Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 70-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարասփիւռ զաւակներուն հայեացքը այսօր դարձեալ ուղղուած է դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսօր ո՛չ տաղաւար է, ո՛չ տօն, ո՛չ կարեւոր ժողով մը կամ հանդիպում մը կայ եւ ո՛չ ալ նախատեսուած է ձեռնարկ մը։ Բայց յատկանշական օր մըն է, միանշանակ, որովհետեւ այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Աւելի՛ն, ընթացիկ տարեդարձ մըն ալ չէ. Վեհափառ Հայրապետը կը դառնայ 70 տարեկան։ Այս օրը, անշուշտ, արտասովոր է, անշուշտ, տօնի մը համազօր է, որովհետեւ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալ մարդուն համար հայրապետի յոբելեանը հոգեւոր ուրախութեան առիթ է։ Որքան որ ալ Նորին Սրբութեան փափաքով չի նշուիր իր 70-ամեայ յոբելեանը, այս օրը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս մասնաւոր իմաստ մը ունի։ Եւ այսօր աշխարհի բոլոր հայերու աղօթքները միախառնուած, միահիւսուած, միաձուլուած ձեւով երկինք կը բարձրանան՝ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։ Այսօր հօտը կ՚աղօթէ հովիւին համար. հովի՛ւ, հովուապե՛տ, որու աղօթքի զօրութեան կ՚ապաւինի ու կը վստահի երկրագունդի տասը միլիոն հայ մարդը՝ իր տարտերուն ու ցաւերուն դէմ պայքարելու ժամանակ։ Հայոց փոքրիկ ածուին մէջ ջերմութիւն կը տիրէ այսօր, բոլորը որդիական սիրով եւ ակնածանքով կ՚ողջունեն հայրապետին յոբելեանը։ «Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի...»:

*

Եօթ տասնամեակ առաջ այսօր, Էջմիածնի մօտակայ գիւղերէն Ոսկեհատի մէջ, Ներսիսեաններու ընտանիքը կը բախտաւորուէր որդիով մը։ Ո՞վ կրնար գիտնալ, թէ Կտրիճ անուանեալ նորածինը օր մը պիտի բազմէր հայոց հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելահաստատ գահուն վրայ՝ ողորմութեամբն Աստուծոյ եւ կամօքն ազգի։ Ո՞վ կրնար գիտնալ այդ պահուն, թէ լոյս աշխարհ եկած էր Աստուծոյ ընտրելին՝ օր մը դառնալու համար հայոց ընդհանրական ու պատուական հայրապետը, Հայոց Եկեղեցւոյ առաջին սպասաւորը, եպիսկոպոսապետն ու առաջին սաղմոսերգուն։ Ո՞վ կրնար ենթադրել, թէ այդ անմեղ նորածինին մէջ օր մը պիտի պարփակուէին հայոց նախորդ 131 երանաշնորհ հայրապետներուն տեսիլքը, օրհնութիւնն ու իմաստութիւնը եւ ան այդ բոլորը նորովի պիտի արժեւորէր ուղիղ վարդապետութեամբ՝ որպէս 132-րդ կաթողիկոս։ Նախախնամութիւն...

Ոսկեհատէն մինչեւ Սուրբ Էջմիածնի մայրավանքը՝ իսկապէս շատ կարճ է ճամբան, զոր յաճախ կը կտրէին Ներսիսեաններու հաւատացեալ, բարեպաշտ ընտանիքի անդամները, որոնց շարքին էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետը ի տղայ տիոց։ Գիւղէն մինչեւ մայրավանք՝ այդ կարճ ճամբան յաճախ կտրելով, միթէ Վեհափառ Հայրապետը կրնա՞ր գիտնալ, թէ իրականութեան մէջ երկար, շա՜տ երկար ճանապարհ մը կը բացուէր իր առջեւ։ Ընտանիքի մղումով, աստուածապարգեւ կեանքը նուիրագործելու համար տան ու վանքի ճանապարհին վրայ գտնուած ժամանակ ան արդեօք կրնա՞ր գուշակել, թէ իր օծեալ սուրբ աջը օր մը հովանի պիտի դառնար հարազատ ազգին համար։

