Դէպի Լոնտոն անմոռանալի ուղեւորութեան մը վառ յուշերու տպաւորութեան տակ

Ճեպընթացի մէջ եմ. Լոնտոնէն տակաւին նոր հրաժեշտ առած՝ կը մտածեմ կեցութեան օրերու թարմ տպաւորութիւններուն մասին։ «357 քիլօմեթր/ժամ. արագութեան մրցանիշ մը մեր ուղղութեան վրայ», աչքիս կը զարնէ պահ մը պաստառէն՝ Eurostar-ի յարմարաւէտ բազկաթոռին վրայ։ Իսկապէս յարմարաւէտ, այն աստիճան, որ կարծես թաղուած ըլլայի սա վերջին քանի մը օրերու ճամբորդութեան յուշերուն մէջ։ Eurostar-ը որքան որ ալ արագութեան մրցանիշներ սահմանէ, զիս կարծես չի հեռացներ կեցութեան օրերու յուշերէն ու տպաւորութիւններէն։

Մանշի փապուղիէն դուրս եկանք, ետին մնաց Անգլիան, արդէն Ֆրանսայի մէջ ենք։ Կը մտածեմ՝ դիտելով պատուհանէն ցոլացած դրուագները, որոնք կը սահին աչքիս առջեւէն։ Լոնտոնի էջն ալ թերթեցի, անցաւ-գնաց։

Կը մնա՞ն միթէ ետին ճամբորդութիւններու յուշերը, որոնք ակնթարթի մէջ հետք մը թողած կ՚ըլլան կեանքիդ վրայ ու կը սկսին մաս կազմել յիշողութեանդ ու տակաւին կրնան պայմանաւորել կեանքի ընկալումներդ։ Ի՛նչ արագութիւնով ալ հեռանաս ֆիզիքապէս, բաներ մը քանդակուած կը մնան մտքիդ, նոյնիսկ էութեանդ մէջ։ Եւ այդ փուլէն վերջ արդէն անցնող ժամանակի ու տարածութեան մէջ կը սկսիս դիրքաւորուիլ, վերադիրքաւորուիլ այդ յուշերուն նկատմամբ, որոնք յաճախ կը վերարտադրուին՝ դուռ բանալով նաեւ քու իսկ վերարտադրութեան առջեւ։

Ութ տարի վերջ, այս ձմեռնամուտին դարձեալ այցելեցի Լոնտոն։ Ութ տարի առաջուան առաջին այցելութիւնս սկսած էր Փարիզէն։ Eurostar մտած էի ֆրանսական մայրաքաղաքի Հիւսիսային կայարանէն եւ Լոնտոնէն Պոլիս վերադարձած՝ օդանաւով։ Այս անգամ ճիշդ հակառակն էր. Պոլիսէն օդանաւով գացի Լոնտոն եւ կեցութեան աւարտին անգլիական մայրաքաղաքի Սենթ Փանքրասէն Eurostar մտայ՝ անցնելու համար Փարիզ, ուրկէ ալ օդանաւով վերադարձի ճամբան փռնեցի դէպի Պոլիս։ Անցեալ անգամ Մանշի փապուղիէն դուրս գալը կը նշանակէր այցելութեան մեկնարկը, այս անգամ նշանակեց այցելութեան վերջ գտած ըլլալը։ Դժբախտաբար, ճամբորդութիւններու ընթացքին սովորաբար ո՛չ կրնամ կարդալ, ո՛չ ալ կրնամ քնանալ։ Ուստի, նման բաղդատութիւնները երբեմն հաճելի ժամանցի մը կը վերածուին։

Լեցուն յիշատակ, սեփական անձի առջեւ լեցուն խոստովանութիւն, նոր ծրագրեր... Այս բոլորէն ծնունդ կ՚առնէ ճամբորդութեան լա՛ւ ընկեր մը եւ այնքան լա՛ւ, որ առանձին չճամբորդելու ժամանակ երբեմն նոյնիսկ կրնաս փնտռել, կարօտնալ «զինքը»։ Չէ՞ որ, լաւագոյն բարեկամութիւնները կը հաստատուին եղեր խաղասեղանի շուրջ կամ ճամբորդութեան ընթացքին՝ ըստ ժողովրդական խօսքին։

