Ըլլալ ու մնալ պաղարիւն
Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս առկայ է խոր բեւեռացումներու եւ պառակտումի շրջան մը։ Երկար ժամանակէ ի վեր շարք մը տարակարծութիւններ չեն հարթուիր զանազան նիւթերու շուրջ։ Կալուածական խնդիրներէ սկսեալ մինչեւ դպրոցներու հարցերը՝ ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի համայնքը։ Այդ բոլորին վրայ կու գան աւելնալ հայկական հարցին դրսեւորումները, որոնք կ՚ալեկոծեն համայնքային շրջանակները։ Բնականաբար, այս բոլոր խնդիրներուն լուծումը մէկ օրէն միւսը հնարաւոր պիտի չըլլայ, եթէ Պատրիարքական Աթոռը չըլլայ թափուր։ Անցեալի մէջ ալ եղած են խոր տարակարծութիւններու ժամանակաշրջաններ՝ հակառակ անոր, որ Պատրիարքական Աթոռին վրայ գտնուած է ազգընտիր գահակալ մը։ Բայց եւ այնպէս, միանշանակ ճշմարտութիւնը այն է, որ եթէ Պատրիարքական Աթոռը թափուր չըլլայ, ապա առկայ պառակտման յաղթահարման տեսանկիւնէն, համայնքէն ներս միասնականութեան վերահաստատման առումով ամուր նախադրեալներ կրնան ստեղծուիլ։
Պատրիարքական ընտրութեան հարցը շուրջ ութ տարիէ ի վեր համայնքի օրակարգին վրայ է։ Նոր գահակալ մը կամ աթոռակից մը ընտրելու տարակարծութեան կամ արհեստական օրակարգին զոհ գացած է՝ տրամաբանական լուծումի մը հասնելու հնարաւորութիւնը։ Համայնքը անորոշութեան ճիրաններուն մէջ է։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ամէն ճիգ կը գործադրէ բոլոր ուղղութիւններով մեր համայնքին եւ Պատրիարքական Աթոռին կայունութիւնը երաշխաւորելու համար, սակայն ընտրութեան խնդիրը միշտ խոցելի պայմաններ կը յառաջացնէ իր տեսակէտէ։
Գումգաբուի մէջ երէկ առաւօտ կազմակերպուած բողոքի ցոյցով այս խնդիրը թեւակոխեց նոր հարթութիւն մը։ «Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս բողոքի արարքը։ Ակնյայտ է, որ մեր համայնքի արդի պատմութեան մէջ նման երեւոյթ մը չէր պատահած։ Վերջին անգամ ո՛վ գիտէ քանի տասնամեակ առաջ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած էր բողոքի ցոյց մը։ Պէտք չէ չափազանցել, խուճապի ալ կարիք չկայ, սակայն պարզ է, որ վիճակը այդքան ալ փայլուն չէ։ Վերջին շուրջ ութ տարիներու իրադարձութիւնները, երկարաժամկէտ առումով, թրքահայոց կեանքէն ներս բացարձակապէս դժուար յաղթահարելի հետեւանքներու յղի են։ Երէկուան ցոյցը մտահոգիչ ազդանշան մըն է այս առումով։ Այդ մտահոգութիւնը կանխելու տեսանկիւնէն նախապայման մըն է ըլլալ ու անպայման մնալ պաղարիւն։
