ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակը ներկայ պայմաններով համաշխարհային օրակարգի թիւ մէկ խնդիրն է։ Հարցը թէեւ համաշխարհային, համամարդկային բնոյթ մը ունի, սակայն, պայքարը շատ յաճախ տեղական հարթութեան վրայ, յարաբերաբար աւելի նեղ շրջանակներու մէջ յառաջ կը տարուի։ Արդարեւ, վարակէ խուսափելու հիմնական նախապայմաններէն մին է մեկուսացումը։ Իւրաքանչիւր երկրի իշխանութիւն սահմանած է ընդհանուր կարգ մը, որուն կը հնազանդին քաղաքացիները, այդ կարգին համապատասխան մշակուած ռազմավարութիւնով մը պայքարը յառաջ կը տարուի ու կը կազմակերպուի առօրեան։ Նոյն ծիրին մէջ եւ նոյն տրամաբանութեան համաձայն ընկերային զօրակցութեան քայլեր կ՚առնուին՝ հաւաքական պատասխանատուութեան եւ իրերօգնութեան զգայնութիւններու հիման վրայ։

Այս համայնապատկերին վրայ թրքահայութիւնն ալ կը ջանայ դիրքաւորուիլ քորոնաժահրի վարակին դէմ։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ առկայ արտասովոր պայմաններուն ներքեւ մեր համայնքէն ներս հասունցած է ընկերային զօրակցութեան շարժում մը, որ ներկայ շաբթուան սկիզբի դրութեամբ շօշափելի գործունէութեան մը պիտի վերածուի։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ ու յորդորով, Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ ու խրախուսանքով ծնունդ առած շարժում մըն է այս մէկը, որ առաջին հերթին կը թիրախաւորէ մեր համայնքի երէց սերունդի ներկայացուցիչները եւ համեստ խաւերու զաւակները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախատեսած է այս ամբողջ շարժումը հունաւորել Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (Ermeni Vakıflar Birliği) հովանոցին ներքեւ՝ խորհրդակցաբար Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Շաբաթավերջին արդէն Պատրիարքարանը ընկերային ցանցերու իր պաշտօնական պատուհաններուն միջոցաւ հրապարակեց թրքերէն բնագիրով զեկոյց մը, որով կ՚ուրուագծուի այս ընկերային զօրակցութեան շարժման ընդհանուր բնոյթը։ Այս կապակցութեամբ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցանք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան վարչութեան ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի հետ։ Այս տեսակցութիւններուն ընթացքին անոնք ԺԱՄԱՆԱԿ-ին փոխանցեցին սպառիչ մանրամասնութիւններ՝ ընկերային զօրակցութեան շարժման նախատեսուած նպատակներուն եւ որդեգրուած սահմաններուն շուրջ։ Յարակից սիւնակին մէջ հրապարակուած Պատրիարքարանի պաշտօնական զեկոյցի բովանդակութիւնը արդէն կը ցոլացնէ ընդհանուր պատկերը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ մեզի յայտնեց, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան հունին մէջ այս աշխատանքը իրականացնել յարմար դատած է նախ եւ առաջ գործնականութեան իմաստով։ Աւելի՛ն, սա այս միութեան տեսակէտէ ալ անգնահատելի առիթ մըն է ինքզինք արդարացնելու եւ մեր ժողովուրդի կարիքներու դիմագրաւման հասնելու տեսակէտէ։ Նոյն ամբողջին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտեց նաեւ իր բարձր գնահատանքը մեր համայնքի աշխարհական վարիչներուն նկատմամբ, որոնք անվարան պատրաստակամութիւն յայտնած են այսպիսի շարժում մը կեանքի կոչելու համար, սիրայօժար շարժման անցընելով նաեւ իրենց կառավարած համայնքային հաստատութիւններու նիւթական միջոցները։

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ մշակուած ընկերային զօրակցութեան ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի՝ ըստ մեր հայաբնակ թաղերուն։ Նկատի առնուած են Իսթանպուլի այն շրջանները, ուր առաւել չափով կուտակուած են մեր համայնքի անդամները։ Այսպէս, որոշուած են եօթ տարբեր կէտեր եւ ըստ այս բաժանումին պիտի համակարգուին նախատեսուած ընկերային օժանդակութիւնները։ Իւրաքանչիւր կէտի պարագային առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ մինչեւ մայրամուտ պիտի գործէ մասնաւոր քարտուղարութիւն մը։ Այդ տեղական օժանդակութեան կէտերու տրամադրութեան տակ պիտի գտնուին ինքնաշարժներ եւ պիտի աշխատին մեր համայնքէն կամաւորներ։ Աշխատանքի ներգրաւուած կամաւորները ընկերային ցանցերու եւ հեռախօսակապերու մասնաւոր դրութիւն մը հաստատած են, որպէսզի իրենց փոխանցուած դիմումներուն եւ յայտերուն կարողանան արագօրէն արձագանգել եւ անհրաժեշտը փութացնել անոնց, որոնք դիմած են իրենց։

Ինչպէս ծանօթ է, պետութիւնը փողոց դուրս գալու արգելք սահմանած է 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու պարագային։ Արդարեւ, անոնք քորոնաժահրի վարակի տեսակէտէ կը համարուին աւելի խոցելի։ Երէց սերունդի անդամները խնայելու համար առնուած այս որոշումը, անխուսափելիօրէն, իր հետ նոր անհրաժեշտութիւններու ծնունդ կու տայ՝ անոնց կարիքներու դիմագրաւման տեսակէտէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեզի յայտնեց, որ այս աշխատանքը թէեւ մեր համայնքի տարեցներուն համար յառաջ կը տարուի, սակայն, համահաւասար կարեւորութիւն կ՚ընծայուի նաեւ մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերու զաւակներուն՝ այսինքն կարիքաւորներուն կամ չքաւորներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ.

