Սպասման օրեր
Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ ստեղծուած փակուղին կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքային օրակարգը։ Այս օրերուն համայնքային շրջանակները ուշի ուշով կը հետեւին վերջին իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսէն սկսեալ սկսած են կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունենալ եւ պետութեան վերաբերմունքին մէջ ալ կան կլիմայի փոփոխութեան լուրջ ազդանշաններ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ ունեցաւ իր նախատեսուած հանդիպումը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ։ Շիրինօղլու այս մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց մեզի եւ նշեց, որ Էրթէմն ալ հաստատած է՝ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքի ճանաչման հաւանականութիւնը։ Իր խօսքերով, ընդհանուր տնօրէնին եւ տեղակալին հետ թէեւ օրուան ընթացքին ունեցած են երկար խորհրդակցութիւններ, սակայն անոնք ըստ էութեան անցեալ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններու ամփոփման ու վերյիշման ուղղուած են։ Ատնան Էրթէմ չէ խօսած մեծ նորութիւններու մասին, միայն կրկնած է անցեալ շաբաթ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Պետրոս Շիրինօղլուի նկատառման յանձնուած մօտեցումը, թէ նման իրավիճակներու մէջ պետութիւնը կը նախընտրէ սատար հանդիսանալ ոչ թէ անհատներու, այլ՝ հաստատութիւններու։
Այսօր առաւօտեան ժամերուն Պետրոս Շիրինօղլու պիտի այցելէր Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Նկատի ունենալով, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կը գտնուի քաղաքիս մէջ՝ Շիրինօղլուին տեղեկացուած է, թէ ժամադրութիւնը յետաձգուած է յետմիջօրէին։ Ատենապետը այս առաւօտ մեզի հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ եթէ օրուան ընթացքին ուրիշ անակնկալ մը չպատահի՝ ապա յետմիջօրէին պիտի այցելէ կուսակալութիւն։
Միւս կողմէ, այսօր համայնքային մամուլին մէջ ալ կայ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը՝ Պատրիարքարանի ճգնաժամին տեսակէտէ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը Համբարձման տօնի պաշտօնական ազդին մէջ նախընտրած է չնշել հանդիսադիր ոեւէ սրբազանի մը անունը։ Համայնքային կեանքի ներկայ պայմաններուն բերումով այս երեւոյթը կարելի չէ ենթարկել անուշադրութեան։
Հուսկ, սպասման օրերը կը շարունակուին համայնքային կեանքէն ներս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