*

Եւրոպայի յառաջատար երկիրները այցելելու ատեն սովորաբար պատմութիւնը միշտ կը զբաղեցնէ միտքդ։ Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա, Իտալիա... Սպասումներու նշաձողդ որքան որ ալ բարձր ըլլայ, անոնց մայրաքաղաքները միշտ կ՚արդարացնեն՝ կայսերական շուքով, զոր տակաւին կը կրեն իրենց վրայ։ Մեծ քաղաքակրթութիւններու բնօրրանն... Այդ երկիրները մեծ հաշուով բնորոշած են պատմութեան ընթացքը։ Կոթողային յատկանշական շէնքեր ու նոյնիսկ փողոցներու կամ հրապարակներու անուններ այցելուն ակամայ հաղորդ կը դարձնեն պատմութեան՝ դէպքերով, հերոսներով եւ այլ հանգամանքներով հանդերձ։ Գիտակցական հարթութեան վրայ համամարդկային ժառանգութենէն հերթական անգամ բաժին ստանալու առիթ մը կը դառնայ իւրաքանչիւր այցելութիւն։

Հայերուս պարագային այդ պատմութիւնը երանգաւորուած կ՚ըլլայ ուրոյն երեսակներով։ Տուեալ քաղաքին մէջ ամենայն հաւանականութեամբ գոյութիւն կ՚ունենայ մեծ կամ փոքր հայկական համայնք մը՝ իր եկեղեցիով, դպրոցով, ակումբով կամ կեդրոնով, այլ կառոյցներով ու վառ անհատականութիւններով։ Այսինքն համայնքի մը գոյութեան զուգահեռ՝ տուեալ քաղաքը կը կրէ հայկական հետքեր։ Եւ այդ կէտին վրայ ալ կը սկսի պատմութեան երանգաւորումը մտքիդ մէջ։ Ընդհանուրն ու հայկականը, որոնք երբեմն շատ կը մօտենան իրարու, իսկ երբեմն կրնան նոյնիսկ հակադրուիլ։ Այսպէս է, ամէն բան առաւել չափով կախում ունի, թէ ի՛նչ տեսանկիւնէ կը դիտարկես նիւթերը։

Դէպի Լոնտոն թռիչքի ատեն, տակաւին օդանաւի մէջ միտքէս կ՚անցընէի Անգլիոյ մասին։ Նախակրթարանի պատմութեան դասագիրքերէն սկսեալ իր անունը մտած էր շրջանառութեան մէջ։ Մեծութեան, հզօրութեան, պարտադրանքի, քիչ մըն ալ վտանգի հոմանիշ մը ըլլար կարծես։ Հապա հայերո՞ւն համար... Անգլիա որոշ չափով յուսախաբութիւններու խորհրդանշան մը եղած ըլլար կարծես։ Կը յիշեմ, մանկութեան տարիներս օդանաւին մէջ։ Մեծ հօրս հետ մեր պտոյտներէն մէկուն ընթացքին էր, չեմ գիտեր ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս խօսք բացուած էր։ «Մեր հայերը պէտք է աւելի արթուն ըլլան, ժամանակին յոյս դրին Անգլիոյ նման մեծ պետութիւններու վրայ, սակայն ի վերջոյ Չըրչիլ ըսաւ, որ Անգլիա չի կրնար իր նաւերը հանել Արարատի գագաթը», ըսած էր: Տարիքս շատ փոքր էր քաղաքականութեան մասին խօսելու համար։ Միայն կը յիշեմ այդ խօսքը, որ մտքիս մէջ աւելի ուշ կերպարանափոխուեցաւ, երբ ամէն օր դպրոց կ՚երթայի Իսթանպուլի Անգլիական պալատի մօտակայքին։ Կալաթասարայ լիսէն թէեւ ֆրանսական թեքում ունէր, սակայն ֆիզիքապէս աւելի մօտ էր Անգլիոյ հիւպատոսարանին, ինչպէս Բերայի շիտակի անգլիական թեքումով «Հայ-սքուլ»ն ալ կը գտնուէր Ֆրանսական պալատի անմիջական հարեւանութեամբ։

Օդանաւի մէջ, մանաւանդ, ես ինծի կը վերահաստատեմ, թէ լաւագոյն բանաձեւումն է տուեալ պարագային այդ ամենանշանաւորը. «կայսրութիւն, որու վրայ մայրամուտ չկայ»: Սքանչելի բացատրութիւն, որու վերյիշումը օդանաւին մէջ կարծես աւելի անհամբեր կրնայ դարձնել ուղեւորը։ Եկուր-տե՛ս, որ ճամբորդը ինչքան ալ անհամբեր ըլլայ, թռիչքի տեւողութիւնը պիտի չփոխուի։ Ուստի, տակաւին ատեն կայ միտք աշխատցնելու։

