկէտը։ Սա արդէն ծանօթ օրինակով կը նմանի շապիկի առաջին կոճակը սխալ կոճկելու։ Ինչպէ՞ս կրնան ճիշդ կոճկուիլ միւսները։ Հրադադարի պարտութեան ստորագրման պէտք է յաջորդէր կառավարութեան հրաժարականը՝ պետութիւնը խնայելու համար։ Մինչդեռ վարչապետը ձեռնպահ մնաց եւ իր չկամութիւնը փորձեց հիմնաւորել՝ ժողովուրդը խնայելու ձգտումով։ Սա ակնյայտ ու շատ սիրողական տեմակոժի մըն էր։ Ժողովուրդի հովանին ո՛չ թէ կառավարութիւնը, այլ պետութիւնն է։ Կառավարութիւնը պետութեան գործառոյթներուն համար լոկ միջոց մըն է։ Կառավարութիւնները կու գան ու կ՚անցնին, պետութիւնն է, որ կ՚ընկալուի յաւերժ՝ որպէս այդպիսին։ Հետեւաբար, պետութիւնը անդունդի եզրին հասցուցած կառավարութենէն խեր չի կրնար գալ ժողովուրդին։ Եթէ այսպէս վարուէր, Փաշինեան թէկուզ աւելի անկեղծ կրնար համարուիլ իր պնդումներուն համար, ըստ որոնց, ինք պարտութեան պատասխանատուն է, բայց ո՛չ մեղաւորը… Վաղահաս ընտրութեան առաւել նպատակայարմար ժամկէտի խափանարարումը ունեցաւ նաեւ այլ հետեւանքներ։ Պետութեան ճակատագիրը վտանգած ղեկավար մը ո՞ր բարոյական իրաւունքով կրնար շարունակել պաշտօնավարել եւ ընթացքին ալ ուղղութիւն տալ երկրի պատմութեան ամենաճակատագրական ընտրութեան։ Այդ բախտորոշ քուէարկութեան բնականոն ընթացքին համար երաշխի՞ք, թէ խոչընդոտ մըն էր ան։ Ճիշդ է, որ անկումի, ցնցումի պահուն քաղաքացիները քուէատուփի մօտ առաջնորդելը նպատակայարմար չէր։ Խուճապի մէջ քուէարկելը հաւաքական առողջ դատողութեան լաւագոյն դրսեւորումը կրնար խոչընդոտել։ Այդ վտանգը կանխելու համար անցումային շրջան մը անհրաժեշտ էր, զերծ պարտութիւն մարմնաւորած կառավարութեան ազդեցութենէն։ Ընդդիմութեան այս պահանջը Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ վիժեցուեցաւ՝ անցեալի ընտրակեղծիքներու վերաբերեալ զգայնութիւններու արհեստական բորբոքումով։ Արդարեւ, երբ բանակդ դարձուցած ես երկրիդ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու անկարող, այլեւս իմաստ չունի, որ «ժողովրդավարութեան առաքեալ» ձեւացնես։ Նոյնիսկ այդ կէտէն սկսեալ չես կրնար խօսիլ, թէ այդ գործը պիտի կարողանա՞ն ընել անոնք, որոնք քեզի պիտի յաջորդեն։ Այդ թէժ կացութեան մէջ պէտք է յարգես խաղի պայմանները։ Օրհասական պահուն նպատակայարմար ժամկէտներու մէջ եւ համապատասխան պայմաններով ընտրութեան մը կազմակերպումը յապաղեցնելով՝ Հայաստանի իշխանութիւնը ապակողմնորոշած է ժողովուրդը։ Առ երեւոյթ մերժելի համարածը գործնականօրէն ընդունելի դարձուցած է իրեն համար։ Ընտրութենէն անմիջապէս վերջ այս բոլորի մատնանշումը, հասկնալիօրէն, վարչախումբի քարոզչամեքենային կողմէ այնպէս կը մատուցուէր, թէ ընդդիմութիւնը կը նախանձի իշխանութեան յաղթանակը։ Յամենայնդէպս, արդէն ամիսներ անց, այս բոլորը ինքնաբերաբար կը վերահաստատուին եւ կանխահաս ընտրութեան արդիւնքը ժամանակի ընթացքին հետզհետէ կը նկատուի թերարժէք։
Իշխանութեան յամառութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նահատակներու արեան հաշուոյն ահաւոր նախընտրական քարոզարշաւ մը ընթանայ։ Իր բնոյթով, ընտրութիւն մը կ՚ենթադրէ պայքար, մրցակցութիւն. բան մը, որու կարիքը չէր կրնար ըլլալ համախմբման անհրաժեշտութեան պահուն։ Այսինքն իշխանութեան համար հասարակութեան բեւեռացումը, պառակտումը հանդուրժելի եղաւ՝ իր վերարտադրութեան հասնելու ճանապարհին։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշեցինք, արդէն մեծաւ մասամբ կորսուած Արցախը բացարձակ արժէքի մը չէր վերածուած Հայաստանի մէջ՝ ճղճիմ ներքին քաշքշուքներու հետեւանքով։ Ճիշդ այսպէս, վաղահաս ընտրութեան գործընթացի մարտավարութիւնով՝ իշխանութիւնը խոչընդոտեց, որ նահատակներու յիշատակը դառնայ հասարակաց յայտարար, միանշանակ արժէք։ Յամենայնդէպս, իշխանութիւն ըլլալու կամ մնալու յաւակնութիւնը շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը կ՚ենթադրէ այս ուղղութեամբ։ Սա առարկայական ձեւով կրնայ նկատուիլ դուրսէն, ոեւէ օտարի կողմէ։ Խօսքը չի վերաբերիր հայկական զգացականութեան կամ ազգային արժանապատուութեան։ Տարրական բարոյականութեան նիւթ մըն է այս մէկը։ Ընտրութեան արդիւնքն ալ կարելի չէ մեկնաբանել այլ ձեւով. ժողովուրդը մարսած է պատերազմի մեծ պարտութիւնը, հաշտուած է ձախողումին հետ, համակերպած է բոլոր հետեւանքներուն։ Մարդիկ անտարբեր են այն սպառնալիքներուն, որոնք պետականութեան գոյութեան առջեւ ստեղծուած են։ Պոռթկում մը խնդրոյ առարկայ չէ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի կողմէ թոյլ տրուած տկարութիւններուն դէմ՝ ներառեալ գերիներու ճակատագիրն ու մանաւանդ՝ սահմաններու դէմ ոտնձգութիւնները։ Ու տակաւին դառն է հետեւցնել, որ ընտրութիւններու արդիւնքը հաւանութիւն մըն է, որպէսզի վերարտադրուած իշխանութիւնը շարունակէ նոյն ճանապարհով, անկաշկանդ ու անհեռատես նոր զիջումներ կարողանայ ընել։ Առնուազն նման ակնկալութիւն մը ինքնաբերաբար կրնայ յառաջանալ բոլոր անոնց մօտ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ներգրաւուած են յետպատերազմեան գործընթացներուն։ Շատ յատկանշական է, որ ընտրողներու կէսը չէ մասնակցած ընտրութեան, ինչ որ աններելի սխալ մըն է, բայց նաեւ անանտեսելի ահազանգ մը։ Պէտք չէ թոյլ տալ, որ կառավարութեան քմահաճութիւնները խախտեն պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը, թերահաւատութիւն յառաջացնեն անոր կառոյցներուն եւ մանաւանդ՝ ապագային հանդէպ։ Իսկ մնացեալ կէսի գերակշիռ մասը ըսել ուզած է, որ այդքան ալ հոգը չէ կորսուածը եւ կ՚ուզէ մնացածին մէջ լաւ ապրիլ։ Նոյնիսկ սա գործնականօրէն անհնար է՝ անկումի խորհրդանշան դարձած իշխանութեան վերարտադրումով։
Ամենատխուրն ու ամենամտահոգիչն է, որ առկայ ճակատագրական պահուն նման զգայացունց նախընտրութիւն մը կատարած մարդիկ վաղը կրնան արտագաղթի ճանապարհը բռնել։ Քաղաքացին ալ պէտք է գիտակցի իր պատասխանատուութեան, անտարակոյս։ Ժողովուրդի կողմնորոշումը վերէն դիտելու հովեր առնելով քննադատելը, միանշանակ, ազնիւ չէ։ Բայց, յարգելով բոլորի մօտեցումները, նաեւ բոլորի ակնկալութիւնները, պէտք է համաձայնիլ, որ այս ընտրութիւններուն առողջ կողմնորոշուելու հնարաւորութիւնն ալ զլացուած էր քաղաքացիներէն։ Անհատներու խղճի մղումով տրուած քուէներուն հանրագումարը կը վերագրուի հաւաքական դատողութեան մը արդիւնքին։ Սա շատ պարզ է ու հասկնալի։ Այստեղ աւելի բարդ է՝ անկախութեան շուրջ երեք տասնամեակին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ ընտրութիւններուն քուէարկելու ժամանակ որդեգրած չափանիշներուն ներթափանցելը։ Ըսել, որ բոլոր ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծուած են՝ կը նշանակէ գլուխը աւազին մէջ թաղել։ Արդարեւ, կան նաեւ անանտեսելի ուրիշ հարցեր։ Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմնորոշման չափանիշները, հակազդեցութիւններուն դրդապատճառները եւ «ռեֆլեքս»ներուն հենքը խորաթափանց պէտք է ընկալել՝ անոր հաւաքական դատողութեան վրայ առաւել յոյս դնելու եւ անոր հաւաքական կամքէն ցոլացած պատգամը քաղաքացիական գիտակցութեան պրիսմակով առաւել նպատակասլաց հասկնալու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