Նոր շրջան, նոր որոնումներ - 2
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկար ատենէ ի վեր կ՚ընթանայ համայնքային հաստատութիւններու հունին մէջ։ Այսօրուան մեր կառավարման համակարգը թէեւ ժառանգուած է 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգէն, սակայն ներկայ կացութիւնը բաւական տարբեր է։ Ազգային Սահմանադրութեան նախատեսուած համակարգը, ըստ էութեան, հաւաքականութիւն մը, զանգուած մը կառավարելու ուղղուած էր։ Օսմանեան ազգերու համակարգին մէջ առանձին, ինքնուրոյն տարր մը կը հանդիսանային հայերը եւ անոնց կառավարումը յստակ դրութիւնով մը կը կատարուէր՝ մանաւանդ, որ այդ զանգուածը ամբողջ կայսրութեան տարածքին մէջ էր։ Թէոքրատական օսմանեան պետութիւնը տարբե՛ր դաւանանքէ հպատակները կառավարելու իրաւունք մը սահմանած էր, սակայն մեր օրերուն ձեւաւորուած իմաստով՝ փոքրամասնական հաւաքականութիւն մը կառավարելու մասին չէր խօսքը։
Այսօր թէեւ Ազգային Սահմանադրութիւնը կը ներշնչէ համայնքի ղեկավարման դրութիւնը, սակայն պարագաները բոլորովին փոխուած են։ Թրքահայութեան կեանքը առաւել չափով կ՚ընթանայ իր ազգային-եկեղեցական հաստատութիւններու, բարենպատակ կառոյցներու հունին մէջ։ Ձեւով մը, համայնքի ընդհանուր կառավարումը հաւասարած է հաստատութիւններ կառավարելու՝ մարդկային հաւաքականութիւն մը, ուրոյն ստորոգելիներով զանգուած մը ղեկավարելէ անդին։ Երբ մեր համայնքը այսօր կը ջանայ վարչակազմակերպչական բարեփոխումներ իրականացնել, այս հանգամանքը պէտք է անպայման հաշուի առնել առարկայականօրէն։ Անշուշտ, որ համայնքի ղեկավարում ըսուածը անկարելի է հաւասարեցնել լոկ հաստատութիւններու կառավարման, սակայն մերօրեայ իրողութիւնները եկած հասած են այս կէտին։
Գումգաբուի համայնքային լայնախարիսխ վերջին խորհրդակցութեան ընթացքին ծաւալուած քննարկումներուն տեսակէտէ այս բոլորը ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը վերջին շրջանին միշտ շեշտը կը դնէ համայնքային առկայ խնդիրներուն գործնական լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Այդ գործնականութեան նախադրեալներէն մին է համայնքի կառավարման համակարգի բարեփոխման վերագրուած իմաստը։ Ներկայ որոնումները շօշափելի յաջողութեան մը վերածելու համար պէտք է լաւ ըմբռնել այսօրուան իրավիճակը։
Համայնքային հաստատութիւններու արդիւնաւէտ կառավարումը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան գրաւականն է։ Եթէ այդ կենսունակութիւնը ծնունդ տայ նոր արդիւնաւէտութեան մը, ապա համայնքային հաստատութիւններու ձգողականութիւնն ալ պիտի բարձրանայ էապէս։ Ժողովուրդի, զանգուածի մը կառավարման տեսակէտէ յառաջացած դժուարութիւնները թէկուզ ժամանակի ընթացքին կրնան յաղթահարուիլ՝ շնորհիւ այդ ձգողականութեան, որ համախմբման գործօն մը կրնայ դասուիլ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024