Քաղաքականութեան կամ միջազգային յարաբերութիւններու վերաբերեալ տարրական պատկերացում մը, նոյնիսկ շատ մակերեսային հետաքրքրութիւն մը ենթական կ՚առաջնորդէ դէպի «անգլիական դիւանագիտական դպրոց» ըսուածը։ Սա մտքիս մէջ բիւրեղացուցած է մեծ հօրս խօսքին նշանակութիւնը։ Գաղտնիք չէ, որ հայերը պատմութեան ընթացքին նախանձելի դիրք մը չեն ունացած՝ հետեւողականօրէն ինքնիշխան սեփական պետութիւն մը ունենալու առումով։ Դարերու հոլովոյթին մէջ պետութեան յարատեւութիւն ապահովելու հարցին մէջ խոցելի վիճակ ունեցած են անոնք։ Այս պարագան ա՛լ աւելի նշանակալի կը դարձնէ անգլիական փորձառութիւնը, որ խարսխուած է շահապաշտ մօտեցումով, սեփական հնարաւորութիւնները ճշգրիտ գնահատելով, նպատակասլաց ճկնութեամբ ընթանալու եւ աշխարհի հետ համապատասխան ձեւով յարաբերուելու վրայ։ Այլ խօսքով, անգլիական փորձառութիւնը ուսանելի օրինակ մըն է՝ անհատներու եւ պետութիւններու բարեկամութեան ահաւոր տարբերութեան տեսակէտէ։

Անշուշտ, մեծ հօրս բերնէն հնչած Չըրչիլի խօսքերու մէջբերումը բաւարար չէր Անգլիոյ մասին ամէն ինչ պատկերացնելու համար, սակայն ցանած էր հետաքրքրութեան հունտեր։ Աւելի ուշ կարդացած էի նաեւ Չըրչիլէն այլ խօսք մը, թէ Անգլիա չունի մշտական բարեկամ կամ թշնամիներ, այլեւ ունի մշտական շահեր։ Սա արդէն կ՚արգասաւորէր այդ հետաքրքրութեան հունտերը։

Թռիչքը բաւական կանուխ էր, ըստ էութեան, օդանաւին մէջ կ՚ափսոսամ, որ չեմ կրնար քնչ մը քնանալ, բայց ճարահատ եմ։ Ամպերը դիտելով հազար բան կ՚անցընեմ միտքէս։ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան գոյատեւած կարճ ժամանակաշրջանին եղած են պահեր, երբ, կարծեմ, Նախիջեւանի պարագային հայերու եւ անգլիացիներու շահերը պահ մը համընկնած են, սակայն հարցերը չեն վճռուած՝ ըստ անգլիական կողմի նախընտրութեան։

Կու գամ, կամաց-կամաց, կը հասնիմ նաեւ անգլիահայութեան։ 1800-ական թուականներուն, թէեւ դարձեալ ոչ-զանգուածային, սակայն անգլիահայութիւնը որոշ կշիռ մը ունեցած էր հայ իրականութեան մէջ։ Բարեկամներէս մին օր մը զրուցելու ատեն կ՚ըսէր, որ այդ շրջանին անգլիահայութեան դերը կամ նշանակութիւնը կրնար նմանցուիլ այսօրուան ամերիկահայութեան։ Արդէն, Նոր աշխարհի առաջին հայկական եկեղեցիներու կառուցման համար ալ հանգանակութիւններ կատարուեր են անգլիահայութեան կողմէ։ Օդանաւի այս մտաբերումները լաւ են ու ռիսքերէ զերծ, որովհետեւ չկայ ստիպողութիւն՝ աղբիւրներով հիմնաւորելու, փաստերով ապացուցանելու, եւ այլն։ Ի՜նչ փոյթ, այդ բոլորը կրնան ըլլալ չափազանցուած կամ որոշ չափով ալ սխալ, սակայն թռիչքային ժամանցի համար լաւ են՝ մանաւանդ, որ ոեւէ մէկուն նկատմամբ դոյզն իսկ պատասխանատուութիւն չունիս։

