Նատիա Կիւլմէզկիլ
Նատիա Կիւլմէզկիլը կորսնցուցինք։ Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ տեղեակ էին իր առողջական վիճակին՝ լռելեայն ձեւով կը գիտակցէին, թէ ան իրենցմէ հրաժեշտ պիտի առնէ անժամանակ։ Անսպասելի չէր իր մահը, սակայն այդ հանգամանքը չի մեղմացներ կորուստին պատճառած ցաւը։ Իսկապէս բարի ու սիրալիր անհատականութիւն մը հրաժեշտ առած է մեզմէ։ Անկեղծ զգացումներ կը տածէինք իրեն նկատմամբ։ Նոյնպէս, բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ կը ճանչնային զինքը, կրնան վկայել՝ որ ան միայն Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողակիցը չէր. շատ աւելին էր ու համակրանք կը վայելէր իբր այդ։
Քանի-քանի յուշեր ունէինք իր հետ. իւրաքանչիւրը նոր չափում մը կու տար մեր բարեկամութեան։
Բաւական երիտասարդ էի, երբ ճանչցայ զինքը։ Երեկոյ մը, երբ Պէյօղլուի Նեվիզատէ փողոցէն կ՚անցնէի՝ Կիւլմէզկիլ ամոլին հանդիպեցայ։ Բացօթեայ ճաշարանի իրենց անմիջական ընթրիքին անմիջապէս հրաւիրեցին։ Ջերմ եւ անմոռանալի երեկոյթ մըն էր, զրոյցի անկեղծութեամբ։ Ծնողի մը գուրգուրանքով կը վերաբերէր, սակայն խօսակցին գաղափարն ալ խորաթափանց կ՚ընկալէր՝ անկախ մեր ունեցած սերունդի տարբերութեան։
Եզակի յուշեր ունէինք նաեւ Երեւանի մէջ։ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Շիրաքի պետական այցելութեան զուգահեռ՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած Շարլ Ազնաւուրի համերգին մասնակցած էինք միասին, Պոլիսէն խումբով մը։ Համերգէն վերջ, բաւական ուշ, խմբովին ընթրելու գացած էինք հրապարակի յայտնի «Արարատ» ճաշարանը։ Պատահմամբ, քիչ վերջ նոյն ճաշարանը եկան նաեւ Ազնաւուրն ու բարեկամները։ Մեծ վարպետին հետ նոյն երդիքին տակ գտնուելու անբացատրելի ուրախութիւնը ըմբոշխնած էինք իրարու հետ։ Յաջորդող շրջանին յաճախ կը վերյիշէինք այդ երեկոյթը։
Մօրս ընկերուհին էր երիտասարդական տարիներէն։ Երեւանիլ մէջ, անգամ մը մօրս տարեդարձն ալ նշած էինք։ Մայրս շատ ուրախ էր այդ զուգադիպութեան համար։ Իրենց յիշատակներուն քաղցրութիւնը պայմանաւորած էր հաւաքոյթին մթնոլորտը։
Թոռնիկներուն մկրտութիւններուն կարծես կը բազմապատկուէր իր դէմքին ժպիտը։ Մեծմօր մը շուքը միշտ կար իր վրայ, լիուլի։
Ու կը յիշեմ նաեւ Նատիա Կիւլմէզկիլը, երբ անգամ մը հեռաձայնով կը խօսէր իր դստեր՝ Մելիսսային հետ։ Գորովագութ մօր մը զաւկին նկատմամբ ունեցած սիրոյ դրսեւորումն էր։ Ընթացիկ, կարճ զրոյց մըն էր մօր ու դստեր միջեւ, բայց ձայնին ունեցած թրթռացումը լրիւ բաւարար էր հասկնալու համար, թէ Նատիա Կիւլմէզկիլ ի՛նչ տեսակ մայր մըն էր՝ բառին ամբողջական իմաստով։
Վստահաբար, այդ անուշ ձայնը յաւիտեան պիտի արձագանգէ Մելիսսայի ականջին մէջ եւ ան իր մօրմէն գտած սիրոյն տուած հասունութեամբ պիտի տոկայ առկայ ծանր վշտին դէմ։
Մահը, պարզ է, որ շատ բնական երեւոյթ մըն է, բայց Նատիա Կիւլմէզկիլի պարագային վրայ հասած է իսկապէս շատ անբնական ձեւով՝ բոլոր առումներով։ Աստուած լուսակորէ իր հոգին։
Մեր ցաւակցութիւնները Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ բոլոր հարազատներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