Փրոֆ. Թանէր Աքչամի կողմէ Երեւանի մէջ արտայայտուած մօտեցումները (1)
Փրոֆ. Թանէր Աքչամ հայկական հարցի պարագային այլընտրանքային համոզումներու տէր թուրք պատմաբան մըն է։ Այդ համոզումները էապէս կը տարբերին թրքական պաշտօնական թեզերէն ու նոյնիսկ կը հակադրուին անոնց։ Յայտնի գիտնականը երկար տարիներէ ի վեր մանրամասն պրպտումներ կ՚ընէ այս խնդրին շուրջ ու խորաթափանց կը տիրապետէ անոր բոլոր ծալքերուն։ Կարճ խօսքով՝ Աքչամ մաս կը կազմէ այն պատմաբաններու շարքին, որոնք 1915-ի դէպքերը կ՚որակեն ցեղասպանութիւն։ Թանէր Աքչամի ուսումնասիրութիւնները եւ անոնց արդիւնքին հիման վրայ կատարուած հետեւութիւնները կը վերածուին լուրջ գործօններու, որոնք յաճախ կը հերքեն պաշտօնական տեսակէտները։
Այս բոլորը չենք մատնանշեր Թանէր Աքչամը ներկայացնելու համար. ան ունի բաւարար համբաւ։ Այս բոլորը կը մատնանշենք՝ յիշեցնելու համար, որ ան կ՚ընդունուի՝ որպէս հայոց բարեկամ։ Պաշտօնական տեսակէտներու հետամուտ շրջանակները ծայր աստիճան վերապահութիւն կը ցուցաբերեն իրեն դէմ, իսկ այլընտրանքային մօտեցումներու պաշտպաններուն համար ան դարձած է «կուռք» մը, թէեւ փոխաբերական իմաստով, սակայն առանց չափազանցութեան։ Հայկական հարցի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու ամբողջին մէջ Աքչամ կը մարմնաւորէ դպրոց մը։ Իր գիրքերը կը համարուին ուղենիշեր։
Գալով բուն նիւթին։ Փրոֆ. Աքչամ այս օրերուն դարձեալ Երեւանի մէջ է։ Այցելութեան ընթացքին ան հարցա-զըրոյց մը տուած է tert.am կայքէջին։ Ամփոփ գիծերու մէջ երէկ ներկայացուցած էինք այս նիւթը, որու ընթացքին արտայայտուած կարծիքները չափազանց ուշագրաւ են։ Այդ տեսակէտներուն իմաստը կը բիւրեղանայ այն հանգամանքի լոյսին տակ, թէ անոնք արտայայտուած են Աքչամի նման գիտնականի մը կողմէ։ Պաշտօնական մօտեցումները հարցաքննող պատմաբանը քանի մը նախադասութիւնով դարձեալ դրսեւորած է մեծ մտաւորական կարողութիւն, վարպետութիւն։ Ո՛չ միայն թրքական, այլեւ հայկական «պաշտօնական» մօտեցումներուն տեսակէտէ իր կարծիքները շահեկան են։ Երեւանի մէջ Աքչամ, ըստ էութեան, մատնանշած է երեք առանցքային կէտ.
1- Հայկական հարցը քաղաքակա՛ն բնոյթ ունի:
2- Հայաստան բաւարար լծակներ չունի Թուրքիոյ վրայ ազդեցութիւն գործելու համար։
3- Հայոց սփիւռքը տկար է, հակառակ ընկալուածին։
Այս երեք կէտէրը կարեւոր ըլլալէ անդին իսկապէս առանցքային են։ Արդարեւ, անոնք կը խտացնեն թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմին այս հարցին վերաբերեալ ինչպէ՛ս ձեռքբերումները, այնպէս ալ՝ բացթողումները։ Այսինքն Թանէր Աքչամի մեկնաբանութիւնները ինքնին հաշուեկշիռ մը կ՚ենթադրեն՝ ցեղասպանութեան խնդրի այժմու փուլին առումով։ Այս ծաւալուն թղթածրարի ընդհանուր արժեւորման համար յատկանշական բանալիներ կը մատուցէ ան։
Վաղը պիտի շարունակենք խորհըր-դածել այս առանցքներուն շուրջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