Գոնէ այս փուլին

Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան առկախեալ խնդրին շուրջ իւրաքանչիւր իրադարձութիւն դարձած է դէպքի մը համազօր։ Արդէն ինն տարիէ ի վեր կը սպասուի նոր կանոնադրութեան մը հրապարակման։ Վարչայինները յոգնած են ու մաշած, իսկ համայնքները՝ յուսախաբ եւ անհամբեր։ Այս պահուն փապուղիի ծայրամասի լոյսն է՝ որոշ ժամանակ առաջ նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած վերահաստատումը, թէ այս հարցը պիտի լուծուի։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրսոյն ալ յաջորդ քայլափոխին խորհրդարանէն ներս քննարկումի մը ժամանակ այս հարցի լուծման անդրադարձած էր՝ ենթադրեալ ժամկէտի մը նշումով։ Երկարատեւ եւ անհասկնալի սպասման մթնոլորտին մէջ, համայնքները հակուած են այնպէս տրամաբանել, որ պետութեան գլխաւոր դէմքի բերնով հնչածը օդին մէջ չի մնար, ուստի լուծում մը կը գտնուի ի վերջոյ՝ ուշ լինի, անուշ լինի մօտեցումով։

Շաբաթավերջի իրադարձութիւնները այս խնդիրը դարձեալ թիւ մէկ հարց դարձուցին թրքահայ համայնքային օրակարգին վրայ։ Փոխ-նախարարի կողմէ գլխաւորուած բարձրաստիճան դիւանակալներու շփումները վերակենդանացուցին յոյսերը։ Պատրիարքարանի եւ հիւանդանոցի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումները, հասկնալիօրէն, զուսպ են ու սահմանափակ։ Պարզ է, որ դժուար է հրապարակումներ ընել այսպիսի բարդ գործընթացի մը մասին, որ տակաւին նոր խմորումներու ալ բաց է։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը ասուլիսի մը ժամանակ միջոց մը առաջ շատ ճիշդ բացատրած էր իրավիճակը. համայնքը սպասուած նոր կանոնադրութեան հրապարակման յապաղման պատճառներէն տեղեակ չէ, որ կարողանայ զանոնք վերացնել՝ թէկուզ իրեն բաժին վիճակած չափով։ Քանի որ այդ իրավիճակը չէ փոխուած՝ այժմ շատ հասկնալի է պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ նկատուած ժլատութիւնը, ինչ որ ինքնին վերապահութեան մը, զգուշութեան մը ազդանշանն է։

Մետայլի միւս երեսակին այս գործընթացին վերաբերեալ լեցուն լսումներ շրջանառութեան մէջ մտած են համայնքէն ներս։ Սա եւս հասկնալի է, երբ պաշտօնական տուեալները կը պակսին։ Բայց եւ այնպէս, սա այն հազուադէպ պարագաներէն է, երբ պաշտօնական աղբիւրներու զուսպ ոճը կարելի է արդարացնել։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ողողուած է զանազան վարկածներով կամ խօսակցութիւններով, թէ ընտրական՝ այդքան սպասուած նոր կանոնադրութիւնը ի՞նչ պիտի բերէ կամ ի՞նչ պիտի տանի, այսինքն ի՞նչ պիտի փոխէ։ Այդ վառ հետաքրքրութիւնը, բնականաբար, հասկնալի է, սակայն, այդ կէտին վրայ կը յառաջանայ ուրիշ հրամայական մը։ Նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը, ըստ երեւոյթին, որոշ չափով հասունցած է, սակայն, տակաւին չէ աւարտած վերջնականօրէն։ Հետեւաբար, երբ ներքին խոհանոցային աշխատանքները կը շարունակուին, համայնքային շրջանակներու հետաքրքրութենէն բխած խօսակցութիւնները պէտք չէ, որ յանկարծ ռիսքեր ստեղծեն վերջնական նպատակին համար։

Այժմու իրավիճակը կը ծնի հիմնական առաջնահերթութիւն մը։ Համայնքային շրջանակները բոլոր հարթութիւններու վրայ, բոլոր մակարդակի շփումներու ընթացքին եւ բոլոր լծակներու միջոցաւ պէտք է միահամուռ ձեւով արտայայտեն հիմնական սկզբունքներով պայմանաւորուած սպասումներ։

Նոր կանոնադրութիւնով հաշուի պէտք է առնուին փոքրամասնական իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատկութիւնները։ Նոր ընտրական համակարգը պէտք է ըլլայ կատարելագործուած ու ներառական՝ մանաւանդ, որ պէտք է արդարացնէ այս ինն տարուան երկար սպասումը։ Նոր դրութիւնը պէտք է ապահովէ, որ համայնքի հաւաքական կամքը առաւելագոյնս ցոլանայ քուէատուփին եւ ընտրութեան արդիւնքը արդարանայ հանրութեան խղճին մօտ։ Եւ ի վերջոյ, նոր կանոնադրութիւնով յստակ ու շօշափելիօրէն երաշխաւորուած պէտք է ըլլան՝ համայնքի հաւաքական ունեցուածքի արդիւնաւէտ ու հաւաքական շահերու համահունչ տնօրինման եղանակները։

Ընտրութեան առկախեալ հարցին լուծումը, թոյլտուութիւնը, անշուշտ, պիտի գայ պետութենէն, սակայն, մինչեւ այսօր մեր համայնքն ալ թերացած է՝ իրմէ կախեալ բաժնին մէջ։ Գոնէ այս փուլին այլեւս կարելի ըլլայ հասնիլ առաւել չափով լայնախարիսխ ներքին համաձայնութեան մը... Տեսնենք:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022