ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Թրքա­հայ հա­մայն­քը ներ­կայ շա­բաթն ալ թե­ւա­կո­խած է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ հրա­տապ օ­րա­կար­գով։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ան­ցեալ շա­բաթ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պաշ­տօ­նա­տար­ներ այ­ցե­լած էին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, ուր Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի հետ խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած էին այս խնդրին շուրջ։ Այդ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը մեկ­նա­բա­նուած էին՝ որ­պէս կլի­մա­յի փո­փո­խու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ ազ­դան­շան­ներ կա­յին Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հան­գա­ման­քի պաշ­տօ­նա­պէս ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այժմ այս հի­ման վրայ յստա­կու­թեան ո­րո­նում մը սկսած է հա­մայն­քէն ներս։ Այս շրջագ­ծին մէջ, ըստ էու­թեան, հիմ­նա­կան քա­նի մը հար­ցու­մի պա­տաս­խա­նը պէտք է վերջ­նա­կա­նօ­րէն բիւ­րե­ղա­նայ, որ­պէս­զի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը շա­րունակուին շատ ա­ւե­լի կան­խա­տե­սե­լի ու մեր հա­մայն­քին կող­մէ գո­հա­ցու­ցիչ հու­նի մը մէջ։

Ա) Ե­թէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան որ­պէս տե­ղա­պահ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցուի պե­տու­թեան կող­մէ, ա­պա սա ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ։ Պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այս­պի­սի կար­գադ­րու­թիւ­նով մը կը ձգտին պար­զա­պէս հեր­քե՞լ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ պե­տու­թիւ­նը կը մի­ջամ­տէ Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան կրօ­նա-ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծե­րուն, թէ ոչ այդ ճա­նա­չու­մը պի­տի նշա­նա՞­կէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի շօ­շա­փե­լի ձե­ւով, գործ­նա­կա­նօ­րէն ա­րա­գա­նա­լը։ Ար­դա­րեւ, տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը այն է, որ ե­թէ տե­ղա­պահ մը պաշ­տօ­նա­պէս գոր­ծի ձեռ­նար­կէ, ա­պա ինք­նա­բե­րա­բար եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը սկիզբ ա­ռած կը հա­մա­րուի, ան­շուշտ նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նի մը ստեղ­ծու­մով հան­դերձ։

Վեր­ջին շուրջ ինն տա­րուան ըն­թաց­քին ապ­րուած­նե­րը ե­կած են տակն ու վրայ ը­նել մեր բո­լոր նա­խըն­թաց­ներն ու ա­նոնց­մէ բխած տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ Ճիշդ է, որ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին ա­ռանց տե­ղա­պա­հի, փո­խա­նորդ­նե­րով ալ թրքա­հա­յու­թիւ­նը կա­տա­րած է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն։ Բայց եւ այն­պէս, ե­թէ այս ան­գամ փո­խա­նոր­դի մը պաշ­տօ­նը պի­տի դադ­րի եւ ա­նոր պի­տի յա­ջոր­դէ տե­ղա­պահ մը՝ ու­րեմն սպա­սու­մը կ՚ըլ­լայ այն, որ նոր գա­հա­կա­լի ընտ­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս ի­րա­կա­նա­նայ։

Բ) Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան 2010 թուա­կա­նին ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լու ժա­մա­նակ ու­նե­ցած էր պե­տա­կան մար­մին­նե­րու կող­մէ հա­ւա­նու­թիւն, Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ ու­ղար­կո­ւած պաշ­տօ­նագ­րով մը։ 15 Մարտ 2017 թուա­կա­նին գու­մա­րուած Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րէն վերջ ալ, դար­ձեալ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած պաշ­տօ­նագ­րի մը տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ցայ­սօր ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը մնա­ցած է պաշ­տօ­նի գլուխ։ Կու­սա­կա­լու­թե­նէն հա­սած այդ գրու­թիւ­նը կան­խած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի որ­պէս տե­ղա­պահ պաշ­տօ­նի ձեռ­նար­կե­լը՝ հա­կա­ռակ ընտ­րուած ըլ­լա­լուն։ Այժմ ար­դեօք կու­սա­կա­լու­թեան կամ այլ պե­տա­կան մար­մի­նէ մը նոր գրու­թի՞ւն մը պի­տի ու­ղար­կուի Պատ­րիար­քա­րան՝ տե­ղա­պա­հի հան­գա­ման­քի ճանչ­ցուած ըլ­լա­լուն շուրջ, թէ ոչ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի շա­րու­նա­կուի գործ­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով։

