ԳԵՐԱԴԱՍԵԼ ՄՇՏԱԿԱՆԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն հասած վերջին լուրերը կը վկայեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու յարաբերութիւններու դրուածքին տեսակէտէ նոր իրադրութիւն մը։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երկու անդամներ եպիսկոպոսի թեկնածու ցոյց տրուած են։ Ընծայարանի տեսուչը՝ Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեան եւ կալուածոց տեսուչը՝ Տ. Կորիւն Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան եպիսկոպոսացման արժանի համարուած են՝ Միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումով։ Յառաջիկայ իրադարձութիւնները Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յարաբերութիւններուն նոր որակ մը կրնան ապահովել։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի գահակալութեան շրջանը ցարդ բնորոշուած է այնպիսի դրուագներով, որոնք մխիթարիչ ըլլալէ հեռու մնացած են՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտին տեսակէտէ։ Թէեւ, բարեբախտաբար, իրադարձութիւնները երկու կառոյցներու յարաբերութիւնները ամբողջական փակուղիի մը չեն մատնած, սակայն, բոլորին ծանօթ եղած է, թէ այս վերջին տարիներուն բաղձալի տեսք մը չէ պարզած։ Եթէ չըլլար Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հեռատես, ողջախոհ ու պաղարիւն վերաբերմունքը, եթէ մնացած չըլլար իր Հայրապետական բարձրութեան վրայ, ապա, վստահաբար, այսօր շատ աւելի տարբեր ու ցաւալի նիւթեր կը զբաղեցնէին օրակարգը։ Յամենայնդէպս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը այս շրջանին կ՚առնէ նպատակասլաց քայլեր, պատրաստակամութեան ազդանշաններ կու տայ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութիւնը սերտացնելու ուղղութեամբ, ինչ որ կ՚ընկալուի դրականօրէն։ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւէ ալեկոծումներ եւ այս շրջանին այնպիսի մարտահրաւէրներու դէմ կը պայքարի, որ պէտք է ձեւով մը վերահամարկի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին։ Այս երեւոյթը պէտք չէ այնպէս մեկնաբանել, որ Նուրհան Պատրիարքը օրը կամ սեփական դիրքերը փրկելու մղումով կ՚առաջնորդուի՝ քանի Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին շահերը, կայունութիւնն ու հեղինակութիւնը անմիջականօրէն կ՚առընչուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն շահերուն։ Ցարդ կատարուած սխալներուն կամ թիւրիմացութիւններու հետեւանքներուն վրայ չյամառիլը, անշուշտ, կը համարուի հասունութիւն մը՝ մանաւանդ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ միշտ բաց թողուած էր արժանապատիւ վերադարձի ճանապարհը։

«Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վիճայարոյց վարձակալութեան գործարքը մեծ թղթածրարի մը վերածուած է Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին տեսակէտէ։ Այդ գործարքը յետս կոչելու համար անհրաժեշտ է ուժերու համախմբում, համազգային զօրակցութիւն եւ վարչական վճռականութիւն։ Աթոռին շահերը խնայելու համար Նուրհան Պատրիարքին անհրաժեշտ է նիւթական միջոցներ, մասնագիտական պաշար, աշխարհի հայութեան աջակցութիւնը, որպէսզի կարենայ իշխանական ամուր կամք ցուցաբերելով կացութիւնը փրկել։ Մինչ այդ, Իսրայէլի դատական իշխանութիւններուն հետ կ՚ենթադրուի առողջ եւ անկեղծ աշխատանք, որպէսզի յետս կոչուի առնուած սխալ քայլը։ Տակաւին անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն հետ, որոնք դադրած են Սուրբ Աթոռի գահակալին պատրիարքական հանգամանքը ճանչնալէ։

*

Այս կէտին վրայ միջանկեալ հաշուի պէտք է առնել կարգ մը հանգամանքներ։ Հայկական տեսանկիւնէն դիտուած, բնականաբար, առաջին հայեացքով ծայր աստիճան տհաճ է Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլը։ Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ նիւթերը ընկալուին մակերեսային։ Թէ՛ Յորդանան եւ թէ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը տասնամեակներէ ի վեր դրական ու կայուն յարաբերութիւններ ունին Սուրբ Աթոռին հետ։ Անոնք պէտք չունին արհեստական պատճառի մը այդ յարաբերութիւնները խանգարելու համար, եթէ առարկայական պատճառ մը գոյութիւն չունենայ։

