Յաւելեալ հնարաւորութիւն

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմնի վերակազմուած ըլլալը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է մեր համայնքային կեանքին տեսակէտէ եւ օրակարգի վրայ արդէն կը զբաղեցնէ առաջնահերթ տեղ։ Անցնող շուրջ տարուան մը ընթացքին Պատրիարքարանի գործունէութիւնը գրեթէ անդամալուծուած էր եւ, ըստ էութեան, ամլացած։ Այժմ վերստին աշխուժութիւն մը կը ստեղծուի Գումգաբուի մէջ։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի ղեկը վերստին ստանձնելէ վերջ հանդէս կու գայ նոր նախաձեռնութիւններով։ Նպատակն է հնարաւորինս թօթափել մօտաւոր անցեալի տխուր իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետեւանքով մեր համայնքէն ներս բացուած վէրքերուն բեռը։

Խորհրդակցական մարմնի կազմուիլը Պատրիարքարանին ու մեր համայնքին տեսակէտէ կը խորհրդանշէ կարգ մը հանգամանքներ։ Առաջին՝ այս իրադարձութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ Պատրիարքական Աթոռը սկսած է դարձեալ շնչել բնականոն ձեւով ու վերականգնած՝ իր համախմբման կարողութիւնները։ Երկրորդ՝ Պատրիարքարանի եւ մեր համայնքի հաստատութիւններուն, անհատ գործիչներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը վերագտնէ իր բնականոն հունը։ Երրորդ՝ Պատրիարքարանը շատ առարկայական ձեւով ամփոփած է մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւնները եւ այդ հիման վրայ այսօր կը գործէ շատ աւելի լայնախարիսխ մօտեցումներով, հեռու մնալով հատուածապաշտական նկրտումներէ։

Այս բոլորին հիման վրայ Պատրիարքարանէ ներս Խորհրդակցական մարմնի կազմուիլը ընդհանուր լաւատեսութիւն մը առթած է համայնքային շրջանակներուն։ Առաջին արձագանգները դրական են եւ Խորհրդակցական մարմնի գոյութիւնը յաւելեալ լծակ մը, հնարաւորութիւն մը կը համարուի՝ մեր համայնքի այժմու հրատապ օրակարգի խնդիրներու լուծման հետամուտ ըլլալու տեսակէտէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018