Ուշագրաւ ելոյթ

Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ ու շատ կա­րե­ւոր ե­լոյթ մը։ Հա­զիւ եր­կու օր ա­ռաջ Պեռ­նի մէջ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ ան ան­ցած էր Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կարգն է այս մէ­կը, ո­րուն ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն կ՚ան­դա­մակ­ցի Հա­յաս­տան։ Մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան տե­սա­կէ­տէ այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի հիմ­նա­կան ե­րաշ­խա­ւոր մը, թէեւ եր­կի­րը բա­ւա­կան կա­յուն, դրա­կան ու շի­նիչ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը յա­ռաջ կը տա­նի նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Ե­րե­ւա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան շա­հե­րը կը թե­լադ­րեն այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան պահ­պա­նու­մը։

ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ ե­րէկ փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը ան­կա­րե­լի է, որ են­թար­կուին ա­նու­շադ­րու­թեան։ Ա­ւե­լի՛ն, Թուր­քիա-Սու­րիա լա­րուա­ծու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած ի­րադ­րու­թեան մէջ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով գնա­հա­տա­կա­նով մը հան­դէս ե­կաւ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճան սիս­թե­մա­թիք ձե­ւով կը բարձ­րաց­նէ լա­րուա­ծու­թիւ­նը. այն աս­տի­ճան, որ հետզ­հե­տէ կաս­կա­ծի տակ կը մնան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հե­ռան­կար­նե­րը։ Այս բո­լո­րին դէմ ՀԱՊԿ-ի եր­կիր­նե­րը վա­ղուց կը պա­հեն լռու­թիւն, ինչ որ բնա­կա­նա­բար կ՚ան­հանգս­տաց­նէ հայ­կա­կան կող­մը։ Սկսե­լով Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան շրջա­նին Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յե­ւի դրսե­ւո­րած կե­ցուած­քէն, մին­չեւ շատ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Իլ­համ Ա­լիե­ւը հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քո­յին կող­մէ ար­տա­սա­նուած խօս­քե­րը՝ դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մա­կար­դա­կով ցու­ցա­բե­րուած վե­րա­բեր­մուն­քը մտա­հո­գիչ էր Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քէն եւ զա­նա­զան պաշ­տօ­նեա­նե­րու բեր­նով հնչած խօս­քե­րով հան­դերձ, Ե­րե­ւան ցարդ շատ չա­փա­ւոր կ՚ըն­թա­նար այս ի­մաս­տով։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան այս տե­սան­կիւ­նէն ե­րէկ ար­մա­տա­կան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ։ Երբ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն սրուած են, երբ ռու­սա­կան կող­մը ակն­յայտ ան­հանգս­տու­թիւն կ՚ար­տա­յայ­տէ ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­լայն­ման ձգտում­նե­րէն, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Սերժ Սարգ­սեան յար­մա­րա­գոյն պա­հը ընտ­րած էր ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լու հա­մար։ Դիւ­րի՞ն բան է մի­թէ Փու­թի­նի ներ­կա­յու­թեամբ ՆԱ­ԹՕ-ն օ­րի­նակ ցոյց տալ ՀԱՊԿ-ի եր­կիր­նե­րուն՝ դա­սեր քա­ղե­լու հա­մար։ Եւ Սերժ Սարգ­սեան այդ ե­լոյ­թը ու­նե­ցաւ՝ ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հին կշի­ռով։ Այս ե­րե­ւոյ­թը ու­նի մեծ նշա­նա­կու­թիւն։