«Կովերու պարտէզ»ի պարագային ստորագրուած համաձայնագիրը կ՚ենթադրէ նաեւ վարձակալին յատկացնել Երուսաղէմի Հայոց Ժառանգաւորաց վարժարանի տարածքին ալ մէկ մասը։ Սա գործին ամենաանհանգստացուցիչ երեսակներէն մին է, որովհետեւ Հին քաղաքի Հայոց թաղը ամբողջութեամբ պաշարման կրնայ ենթարկել գործնականօրէն։ Այդպիսի գործնական շրջափակում մը, միայն Հայոց թաղի պարագային անպատեհութիւններ ներկայացնելու առընթեր, դաշտի վրայ կը նշանակէ նաեւ իսլամաց եւ քրիստոնէից թաղամասերու միջեւ ֆիզիքական կապին խզուիլը։ Ուժերու տեղական յարաբերակցութեան տեսակէտէ նման խնդիրները շատ լուրջ բնոյթ կը ներկայացնեն Երուսաղէմի Հին քաղաքի պարագային։

Պէտք է ընդունիլ, որ Երուսաղէմը՝ մանաւանդ Հին քաղաքը աշխարհի ամենաբարդ կէտերէն մին է քաղաքական զգայնութիւններու առումով։ Այդ կէտը կը պայմանաւորէ նաեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութիւնը, որ առանց այդ ալ բաւական լարուած է եւ այդ լարուածութիւններուն մէջ միշտ հրահրիչ գործօն կը դառնան այլամերժութիւնը, օտարատեացութիւնը, որոնք ծայրայեղական շըր-ջանակներուն առաւելութիւններ կ՚ապահովեն դիւրագրգիռ մթնոլորտի մէջ։ Ուստի, Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները եւս հետաքրքրուած են համերաշխութեան եւ համակեցութեան առաջնահերթութիւններով։ Անոնք այս առումով պատասխանատուութիւններ ունին՝ միջազգային ընտանիքի առջեւ յանձնառութիւններու առումով։ Այդ կողմերը իրենց ներքին նպատակայարմարութեան տեսակէտէ ալ կը գերադասեն քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Թէ՛ Յորդանան եւ թէ Պաղեստին Երուսաղէմը կը նկատեն իրենց տարածքը՝ ինչպէս Իսրայէլը։ Այս հակասական համայնապատկերին վրայ Հայոց վանքին կողմէ կատարուած գործարքը առարկայ կը դառնայ անմիջական ուշադրութեան։ Որքան որ ալ խնդրոյ առարկայ տարածքին սեփականութեան իրաւունքը պատկանի Սուրբ Աթոռին, այդպիսի երկարաժամկէտ վարձակալութեան մը երթալէ առաջ քաղաքի նրբութիւններու անտեսուիլը տեղի կու տայ անպատեհութիւններու։ Հայոց վանքին կողմէ առնուած քայլը ստեղծած է Իսրայէլի ի նպաստ, միակողմանի գործարքի մը տպաւորութիւնը, ինչ որ ընդվզում կը յառաջացնէ Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն մօտ։ Այս վերջինները ո՛չ միայն իրենց շահերուն, այլեւ իրենց ներքին համերաշխութեան երաշխաւորման տեսակէտէ մտահոգութեան մատնուած են եւ այս պատճառով է, որ առած են յիշեալ քայլը, որ հայկական հանրային կարծիքին տեսակէտէ թէեւ տհաճ է, սակայն անոնց հնարաւորութիւն կրնայ ընձեռել ծայրայեղ շրջանակները զսպելու կամ հակակշռի տակ պահելու առումով։ Հարկ է յիշեցնել, որ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն վերջին շրջանին այս նիւթին շուրջ յարակից լսումներ ալ հասած են։ Թէեւ այդ բոլորը անպաշտօն բնոյթ ունին, սակայն, կ՚ըսուի, թէ Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն, որպէսզի «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութեան գործարքը յետս կոչելու համար անհրաժեշտ դառնալիք հատուցումը վճարելու համար Հայոց վանքին նիւթական միջոցներ տրամադրելու։

