Տ. ՇՆՈՐՀՔ ԱԲԵՂԱՅ ՏՕՆԻԿԵԱՆ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ

Համայնքային շրջանակները արդէն վերահասու դարձած են, թէ Պատրիարքարանի կողմէ նոր հոգեւոր հովիւ մը նշանակուած է Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ համար։ Պոլսոյ այս ամենահայահոծ թաղի հովիւը նշանակուած է Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանին։

Միեւնոյն ժամանակ, վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ ուշադրութենէ չեն սպրդիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի զգայացունց, նաեւ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւնները։ Ան երկար ժամանակ եղած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գաւազանակիրը։ Ամիսներէ ի վեր այս հոգեւորականին անունը միջամուխ դարձած է ցաւալի պնդումներու, որոնք կը վերաբերին թէ՛ անձնական կեանքին եւ թէ նիւթական զանազան զեղծումներու։ Աւելի ճիշդը՝ «Իթիմաթ պիւրոսու»ի աղմկայարոյց տագնապը ուղղակիօրէն կ՚առընչուի իր անուան հետ։ Նկատի ունենալով, որ ան վերջին շրջանին դիմագրաւած էր նաեւ առողջական լուրջ հարցեր՝ համայնքային շրջանակները զուսպ վերաբերմունք ցոյց կու տային իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Յամենայնդէպս, իրադարձութիւնները այնպիսի ցաւալի ընթացք մը ունեցած են, որ ինչպէս Պատրիարքական Աթոռը, այնպէս ալ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հնարաւորութիւն չեն ունեցած այլեւս ձեռնունայն մնալու։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վրայ հասած են նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած յայտարարութիւնները, որոնք զանազան առումներով առկայ պնդումներուն փոխարէն խոստովանութեան բնոյթ կը կրեն, իսկ այլ առումներով ալ ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց յարձակողական ոճով եւ ուրիշներու հասցէագրուած մեղադրանքներով։ Այս ամբողջին մէջ տէր հայրը ամբաստանական ակնարկութիւններ ըրած է նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն՝ այսինքն իր հոգեւոր եղբայրներու հասցէին։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան դիտել տուած է, որ 23 փետրուար 2024 թուականին, Պէյլիքտիւզիւի «Մետիքանա» հիւանդանոցին մէջ, փրոֆ. Սապրի Թեքինի ձեռամբ անցած է՝ երիկամի փոխպատուաստման վիրահատութենէ։ Ան այս հանգամանքը ընդգծած է՝ հերքելով այն պնդումները, ըստ որոնց ինք որեւէ գործողութեան չէ ենթարկուած։ Բաց աստի, ան շեշտած է, որ իր երէցկինը յանձն առած է իրեն տալ երիկամը։ Տէր հայրը այս հանգամանքը հանրային կարծիքին կը մատուցէ՝ որպէս երէցկնոջ պատասխանը փոխարէն այն ըսի-ըսաւներուն, որոնք կը վերաբերին իր անձնական կեանքին։

Անդրադառնալով «Իթիմաթ պիւրոսու»ի վերաբերեալ խնդրին՝ ան շեշտած է, որ 10 մայիս 2024 թուականին բոլոր ստացագրերը յանձնուած են Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ելմտական յանձնախումբին։ Ան շեշտած է, որ բոլոր նուիրատուութիւնները փոխանցուած են՝ նուիրատուներու փափաքած հասցէներուն։ Յայտարարութիւններուն մէջ տէր հայրը ափսոսանք եւ զղջում յայտարարած է, որ «առեւտուրի նետուած է՝ ըլլալով հոգեւորական մը»։

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն հրաժեշտին կապակցութեամբ ան դառնութիւն եւ պոռթկում արտայայտած է։ Այստեղ պատճառը ոչ թէ իրեն կատարուած զրպարտութիւններն են, այլ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ իրմէ զլացուած միասնական զօրակցութիւնը։ Տէր հայրը իր հրաժեշտը պայմանաւորած է՝ եկեղեցին վնասներէ զերծ պահելու զգայնութեամբ։ Ան պնդած է, թէ կան հոգեւորականներ, որոնք երազած են Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ իրեն յաջորդել։ Անոնք պատճառ դարձած են իր հեռանալուն։ Յամենայնդէպս, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան որեւէ անուն չէ նշած։ Ի լրումն այս բոլորին, ան նշած է, որ կարգ մը շրջանակներ վերջին պատրիարքական ընտրութեան բերումով, կարգ մը շրջանակներ ալ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նախկին թաղային խորհուրդին դէմ քինախնդրութիւններու հետեւանքով զինքը թիրախաւորած են։ Ան պնդած է նաեւ, որ Ֆէրիգիւղի եկեղեցիէն խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի հեռացման հաշուեյարդարն ալ տեսնուած է իր վրայով։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Այս բոլորը հանրային կարծիքի աչքին առջեւ տեղի կ՚ունենան եւ այս պայմաններուն ներքեւ Պատրիարքական Աթոռը առայժմ ոչինչ յայտարարած է։ Կրօնական ժողովը պէտք է անպայման արժեւորէ ստեղծուած իրավիճակը, որովհետեւ պնդումները բաւական ծանրակշիռ են եւ այսպիսի իրավիճակի մը մէջ, այսպիսի պնդումներ յառաջ քշած հոգեւորականի մը կեցուածքը անյետաձգելի, հրամայական կարգադրութիւններ կը պարտադրէ։ Կա՛մ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի պնդումներու պարագային պէտք է փակագիծերը բացուին եւ համայնքային շրջանակներուն համոզիչ բացատրութիւններ տրուին, թէ Պատրիարքական Աթոռը վարչական կամք կը դրսեւորէ կացութիւնը հարթելու համար եւ կամ արդէն ուղղակիօրէն խնդրոյ առարկայ հոգեւորականը պէտք է կարգալոյծ հռչակուի՝ զրկուած ըլլալով հաւատացեալներուն առջեւ՝ որպէս բարոյագիտական կերպար հանդէս գալու իրաւունքէն։ Չափազանցութի՞ւն…