Նոյնպէս, 1800-ականներու կէսերուն, Ազգային Սահմանադրութեան մշակման ժամանակ, այդ շրջանի յայտնի վարիչներ կամ գործիչներ որոշ չափով շփման մէջ եղեր են Մենչըսթըրի հայ ազգայիններու հետ։ Այստեղ անշուշտ կայ նաեւ Անգլիոյ Օսմանեան կայսրութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան գործօնը։ Սա կը յիշեմ կնոջս հետ խօսակցութիւններէս, բայց կարելի չէ, որ օդանաւէն հեռաձայնեմ իրեն՝ հանգամանքներ պարզելու համար։

Կը լքեմ հին ժամանակներու թանձրութիւնը։ Միտքս կ՚երթայ ժամանակագրականօրէն աւելի մօտ եղելութիւններու։ Ականջիս մէջ կ՚արձագանգեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյններէն Վարդան Օզինեանի խօսքերը՝ Փարիզի մէջ կէս գիշերը անց մեր ունեցած զրոյցներէն չեմ գիտեր ո՛ր մէկուն ընթացքին. «Օր մըն ալ, արտասահմանէն, գործի ճամբորդութենէ մը նոր վերադարձած էի, տեսայ, որ հեռաձայնիս վրայ մեսաժ մը կայ։ Պոլիսէն՝ թերթէն կը յայտնէին, որ այդ շաբաթավերջին Վազգէն կաթողիկոս պիտի պատարագէր Լոնտոնի մէջ, կ՚ուզէին, որ հետեւիմ եւ լուրը հաղորդեմ։ Անմիջապէս թրենի տոմս մը առի, գացի Ֆրանսայի հիւսիսը, ուրկէ ալ նաւով մեկնեցայ Անգլիա։ Այդ ատեններուն նաւով կ՚երթայինք, Արա, քանի տակաւին չկար Մանշի թիւնելը»։ Լրահաւաքի ոդիսական մը, զոր լսած եմ մեծ հետաքրքրութեամբ, կեդրոնացումի այն աստիճանով, որ չեմ կրցած պարզել, թէ այդ ո՞ր առեղծուածային միջոցաւ այդ «հեռաձայնի մեսաժ»ը հասած էր Վարդան Օզինեանին։ Տարիներ անց Վարդան Օզինեանի միջոցաւ Փարիզի մէջ պիտի ճանչնայի անգլիահայ մեծանուն լրագրող մը՝ հոգելոյս Շահէ Կեպենլեանը, որ շատ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած էր «Ռէօյթըրզ»ի մէջ։ Բնականաբար, լրագրողի մը համար Անգլիա կը նշանակէ նախ եւ առաջ «Ռէօյթըրզ» եւ BBC։ Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինեց, որ Լոնտոն թռնելէ քանի մը օր առաջ Պոլսոյ մէջ հիւրասիրեցինք իմ լաւ բարեկամ Մարկ Գրիգորեանը։ Երբ զինքը ճանչցայ՝ BBC-ի ռուսերէն բաժնի մասնագէտներէն էր, իսկ այսօր Հայաստանի հանրային ռատիոյի տնօրէնն է։ Մեր վերջին զրոյցին ժամանակ ալ պատմած էր BBC-ի տարիներէն յուշեր։

Ամպերու վրայով սաւառնելու ատեն մտքովս կ՚անցնի նաեւ, որ մինչեւ 1970-ական թուականներու վերջերը ԺԱՄԱՆԱԿ կանոնաւոր թղթակից ունեցած է Լոնտոնի մէջ։ Զանազան առիթներով հին թիւեր աչքէ անցընելու ատեն նկատած, նաեւ զարմացած եմ ես ինծի։ Յստակ չեմ յիշեր հիմա ո՛վ ըլլալը, սակայն իգական անուն մըն էր։ Այսինքն, օդին մէջ կը հետեւցնեմ, որ մեր համայնքին եւ անգլիահայութեան միջեւ եղած է կանոնաւոր կապ մը։

Կը վերյիշեմ տակաւին երիտասարդութեան տարիներուս իմ ունեցած անմոռանալի զրոյցները փրոֆեսէօր Արուս Եումուլի հետ։ Ինծի յաճախ կը պատմէր, որ համալսարանական տարիներու ամբողջ աշխատանքը կատարած էր Լոնտոնի սրճարաններու ժխորին մէջ։ Կը ժպտամ... ես ինծի։

