ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՔԱՅԼ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը վերջին օրերուն ողողուած էր Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիններուն՝ Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնազրկման որոշումով։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած այս տնօրինութիւնը համայնքային շրջանակներէ ներս ծնունդ տուաւ հակազդեցութեան ալիքի մը։ Մէկ կողմէ տնօրէնուհիներուն վաստակը եւ դպրոցի վերելքին համար ներդրած տասնամեակներու եռանդը հաշուի կ՚առնուէր, իսկ միւս կողմէ թաղային խորհուրդի առած քայլը կը համարուէր քմահաճ եւ անարդարանալի։ Այս մթնոլորտին մէջ թաղային խորհուրդն ալ հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեց այն գործօնները, որոնք հիմք ծառայած էին իր որոշման։ Բաւական սուր եւ հակադիր դիրքեր ձեւաւորուած էին ու կը սպասուէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախաձեռնութեամբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուելիք ժամադրութեան։ Միակ դրական տուեալը այն էր, որ Պատրիարքարան փութալու համաձայն գտնուած էին թէ՛ տնօրէնուհիները եւ թէ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը։

Այս իրավիճակին մէջ յանկարծ անսպասելի իրադարձութիւն մը եկաւ համայնքի օրակարգին վրայ։ Այսպէս, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու անակնկալ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկաւ եւ իր առած անսպասելի քայլը բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ՝ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման որոշումով սկիզբ առած գործընթացը։ Պետրոս Շիրինօղլու պահանջեց, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ղեկը յանձնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Ան համապատասխան բովանդակութեամբ նամակ մը ուղարկած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին՝ այդ մէկը ստորագրելով Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենապետի հանգամանքով։

Մեր համայնքի այժմու հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ զգայացունց իրադարձութիւն մըն է այս մէկը, որուն կապակցութեամբ կարելի է երկար խորհրդածել։ Ինչպէս երկրի միւս փոքրամասնական համայնքները, այնպէս ալ թրքահայութիւնը երկար տարիներէ ի վեր խորապէս կը տուժէ՝ համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւններու առկախման հետեւանքով։ Այս իրավիճակին մէջ զանազան անհրաժեշտութիւններու բերումով թէեւ կը կատարուին կարգ մը միջանկեալ կարգադրութիւններ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ փոխարինել ընտրութիւնը ու մանաւանդ հարցերը կրնայ լուծել ընտրութեան համազօր ձեւով։ Միայն ժողովուրդի կամքն է, որ ի զօրու է առկախուած խնդիրները լուծել եւ ընթացքին յառաջացած հետեւանքները յաղթահարել։ Այս սկզբունքային շրջանակին մէջ, հասկնալիօրէն, Պետրոս Շիրինօղլուի նախաձեռնութիւնը դժուար ըմբռնելի է եւ անոր ցոլացուցած տրամաբանութիւնը՝ մեր համայնքի նախընթացներու, պետութեան կողմէ երաշխաւորուած իրաւունքներու շրջանակին մէջ դժուար թէ տեղաւորուի։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի պարագային մեր համայնքէն ներս կուտակուած հակազդեցութիւնը անկարելի է հունաւորել այսպիսի լուծում մը գտնելու եւ մանաւանդ առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման վրայ կեդրոնանալու փոխարէն՝ նման անհասկնալի վարկածներու ճանապարհին ջանք ու եռանդ մսխելու։ Ընտրութեան թոյլտուութեան մը ապահովուիլը այսօր հիմնական հասարակաց յայտարարն է թէ՛ թրքահայութեան եւ թէ երկրի միւս փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն։ Այս իրավիճակին մէջ միջանկեալ կարգադրութիւնները կրնան շատ աւելի խորացնել առկայ խնդիրները։

Յառաջիկայ օրերուն այս նիւթը վստահաբար կը զբաղեցնէ համայնքի օրակարգը եւ կը քննարկուին խնդրի բոլոր երեսակները։ Բայց եւ այնպէս, այս փուլին կայ նաեւ հանգամանք մը, որ բացարձակապէս պէտք չէ անտեսուի։ Այս քայլը առնուած է բացառապէս անհատական նախաձեռնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռը արտաքին դիտորդի մը դիրքին վրայ է եւ մանաւանդ Պատրիարքարանի երդիքին տակ նման քայլի մը որոշումը չէ առնուած խորհրդակցութեան կամ ժողովականութեան մթնոլորտի մէջ։ Այս պահու դրութեամբ, մեր համայնքը ունի ընտրեալ պատրիարք մը եւ մեր համայնքի մէջ միայն իր իշխանութիւնն է, որ օրինական է յաչս մեր ժողովուրդին եւ ըստ մեր նախընթացներուն։ Հետեւաբար, առանց Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեան այսպիսի արմատական քայլերու երթալը նպաստաւոր չի կրնար ըլլալ մեր համայնքի գերագոյն հաւաքական շահերուն տեսակէտէ։

Ընտրութիւնները առկախուած են։ Լուծումը կախեալ է պետութենէն։ Այդ հարցի լուծման համայնքէ անկախ ըլլալը պարտադրանք կը յառաջացնէ սովորական ժամանակներէ շատ աւելի զգոյշ եւ նախանձախնդիր ըլլալու։ Իսկ նման երեւոյթները վտանգ կը սպառնան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այլասերում յառաջացնելու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020