ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՀԱՇՈՒԱՐԿ

Քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ կան բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քը կա­խում ու­նի յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-էն։ Բազ­մա­թիւ են այն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պայ­մա­նա­ւո­րուած են Ապ­րի­լի 24-ին ապ­րուե­լիք­նե­րով։ Այս տա­րի, սա­կայն, բա­ցա­ռա­բար ու­րիշ նիւթ մըն ալ ե­կած է ա­ւել­նալ այդ ցու­ցա­կին վրայ։ Հա­մայն­քա­յին կեան­քին վե­րա­բե­րեալ էա­կան խնդրի մը կը վե­րա­բե­րի խօս­քը։ Թէեւ թրքա­հա­յու­թեան ներ­քին հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թաց­նե­րը առ­հա­սա­րակ կը տա­րան­ջա­տուին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն, սա­կայն այս տա­րուան ար­տա­սո­վոր մի­ջա­վայ­րին մէջ բա­ցա­ռու­թիւն մը գո­յա­ցած է սոյն բնա­գա­ւա­ռին շրջագ­ծով։ Այս վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց Ապ­րի­լի 24-էն վերջ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը շարժ­ման պի­տի անց­նի նոր գա­հա­կա­լի մը ընտ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Ակն­յայտ է, որ վեր­ջին եօթ-ութ տա­րի­նե­րուն Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը հրա­տապ դար­ձած է թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Քննար­կում­նե­րը, նաեւ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ պա­հանջ­նե­րը գե­տի նման կը վա­րա­րին ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ։ Սա բնա­կա­նա­բար լոկ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ, այլ նաեւ՝ գոր­ծըն­թա­ցի մը ան­խու­սա­փե­լի հա­սու­նա­ցու­մը։

Ե­թէ վեր­յի­շենք միա­յին վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ապ­րուած­նե­րը, ա­պա կրնանք են­թադ­րել, թէ հար­ցը վերջ­նա­կա­նօ­րէն սառ­նա­դա­րա­նին մէջ չի գտնուիր, այլ նաեւ հան­րա­յին կար­ծի­քի աչ­քէն հե­ռու կ՚ապ­րուին ո­րոշ զար­գա­ցում­ներ։

Ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Հա­մայն­քա­յին վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կին (VADİP) կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լած էր Պատ­րիար­քա­րան՝ քննար­կե­լու հա­մար ընտ­րու­թեան խնդի­րը։ Տե­սակ­ցու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն մի­ջեւ։ Ներ­կայ էին նաեւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը։ Հան­դի­պու­մէն վերջ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս խօ­սած էին շարք մը նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու շուրջ։ Կարճ ժա­մա­նակ վերջ, այս ան­գամ տա­րե­մու­տին, Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը դար­ձեալ խօ­սած էր նոյն նիւ­թին շուրջ՝ քիչ մը ա­ւե­լի յստակ կամ քիչ մը ա­ւե­լի ման­րա­մասն։ Թէեւ կա­յին գործ­նա­կա­նու­թեան ազ­դան­շան­ներ, սա­կայն ա­րա­գու­թեան ա­ռու­մով չար­դա­րա­ցան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Քա­նի մը շա­բաթ վերջ, այս ան­գամ Ան­գա­րա­յի մէջ, նոյն խնդրին անդ­րա­դարձ կա-­տա­րուած էր Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի եւ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց աշ­խար­հա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ընթ­րի­քին ժա­մա­նակ։ Հուսկ, VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վին տե­ւո­ղու­թեան Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած էր նոյն խնդի­րը եւ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մտա­դիր էր այս հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ շարժ­ման անց­նիլ Ապ­րի­լի 24-էն վերջ։ Ժո­ղո­վա­կան­ներն ալ հա­ւա­նու­թիւն տուած էին այդ նա­խընտ­րու­թեան։ Ան­տա­րա­կոյս, սա տրա­մա­բա­նա­կան, ի­րա­տես մօ­տե­ցում մըն էր, ո­րով­հե­տեւ 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ այն­պի­սի պայ­ման­ներ ստեղ­ծուած են, որ հա­յոց հետ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի ա­ռըն­չա­կից ա­մէն ինչ կա­խեալ դար­ձած է Ապ­րի­լի 24-էն։

