ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ՇԵՇՏԱԴՐԷ ԻՐ ԴԱՏԱԿԱՆ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԸ

Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ բացուած դա­տը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­յաշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ Ան­թի­լիաս դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ՝ պա­հան­ջե­լով պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քին վե­րա­դար­ձը։ Սա կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւն, մա­նա­ւանդ, 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Ա­ռա­ջի՛ն ան­գամ, ան­ցեալ տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Հա­մա­հայ­կա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ հան­րա­յին կար­ծի­քը պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­հա­սու դար­ձած էր այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը բարձ­րա­ձայ­նած էր այս դա­տա­կան դի­մու­մին շուրջ։ Այդ ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան իսկ ըն­թաց­քին ա­ռիթն ու­նե­ցած էինք դահ­լի­ճին մէջ ուղ­ղա­կի հե­տե­ւե­լու իր խօս­քին։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռին գա­հա­կա­լը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ալ Փա­րի­զի մէջ անդ­րա­դար­ձաւ այս նոյն նիւ­թին եւ սա մեր ար­դէն երկ­րորդ հնա­րա­ւո­րու­թիւնն էր՝ դահ­լի­ճէն ներս իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղա­կի հե­տե­ւե­լու ա­ռու­մով։

Անց­նող շուրջ ութ-ինն ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին շատ բան խօ­սուե­ցաւ այս մա­սին։ Թէեւ ան­կա­րե­լի է ը­սել, որ հա­սա­րա­կու­թեան միտ­քը հա­սուն­ցած է այս նիւ­թին շուրջ, ո­րով­հե­տեւ շօ­շա­փե­լի նո­րու­թիւն­ներ գրե­թէ չկան, սա­կայն վեր­ջին հա­շուով հան­րա­յին կար­ծի­քը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ման­րա­մասն կը տի­րա­պե­տէ ձեռ­նար­կուած քայ­լի էու­թեան՝ շնոր­հիւ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն եւ ան­ձամբ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ տրուած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն, նաեւ ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ըն­թաց­քին ժամ­կէ­տա­յին տե­սա­կէ­տէ ալ կ՚ապ­րուին թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ. օ­րի­նակ՝ դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուած ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան ժա­մա­նակ նշուա­ծէն շատ ա­ւե­լի ուշ բա­ցուած է այս դա­տը եւ կամ ցարդ տե­ղի չէ ու­նե­ցած այս նիւ­թին շուրջ Իս­թան­պու­լի մէջ նա­խա­տե­սուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սը, որ ան­ցեալ ա­միս պի­տի կազ­մա­կեր­պուէր՝ ըստ զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն։

Գա­լով Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի Փա­րի­զի վեր­ջին ե­լոյ­թին։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ան բա­ցատ­րեց՝ որ իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րով ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու հա­տու­ցու­մը՝ Թուր­քիոյ կող­մէ։ Մէջ­բե­րում­ներ ալ ը­րաւ կարգ մը մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան փաս­տաթուղ­թե­րէ եւ այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս ու­շագ­րաւ էին Նո­րին Սրբու­թեան յղում­նե­րը՝ Լո­զա­նի դաշ­նագ­րին, մա­նա­ւանդ ա­նոր ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ յօ­դուած­նե­րուն։ Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց նաեւ, որ Ան­թի­լիա­սի բա­ցած դա­տը ու­նի քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն։

Փա­րի­զի մէջ Ա­րամ Ա. լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տուաւ նաեւ այն մա­սին, թէ թեք­նիկ ի­մաս­տով ի՛նչ նկրտում­նե­րով ձեռ­նար­կած էին այս գոր­ծին։ Ըստ ի­րեն, Կի­լի­կեան Ա­թո­ռը այս պա­րա­գա­յին ու­նէր ե­րեք այ­լընտ­րանք։ Ա­ռա­ջի­նը՝ դա­տը կրնար բա­ցուիլ թրքա­կան դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու շատ ա­ւե­լի ստո­րա­դաս օ­ղակ­նե­րէն։ Այս վար­կա­ծը չնա­խընտ­րուե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կրնար տե­ւել եր­կար տա­րի­ներ։ Երկ­րոր­դը՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեան դի­մելն էր, ինչ որ ար­դէն ե­ղած է ներ­կա­յիս։ Եր­րորդն ալ՝ ուղ­ղա­կի Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեան (Ե­ՄԻԱ) եր­թալն էր, սա­կայն, այս վար­կածն ալ չնա­խընտ­րուե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ, ըստ էու­թեան, հար­ցե­րը այն­տեղ կը հաս­նին, երբ որ սպա­ռած ըլ­լան տուեալ երկ­րի ներ­քին դա­տա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րը։ Այս հան­գա­մանքն ալ հա­շուի առ­նե­լով Ան­թի­լիաս կա­տա­րած է իր ընտ­րու­թիւ­նը եւ որ­դեգ­րած՝ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ դատ բա­նա­լով գոր­ծին սկսե­լու ճա­նա­պար­հը։ Ա­ւե­լի՛ն, այս­տեղ կա­տա­րուած դի­մում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար սահ­մանուած են յստակ ժամ­կէտ­ներ։

