Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն 25 տարեկան…

Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը ներ­կա­յիս ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տու­թեամբ հա­մա­կած է հա­մայն հա­յու­թիւ­նը։

Քա­ռորդ դա­րուան այս ա­զատ ու ան­կախ եր­թը չա­փա­զանց նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ ազ­գին տե­սա­կէ­տէ։ Դա­րե­րու ար­հա­ւիրք­նե­րէն ու մա­քա­ռում­նե­րէն վերջ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն ձեռք­բե­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը։ Այդ պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մը խոր­քա­յին ի­մաստ ու­նի հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար։ Ան­դուն­դի եզ­րէն մա­զա­պուրծ փրկուած ժո­ղո­վուր­դի մը նոր կեան­քին եւ աշ­խար­հի վրայ ա­զատ ինք­նադր­սե­ւոր­ման հիմ­նա­կան ե­րաշ­խիքն ու գրա­ւա­կանն է ան։

Մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան թա­տե­րա­բե­մին վրայ որ­քան որ հին է հա­յոց ներ­կա­յու­թիւ­նը, այն­քան ե­րի­տա­սարդ է հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Վա­ղե­մի այդ գո­յու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած հա­սու­նու­թեամբ եւ ի­մաս­տու­թեամբ մեր օ­րե­րուն կը հա­ւա­սա­րակշ­ռուի ե­րի­տա­սարդ պե­տա­կա­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թեան պա­կա­սը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան ե­ռան­դը կը միա­խառ­նուի պատ­մու­թե­նէն բխած ինք­նավս­տա­հու­թեան։

Մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կան հանգ­րուան­նե­րէն մէ­կուն մէջ վե­րա­կեր­տուած է հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ մէկ կող­մէ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն­նե­րը կը տկա­րա­նան ո­րոշ ա­ռում­նե­րով, սա­կայն ա­նոնց փո­խա­րի­նումն ալ այդ­քան դիւ­րին ըլ­լալ չի թուիր եւ այս խաչ­մե­րու­կին վրայ հիմ­նուած է հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ժա­մա­նա­կաշրջա­նին՝ մէկ կող­մէ միօ­րի­նակ կը դառ­նան մշա­կոյթ­ներն ու կեն­ցաղ­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ նոյ­նինքն այդ միօ­րի­նա­կու­թեան յաղ­թա­հար­ման հա­մար կը բարձ­րա­նան տե­ղա­կան ար­ժէք­նե­րը։ Այդ տե­ղա­կան ար­ժէք­նե­րը, խոր­քին մէջ, ու­րիշ բան մը չեն՝ ե­թէ ոչ ազ­գա­յին մշա­կոյթ­նե­րու տար­րե­րը եւ այդ ազ­գա­յին մշա­կոյթ­նե­րու գո­յա­տեւ­ման ե­րաշ­խիք­ներն ալ կը հան­դի­սա­նան դար­ձեալ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն­նե­րը։ Հա­կա­սու­թիւն­նե՞ր... Երբ պակ­սած են հա­կա­սու­թիւն­նե­րը հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու կեան­քէն եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­յու­թեան ա­ռա­ւե­լա­գոյն բա­ժին հա­սած է ա­նոնց ծանր հե­տե­ւանք­նե­րէն։ Յա­րա­փո­փոխ ժա­մա­նակ­նե­րու գնա­յու­նին ու մնա­յու­նին խաչ­մե­րու­կին վրայ հիմ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ ա­զատ ու ան­կախ։ Հիմ­նա­կան հան­գա­ման­քը այն է, որ Հայաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր այ­լեւս ա­ռանցքն է հայ ի­րա­կա­նու­թեան։ Ան ա­պա­ւէ­նը, յե­նա­րանն ու յոյսն է հա­յոց կեան­քին։

Ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը ա­ռիթ մըն է հա­շուեկ­շիռ մը ը­նե­լու հա­մար։ Ակն­յայտ է, որ Հա­յաս­տան կը գտնուի աշ­խար­հի ա­մե­նա­բարդ տա­րած­քաշր­ջան­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Այն­տեղ առ­կայ են գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու ան­հաշտ մրցակ­ցու­թիւն եւ ազ­դե­ցու­թեան սաս­տիկ պայ­քար։ Իր այժ­մու նե­րու­ժով եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով՝ ե­թէ Հա­յաս­տան գտնուէր Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի բաղ­դատ­մամբ ա­ւե­լի հան­գիստ տա­րած­քաշր­ջա­նի մը մէջ, վստա­հա­բար պի­տի ծաղ­կէր շատ ա­ւե­լի թա­փով։ Ի վեր­ջոյ, սա է երկ­րին ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Իր ան­կա­խու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու ճա­նա­պար­հին, այս տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս եր­կի­րը կը դի­մագ­րա­ւէ բա­զում մար­տահ­րա­ւէր­ներ. ինչ­պէս՝ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դիր, շրջա­փա­կում, պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան դժուա­րու­թիւն­ներ եւ այլն։ Ինչ որ ալ ըլ­լան պայ­ման­նե­րը՝ Հա­յաս­տան դա­տա­պար­տուած է զա­նոնք յաղ­թա­հա­րե­լու։ Իր ան­կա­խու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար՝ Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է ու­նե­նալ ա­զատ հա­սա­րա­կու­թիւն, բա­րօր քա­ղա­քա­ցի­ներ ու ար­դար կեանք։ Այս բո­լո­րը այ­լընտ­րանք չու­նին՝ երկ­րի եր­թը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու եւ մեծ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դէմ հա­մախմ­բում ա­պա­հո­վե­լու տե­սան­կիւ­նէ­ն։­

Իր գո­յու­թեան 25 տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տան ե­ղաւ ա­նան­տե­սե­լի գոր­ծօն մը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Որ­դեգ­րեց հա­ւասն­րակշ­ռուած ու շի­նիչ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րը ե­ղաւ ու կը մնայ իր հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը՝ Ե­րե­ւա­նէն միշտ հնչե­ցին խա­ղա­ղա­մէտ պատ­գամ­ներ։ Հա­յաս­տան ձգտե­ցաւ բնա­կա­նոն ու կա­յուն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կել իր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ եւ իր շուրջ ձե­ւա­ւո­րել հա­մագոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լորտ մը։ Դժբախ­տա­բար, Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով փա­կու­ղին կը մնայ առ­կայ։ Սա կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գլխա­ւոր հար­ցա­կաննե­րէն մին։

Այս 25 տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տան ջա­նաց իր պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ տա­նիլ սփիւռ­քի հետ։ Հա­մա­հայ­կա­կան հար­թու­թեան վրայ ա­պա­հո­վուե­ցաւ լուրջ աշ­խու­ժու­թիւն։ Այս նիւ­թին շուրջ, ան­շուշտ, կա­րե­լի է ման­րա­մասն հա­շուեկ­շիռ մը կա­տա­րել, սա­կայն ներ­կայ յո­բե­լեա­նը կու գայ վե­րա­հաս­տա­տել, որ Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած ազ­դակ­նե­րը լուրջ խթան կը հա­մա­րուին նաեւ սփիւռ­քի հա­յա­պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Եւ այս­պէս... Ա­ւե­լի քան ե­րեք դար գո­յա­տե­ւած ու պատ­մու­թեան մէջ կար­ճա­տեւ դա­սուող Կի­լի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան կեան­քին մէկ տաս­նե­րոր­դէն ա­ւե­լի պա­կաս տա­րի­ներ իր ե­տին թո­ղած է Հա­յաս­տան։ Միւս կող­մէ, իր կեան­քը տաս­նա­պա­տի­կէն ա­ւե­լի է ար­դէն հա­յոց նա­խորդ ան­կա­խու­թե­նէն՝ Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թե­նէն, որ հա­զիւ եր­կու տա­րի դի­մա­ցած էր։ Յա­րա­բե­րա­կան հա­շուարկ­ներ...

Հա­յոց քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան յո­բե­լե­նա­կան փա­ռա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Ար­տա­կարգ խան­դա­վա­ռու­թիւն մը ստեղ­ծուե­ցաւ, բո­լո­րը հա­մա­կուած էին հպար­տու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ։ Ցնծու­թիւ­նը, միան­շա­նակ, տօ­նա­կան օ­րուան գե­րակ­շիռ տրա­մադ­րու­թիւնն էր։ Լա­ւա­տե­սու­թեան նա­խադ­րեալ­նե­րուն վրայ լա­րուած էր ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն կար­գա­խօսն էր՝ ե­ռա­գոյն հպար­տու­թիւն...

Կը մնայ մաղ­թել, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ան­խա­թար շա­րու­նա­կէ իր եր­թը դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016