Համայնքային շրջանակները ներկայիս «Միտք» հարթակին կողմէ երէկ առնուած քայլը կ՚ընկալեն վերապահութեամբ։ Ոմանք վերապահութենէ աւելի կը զգան անհանգստութիւն, կ՚արտայայտեն հակազդեցութիւն այս երեւոյթին դէմ։ Բնականաբար, պէտք է յարգել բոլորին մօտեցումը։ Բայց եւ այնպէս, համայնքի կայունութեան եւ հաւաքական շահերուն տեսանկիւնէն պէտք չէ գերագնահատել երէկուան ցոյցը։ Ճիշդ է, որ մասնակիցներուն թիւը սակաւ էր, բայց նոյնիսկ եթէ այդպէս չըլլար այս իրողութիւնը պիտի մնար անփոփոխ։ Երէկուան ցոյցը պէտք է դիտարկել այն շրջագծին մէջ, թէ խումբ մը մարդիկ օգտագործած են իրենց ժողովրդավարական իրաւունքը՝ հրապարակաւ արտայայտելով պահանջ մը։ Մենք համոզուած ենք, թէ տուեալ նիւթին բնոյթին բերումով սա յարմարագոյն ձեւը չէր, սակայն համայնքային խնդիրներու կարգաւորումը երբեք պէտք չէ պատկերացնել՝ ժողովրդավարական միջոցներու խթանումով։ Քանի որ մեր եկեղեցին ժողովրդավարական է, համայնքէն ներս հանդարտ, հանդուրժողական մօտեցում մը պէտք է ըլլայ նման շարժառիթներով։
Գալով «Միտք» հարթակի նախաձեռնութեան։ Կանխաւ յայտնենք, որ եթէ մենք ըլլայինք, ապա բացարձակապէս հեռու կը մնայինք երէկուանին նման նախաձեռնութիւն մը ընելէ։ Բայց իրենք նախընտրած են այս միջոցը։ Եթէ նժարի վրայ դնենք «Միտք» հարթակի նախաձեռնութեան յաջողութիւնը, ապա կարելի է ըսել, թէ կազմակերպիչներու յոյսերը հարիւր տոկոս չեն արդարացած։ Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ համայնքէն ներս ձեւաւորուած են ճամբարներ։ «Միտք» հարթակին երէկուան ցոյցը ապացուցանեց, որ կազմակերպիչները չեն յաջողած տարբեր ճամբարներէ համակիրներու հոսք մը ապահովել։ Անոնք, որոնք կը փորձեն արմատական քայլերով փոփոխութեան ենթարկել առկայ երթը, առած են հերթական քայլ մը։ Երէկուան ցոյցին մասնակցեցան «Միտք» հարթակի շրջանակներէն դէմքեր եւ այնպիսի գործիչներ, որոնք անձնական գետնի վրայ խնդիրներ ունեցած են Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Հազիւ քանի մը ընտրեալ վարիչ մասնակցութիւն բերաւ երէկուան ցոյցին։
Անկախ յաջողութեան հաշուեկշռէն, մեր կարծիքով, երէկուան ցոյցին ժամկէտը սխալ էր։ Պունտեսթակի որոշումէն վերջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին ուղարկած նամակին բերումով ընդհանուր փոխանորդը բազում հարթութիւններու վրայ կը դիմագրաւէ հակազդեցութիւններ։ Այս մթնոլորտին մէջ թիւր տպաւորութիւններ կրնան յառաջանալ կամ երէկուան ցոյցին սխալ իմաստներ կրնան վերագրուիլ։ Կազմակերպիչները թէեւ մեզի յայտնած են, թէ այդպիսի նպատակ մը բացարձակապէս չունին, սակայն ակամայ կրնան նման պնդումներ յառաջ քշուիլ։
Միւս էական հարցն ալ հետեւեալն է։ Մեր համայնքը, ինքն իսկ, լայն հասարակութեան ու մետիային աչքին առջեւ հայութեան վերաբերեալ ամէն տեսակ հարցի շուրջ պահանջ ներկայացնելու կամ բողոք արտայայտելու տեսանկիւնէն հասցէի մը պէտք չէ վերածէ Պատրիարքարանը։ Արդարեւ, ապագային բոլորովին տարբեր դիմագծով այլ շրջանակներ կրնան հետեւիլ այս օրինակին եւ կրնան երէկուան ցուցարարներուն նման չվարուիլ կարգապահ։
Ինչո՞ւ թիրախ դարձնել Պատրիարքարանը։ Ինչո՞ւ ամբոխավարութեան ձգտումները մեր համայնքին մէջ սկսած են կուրացնել ոմանց աչքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