Դէպի Լոնտոն անմոռանալի ուղեւորութեան մը վառ յուշերու տպաւորութեան տակ - 2

Առաջին այցելութեան վառ յուշերով կը մտածեմ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս այս երկրորդ այցելութեան գաղափարը յղացաւ իմ ազգականներէն Արմէն Սարուխանեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Լոնտոնի մէջ։ Ան թէեւ ամէն ինչ հունի մէջ դրած էր, սակայն, հակառակ մեր բոլոր ծրագիրներու, չէր կրցած ենթադրել, որ իմ կեցութեան օրերուն ակամայ պիտի բացակայէր Լոնտոնէն։ Նախախնամութեան ծուղակին մէջ յայտնուեցաւ Լոնտոնի մեր համատեղ ոդիսականը...

Եւ ահա կենսական այլ նիւթ մը եւս, որու մասին ըսելու ուշացած եմ կարծես։ Անգլիան ֆութպոլի մայր հայրենիքն է։ Հայերէնի անաղարտութեան նկատմամբ ամենայն նախանձախնդրութիւնով եւ ուշադրութիւնով հանդերձ, երբեք չեմ հակուած ոտնագնդակ անուանել այդ խաղը։ Ֆութպոլ, պարզապէս եւ ամբողջական իմաստով։ Մինչեւ քանի մը տարի առաջ, խորապէս յարգելով հանդերձ ինքնուրոյն դպրոցի պարագան, միջազգային մրցաշարքերու մէջ երբեք չեմ համակրած անգլիացիներուն։ Թէ՛ ակումբային եւ թէ ազգային հաւաքականներու հարթութեան վրայ երբեք... Իմ առաջին հերոսն էր Միշել Փլաթինին, որ իր նշանաւոր «մեռեալ տերեւի հարուածով» գրաւած էր սպանացի Արքոնոտայի դարպասը, նաեւ իմ սիրտը։ Իմ միւս հերոսներն էին՝ սպանացի Էմիլիօ Պութրակենիոն եւ պրազիլացի Ռոմարիոն։ Ուրեմն, ես կը համակրէի առաւել չափով ֆրանսացիներուն, պրազիլացիներուն եւ սպանացիներուն։ Այո՛, Կերի Լինեքերն ալ կը սիրէի եւ անոր սիրոյն Գերմանիոյ, Արժանթինի կամ Իտալիոյ դէմ կ՚ուզէի, որ Անգլիան յաղթէր, սակայն այդքան միայն։ Եւ, անշուշտ, այս պատկերը փոխուած է վերջին տարիներուն։ Այսօր բոլոր հայ ֆութպոլասէրները ունին բացարձակ հերոս մը, որ կը խաղայ Անգլիոյ մէջ։ Մեզմէ ո՞վ չի սիրեր Հենրիխ Մխիթարեանը։ Ո՞վ չ՚աղօթեր Հենոյին համար, որ օտարներուն ինքզինքը սիրցուցած է՝ որպէս Միքի։ Անգլիոյ առասպելական մարզադաշտերուն վրայ, տասնեակ հազարաւորներ կ՚երգեն իր անունը՝ զինքը իւրացուցած ըլլալով՝ որպէս իրենց «հայ կիսապաշտպանը»։ «Փրէօմիէր լիկ»էն անցած են նաեւ այլ հայեր, եթէ չեմ սխալիր, Հենոյէն առաջ վերջինը Անդրանիկ Թէյմուրեանն էր՝ իրանահայ։ Բայց անցեալ չկայ ֆութպոլի մէջ։ Նոր աստղերու կիրքը անդիմադրելի է եւ այդ նոր աստղը ծնած է մայր Հայաստանէն։ Որքան որ ալ անգլիացիներու նաւերը չկարողանան բարձր տեղեր հասնիլ, միանշանակ է, որ Մխիթարեան անգլիացի ֆութպոլասէրներու սրտին մէջ հասած է այնպիսի բարձրութեան մը, որ անբաղդատելի է նոյնիսկ Արարատի գագաթին հետ։ Վստահաբար, Սթալինի հետ հայկական քոնիաք խմած Չըրչիլն ալ այսօր կրնար համաձայնիլ, որ ֆութպոլի մէջ չկան մշտական համակրանքներ կամ հակակրանքներ, մշտականը կիրքն է՝ աստղերու նկատմամբ սիրով խառնուած եւ հերոսներու ծնունդ տուող այդ կիրքը։

Վերջապէս, օդաչուն կ՚ազդարարէ վայրէջքի մասին։ Հիմա այլեւս չեմ զղջար, որ չեմ յաջողած քնանալ։ Անցեալ անգամ Լոնտոնէն հրաժեշտ առած էի Հիթրոուէն, իսկ այս անգամ մուտք կը գործեմ Կեթուիքէն։ Տեսնենք ուրեմն...