1998 թուա­կա­նի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ, օ­րի­նակ, դար­ձեալ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թե­նէն Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած էր պաշ­տօ­նա­գիր մը։ Այդ շրջա­նի փոխ-կու­սա­կա­լին կող­մէ ստո­րագ­րուած պաշ­տօ­նագ­րին մէջ նշուած էր, որ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը որ­պէս փո­խա­նորդ կը ճանչ­նան Տ. Շա­հան Արք. Սվա­ճեա­նը (այժմ հո­գե­լոյս) ու ոչ թէ Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նը (այժմ հանգս­տեան կո­չուած պատ­րիարք)։ Ա­ւե­լի վերջ այդ պաշ­տօ­նագ­րին մէջ ար­տա­յայ­տուած տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը են­թար­կուած էին ո­րոշ փո­փո­խու­թեան եւ պե­տու­թեան դրա­կան վե­րա­բեր­մուն­քով կա­րե­լի ե­ղած էր ձեռ­նար­կել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան՝ մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ նա­խըն­թաց­նե­րուն հի­ման վրայ։

Ու­րեմն, այս օ­րի­նա­կին լոյ­սին տակ կը ծնի հե­տե­ւեալ հար­ցու­մը. ար­դեօք պե­տու­թիւ­նը 15 Մարտ 2017 թուա­կա­նին Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած պաշ­տօ­նագ­րի փո­խա­րէն նո՞ր գրու­թիւն մը պի­տի ու­ղար­կէ, թէ ոչ դար­ձեալ գործ­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ։

Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած վեր­ջին պաշ­տօ­նագ­րին մէջ բա­ցա­յայ­տօ­րէն ընդգ­ծուած է, որ այժմ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն կա­րե­լի չէ ձեռ­նար­կել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի տե­ղա­պա­հի հան­գա­ման­քի ճա­նա­չու­մը կրնա՞յ նշա­նա­կել, որ այդ մօ­տե­ցու­մը բա­րե­փո­խուած է եւ հի­մա ա­նոր հան­գա­ման­քին ճա­նա­չու­մը կրնայ ինք­նա­բե­րա­բար սահ­մա­նել նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին սկիզ­բը։ Այ­լա­պէս, ե­թէ հիմ­նա­ւո­րեալ բա­նա­ձե­ւում­նե­րով նոր պաշ­տօ­նա­գիր մը չըլ­լայ, ա­պա ինչ­պէ՞ս պի­տի հար­թուին մեր հա­մայն­քէն ներս այն ի­րե­րա­մերժ տե­սա­կէտ­նե­րը, թէ ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի մեկ­նար­կին հա­մար պե­տու­թեան թոյլ­տուու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է կամ ոչ։ Ա­ւե­լորդ է մատ­նան­շել, որ իւ­րա­քան­չիւր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ ե­ղած կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը տուեալ պա­հուն կ՚ըն­կա­լուին գործ­նա­կա­նօ­րէն, սա­կայն եր­կա­րա­ժա­մէտ ա­ռու­մով կ՚ու­նե­նան նաեւ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն, յա­ջոր­դող պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Ու­րեմն, այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած հար­ցա­կան­նե­րու յստա­կե­ցու­մը ու­նի չա­փա­զանց նշա­նա­կու­թիւն։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այ­սօր հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի հետ, որ նման կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն եւ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի պե­տու­թեան պատ­կան օ­ղակ­նե­րէն ներս։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու վա­ղը ա­ռա­ւօտ ալ ժա­մադ­րու­թիւն ու­նի այ­ցե­լե­լու հա­մար Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թիւն։ Շի­րի­նօղ­լուի այս շփում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը կը սպա­սեն ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, իր այդ շփում­նե­րը կրնան ո­րոշ յստա­կու­թիւն մը մտցնել գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին։ Բաց աս­տի, Գում­գա­բուի ան­պաշ­տօն աղ­բիւր­նե­րէն եւս կան լսում­ներ, ըստ ո­րոնց Պատ­րիար­քա­րա­նի շրջա­նակ­նե­րէն ալ ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն այս հար­ցում­ներն ու նոր ի­րա­վի­ճա­կը բիւ­րե­ղաց­նե­լու հա­մար։

Հուսկ, ներ­կայ շա­բա­թը կրնայ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ՝ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ստեղ­ծուած կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան ի շա­րու­նա­կու­թիւն։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017