Նուրբ կէտեր

Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Դժբախտաբար, այս խորհրդակցութիւնն ալ դռնփակ էր։ Համայնքէն ներս հետզհետէ կը խորանայ այն տխուր նախընթացը, որով կենսական նիւթերու վերաբերեալ բոլոր ժողովները կը կազմակերպուին դռնփակ։ Սա ոչ միայն մտահոգիչ, այլ նաեւ, տեղին համեմատ, կասկածայարոյց երեւոյթ մըն է։ Նուրբ հարց մըն է այս մէկը, սակայն այսօր բաւարարուինք միայն այսքանը արձանագրելով՝ չշեղելու համար բուն օրակարգէն։

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կ՚ընթանայ որոշ աշխուժութեամբ։ Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները, իրենց ամբողջութեան մէջ, ճիշդ է՝ որ յաչս մեր ժողովուրդին ապացուցանած են, թէ ունին ընտրութեան ձեռնարկելու կամքը։ Սա անվիճելի է եւ անթերագնահատելի ձեռքբերում մը՝ հաշուի առնելով մեր հաւաքական կեանքէն ներս մօտաւոր անցեալին ծագած տագնապը։

Համայնքին տեսակէտէ ողջունելի աշխատանք մը ընթացք առած է եւ այդ աշխատանքը հետեւողականօրէն կը հետապնդուի Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, այս գործընթացը այնքան ճակատագրական նշանակութիւն մը ունի, որ իւրաքանչիւր քայլափոխին կը ծնին նոր հարցադրումներ, կը ծագին նոր նրբութիւններ։ Սա կը բխի գործի բնոյթէն։

Պատրիարքական ընտրութեան ժամանակացոյցը առայժմ յստակ չէ վերջնականօրէն։ Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակները նախապէս յայտնած էին, որ նախընտրական գործընթացը յառաջ տանելու համար մեր եկեղեցիներու եւ միւս հաստատութիւններու ղեկավարութեանց հետ պէտք է հասնիլ փոխըմբռնումի մը։ Նոյն շրջանակները յայտնած էին, որ երէկուան ժողովին ընթացքին պիտի շօշափուէին հաւանական թուականներ եւ անոնց լոյսին տակ պիտի ձեւաւորուէին այլընտրանքներ։ Այդ սպասումները, անշուշտ, ունէին իրենց տրամաբանութիւնը։ Եկուր-տես, որ երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին թուականի հարցը որեւէ ձեւով չքննարկուեցաւ։ Ոչ միայն չքննարկուեցաւ, այլեւ՝ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանէն յառաջատար անուն մը կանխաւ ընդգծեց, որ անկարելի է Դեկտեմբերի կէսէն առաջ ձեռնարկել ընտրութեան։

Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակները բաւական ժլատ կը վարուին՝ համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցելու, գործի ընդհանուր հունը բիւրեղացնելու տեսակէտէ։ Ցայսօր, Նախաձեռնարկ մարմինը այնպիսի դիրքորոշում մը որդեգրած է, որ իրեն տեսակէտէ «նախընտրելի» լրատուամիջոցներուն հետ աշխատանք կը տանի եւ սա տակաւին կը պատահի գրեթէ առաջին քայլափոխին։

Մամլոյ պարագային այդ ժլատութիւնով հանդերձ, Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակները չեն թաքցներ նաեւ ուրիշ էական հանգամանք մը, որ իր հերթին կը համարուի նուրբ։ Ցայսօր, Պատրիարքական Աթոռը Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետական իշխանութիւնները տեղեակ պահած է տեղապահի մը ընտրուած ըլլալուն, նախաձեռնարկ մարմնի մը կազմուած ըլլալուն մասին։ Եւս առաւել, Նախաձեռնարկ մարմինը պատկան իշխանութիւնները իրազեկած է՝ իր գոյութեան եւ դիւանի կազմութեան մասին։ Այդ բոլորը ընթացակարգային քայլեր են։ Գալով այդ նրբութեան… Յամենայնդէպս, բո՛ւն գործընթացի՝ այսինքն պատրիարքական ընտրութեան թոյլտուութեան համար տակաւին պաշտօնապէս դիմում չէ ներկայացուած Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակները կը տեղեկացնեն, որ այդ քայլը առնելու համար կը սպասուի յարմարագոյն պահուն։ Թէ ի՞նչ չափանիշներ կը վերագրուին այդ «յարմարագոյն պահուն», առայժմ յայտնի չէ։ Ըստ երեւոյթին, ընտրողներու ցուցակներու թարմացման ու կատարելագործման գործին ժամկէտները կանխատեսել դժուար է եւ այդ պղտորութեան պատճառներէն մին կրնայ ըլլալ այս մէկը։

Հուսկ, պէտք է արձանագրել, որ թէեւ համայնքէն ներս ստեղծուած կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը պէտք է անպայման պահպանել, սակայն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս կան զանազան նրբութիւններ, որոնց յստակեցումը կը կարօտի որոշ ժամանակի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017