«Անկախութեան սերունդ»
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ տօնական անմոռանալի համերգ մը։ Առանց վարանումի, կարելի է ըսել՝ որ 25-ամեակի առթիւ կազմակերպուած զօրահանդէսին համազօր յատկանշական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ «Անկախութեան սերունդ» կոչուած այս համերգը դարձաւ յոբելեանի խորհրդանշաններէն մին։ «Անկախութեան սերունդ» արտայայտութիւնը միայն ձեռնարկի անունը ըլլալով չսահմանափակուեցաւ, այլ նաեւ վերածուեցաւ իսկական կարգախօսի մը։ Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին հասած երիտասարդ երաժիշտներու պատկառելի կազմ մը գործադրեց շատ յաջող ծրագիր մը։
«Անկախութեան սերունդ»ը գլխաւորեց Հայաստանի Երիտասարդական նուագախումբի ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեան։ Հայկական երաժշտութեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներու շարքին Սէրկէյ Սմբատեան չափազանց յաջող, մասնաւոր ուշադրութեան արժանի անուն մըն է։ Տեւականացնելով իր ընտանիքի երաժշտական աւանդութիւնները՝ ան նուիրուած է նոյն ոլորտին եւ այսօր արդէն կարեւոր նուաճումներ կ՚արձանագրէ՝ շնորհիւ իր յամառ աշխատանքին ու տաղանդին։ Սէրկէյ Սմբատեան մեծ յաջողութեամբ կազմակերպած էր նաեւ «Անկախութեան սերունդ»ը։ Երգիչներու եւ նուագողներու հսկայ բանակ մը տողանցեց համալիրի բեմին վրայ։ Յայտագրի իւրաքանչիւր փուլին ներկաները ունեցան անբացատրելի ապրումներ։ Համերգը թէ՛ իր որակով եւ թէ հանդիսատեսին մատուցուած լսատեսողական հնարաւորութիւններու մակարդակով իսկապէս յաջող էր գերազանցապէս։
«Անկախութեան սերունդ»ը իսկական հպարտութեան առիթ հանդիսացաւ բազմահազար ունկնդիրներուն համար։ Խումբին յաջողութիւնը կու գար ապացուցանել, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը ինքնանպատակ յոբելեան մը չէր, այլ բոլորին հպարտութիւն կ՚առթէր այդ քառորդ դարուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքը։ Անկախ Հայաստանի մէջ կերտուած, ստեղծագործուած են արժէքներ, որոնք յոյս կը ներշնչեն ապագայի համար եւ որոնց խորհրդանշանը դարձաւ «Անկախութեան սերունդ»ը՝ իր սարքած համերգով։
Ներկաները, հասկնալիօրէն, լուրջ սպասումներով փութացած էին դահլիճ։ Հազարաւոր ունկնդիրներու սպասումները արդարացան։ «Անկախութեան սերունդ»ը յաջողեցաւ աննկարագրելի հաղորդակցութիւն մը ապահովել դահլիճին հետ, ինչ որ գրաւականն էր տօնական տրամադրութեան։
Երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկան հայկական երաժշտութեան արդի շարք մը փայլուն անունները. օրինակ՝ Նարեկ Հախնազարեան, Նունէ Եսայեան, Իվեթա Մուկուչեան, Սոֆիա Թումանեան եւ այլք։ Այս բոլորը երաժշտական տարբեր ոճերու կատարումներով հանդէս եկան, իսկ Սէրկէյ Սմբատեանի ղեկին տակ «Անկախութեան սերունդ»ը յաջողեցաւ իւրաքանչիւրին քայլ յարմարցնել եւ այսպէսով ապահովել երեկոյթի ճոխութիւնը։ Տօնական համերգի աւարտին երիտասարդներ պարեցին աւանդական «Քոչարի»ն, ինչ որ գագաթնակէտին հասցուց խանդավառութիւնը հայկական եռագոյնով փուչիկներու արձակման մթնոլորտին մէջ։
«Անկախութեան սերունդ»ի տօնական համերգը, ապահովաբար, անմոռանալի կը մնայ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