«Մենք ունինք աղքատներ, նաեւ վերջին շրջաններուն աղքատացածներ, որոնց բոլորն ալ տարեցներ չեն։ Համաճարակի ներկայ շրջանին ալ բազում մարդոց առօրեան տակն ու վրայ եղած է եւ մեր համայնքի զաւակներէն ոմանք կը դժուարանան իրենց կենսական կարիքները հոգալու։ Ուստի, հնարաւոր չէ սահմանափակուիլ կամ բաւարարուիլ միայն մեր համայնքի այն զաւակներով, որոնք մեր աղքատախնամ մարմիններէն օժանդակութիւն կը ստանան որպէս կարիքաւոր։ Տարեցներու պարագան, ըստ երեւոյթի, աւելի հարթ է։ Այստեղ մենք կը նախատեսենք առաջին հերթին հասնիլ մեր այն տարեցներուն, որոնք պետական կամ համայնքային կառոյցներու նպաստընկալները չեն՝ այսինքն, այդ ծածկոյթէն դուրս մնացած են։ Բայց եւ այնպէս, այս պահուն խնդիրը աւելի մեծ է։ Մեր աղքատախնամ մարմիններուն կողմէ տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւններով այսօր որեւէ խնդիր լուծել կարելի չէ։ Ուստի, պէտք է անոնց կողմէ տրամադրուած գումարները բարձրացուին, պէտք է անոնց կողմէ յատկացուած պարէնի օժանդակութիւնները աւելցուին։ Հաշուի պէտք է առնել նաեւ, որ մեր աղքատախնամ մարմիններու ցուցակներէն դուրս մնացած բազմաթիւ կարիքաւորներ ունինք։ Բազում մարդիկ արժանապատուութեան հարց կը դարձնեն իրենց դժուարութիւններու բարձրաձայնումը։ Մենք պէտք է հասնինք անոնց բոլորին, որպէսզի այս դժուար շրջանին հնարաւորինս հաւատարիմ մնանք մեր հաւաքական պատասխանատուութիւններուն»։

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ նոյն հարցին կապակցութեամբ շեշտեց, որ աղքատախնամ մարմիններու ցուցակներու պարագային կան որոշ հարցեր։ Արդարեւ, այդ ցուցակներու վրայ ընդգրկուած անձեր ատեն-ատեն զլացած են իրենց հեռաձայնի թիւերը տրամադրել՝ մտածելով, որ սա անհատական տուեալ մը կը համարուի։ Իսկ ներկայ պահուն ձեռնարկուած աշխատանքի արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ է հաղորդակցութեան միջոցներու կատարելագործումը։ Ուստի, ջանքեր պիտի գործադրուին այդ պակասները փութով լրացնելու համար, այլապէս ընդհանուր գործի կազմակերպումը կրնայ դժուարանալ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան տեղեկացուց նաեւ, որ օժանդակութիւններու համակարգման բաժանմունքներէն ներս պիտի գումարուին ժողովներ՝ դիտարկելու համար ընդհանուր ընթացքը։

Իր կարգին, Յարութիւն Շանլըն ալ մեզի յայտնեց, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը այս աշխատանքին ներգրաւուած է՝ որպէս տանիք մարմին մը։ Ըստ իրեն, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ, մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակագրման նպատակով տարուած աշխատանքը, այդ ժամանակ արձանագրուած տուեալները բարեբախտաբար այժմ թարմ կը համարուին եւ նպաստաւոր գործօն մը դարձած են՝ այժմու հրատապ աշխատանքը հնարաւորինս դիւրացնելու տեսակէտէ։ Յարութիւն Շանլը մասնաւոր երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ ցուցաբերուած դրական ու խրախուսական վերաբերմունքին։ Ան աւելցուց, որ իր ատենապետած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ բաժին ստանձնած է այս ընկերային զօրակցութեան շարժման մէջ։

Ուրեմն, այսօրուընէ սկսեալ մեր համայնքային կեանքէն ներս նոր կացութիւն մը ստեղծուած է՝ քորոնաժահրի համաճարակի առկայ բարդ պայմաններուն ներքեւ իրերօգնութեան եւ առօրեան հնարաւորինս տանելի դարձնելու տեսակէտէ։ Այս կացութեան առջեւ մեր համայնքի բոլոր անդամները պէտք է գիտակցին, որ անհատական հարթութեան վրայ ալ իւրաքանչիւրին կրնայ գործ վիճակիլ։ Բոլոր անոնք, որոնք աջակցութեան անհրաժեշտութեան պարագաներ կը դիտարկեն, պէտք է անմիջապէս տեղեակ պահեն իրենց մօտակայ բաժանմունքի քարտուղարութիւնը կամ կամաւորները։ Այսօրուան դրութեամբ հրապարակուած են նաեւ այդ խումբերուն հասնելու անհրաժեշտ տուեալները եւ, բարեբախտաբար, ընկերային ցանցերն ալ կրնան դիւրացնել այս գործերը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2020