Ջլատիչ քաոս
Պառակտումն ու անկազմակերպ աշխատանքը, դժբախտաբար, թրքահայ իրականութեան հիմնական ստորոգելիներէն դարձած են։ Ամէն մարզէ ներս մեր համայնքային կառոյցները կը գործեն առանց համակարգելու աշխատանքները։ Սա ունի ծանր հետեւանք, որովհետեւ բոլորը իր հերթին մեծ ճիգ կը գործադէ, սակայն, ընդհանուր արդիւնքը կ՚ըլլայ յոյժ անբաւարար։
Պարագան նոյնն է նաեւ առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին շուրջ։ Մեր բոլոր հաստատութիւնները ունին տարբեր մօտեցումներ եւ խնդրին լուծումը կը պատկերացնեն ուրոյն ձեւով։ Այդ բոլորը ունին թէ՛ ճիշդ եւ թէ սխալ երեսակներ։ Նպատակասլաց աշխատանքը, տրամաբանականօրէն, կ՚ենթադրէ սխալներու համատեղ զտումը եւ այդ ճիշդ երեսակներու համատեղումով ամուր ենթագետինի մը պատրաստութիւնը։ Այդպէս չ՚ըլլար, հազար ափսո՜ս։
Այս պատկերը հանրային կարծիքին կը ցոլանայ շատ տխուր ձեւով։ Թրքահայութեան նման փոքր հաւաքականութիւն մը կրնայ իր ներուժը շարժման անցընել հանրային կարծիքի առողջ ձեւաւորումով։ Մինչդեռ, ագզային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի բոլոր հարցերու պարագային համայնքին ցոլացած պատկերը միայն ու միայն քաոս մը ցոյց կու տայ։ Այս խնդիրը ի զօրու է՝ դպրոցներու կարիքներէն ու կրթական կեանքէն սկսեալ, մինչեւ համայնքային վարչամեքենային վերաբերեալ խնդիրները։
Կացութիւնը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, երբ համայնքին մատուցուած տուեալները պղտոր են՝ մանաւանդ նաեւ մեր կառոյցներուն եւ պետական զանազան մարմիններու դատական գործընթացներուն մասին։ Համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին շուրջ հրապարակուած վերջին տուեալները կու գան ապացուցանել, որ վաղեմի այս խնդրին վերաբերեալ կացութիւնը կարծուածէն շատ աւելի մտահոգիչ է։ Այսօր մեր արձագանգած հաղորդումներէն յայտնի կը դառնայ, որ համայնքային կարգ մը հաստատութիւններ դատարան դիմած են ընտրութիւններու առկախման խնդրին բերումով, իսկ ուրիշներ կ՚ընթանան բանակցութիւններու ճանապարհով։ Համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ նոյնիսկ չէ յստակեցուած, որ թէ ո՞ր մարմինները դատարան դիմած են եւ որո՞նք կ՚ընթանան բանակցութիւններով։ Տակաւին չենք խօսիր այն մասին, թէ ի՞նչ են այդ նախընտրութիւններուն հիմնաւորումները եւ ինչո՞ւ նոյնիսկ համախոհութեամբ հանդէս եկած մարմիններ հարիւր տոկոսով նոյն յաճախականութեան վրայ չեն։
Մտայնութի՞ւն, թէ՞ ողբերգութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