Պատրիարքական Աթոռը ցարդ այս հարցին կապակցութեամբ արդէն բաւական տկարութիւն դրսեւորած է, ինչ որ այսօր զինքը խոցելի կը դարձնէ եւ աւելի արմատական միջամտութիւններու ստիպողութիւնը կը յառաջացնէ։ Եթէ Պատրիարքարանը ամենասկիզբին ճիշդ ժամկէտով քայլերու դիմելով փորձէր այս գործընթացը կառավարել, ապա այսօր աւելի տարբեր ու տանելի համայնապատկեր մը ստեղծուած կրնար ըլլալ։ Այդ ուշացումը եղած է անվիճելի թերացում մը։ Նիւթական զեղծումներու վերաբերեալ պնդումներու պարագային ալ բուն հասցէատէրը իրականութեան մէջ Պատրիարքարանն էր, որովհետեւ «Իթիմաթ պիւրոսու»ի համակարգը գործնականօրէն կը բանէր այնտեղ՝ որքան որ ալ թուղթի վրայ մասնաւոր ընկերութիւն մը եղած ըլլար։ Պատրիարքարանը խնդիրը ԹՎՄ-ին փոխանցելով, ըստ երեւոյթին ուզած է պատասխանատուութենէ խուսափիլ, բայց եւ այնպէս, խնդրոյ առարկայ հոգեւորականը այսօր արդէն կը խոստովանի, որ «առեւտուրով զբաղած է»։

Գումգաբուի երկար լռութիւնը անցեալ ժամանակաշրջանին շատ հետաքրքրական եւ անհանգստացուցիչ տպաւորութիւններու դուռ բացած է։ Մարդիկ սկսած են կասկածիլ, թէ նիւթական զեղծումներու լուրջ հարցը ստուերի տակ թողելու համար կը նախընտրուի կամ կը հանդուրժուի ենթակայի անձնական կեանքին վերաբերեալ պնդումներու շրջանառութեան մէջ մնալը, քանի հարցին այս երեսակը շատ աւելի հրապուրիչ է հանրային կարծիքին տեսակէտէ ու լիուլի բաւարար խնդրի բուն առանցքէն ուշադրութիւն շեղեցնելու համար։

Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի յայտարարութիւնները ծայր աստիճան անհանգստացուցիչ են նաեւ՝ վերջին պատրիարքական ընտրութիւններուն ժամանակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ստեղծուած ցաւալի, ծայրայեղական եւ անվիճելիօրէն վատառողջ մթնոլորտով պայմանաւորուած խնդիրներու վերարծարծման, վէրքերու բորբոքման առումով։ Պատրիարքական ընտրութենէն այսքան տարի անց տակաւին հաշուեյարդարներու մասին խօսակցութիւններու շարունակուիլը կ՚ապացուցանէ հարցին ստացած աններելի բնոյթը։ Այստեղ հարցը միայն հոգեւորականաց դասու շարքերէն ներս պառակտման ի յայտ գալով չի սահմանափակուիր։ Թէկուզ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ուշադրութենէն ալ կրնայ վրիպած ըլլալ, սակայն, իր այս յայտարարութիւնները կու գան պատմութեան առջեւ վերահաստատել, թէ վերջին պատրիարքական ընտրութեան նախորդած շուրջ տասնամեայ ցնցումներու, Աթոռի թափուր մնալով յառաջացած խնդիրներու ակունքներուն գտնուած է հոգեւորականաց դասու անդամներուն միջեւ առկայ պառակտումը, որ սկզբունքայնութենէ շատ հեռու եղած է իր բնոյթով։ Այս թղթածրարին փակուած չըլլալը եւ այս վէրքի բորբոքման փոխարէն անտարբերութիւնը կրնայ ծնիլ հարցում մը. ձեւաւորուած իշխանութիւնը ինքնաթերարժէքութի՞ւն կը զգայ։

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն թիւը արդէն շատ սահմանափակ է։ Եկեղեցականներէն գերմարդկային զոհողութիւններ կը պահանջուին՝ հովուական ծառայութիւններ իրականացնելու եւ խորհրդակատարութիւններու բեռը տանելու համար։ Անշուշտ, հասկնալի թերացումներ, կաղացումներ կը պատահին, որոնց նկատմամբ միշտ համբերութիւն եւ հանդուրժողութիւն կ՚ըլլայ՝ հոգեւոր հայրերու նկատմամբ հաւատացեալներու որդիական յարգանքի տրամաբանութեան եւ տրամադրութիւններու ի շարունակութիւն։ Բայց եւ այնպէս, նման պարագաներու մէջ եթէ հոգեւոր վերին իշխանութիւնը վճռակամութիւն չդրսեւորէ, ապա այդ հանդուրժողութիւնը եւ յարգանքը կրնան խախտուիլ հիմնովին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024