Ու­րեմն, Ապ­րի­լի 24-ի ճիշդ նա­խօ­րեա­կին Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ զրու­ցե­ցինք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Որ­քան որ ալ ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գը ըլ­լայ յա­գե­ցած, որ­քան որ ալ հա­մայն­քա­յին կեան­քը ծան­րա­բեռ­նուած ըլ­լայ բա­զում նիւ­թե­րով, մենք նա­խընտ­րե­ցինք զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նա­խա­պա­տուու­թիւն ըն­ծա­յել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը այս կա­պակ­ցու­թեամբ ամ­փո­փեց այս նիւ­թին ա­ռըն­չու­թեամբ ցարդ խօ­սուած­նե­րը։ Ան ը­սաւ, որ Ապ­րի­լի 24-էն վերջ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ընտ­րու­թեան հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ շարժ­ման պի­տի անց­նի եւ յաչս պե­տու­թեան պի­տի կա­տա­րուին պատ­կան դի­մում­նե­րը։

Թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի ըն­թա­նան նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տանք­նե­րը։ Կան­խաւ ը­սենք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կողմ­նա­կից չէ ժա­մա­նա­կա­ւոր, օ­րը փրկե­լու հե­տա­մուտ կար­գադ­րու­թիւն­ներ ը­նե­լու։ Ընդ­հա­կա­ռակն, վեր­ջին եօթ-ութ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ապ­րուած­նե­րուն փոր­ձա­ռու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նը կը ձգտի ար­ժե­ւո­րել եր­կա­րա­ժամ­կէտ լու­ծում­նե­րու հաս­նե­լու, հե­ռահար նպա­տակ­ներ կեան­քի կո­չե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս­պէս, ինչ­պէս Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թե­նէն վերջ ալ գրած էինք՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ, Պատ­րիար­քա­րա­նը պատ­րաս­տած է կա­նո­նադ­րու­թեան մը նա­խա­գի­ծը։ Երբ Ա­թո­ռի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի սահ­ման­ման խնդի­րը տա­կա­ւին կը մնայ ան­լոյծ, մշա­կուած այս կա­նո­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը կրնայ լուծ­ման հե­ռան­կար մը ըն­ձե­ռել՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու հանգ­րուա­նին ապ­րուած շփո­թու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կան­խա­տե­սե­լի, կա­նո­նա­կար­գուած հու­նի մը մէջ դնե­լու ի­մաս­տով։

Ըստ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, նա­խա­գի­ծը պատ­րաս­տուած է՝ հիմք ըն­դու­նե­լով 1836 թուա­կա­նի Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Կմախ­քի պատ­րաս­տու­թեան հանգրուան­նե­րուն, մաս­նա­գի­տա­կան ա­ռու­մով, աշ­խա­տանք տա­րուած է նաեւ ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ։ Ա­ռանց­քա­յին նո­րու­թիւն­նե­րէն մին այն է, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ այս նա­խագ­ծին մէջ նա­խա­տե­սուած են նաեւ աշ­խար­հա­կան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հե­ռանկար­ներ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով՝ Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը դար­ձեալ գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ մշտա­պէս եւ բա­ցա­ռա­պէս պի­տի գու­մա­րուի՝ միայն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ։ Ան հա­մո­զուած է, որ այ­-սօրուան քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, պատ­կան մար­մին­նե­րուն պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան աս­տի­ճա­նէն դա­տե­լով՝ ա­նի­մաստ է նման պա­հանջ մը յա­ռաջ քշել, ո­րով­հե­տեւ դժուար թէ ըն­թացք տրուի։