Թէեւ կարճ էր տան ու մայրավանքի ճանապարհը, սակայն, հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետին ուղեւորութիւնը եղաւ շատ երկար։ Իրեն միշտ ուղեկցեցան դժուարութիւններն ու բարդութիւնները, որոնց ան դիմադրեց պողպատեայ կամքով։ Եօթ տասնամեակներու իր երկար ճանապարհորդութիւնը այսօր հասած է նոր խաչմերուկի մը։ Նոր հանգրուան, նոր հարթութիւն՝ տարիներու թաւալգլոր հոսքին մէջ։

Այսօր ո՛չ կարիք կայ Վեհափառ Հայրապետի մանրամասն կենսագրութիւնը մատուցելու եւ ո՛չ ալ կարիք կայ իր անհաւատալի գործունէութեան, հրաշագործութիւններուն հաշուեկշիռը ընելու։ Այդ բոլորը արդէն ծանօթ են։ Դժբախտաբար, հայութիւնը այնպիսի խոր սուգի մը մատնուած է, որ տրամադրութիւն չկայ բան մը տօնախմբելու կամ հանդիսաւորապէս նշելու։ Բայց նաեւ սուգը պէտք է պահել՝ առանց պահը բաց թողելու։ Թէեւ զուսպ ձեւով, բայց, անկարելի է անտեսել հայոց հայրապետի յոբելեանը, որ ունի իր խորհուրդը։ Այսօրուայ յոբելեարը աշխարհի տասը միլիոն հայուն բարոյական հայրն է։ Այսօրուայ յոբելեարի անձին մէջ կը մարմնաւորուի նոյնինքն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Այսօրուայ յոբելեարը Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու մերօրեայ յաջորդն է։ Եւ ի վերջոյ, այսօրուայ յոբելեարը հայոց լուսաւորչահիմն ու լուսաբեւեռ Մայր Աթոռի գահակալն է, որ կոչուած է անժամանակ առաքելութեան մը ասան կրելու ի վերուստ նախատեսուած ժամանակաշրջանին։

Տարեդարձի օրով, 70-ամեայ յոբելեանի խորհուրդով այսօր կայ էական բան մը, որ այս անցաւոր աշխարհին վրայ կրնայ մխիթարութեան ու բարոյական ուժի վերածուիլ Նորին Սրբութեան համար։ Պարզապէս, Վեհափառ Հայրապետը պէտք է գիտնայ, զգայ եւ հերթական անգամ անդրադառնայ, թէ իր աշխարհասփիւռ զաւակները հպարտ են իրմով, իր հաւատարիմ հօտի անդամները ամէնուրեք իրեն նկատմամբ սէրը կը կրեն իրենց սրտին մէջ եւ անվերապահօրէն կը վստահին իրեն, իր օրհնութեան լոյսը կը ճառագայթէ իրենց օճախներէն ներս, կը ներշնչուին իր պատգամներով եւ աներեր հաւատքով կապուած են իրենց եկեղեցիին։ Ան հերթական անգամ պէտք է համոզուի, թէ իր ձայնը ազգի մը ականջին, մտքին ու էութեան մէջ կ՚արձագանգէ՝ որպէս արեան կանչ ու կ՚երաշխաւորէ ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեւոր միասնականութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը մարտիրոս եկեղեցիի մը գլուխն է, հայ եկեղեցականի կոչումին միս ու արիւն ստացած կերպարը, որ կը ձգէ իր գուրգուրանքով ու պատկառանք կ՚առթէ իր բարձրութեամբ։ Ան օծեալ միջնորդ մըն է, որպէսզի Աստուած օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք սիրով կ՚ողջունեն իր սրբազան տան վայելչութիւնը եւ որպէսզի Տէրը երբեք չթողու իր յուսացեալները։ «Աջ քո հովանի լիցի ի վերայ ազգիս հայոց», երանեալ հայրապետ։

*

Որդիական խոնարհութեամբ, ամենաջերմ զգացումներով եւ արեւշատութեան անկեղծ մաղթանքներով կը շնորհաւորենք մեր վեհափառ ու վեհաշնորհ ամենասիրելի հայրապետին ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Աստուած միշտ օգնական Վեհափառ Հայրապետին... Իր եռանդը ըլլայ մշտադալար եւ գաւազանը՝ ծաղկուն։ «Ընդ երկայն աւուրս…»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021