Պէյօղլու

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին կ՚ուղղորդուի համայնքային ընտրութիւններով։ Ինչպէս արդէն կ՚ենթադրուէր, Պէյօղլուի պարագան դարձած է թէժ օրակարգ։ Դժբախտաբար, ամենայոռետես կանխատեսումները մի առ մի կ՚իրականանան համայնքի աչքին առջեւ։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պետական աւագանիին կատարուած դիմումները այս հանգամանքի վառ ապացոյցները կը համարուին։ Կացութիւնը խորապէս մտահոգիչ է եւ ընդվզեցուցիչ։

Թէեւ հաւաքական կեանքի մէջ ազդեցութիւնը կը ծնի հակազդեցութիւն, սակայն, այս պարագային չափազանց միամտութիւն կ՚ըլլայ այդքանին վստահիլ։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր Պէյօղլուն մութ ու կոյր կէտ մըն է թրքահայ իրականութենէն ներս, փակ ժողովրդական հակակշռի եւ զերծ հաւաքական կամքէ։ Տասնամեակներէ ի վեր առողջ ընտրութիւն մը կազմակերպել հնարաւոր չէ եղած Պէյօղլուի պարագային. վէրքը կը կոտտայ շարունակ՝ արիւնելով մարդոց սիրտը։ Հերձատիրական պայմաններ ստեղծելով ինքզինքնին ապահովագրած խումբ մը մարդիկ ասպարէզ կարդացած են համայնքին դէմ, փորձած ու յաջողած են կամք պարտադրել եւ ծաղրած՝ ժողովուրդը։ Միայն անոնք մեղաւոր չեն, անշուշտ։ Մեղաւոր են նաեւ բոլոր անոնք, որոնք զանազան ժամանակներու մէջ ինչ-ինչ պատճառներով, կամայ թէ ակամայ անձնատուր եղած են այդ հերձատիրական խումբին, կամ գնուած՝ անոր կողմէ։ Թէ ինչպէ՞ս մարսուած է այս բոլորը։ Սա կրնայ գիտական ծաւալուն ուսումնասիրութեան մը նիւթը դառնալ իսկապէս։

Հիմա բախտ մը ծնած է այս վէրքը վիրահատելու եւ սպիացնելու համար։ Այս նպատակին կարելի չէ հասնիլ միայն ընդվզելով։ Այդ հերձատիրականները շատ սովոր են, որ մարդիկ խօսին կամ նոյնիսկ պոռան, բայց, ի վիրջոյ իրենք բազմած մնան աթոռին վրայ։ Պէյօղլուի մէջ շօշափելի արդիւնքի հասնելու համար պէտք է լաւ կառավարել համայնքէն ներս ստեղծուած համատարած պոռթկումի մթնոլորտը։ Պէտք է հասնիլ առողջ ուժերու նպատակասլաց համագործակցութեան։ Բոլորը պէտք է զօրակոչի ենթարկուին՝ իրենց ամբողջ հնարաւորութեամբ ու ներուժով։ Պետական մարմիններուն պէտք է հետեւողականօրէն բացատրել ամէն ինչ։

Այլապէս, այս համայնքը կը պարտաւորուի սպասել ուրիշ գարուններու, եթէ, անշուշտ, շատ ուշ չըլլայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022