Երեւանեան վկայութիւն (1)

Շաբաթէ մը ի վեր Երեւանի մէջ էինք, ուր ականատես եղանք Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ծնունդ առած փոթորիկին։ Շուրջ երեք տասնամեակի անցեալ մը ունի Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը, որու կայացման գործընթացը զուգորդուած է ծայր աստիճան բարդ պայմաններով։ Երիտասարդ պետականութեան ու առաւել եւս երիտասարդ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ ներկայ տագնապալի իրավիճակը ունի յատկանշական բնոյթ։

Վերջին շուրջ երեսուն տարիներուն Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին առումով պատահած են քանի մը բեկումնային դէպքեր. օրինակ՝ 26 Սեպտեմբեր 1996-ին խորհրդարանի շէնքին վրայ գործուած յարձակումը, 28 Հոկտեմբեր 1999-ին խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութիւնը, 1 Մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերը։ Այս վերջին տագնապն ալ կու գայ անկասկած համալրել այս շարքը։ Տեսնենք անոնք ի՞նչ անուանումով պիտի անցնին պատմութեան։

Յետխորհրդային աշխարհագրութեան յեղափոխութիւններէն ցայսօր հեռու մնաց Հայաստան, ինչ որ կարեւոր գործօն մը կը համարուի ցայսօր իր ապահոված յարաբերական կայունութեան տեսակէտէ։ Այժմ դարձեալ նոյն հարցումն է. արդեօք յեղափոխութի՞ւն պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ։ Քիչ մը եւս պէտք է համբերել՝ վերջնական պատասխան մը ունենալու համար։ Յամենայնդէպս, ուշագրաւ է, որ եթէ վերոյիշեալ բեկումնային դէպքերուն առաջին երկուքը ուղղակիօրէն խորհրդարանի շէնքին մէջ էին, ապա վերջինները դուրս եկած են փողոց։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018