Տարիներ անց, երբ Գարեգին Ա. կաթողիկոս Լոնտոն կ՚այցելէր, 1990-ականներու կէսերուն, ես լուրերը կը ստանայի անգլիահայոց հոգելոյս թեմակալ առաջնորդ Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեանէն, որու հետ կը խօսէի հեռաձայնով։ Այդ այցելութեան օրերուն հանգուցեալ սրբազանը ամենայն համբերութեամբ բարի կ՚ըլլար մանրամասնութիւններ փոխանցել։ Օր մըն ալ մեր զրոյցի աւարտին ինծի ըսած էր, որ իր մօտ կար պոլսահայ մը եւ ընկալուչը իրեն կը փոխանցէր։ Այդ պոլսահայը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ մեր Արի Թաշը, որ այդ տարիներուն Լոնտոն կը բնակէր եւ իմ զարմանքին մէջ քանի մը մանրամասնութիւն ալ ինք աւելցուցած էր։ Այդ պահուն անկարելի էր, որ կարողանայի կանխատեսել, թէ ապագային համագործակցութեան երկար ճանապարհ մը պիտի ունենայինք մեր առջեւ՝ իր Պոլիս վերադարձին զուգահեռ։

Արդէն աստիճանաբար կը հասնիմ մեր օրերուն։ Ութ տարի առաջուան առաջին այցելութիւնս միտքէս կ՚անցնի։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան կը պատրաստուէր առաջնորդի պաշտօնը փոխանցել, սակայն տակաւին Լոնտոն էր ու զրուցած էինք առաջնորդարանի մէջ։ Այդ ժամանակ Հայաստանի դեսպանն էր Վահէ Գաբրիէլեան, որ սիրալիր վերաբերմունք ցոյց տուած էր։ Միջնորդած էր՝ որպէսզի ծանօթանամ լորտ Արա Տարզիի հետ, որու գլխաւորած հիւանդանոցին մէջ ժամադրութիւն մը կազմակերպուած էր։ Այդ ատեն հանդիպած էի Արմէն Սարգսեանի հետ, որ այսօր դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ։ Ծանօթացած էինք սփիւռքահայ մտաւորական Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ եւ կապի մէջ կը մնանք ցայսօր։ Այդ կարճ այցելութեան օրերուն զուգադիպած էր Tate Moderne-ի մէջ կազմակերպուած Արշիլ Կորքիի ցուցահանդէսը։ Այլինին հետ շրջած էինք եւ այդ օրուան ի յիշատակ գնած՝ ցուցահանդէսի մեծադիր պաստառը, որ կախուած է մեր բնակարանի մուտքի պատին վրայ։

Կ՚անդրադառնամ, որ ժպիտ մը կայ դէմքիս վրայ։ Արդեօք աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար, եթէ իմ հետ ընկերակից մը ունենայի եւ այս բոլորը իրեն պատմէի։ Ո՞վ գիտէ, յամենայնդէպս առանձին չեմ զգար...

Առաջին այցելութեան վառ յուշերով կը մտածեմ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս այս երկրորդ այցելութեան գաղափարը յղացաւ իմ ազգականներէն Արմէն Սարուխանեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Լոնտոնի մէջ։ Ան թէեւ ամէն ինչ հունի մէջ դրած էր, սակայն, հակառակ մեր բոլոր ծրագիրներու, չէր կրցած ենթադրել, որ իմ կեցութեան օրերուն ակամայ պիտի բացակայէր Լոնտոնէն։ Նախախնամութեան ծուղակին մէջ յայտնուեցաւ Լոնտոնի մեր համատեղ ոդիսականը...