Անշուշտ, այս խնդիրները պիտի բիւրեղանան յառաջիկային, որովհետեւ Նուրհան Պատրիարքը արդէն Իսրայէլի դատական իշխանութիւններուն դիմած է առկայ հարցերը հարթելու առաջադրութեամբ։ Բոլորը կը վստահին Իսրայէլի անկախ դատական համակարգին եւ դատարանի անաչառ արժեւորումներու ապագայ արդիւնքին։ Այս փուլին Նուրհան Պատրիարք ապահոված է, որ Հայոց վանքի տեսակէտներն ու շահերը պաշտպանուին հեղինակաւոր իրաւաբաններու կողմէ, որոնց իրենց խորհուրդներով կ՚աջակցին նաեւ արտասահմանէն մասնագէտներ։

Ուրեմն, փակագիծը փակելով վերադառնանք բուն նիւթին…

*

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան կողմէ ընտրուած եպիսկոպոսի թեկնածուները Նուրհան Պատրիարքին կողմէ պիտի ներկայացուին Վեհափառ Հայրապետին, որու բացարձակ լիազօրութիւնն ու իրաւասութիւնն է այդ ձեռնադրութիւնը։ Բոլոր անոնք, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին այժմու իրադարձութիւններուն, կ՚ենթադրեն, թէ նոյնիսկ լռելեայն դրութիւններ բանեցնելով Պատրիարքը ապահով կը զգայ, որ Վեհափառը պիտի չմերժէ իր թեկնածուները եւ զանոնք պիտի օծէ եպիսկոպոս։ Երբ Սուրբ Աթոռի գահակալին թեկնածուները եպիսկոպոս ձեռնադրելու խնդրանքին ընդառաջ է, ապա Վեհափառ Հայրապետը ինքնաբերաբար ձեւով մը վերահաստատած պիտի ըլլայ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի գահակալին պատրիարքական իշխանութիւնը։ Սա Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն միջեւ ծագած խնդրի յաղթահարման ճանապարհին կրնայ խաղաքարտի մը վերածուիլ՝ քանի անոնք իրենց արմատական որոշումը կայացնելէ առաջ շփման մէջ անցած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ՝ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնը։