Կա­թո­ղի­կո­սին մա­տուց­մամբ, ընդ­հան­րա­պէս, այս դա­տը սկիզբ մը պի­տի ըլ­լայ 1915-էն ա­ռաջ հա­յոց պատ­կա­նած բո­լոր կա­լուած­նե­րու վե­րա­դար­ձուե­լուն հա­մար՝ ազ­գա­պատ­կան­նե­րուն ա­ռըն­թեր, նե­րա­ռեալ նոյ­նիսկ ան­հա­տա­կան­նե­րը։ Յա­մե­նայն­դէպս, ինչ­պէս լսած էինք նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Փա­րի­զի ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Ա­րամ Ա. չքօ­ղար­կեց, որ ակն­յայ­տօ­րէն յոյ­սը դրած է Ե­ՄԻԱ-ի վրայ։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, Թուր­քիոյ մէջ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը պի­տի մեր­ժէ Ան­թի­լիա­սի դի­մու­մը եւ ի­րենք ան­մի­ջա­պէս գոր­ծը պի­տի տա­նին Ե­ՄԻԱ, ո­րու պա­րա­գա­յին կը փայ-­փա­յուին մեծ յոյ­սեր։

Այս­տեղ մեր կող­մէ մի­ջան­կեալ նշենք, թէ ան­հա­տա­կան կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ի­րա­ւունք­նե­րը հե­տապն­դե­լու հա­մար ար­դէն ստեղ­ծուած են ո­րոշ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ Թու­րքիոյ մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­պէս չանդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Ե­ՄԻԱ-ի պա­րա­գա­յին ու­նե­ցած լա­ւա­տե­սու­թեան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րուն, երբ բո­լո­րին ծա­նօթ է նո՛յն Ե­ՄԻԱ-ին կող­մէ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի գոր­ծին շուրջ ար­ձա­կուած դա­տավ­ճի­ռը, զոր հայ­կա­կան կող­մը ըն­կա­լած է ան­հանգս­տու­թեամբ, իսկ ա­նոր բե­կան­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կա­տա­րուած դի­մու­մին ճա­կա­տա­գի­րը ստոյգ չէ ներ­կա­յիս։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Փա­րի­զի մէջ կանգ ա­ռաւ նաեւ այլ մօ­տե­ցու­մի մը վրայ, որ թէ­կուզ կ­՚ա­ռըն­չուի Ան­թի­լիա­սի բա­ցած դա­տի հե­տապնդ­ման մար­տա­վա­րու­թեան հետ։ Այս­պէս, ան նոյն զու­գա­հե­ռա­կա­նին վրայ կը տես­նէ Թուր­քիոյ մէջ հայ եւ քիւրտ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն հե­տա-պըն­դու­մը։

Նո­րին Սրբու­թեան այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ու­շագ­րաւ էին, եւ թէ շա՛տ։ Հա­զար բան կա­րե­լի է ը­սել այս կա­պակ­ցու­թեամբ, բայց են­թա­կա­յա­կան հա­մո­զում­նե­րու փո­խա­րէն, ա­ռա­ջին հեր­թին կ՚ար­ժէ հա­շուի առ­նել ա­ռար­կա­յա­կան ե­րե­ւոյթ մը, բաղ­դա­տու­թեան ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Ան­թի­լիա­սի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ յայտ­նի պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չամն ալ կը գտնուի այն մաս­նա­գէտ­նե­րու յանձ­նա­խում­բին մէջ, որ հե­տա­մուտ է Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու ուղ­ղեալ դա­տա­կան հար­ցին։ Եւ նո՛յն Թա­նէր Աք­չա­մը այս վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն քա­նիցս թրքա­կան մա­մու­լին մէջ յօ­դուած­ներ ստո­րագ­րած է՝ լուրջ վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րով, քննա­դա­տե­լով հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ մօ­տե­ցում­նե­րը այն քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն, ո­րոնք հան­դէս կու գան Թուր­քիոյ քրդա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շա­հե­րու պաշտ­պա­նի դիր­քե­րէն։

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, դժուար չէ են­թադ­րել, որ այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ տա­կա­ւին կրնան յա­ռա­ջա­նալ նման բա­զում կէ­տեր, ո­րոնք կը դառ­նան ինք­նա­բե­րա­բար նշա­նա­կա­լից։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

(շար. 1)

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015