Երկ­րորդ՝ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ նման մա­կար­դա­կի մը վրայ ա­ռա­ջին ան­գամ բա­ցա­յայ­տօ­րէն ընդգ­ծեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճան կ՚օգ­տա­գոր­ծէ Թուր­քիոյ կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուած զի­նա­տե­սակ­ներ։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն հայ­կա­կան կող­մը յա­ճախ ան­հանգս­տու­թիւն կը յայտ­նէր Ար­ցա­խի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ թրքա­կան ար­տադ­րու­թեան զի­նա­տե­սակ­նե­րու օգ­տա­գործ­ման շուրջ։ Ե­րէկ, փաս­տօ­րէն, ա­ռա­ջին ան­գամ նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով Ե­րե­ւան հա­մա­պա­տաս­խան մտա­հո­գու­թիւ­նը բաժ­նեց իր հիմ­նա­կան դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ։

Այս ե­լոյ­թին ալ ժամ­կէ­տը հե­տաքրք­րա­կան էր։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ընդ­հան­րա­պէս, Հա­յաս­տա­նին կը վե­րագ­րուի զգա­լիօ­րէն ռու­սա­մէտ դիր­քո­րո­շում մը։ Ցարդ, սոյն տագ­նա­պի շուրջ մէկ ամ­սուան տե­ւո­ղու­թեան Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս ճգնա­ժա­մին շուրջ հնա­րա­ւո­րինս չա­փա­ւոր, հա­ւա­սա­րակշ­ռուած դիր­քո­րո­շում մը ու­նե­ցած է։ Ան­գա­րա­յի հա­շուարկ­նե­րուն մէջ, գո­նէ բարձ­րա­ձայ­նուած­նե­րուն կտրուած­քով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման բա­նա­լին կը հա­մա­րուի Մոս­կուա­յի գրպա­նին մէջ։ Յա­մե­նայն­դէպս, Հա­յաս­տա­նի ցարդ հե­տե­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռու­մով հա­ւա­նա­կան վատ­թա­րա­ցում­նե­րու վտանգ չի ստեղ­ծեր։ Պարզ է, որ կա­զի այ­լընտ­րան­քա­յին աղ­բիւր­ներ ո­րո­նե­լու մթնո­լոր­տին մէջ, Թուր­քիա դժուար, թէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ի­մաս­տով գնա­հա­տէ այդ հան­գա­ման­քը, երբ այ­լընտ­րան­քա­յին պա­շար­նե­րու խոս­տում կ՚ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նէն։ Հե­տե­ւա­բար, հա­ւա­սակշ­ռու­թիւն­նե­րը որ­քան որ ալ նուրբ ու բարդ ըլ­լան, որ­քան որ ալ յոյս չներշն­չեն Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան ա­ռանց­քին վրայ բե­կում­նա­յին պա­հու մը հա­մար, Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­րէ­կուան ե­լոյ­թը ու­նի իր ի­մաս­տը։

2008 թուա­կա­նին, այդ ժա­մա­նակ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ, Սերժ Սարգ­սեան Մոս­կուա­յէն իր թուրք պաշ­տօ­նա­կի­ցը հրա­ւի­րած էր Ե­րե­ւան այ­ցե­լե­լու եւ այդ­պէ­սով ծնունդ ա­ռած էր ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ Այ­սօր դար­ձեալ նոյն Մոս­կուա­յէն իր ան­հանգս­տու­թեան ձայ­նը լսե­լի կը դառ­նայ՝ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ օգ­տա­գոր­ծուած թրքա­կան զի­նա­տե­սակ­նե­րուն շուրջ։ Ա­պա­հո­վա­բար, Սարգ­սեան կը գի­տակ­ցի, որ Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծա­ւա­լու­մը ան­կա­սեց­նե­լի եւ ան­խու­սա­փե­լի է։ Յա­մե­նայն­դէպս, իր ե­րէկ բարձ­րա­ձայ­նա­ծը կա­րե­լի է այն­պէս ըն­կա­լել, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նի ար­դէն վատ­թա­րա­ցած հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ իս­կա­պէս ան­տե­ղի է Թուր­քիա-Հա­յաս­տան ա­ռանց­քին վրայ եւս յա­ւե­լեալ լա­րուա­ծու­թեան մը ապ­րուի­լը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015