Միւս կողմէ, յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած միւռոնօրհնութենէն շաբաթ մը անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Սաղիմական միաբաններն ալ, ամենայն հաւանականութեամբ, այդ ժամանակ ձեռնադրուին եպիսկոպոս՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Ներկայ պահու իրադարձութիւններու լոյսին տակ շատ տրամաբանական է ակնկալել, որ Նուրհան Պատրիարքը մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միւռոնօրհնութեան։ Ան երկար տարիներէ ի վեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին չէ այցելած, չի մասնակցիր միւռոնօրհնութեան կամ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովներուն նման առանցքային նշանակութեամբ իրադարձութիւններուն։ Հիմա, երբ իր կրտսեր միաբանակիցները եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուին, տրամաբանակն է ակնկալել, որ Պատրիարքը թէ՛ վկայէ անոնց օծման եւ թէ մասնակցի շաբաթ մը առաջ կատարուելիք միւռոնօրհնութեան։ Աւելին, նոյն շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի գումարուի եպիսկոպոսաց ժողով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր սըր-բազաններու հաւաքը միշտ ալ դէպքի մը համազօր կ՚ընկալուի ազգային կեանքէ ներս։ Այս հանգամանքները, միւռոնօրհնութեան օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեամբ, նուիրապետական միւս աթոռներու գահակալներուն հետ խորան բարձրանայ՝ չափազանց մեծ իմաստ կրնայ ներկայացնել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ի նպաստ համազգային զօրակցութեան բիւրեղացման առումով։ Չէ՞ որ, սրբալոյս միւռոնը համազգային հոգեւոր միասնականութեան նուիրական խորհրդանշանն է… Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին միւռոնօրհնութեան մասնակցիլը, մետայլի միւս երեսակին, պիտի նշանակէ շօշափելի դրսեւորում մը, թէ ան եւ իր անձին մէջ մարմնաւորուած Սուրբ Աթոռը համազգային զօրակցութեան առարկայ կը դառնան՝ առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին։ Այդ կշիռը անկրկնելի դրամագլուխի մը կրնայ վերածուիլ Երուսաղէմի առկայ տագնապները յաղթահարելու միտուած բարդ պայքարի ճանապարհին։ Ընդհանուր համոզումը այն է, թէ Նուրհան Պատրիարքը ունի այն վարչական անհրաժեշտ վարպետութիւնը, որով կրնայ նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել՝ նման գործօնները միաձուլելով։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջանակները ներկայիս համամիտ են, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին տեսակէտէ շատ կարեւոր է քոնսոլիտասիոնի հասնիլը։ Այս փուլին ուժերու համախմբումը կ՚ենթադրէ նաեւ սակաւ մարդուժի հարցերով պայմանաւորուած բարդութիւններու չէզոքացումը։ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան շարքերէն ներս երկու նոր, երիտասարդ եպիսկոպոսի ընդգրկուիլը կրնայ՝ առկայ խնդիրներու դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան մակարդակն ալ բարձրացնել։ Ի վերջոյ, երիտասարդ եպիսկոպոսները նոր աշխուժութեան հորիզոն մը կրնան ուրուագծել Սուրբ Աթոռի իրականութեան մէջ։ Եպիսկոպոսի կշիռով յառաջ տարուելիք աշխատանքին որակը կրնայ ըլլալ շատ աւելի տարբեր՝ մանաւանդ, որ նոր եպիսկոպոսի թեկնածուներէն մին ուղղակի կալուածոց տեսուչ մըն է։ Սա նաեւ ուրիշ հնարաւորութեան մը դուռ կրնայ բանալ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան՝ տեղւոյն վրայ գտնուող երկու երէց եպիսկոպոսները այս պահուն վարչական պատասխանատը-ւութիւններով ծանրաբեռնուած են՝ հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին։ Եթէ անոնց վարչական բեռը նոր եպիսկոպոսներու կողմէ թեթեւնայ, ապա յաջորդ քայլափոխին իրենք միաբանութեան երիտասարդ անդամներուն տեսակէտէ ներշնչման աղբիւր կրնան դառնալ, ալեհեր սրբազանի կարգավիճակով կրնան փորձառութեան փոխանցում ապահովել, ինչ որ երկարաժամկէտ կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ։

Եկեղեցական շրջանակները անխուսափելիօրէն այս շրջանին կը մտածեն նաեւ ցաւալի այլ հանգամանքի մը մասին, որ միջոցէ մը ի վեր հանրային կարծիքի ուշադրութենէն դուրս չի մնար ու կը սահմանափակէ Սուրբ Աթոռի ներուժի կենսագործումը, կը խոչընդոտէ անոր լիարժէք կարելիութիւններով աշխատանքը։ Երբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հեռատես ու ինքնավստահ դրական քայլերով կը ջանայ թարմութիւն մը, նոր աշխուժութիւն մը ապահովել Երուսաղէմի Աթոռին, ապա ուժերու համախմբման ճանապարհին կրնան ակնկալուիլ նաեւ կուտակուած այլ խնդիրներու լուծման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Միամտութիւն կամ չափազանց լաւատեսութիւն չի համարուիր այս փուլին վերյիշել նաեւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան այլ անդամները, որոնք Երուսաղէմէ դուրս կը պաշտօնավարեն։ Անշուշտ, բոլորը այս խնդրին կը մօտենան նրբանկատութեամբ եւ առանց Սուրբ Աթոռի գահակալին տեսակէտէ ջղագրգիռ վիճակ մը յառաջացնելու մղումով, սակայն, ի վերջոյ կարելի չէ ուրանալ, որ այսպիսի դժբախտ հարց մըն ալ գոյութիւն ունի։ Վերջին տարիներուն, Սուրբ Աթոռի օրացոյցէն դուրս թողուած են անունները այն միաբաններուն, որոնք Երուսաղէմէն դուրս կը ծառայեն։ Յետադարձ հայեացքով մը անխուսափելիօրէն գոյացած է այն համոզումը, թէ այստեղ եղած է քմահաճ կարգադրութիւն մը։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան կարգադրութիւնով, իրականութեան մէջ, ամէն ինչ պարզ է։ Միաբան մը շարքերէ դուրս կրնայ թողուիլ միայն Միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումով եւ այդ հարթութեան վրայ իր պաշտպանողականը ընելու հնարաւորութիւնը երաշխաւորուած ըլլայ։ Արտասահմանի սաղիմական միաբաններու պարագային այդ դրութիւնը բացարձակապէս չէ բանեցուած։ Ուստի, անոնց պարագային կատարուած տնօրինութիւնը, անոնց անուններուն օրացոյցէն դուրս թողուիլը ուղղակի կը համարուի հակականոնադրական՝ առանց այն, որ հաւատացեալներու խղճին մօտ ալ արդարացում չէ գտած։ Ընդհանուր համոզումը այն է, որ արտասահմանի միաբաններն ալ ի վերջոյ կը ծառայեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, ուստի չեն կրնար խորթ զաւակ համարուիլ, միաբանութեան հարազատ ըլլալէ դադրիլ եւ հեռացուիլ։ Այս սկզբունքը ուժեղ հնչողութիւն կը ստանայ՝ մանաւանդ, որ գործնականին մէջ միաբանութենէն «վտարուած» անդամներու շարքին կը գտնուի երեք արքեպիսկոպոս։