*

Հոկտեմբերի 28-ին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան տարեդարձն էր եւ հազիւ քանի մը օր վերջ Լոնտոնի մէջ նշուեցաւ անոր յոբելեանը։ 111-րդ տարին թեւակոխելէ անմիջապէս վերջ տեղի ունեցան 110-ամեակի յոբելենական ձեռնարկները։

Կարճ այցելութիւնը առիթ ընձեռեց խտացեալ ձեւով հանդիպումներու՝ Լոնտոնի հայութեան հետ։ Անցեալ անգամ առաջնորդարանը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողքին էր, սակայն անցեալ մարտէն ի վեր փոխադրուած է Իլինկ, որու մերձակայքին են Ս. Եղիշէ եկեղեցին եւ «Հայաշէն» կեդրոնը։ Լոնտոն հասնելէ վերջ անմիջապէս ուղեւորուեցայ Իլինկ, որ թէեւ բոլորովին արուարձան մը չէ, սակայն թէ՛ քաղաքի կեդրոնէ հեռաւորութեան եւ թէ ընդհանուր մթնոլորտի անդորրութեան առումով արուարձանի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծէ։ Առաջնորդարանը բաւական բանուկ կէտի մը վրայ է. իսկապէս ուրոյն տեսքով, սիրուն շէնք մը։ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան կը ջանայ ոգի մը տալ այդ շէնքին, մեծ ճիգ կը վատնէ՝ որպէսզի առաջնորդարանը դառնայ Լոնտոնի համայն հայութեան կեդրոնը։ Սրբազանին հետ շրջայց մը կը կատարենք Իլինկի մէջ։ Մեծ այգիներ, ճեմապարտէզներ կան ամէնուրեք։ Այդ այգիներէն մէկուն մէջ տնկուած է ծիրանի ծառ մը՝ ի յիշատակ 1915-ի սուրբ նահատակներուն՝ համապատասխան արձանագրութեամբ։ Սրբազանին հետ պահ մը կանգ կ՚առնենք այդ ծիրանի ծառին առջեւ։ «Մեռելներուս որպէս խաչ ես այս ծառը տնկեցի» բանաձեւումը եզակի ու շատ մարդկային դրսեւորում մը ունեցած է այստեղ։ Շրջայցի ժամանակ անմիջական զրոյց մը կ՚ունենանք սրբազանին հետ։ Անմիջապէս զգալի կը դառնայ, որ կը ձգտի թեմի կեանքը, Լոնտոնի ազգային-եկեղեցական կեանքը աշխուժացնել։ Իր պատկերացումով այդ նպատակին հասնելու նախապայմանն է՝ հասնիլ համայնքի բոլոր խաւերուն եւ հասանելի ըլլալ բոլորին համար։ Իմ ժամանման օրը, երեկոյեան ան հանդիպում մը ունէր անգլիահայ քանի մը գործիչներու հետ, որոնց շարքին էր նաեւ Մարթին Էսաեան՝ շառաւիղը ազգային բարերար երկու երախտաշատ գերդաստաններու՝ Կիւլպէնկեաններու եւ Էսաեաններու։ Կան նաեւ այլ ազգայիններ, որոնց շարքին անմենաերիտասարդն է սրբազանը։ Ուրախառիթ էր Լոնտոնի մէջ վերագտնել Մարթին Էսաեանը, որուն հետ քանի մը խօսք փոխանակեցինք։ Այս փոքր ժողովէն սկսեալ, մինչեւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընթրիքը՝ սրբազանը միշտ հաւատարիմ կը մնար իր ձգտումին՝ մանաւանդ, որ երիտասարդներն ալ ազատ-համարձակ կը մօտենան իրեն։ Ան ամէն առթիւ կը փոխանցէ համապատասխան պատգամներ։ Մեր կեցութեան շաբաթավերջին Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցանք սուրբ պատարագի, զոր մատոյց առաջնորդ սրբազանը։ Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձին առթիւ։ Եկեղեցւոյ բակի խաչքարին առջեւ ալ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Շարլ Ազնաւուրի քառասունքն էր։ Իր պատգամները յստակ էին։ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան արմատներով Մուսա լեռնէն սերած ընտանիքի մը զաւակն է։ «Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ կը համարէին մեր ընտանիքը, իսկ այստեղ ես արդէն կ՚ընկալուիմ հայաստանցի առաջնորդ», կ՚ըսէ ժպտալով... Ան կը ջանայ լաւ առաջնորդ մը դառնալ՝ անկախ նախորդած ամէն տեսակ ածականէն։ Կը ջանայ ո՛չ միայն համախմբել տեղւոյն հայութիւնը, այլեւ մասնաւոր ձեւով կը հետաքրքրուի պզտիկներու լեզուի իմացութեան հարցով։ Կը խրախուսէ, որ նորահաս սերունդը անպայման մասնակցութիւն բերէ հայերէնի դասընթացներուն, փութայ միօրեայ վարժարանները։ Այդ առաքելութիւնը ծաւալող բոլոր լծակներուն հետ անմիջական կապի մէջ է։ Առաջնորդարանն ալ շաբաթավերջերուն կը վերածուի միօրեայ դպրոցի մը։

Աշխարհի վրայ ամէն տեղ հայկական համայնքները ունին շերտաւոր օրակարգ մը՝ ըստ մեր ժամանակներու առաջնահերթութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս, գերագոյն առաջնահերթութիւնը բոլոր ժամանակներուն կը մնայ՝ նոր սերունդի պատրաստութիւնը։ Լոնտոնի հայկական կեանքը քանի մը օր դիտարկելով՝ ականատես եղանք այդ ջանքերու ինչ-ինչ դրսեւորումներուն։ Սա հայկական կեանքի կենսունակութեան բացարձակ ապացոյցն է։

(Վաղը արդէն կ՚աւարտենք մեր այս յօդուածաշարքը։)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018