Եւ ահա կենսական այլ նիւթ մը եւս, որու մասին ըսելու ուշացած եմ կարծես։ Անգլիան ֆութպոլի մայր հայրենիքն է։ Հայերէնի անաղարտութեան նկատմամբ ամենայն նախանձախնդրութիւնով եւ ուշադրութիւնով հանդերձ, երբեք չեմ հակուած ոտնագնդակ անուանել այդ խաղը։ Ֆութպոլ, պարզապէս եւ ամբողջական իմաստով։ Մինչեւ քանի մը տարի առաջ, խորապէս յարգելով հանդերձ ինքնուրոյն դպրոցի պարագան, միջազգային մրցաշարքերու մէջ երբեք չեմ համակրած անգլիացիներուն։ Թէ՛ ակումբային եւ թէ ազգային հաւաքականներու հարթութեան վրայ երբեք... Իմ առաջին հերոսն էր Միշել Փլաթինին, որ իր նշանաւոր «մեռեալ տերեւի հարուածով» գրաւած էր սպանացի Արքոնոտայի դարպասը, նաեւ իմ սիրտը։ Իմ միւս հերոսներն էին՝ սպանացի Էմիլիօ Պութրակենիոն եւ պրազիլացի Ռոմարիոն։ Ուրեմն, ես կը համակրէի առաւել չափով ֆրանսացիներուն, պրազիլացիներուն եւ սպանացիներուն։ Այո՛, Կերի Լինեքերն ալ կը սիրէի եւ անոր սիրոյն Գերմանիոյ, Արժանթինի կամ Իտալիոյ դէմ կ՚ուզէի, որ Անգլիան յաղթէր, սակայն այդքան միայն։ Եւ, անշուշտ, այս պատկերը փոխուած է վերջին տարիներուն։ Այսօր բոլոր հայ ֆութպոլասէրները ունին բացարձակ հերոս մը, որ կը խաղայ Անգլիոյ մէջ։ Մեզմէ ո՞վ չի սիրեր Հենրիխ Մխիթարեանը։ Ո՞վ չ՚աղօթեր Հենոյին համար, որ օտարներուն ինքզինքը սիրցուցած է՝ որպէս Միքի։ Անգլիոյ առասպելական մարզադաշտերուն վրայ, տասնեակ հազարաւորներ կ՚երգեն իր անունը՝ զինքը իւրացուցած ըլլալով՝ որպէս իրենց «հայ կիսապաշտպանը»։ «Փրէօմիէր լիկ»էն անցած են նաեւ այլ հայեր, եթէ չեմ սխալիր, Հենոյէն առաջ վերջինը Անդրանիկ Թէյմուրեանն էր՝ իրանահայ։ Բայց անցեալ չկայ ֆութպոլի մէջ։ Նոր աստղերու կիրքը անդիմադրելի է եւ այդ նոր աստղը ծնած է մայր Հայաստանէն։ Որքան որ ալ անգլիացիներու նաւերը չկարողանան բարձր տեղեր հասնիլ, միանշանակ է, որ Մխիթարեան անգլիացի ֆութպոլասէրներու սրտին մէջ հասած է այնպիսի բարձրութեան մը, որ անբաղդատելի է նոյնիսկ Արարատի գագաթին հետ։ Վստահաբար, Սթալինի հետ հայկական քոնիաք խմած Չըրչիլն ալ այսօր կրնար համաձայնիլ, որ ֆութպոլի մէջ չկան մշտական համակրանքներ կամ հակակրանքներ, մշտականը կիրքն է՝ աստղերու նկատմամբ սիրով խառնուած եւ հերոսներու ծնունդ տուող այդ կիրքը։

Վերջապէս, օդաչուն կ՚ազդարարէ վայրէջքի մասին։ Հիմա այլեւս չեմ զղջար, որ չեմ յաջողած քնանալ։ Անցեալ անգամ Լոնտոնէն հրաժեշտ առած էի Հիթրոուէն, իսկ այս անգամ մուտք կը գործեմ Կեթուիքէն։ Տեսնենք ուրեմն...

*

Հոկտեմբերի 28-ին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան տարեդարձն էր եւ հազիւ քանի մը օր վերջ Լոնտոնի մէջ նշուեցաւ անոր յոբելեանը։ 111-րդ տարին թեւակոխելէ անմիջապէս վերջ տեղի ունեցան 110-ամեակի յոբելենական ձեռնարկները։

*

ՍԱՀԱԿԵԱՆՆԵՐՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

Լոնտոնեան կարճ կեցութեան օրերուն շատ յատկանշական էր հայր ու որդի Սահակեաններու հետ իմ հանդիպումը։ Davidoff of London սիկառներու ներկայացուցչութիւն-խանութը անոնց սեփականութիւնն է։ Բրիտանական մայրաքաղաքի սիրտին վրայ, մեծ համբաւով վաճառատուն մըն է այս մէկը։ Համբաւը, անշուշտ, միայն վաճառանիշով պայմանաւորուած չէ։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր Սահակեանները պատնէշի վրայ կը մնան շնորհիւ իրենց բարձր արհեստավարժութեան։ Լոնտոնի բարձրաշխարհիկ բնակիչներու ժամադրավայրերէն մին է անոնց խանութը։ Էտուարտ եւ Էտի Սահակեանները շատ հիւրասէր ու չափազանց պատրաստակամ մարդիկ են։ Ընտանեկան յարկի իսկական ջերմութիւն կը տիրէ իրենց խանութէն ներս։