Բայց եւ այն­պէս, նոր նա­խա­գի­ծը կը նա­խա­տե­սէ աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ մարմ­նի մը ընտ­րու­թիւ­նը։ Այս­պէս, պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ, Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը պի­տի ընտ­րէ ինչ­պէս Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին կազ­մը, այն­պէս ալ Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը։ Այս վեր­ջի­նը, ծա­նօթ է, որ 1863 թուա­կիր Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած մար­մին մըն է ար­դէն։ Յա­ռա­ջի­կա­յին, երբ յա­ռա­ջա­նայ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն, օ­րուան պատ­րիար­քը նշա­նա­կո­վի ձե­ւով պի­տի կա­րե­նայ հա­մալ­րել ինչ­պէս Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին կազ­մը, այն­պէս ալ Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը։ Սա հա­մա­հունչ է Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին ստեղ­ծուած նա­խըն­թաց­նե­րուն։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս բո­լոր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ ընդգ­ծեց, որ ա­ռա­ջին հեր­թին սոյն կա­նո­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը պի­տի յղուի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ման եւ ա­նոր հա­ւա­նա­կան վա­ւե­րա­ցու­մէն վերջ է, որ դի­մում պի­տի կա­տա­րուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու նպա­տա­կով։ Ապ­րի­լի 24-էն վերջ, կա­նո­նադ­րու­թեան մշա­կուած նա­խա­գի­ծը պի­տի յանձ­նուի թէ՛ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ թէ զու­գա­հե­ռա­բար՝ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան՝ որ­պէս­զի ա­նոնք հաս­տա­տեն զայն։

Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին խօս­քե­րով, թէեւ Պատ­րիար­քա­րա­նը Ապ­րի­լի 24-էն վերջ այդ նա­խա­գի­ծը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ պե­տու­թեան, սա­կայն ի­րենք կը գի­տակ­ցին նաեւ, որ Յու­նի­սի 7-ին նա­խա­տե­սուած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներն ալ պի­տի ու­նե­նան ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ այս հար­ցին վրայ։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս գոր­ծի գլուխ կը գտնուի ժա­մա­նա­կա­ւոր ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար մը։ Ի­րենք թէեւ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն դի­մու­մը կամ պի­տի յանձ­նեն նա­խա­գի­ծը, սա­կայն կը գի­տակ­ցին, թէ քննար­կում­ներն ու հա­ւա­նա­կան վա­ւե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի սկսին նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մէն վերջ։ Ի դէպ, այս­տեղ անբ­նա­կան բան չկայ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մի­ջան­կեալ ձե­ւով ա­ւել­ցուց, որ նման սպաս­ման շրջան մը կ՚են­թադ­րուի նաեւ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու յե­տաձգեալ ընտ­րու­թեանց խնդրին լուծ­ման հա­մար։ Այս ուղ­ղու­թեամբ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճանն ալ ու­նի նման կան­խա­տե­սում­ներ։

«ՅՈՎԱԿԻՄ 1461»

Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի սահ­ման­ման հար­ցին ան­լոյծ մնա­լը, ան­շուշտ, դժուա­րու­թիւն­ներ չի յա­ռա­ջաց­ներ միայն ընտ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն, այլ ընդ­հան­րա­պէս Ա­թո­ռը կ՚են­թար­կուի կաշ­կան­դում­նե­րու։ Այս ծի­րէն ներս, ըն­թա­ցիկ բա­զում խնդիր­նե­րու հա­մար, թէ­կուզ մի­ջան­կեալ լու­ծում­ներ գտնե­լու հա­մար կը գոր­ծադ­րուին բազ­մա­կող­մա­նի ջան­քեր։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս նոյն շրջագ­ծին մէջ կանգ ա­ռաւ նաեւ «Յո­վա­կիմ 1461» կո­չեալ նո­րաս­տեղծ հիմ­նար­կին (վա­գը­ֆին) վրայ։ Այս վեր­ջի­նը հիմ­նուած է Քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն։ Հիմ­նա­դիր-բա­րե­րա­րը հան­դի­սա­ցած է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ իր սե­փա­կան կա­լուա­ծը կտա­կած է՝ այս հիմ­նար­կի հաս­տա­տու­մը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տուած են անհ­րա­ժեշտ ո­րո­շու­մը, իսկ ներ­կա­յիս կը սպա­սուի այդ ո­րոշ­ման Պաշ­տօ­նա­թեր­թի մէջ հրա­պա­րակ­ման։ Օ­րէնսդ­րա­կան պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ պատ­րաս­տուած է «Յո­վա­կիմ 1461»ի կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը։ Երբ որ այս հիմ­նար­կը սկսի գոր­ծել պաշ­տօ­նա­պէս, ա­պա Պատ­րիար­քա­րա­նը պի­տի կա­րե­նայ ըն­դու­նիլ կտակ­ներ, ինչ որ նոր հա­սոյթ­նե­րու, հե­տե­ւա­բար նաեւ առ­կայ ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հե­ռան­կար­ներ պի­տի ու­րուագ­ծէ Ա­թո­ռին առ­ջեւ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, Պատ­րիար­քա­րա­նը Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հետ պի­տի աշ­խա­տի՝ տեղ­ւոյն եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի ար­ժե­ւոր­ման հա­մար։ Ազ­դան­շան­ներ կան նաեւ այլ կտակ­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար։

