Հարուստ հայերը

Տե­ղա­կան մա­մու­լը ո­ղո­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րով։ Այդ ամ­բող­ջէն ան­մասն չէ նաեւ թրքա­հա­յու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս միշտ, հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն զուրկ ըլ­լա­լով հան­դերձ մեր հա­մայն­քին գո­յու­թեան փաս­տը կը շեշ­տադ­րուի՝ նշա­նա­կու­թեան ուռճա­ցու­մով։

Ա­մէն տեղ կը գրուի, որ այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ Ապ­րիլ 24-ի առ­թիւ Ս. Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցուի Գում­գա­բուի մէջ։ Մինչ­դեռ սա ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, նոյ­նը ե­ղած էր նաեւ ան­ցեալ տա­րի։ Ըստ զա­նա­զան լու­րե­րու, այդ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­ղած է կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կը, սա­կայն սա չէ թե­լադ­րուած, այլ ու­նե­ցած է խնդրան­քի մը բնոյ­թը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը նշած են, որ այս Ս. Պա­տա­րա­գով պի­տի ո­գե­կո­չուին 1915-ին մա­հա­ցած հա­յե­րը, իսկ Պատ­րիար­քա­րա­նին բա­նա­ձե­ւու­մը այն է, որ ո­գե­կո­չում­նե­րը ձօ­նուած են Ա. աշ­խար­հա­մար­տի զո­հե­րուն։ Ամէն մարդ կը փորձէ թէեւ բան մը ընել, բայց շուարած է ընելիքը։ Չէ՞ որ հիմա կայ նաեւ սրբադասման հանգա-մանքը։ Նրբու­թիւն­ներ… Նրբու­թիւն­ներ…

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ հե­ռուս­տած­րագ­րի մը ըն­թաց­քին հայ­կա­կան հար­ցին մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ յայտ­ներ է, թէ Իս­թան­պու­լի ա­մե­նա­հա­րուստ­նե­րը հա­յերն են։

Ու­րեմն, մեզ­մէ լա­ւը չկայ…։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015