Էտուարտ Սահակեան, որ 1980 թուականին հիմնած է այս հաստատութիւնը, հայոց դիմադրելու ու զերոյէն վեր յառնելու տաղանդը կը մարմնաւորէ իր կեանքի եզակի փորձառութեամբ։ Ան պարսկահայ մըն է։ Իրանի մէջ ունեցած է երեք հսկայ գործարան՝ երկուքը Թեհրանի եւ մին՝ Թաւրիզի մէջ։ Այդ գործարանները կ՚արտադրէին ոգելից ըմպելի՝ մանաւանդ գարեջուր։ 1978 թուականին Սահակեան ամանորի առթիւ Լոնտոն կը մեկնի իր ընտանիքին հետ։ Կարճ արձակուրդի այդ կեցութեան օրերուն կը զուգադիպի Իրանի յեղափոխութիւնը։ Անշուշտ, հասկնալի պատճառներով, յեղափոխականներու թիրախը կը դառնան Սահակեանի գործարանները, որոնք ունէին հազարաւոր աշխատողներ։ Սահակեանի ամէն ինչը վրայ կ՚երթայ՝ գործարաններու առընթեր, կալուածներն ու գրեթէ ամբողջ հարստութիւնը։ Եւ ան անգամ մըն ալ չի կրնար վերադառնալ իր ծննդավայրը ու կը նետուի կեանքի նոր պայքարի մը։

Էտուարտ Սահակեան այդ բոլորը կը պատմէ ժպտադէմ, հանդարտ, առանց վհատելու։ Կեանքի փորձութիւններուն դիմաց չընկճուելու հպարտութեան դրսեւորումը ըլլար կարծես իր հասունութիւնը։

Ան կը խօսի ու ես զմայլելով կը լսեմ իր ոդիսականը եւ միտքէս կ՚անցնի, թէ հայու ճակատագիրը միշտ այսպէս դաժան է։ Ամէն տեղ նման հայերու կարելի է հանդիպիլ. մարդիկ, որոնք մանաւանդ Միջին Արեւելքի քաղաքական վերիվայրումներուն հետեւանքով պարտաւորուած են կրկնակի պայքար մղել կեանքի մէջ։

Կրկնակի յաղթանակը անշուշտ երաշխաւորուած չէ, սակայն Էտուարտ Սահակեանի նման՝ այդ կրկնակի յաղթանակին հասածները այսօր ամբողջ ժողովուրդի մը բարի համբաւը կ՚ապահովեն եւ նոյնինքն այդ ժողովուրդի՝ հայ ժողովուրդի համար անփոխարինելի կերպարներ են։

Էտուարտ Սահակեանէն հրաժեշտ առնելու ատեն կեանքիս մէջ առաջին անգամ կարծես զղջացի, որ չեմ ծխեր...

THE DORCHESTER-Ի ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ

Լոնտոնի իմ կեցութեան օրերուն զուգադիպեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կալա-ընթրիքը, որ համախմբած էր անգլիահայ վերնախաւի առընթեր, ամբողջ հայաշխարհէն դէմքեր։ Նոյեմբերի 3-ին, շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը The Dorchester յայտնի պանդոկին մէջ։ Պատուոյ հիւրն էր հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան։

Ներկաներու շարքին էին՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Լորտ Արա Տարզի, ֆութպոլի անմոռանալիներէն Եուրի Ճորքաեֆ, երգիծաբան Գեւ Օրգեան, ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր եւ այլ հիւրեր։ Ինծի համար իսկապէս հետաքրքրական էր այս երեւոյթի մթնոլորտը շնչել՝ մանաւանդ, որ ան կազմակերպուած էր ի նպաստ ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն։

Հաճելի էր նաեւ հաւաքոյթի ընթացքին քանի մը խօսք փոխանակել Եուրի Ճորքաեֆի հետ, որու նկատմամբ մօտաւոր անցեալին իմ ունեցած սէրն ու համակրանքը գրեթէ համազօր էր Հենրիխ Մխիթարեանին, որ շատ անմիջական սրտի խօսք մը արտասանեց Լոնտոնի երեկոյթի ժամանակ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018