Նուրհան Պատրիարք մօտաւոր անցեալին ապացուցանած է, որ Սուրբ Աթոռի շահերը կը գերադասէ՝ իր անձնական յարաբերութիւններէն։ Այլապէս, ան կարգալոյծ ըրած պիտի չըլլար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանը, որ իր ամենամտերիմը կը համարուէր վանքէն ներս։ Հիմա, եթէ նոյն տրամաբանութիւնը գործէ, ապա կարելի է հաւանական համարել, թէ արտասահմանի միաբաններու պարագային վերադարձի հեռանկար մը խնդրոյ առարկայ կրնայ դառնալ՝ եթէ նոյնիսկ անցեալի մէջ խնդրոյ առարկայ դարձած ըլլան անձնական ցրտութիւններ կամ թիւրիմացութիւններ։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեամբ, Երուսաղէմի Պատրիարքին նուիրապետական միւս աթոռներու գահակալներուն հետ միւռոնօրհնութեան ժամանակ միասնաբար հանդէս գալը կրնայ վերածուիլ անկիւնադարձային իրադարձութեան մը։ Անշուշտ, խօսքը երեւոյթները գերագնահատելու չի վերաբերիր։ Բայց միւռոնօրհնութեան ընթացքին ստեղծուելիք հաւանական պատկերը տեսականօրէն կրնայ ունենալ նաեւ հաւանական շարունակութիւն մը։ Տարեվերջին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Վատիկան պիտի մեկնի՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի մեծ ծրագրին մասնակցելու համար։ Նախատեսուած է նաեւ նուիրապետական միւս աթոռներու գահակալներու մասնակցութիւնը։ Եթէ նոյն պատկառելի դրուագը պարզուի նաեւ Վատիկանի մէջ, համաքրիստոնէական հարթութեան վրայ, ապա Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնութեան ամրապնդումը վառ արտայայտութիւն մը ունեցած կ՚ըլլայ միանշանակ։ Այդ հաւանական երեւոյթը, անշուշտ, բոլոր հարթութիւններու վրայ օգուտ կրնայ ապահովել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին, բոլոր բջիջներով հանդերձ, ներառեալ Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռը, որու ներգրաւուած առկայ պայքարները ձեւափոխութեան կրնան ենթարկուիլ այդ պարագային։

Թէեւ, իմաստութիւնը կը թելադրէ սպասել, իրադարձութիւններէն առաջ չիյնալ, սակայն այս հաւանականութիւնները ուղղակի հոգեւոր ուրախութեան առիթ կը համարուին։ Կը մնայ մաղթել, թէ սպասումները արդարանան՝ մանաւանդ Նուրհան Պատրիարքի փխրուն առողջութիւնն ալ թոյլ տայ իր դերակատարութիւնը լի ու լի, պատուով իրականացնելու, որովհետեւ եկեղեցական շրջանակները խոր ցաւով կ՚արձանագրեն, որ ան լուրջ դժուարութիւններու կուրծք կու տայ իր մէջքի ու ողնայարի բարդ խնդիրներուն ու ցաւերուն հետեւանքով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2023