Երեքին ալ բարի երթ… - Դ -

Թէ ինչ կրնան ը­նել թրքա­հայ ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րը՝ Մար­գար Է­սաեան (ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն), Սե­լի­նա Տո­ղան (ՃՀՓ) եւ Կա­րօ Փայ­լան (ՀՏՓ) յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին խորհր­դա­րա­նէն ներս։ Բնա­կա­նա­բար, ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րը պի­տի չըլ­լայ ի­րենց են­թաինք­նու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ որ ե­րեքն ալ տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կը պատ­կա­նին։ Ա­նոնք պի­տի գոր­ծեն նա՛խ եւ ա­ռաջ ի­րենց ա­զատ խղճով, աշ­խար­հա­հա­յեաց­քին եւ կու­սակ­ցա­կան կար­գա­պա­հու­թեան հա­մա­ձայն։ Այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ, պարզ է, որ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան գե­րակ­շիռ դառ­նա­լը դժուար է ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։

Թուր­քիա բե­ւե­ռա­ցում­նե­րու բարդ շրջա­նէ մը դուրս գա­լու ձգտու­մին մէջ է եւ քա­նի որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին ընտ­րու­թեան հե­ռան­կար մըն ալ գո­յու­թիւն չու­նի, այս բո­լո­րը կրնան գոր­ծօն­ներ հան­դի­սա­նալ խորհր­դա­րա­նէն ներս միջ­կու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­րոշ չա­փով մեղ­մաց­ման, ինչ որ կրնայ դիւ­րաց­նել նաեւ թրքա­հայ ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րուն մի­ջեւ հե­զա­սահ կա­պի մը մշա­կուի­լը։ Ե­թէ յի­շենք Յու­նի­սի 7-ի ընտ­րու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 1-ը ան­ցած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ար­դէն ո­րոշ ազ­դան­շան­ներ կրնանք տես­նել ա­նոնց ա­պա­գայ հա­ւա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ար­դա­րեւ, իշ­խա­նու­թեան թե­ւէն Մար­գար Է­սաեան յա­ճախ թի­րա­խը դար­ձաւ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի եւ Կա­րօ Փայ­լա­նի։ Գրե­թէ չե­ղաւ ա­ռիթ մը՝ հան­րա­յին կար­ծի­քին առ­ջեւ ե­րեքն ալ մէկ­տե­ղե­լու հա­մար։ Ա­նոնք, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, խու­սա­փե­ցան միաս­նա­բար հան­դէս գա­լէ, ինչ որ կրնայ ու­նե­նալ իր տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը դար­ձեալ միա­հե­ծան իշ­խա­նու­թեան գլուխ պի­տի մնայ, հա­մայն­քա­յին հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին հա­ւա­նա­կան է, որ իր ներդ­րու­մը ըլ­լայ ա­ւե­լի լուրջ։ Ան ցայ­սօր հան­րու­թեան առ­ջեւ հան­դէս ե­կած է որ­պէս չա­փա­ւոր անձ։

Սե­լի­նա Տո­ղան, իր հեր­թին, դար­ձեալ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րէ հե­ռու ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծիչ մը ըլ­լա­լու տպա­ւո­րու­թիւ­նը գոր­ծա­ծէ մին­չեւ այ­սօր։ Ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րու շար­քին, ըստ էու­թեան, Կա­րօ Փայ­լանն է, որ ա­ւե­լի ար­մա­տա­կան դիր­քե­րէ հան­դէս գա­լու ձգտու­մը կը դրսե­ւո­րէ հան­րա­յին կար­ծի­քին առ­ջեւ։ Սա, բնա­կա­նա­բար, տե­սա­կա­նօ­րէն կրնայ ո­րոշ դժուա­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նել, սա­կայն ա­ռայժմ վա­ղա­հաս է ա­ռանց շօ­շա­փե­լի փաս­տե­րու խօ­սի­լը՝ չու­նե­նա­լով ա­ռար­կա­յա­կան օ­րի­նակ­ներ։

Հուսկ, թրքա­հայ ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րէն հա­մայն­քին հիմ­նա­կան ակն­կա­լու­թիւ­նը այն է, որ ա­նոնք թրքա­հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս հե­ռու պա­հեն կու­սակ­ցա­կան մրցակ­ցու­թիւն­նե­րէ եւ այդ­պէ­սով բե­րեն ի­րենց նպաս­տը՝ որ­պէս­զի մեր խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը չմնայ երկ­րոր­դա­կան գոր­ծօն­նե­րու շու­քին տակ։

Ու­րեմն, բա­րի երթ ե­րե­քին ալ...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015