«Յո­վա­կիմ 1461»ի հիմ­նադ­րու­թեան հա­մար թէեւ վիթ­խա­րի գործ մը տես­նուած է, սա­կայն ըստ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, երբ որ Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը լու­ծուի, ա­պա այս հիմ­նար­կը պի­տի լու­ծա­րուի, ո­րով­հե­տեւ պի­տի դադ­րի անհ­րա­ժեշտ ըլ­լա­լէ։

ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՊՐԻԼԻ 24-ԻՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ զրուցելու ընթացքին հարց տուինք նաեւ, թէ համայնքէն ներս ի՞նչ պիտի ըլլայ այս Ուրբաթ՝ Ապրիլի 24-ին։ Ս. Զատկի շրջանէն սկսեալ թէեւ Նորին Սրբազնութիւնը զանազան առիթներով տուած էր շարք մը բացատրութիւններ, սակայն իրմէ ուզեցինք իմանալ, թէ ինչպիսի հունի մը մէջ կը հասուննան նախապատրաստական աշխատանքները։

Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հարցը նուրբ բնոյթ մը կը ստանայ այն առումով, որ յառաջիկայ Ապրիլի 23-ին 1915-ի նահատակները պիտի սրբադասուին եւ այդ հանգրուանէն սկսեալ եկեղեցական առումով կարգ մը նրբութիւններ խնդրոյ առարկայ պիտի դառնան ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Արդարեւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդու-թիւններով ու վարդապետութեամբ՝ սուրբերուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն չի կատարուիր, այլ կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնեց, թէ մեր Պատ-րիարքարանը ունի ինքնուրոյն դիրք մը եւ այդ հանգա-մանքով պայմանաւորուած ամէն տեսակ մանրամասնու-թիւն իր կողմէ բացատրուած է Գերագոյն հոգեւոր խոր-հուրդի վերջին նստաշրջանին ընթացքին, որ անցեալ Մեծ պահոց սկիզբին տեղի ունեցած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքերով, Պատրիարքական Աթոռը ըստ հետեւեալի կը բանաձեւէ իր վերաբերմունքը յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին համար.

«Ծա­նօթ է մեր ժո­ղո­վուր­դին, թէ Ս. Զատ­կի Կի­րա­կիէն սկսեալ քա­ռա­սուն օ­րեր ա­մէն օր կ­՚ապ­րինք զատ­կա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը եւ կը գո­վեր­գենք Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թիւ­նը։  Այս շրջա­նին կը հա­մընկ­նի Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի վասն հա­ւա­տոյ զո­հուած եւ Ապրիլի 23-ին սրբադասուելիք նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թիւ­նը։

«Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ՝ 24 Ապ­րիլ 2015, Ուր­բաթ, Ի. Օր Յի­նանց, Ս. Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցուի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մեր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ։ Պի­տի մա­տու­ցա­նենք Ս. Պա­տա­րա­գը եւ պի­տի տանք օ­րուան պատ­գա­մը։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց պիտի մաս­նակ­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի միա­բան­նե­րը, քա­հա­նա­յից եւ սար­կա­ւա­գաց դա­սե­րը։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը պիտի կա­տա­րուին  իսթանպու­լա­հայ դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ միա­ցեալ կազ­մի մը կող­մէ՝ Կո­մի­տա­սեան բազ­մա­ձայն ե­ղա­նա­կաւ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի։

«Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն պի­տի կա­տա­րուի ի Տէր ննջած եւ ոչ-սրբա­դա­սեալ հան­գու­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

«Կը հա­ւա­տանք, թէ սրբոց յի­շա­տա­կին հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջո­ցը Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տու­ցումն է։ Ուս­տի,  մեր հա­մայն­քա­յին եւ թա­ղա­յին պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը սի­րով կը հրա­ւի­րուի  մաս­նակ­ցե­լու Ս. Պա­տա­րա­գին, փա­ռա­բա­նե­լու մեր Տի­րոջ եւ Փրկչին Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը եւ  Ս. Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սին ընդ­մէ­ջէն ա­ղօթք­նե­րով հա­ղորդ դառ­նա­լու մեր հան­գու­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կին»։

ՎԵ­ՀԱ­ՓԱՌ ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԻ ԴԷ­ՊԻ ՎԱՆ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԵԱՆ ՊԱ­ՐԱ­ԳԱՆ ՊԻՏԻ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ ՄԱՅԻՍԻՆ

Տա­րե­մու­տէն ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ են, 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի դէ­պի Վան այ­ցե­լու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին լու­րե­րը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են լսում­ներ, ըստ ո­րոնց Սեպ­տեմ­բե­րին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կրնայ պա­տա­րա­գել Վա­նայ լճի Աղ­թա­մար կղզիի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ ան­պա­տե­հու­թիւն չեն նկա­տած նման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մը շուրջ։ Ե­թէ ծրա­գի­րը գործ­նա­կան փուլ թե­ւա­կո­խէ, ա­պա իր պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րին հի­ման վրայ պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ։ Յա­մե­նայն­դէպս, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի դէ­պի Վան հա­ւա­նա­կան այ­ցի պա­րա­գան պի­տի յստա­կա­նայ յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ՐԱ­ՆԻ ՀԱ­ՄԱ­ԼԻ­ՐԷՆ ՆԵՐՍ ՉՈՐՍ ՆՈՐ ՀԻՒ­ՐԱ­ՍԵ­ՆԵԱԿ

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մե­զի յայտ­նեց, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջերս կա­ռու­ցուած է չորս նոր հիւ­րա­սե­նեակ։ Ճար­տա­րա­պետ Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօ­զի աշ­խա­տան­քով կեան­քի կո­չուած է այս շի­նա­րա­րա­կան ծրա­գի­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի պար­տէ­զին ե­տե­ւը գտնուող շէն­քի պատշ­գա­մը ար­ժե­ւո­րե­լով ա­պա­հո­ված են այս չորս նոր հիւ­րա­սե­նեակ­նե­րը, ո­րոնք օ­ժտուած են անհ­րա­ժեշտ բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով։

Ա­մառ­նա­մու­տին կը ծրագ­րուի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պել ու նոյն առ­թիւ մե­ծա­րել նաեւ բա­րե­րար­նե­րը։

ՄԱ­ՆՈՒ­ԿԵԱՆ ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ԱՆ­ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ ԹՈ­ՂԱԾ Է Ա­ՐԱՄ ԱՐՔ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱ­ՆԻ ՆԱ­ՄԱ­ԿԸ
Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հաս­ցէագ­րուած ա­մօ­թա­լի նա­մա­կին բե­րու­մով, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ մաս­նակ­ցած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Մա­նու­կեան Պատ­րիար­քին դէմ բարձ­րա­ցուած բո­ղո­քի ձայ­նին։ «Ես ալ նա­մակ մը ու­ղար­կե­ցի Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քին՝ ուղ­ղե­լով խա­ղա­ղու­թեան կոչ։ Եղ­բայ­րա­կան նա­մակ մըն էր, սա­կայն ան թո­ղուց ան­պա­տաս­խան։ Նիւ­թը մնաց մեր ե­րե­քին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, պատ­րիար­քին եւ իմ մի­ջեւ», ը­սաւ սրբազանը մե­զի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015